ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Ժընեւի մերձակայ Պիւպլանժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է դասական երաժշտութեան միջազգային փառատօն մը, որու ծիրէն ներս, իբրեւ պատուոյ հիւր, Հայասատանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկած է Հայաստանի Ազգային քամերային նուագախումբը:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղած է դեսպանորդ Յասմիկ Տոլմաճեան, որ ընդգծած է հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին համար քսանհինգ տարի առաջ անկախ պետականութեան վերականգնման կարեւորութիւնը եւ անդրադարձած է հայկական երաժշտական արուեստի աւանդոյթներուն:
Համերգի ընթացքին՝ նուագախումբի, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր ջութակահար Տիանա Ադամեանի կատարումով հնչած են հայ եւ միջազգային դասական երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: