ԵՐԵԽԱՆ ՆՄԱՆ Է ՕՏԱՐԵՐԿՐԱՑԻԻ ՄԸ

Երեխայի բարօրութիւնը իւրաքանչիւր ծնողի երազն է: Ամէն ծնող կ՚ուզէ իր բոլոր սէրն ու նուիրումը ընծայել իր զաւկին կամ զաւակներուն: Սակայն յաճախ կատարելութեան հասնելու մոլուցքով տարուած, մենք մեր սէրն ու զգացումները սխալ կը դրսեւորենք. արդիւնքին կը տուժեն երեխաները:

Ըստ իս, ծնողն ու ուսուցիչը իրարու շատ կը նմանին: Ինչպէս որ բոլոր ուսուցիչները հոգիով մանկավարժ չեն, այնպէս ալ ծնողները: Ո՛չ թէ ծնողը պէտք է գոհ մնայ երեխայէն, այլեւ ճիշդ հակառակը՝ երեխան ծնողէն: Երանի՜ անոր, որ գիտակից տարիքին մէջ, իր զաւկի բերնէն կ՚արժանանայ շնորհակալութեան, գովեստի ու դրուատիքի խօսքերու:

Ծնող ըլլալը նոյնպէս մասնագիտութիւն է եւ կը պահանջէ համապատասխան գիտելիքներ ու կրթութիւն:

Մեր դաստիարակչական եղանակները վերանայելու, մեր գիտելիքները զարգացնելու եւ պարզապէս մենք մեզի գնահատական տալու համար կ՚ուզեմ անդրադառնալ հրեայ բժիշկ, մանկավարժ, լրագրող, հասարակական գործիչ, Եանուշ Քորճաքի մտքերուն  եւ խորհուրդներուն՝ կապուած երեխաներու դաստիարակութեան նրբութիւններու հետ.

- Վախնալով, թէ մահը կրնայ խլել մեզմէ մեր երեխաները, մենք զայն կը խլենք կեանքէն։ Չուզելով, որ ան մահանայ, չենք ձգեր, որ երեխան ապրի:

- Մանկական «աս ի՞նչ է» հարցումը կը նշանակէ՝ ինչպիսի՞ն է ան, ինչի՞ կը ծառայէ, ի՞նչ օգուտ կրնայ ունենալ ինծի:

- Յամառութեան ու կամակորութեան արցունքները անզօրութեան ու խռովութեան արցունքներ են. գանգատի յուսահատ փորձ մը, վկայութիւն այն բանի, որ երեխան անմտօրէն կը նեղեն ու կը ստիպեն, վատ ինքնազգացողութեան ու տառապանքի արտայայտութիւն մը:

- Անսովոր ըլլալով ցաւին, վիրաւորանքին, անարդարութեան՝ երեխաները կը տանջուին եւ այդ իսկ պատճառաւ յաճախ կու լան: Սակայն նոյնիսկ երեխայի արցունքները առիթ կը դառնան կատակային դիտողութիւններու: Կը թուին անկարեւոր, յաճախ ալ կը զայրացնեն զայն:

- Երեխաները անխելք չեն: Յիմարները անոնց մէջ աւելի քիչ են, քան մեծահասակներու:

- Ժամանակակից ամբողջ դաստիարակութիւնը ուղղուած է, որ երեխան դառնայ յարմարող, հետեւողականօրէն: Քայլ առ քայլ քնցնելու ձգտիլ, ճնշել, ոչնչացնել այն ամէնը, ինչ որ կը կազմէ երեխայի կամքն ու ազատութիւնը, անոր ոգիի ամրութիւնը, անոր պահանջներու ուժը:

- Սկզբունք. երեխան պէտք է ուտէ այնքան, որքան կը կամենայ՝ ո՛չ աւելի, ոչ պակաս:

- Երեխան օտարերկրացիի մը կը նմանի: Ան լեզուն չի հասկնար, չի գիտեր փողոցի ուղղութիւնը, չի գիտեր օրէնքներ ու սովորութիւններ: Երբեմն կը գերադասէ ինք շուրջը դիտել, նոյնիսկ դժուար ըլլայ՝ խորհուրդ կը հարցնէ: Անհրաժեշտ է զբօսավար մը, որ քաղաքավար կերպով կը պատասխանէ անոր հարցումներուն: Յարգեցէ՛ք անոր անգիտութիւնը:

- Մենք միամտօրէն կը վախնանք մահէն, առանց գիտակցելու, թէ կեանքը մեռնող ու կրկին ծնող ակնթարթներու շուրջպար մըն է:

Ահաւասիկ ծնողներուն ուղղուած Եանուշ Քորճաքի պատուիրանները.

- Մի՛ սպասեր, որ քու երեխան պիտի դառնայ այնպիսին, ինչպիսին դուն ես կամ ինչպիսին որ դուն կ՚ուզես: Օգնէ՛ անոր դառնալու համար ան՝ որ կայ:

- Երեխայէն մի՛ պահանջեր վճարել այն բոլորի փոխարէն, ինչ որ դուն ըրած ես անոր համար: Դուն անոր կեանք տուած ես, ինչպէ՞ս կրնայ ան վարձահատոյց ըլլալ քեզի: Ան ալ կեանք կու տայ ուրիշի մը, վերջինս ալ միւսին: Ահաւասիկ աս է երախտագիտութեան անդառնալի շղթան:

- Մի՛ թափեր քու կեանքի դառնութիւնները երեխայի վրայ, որպէսզի տարեց հասակիդ դառնահամ հաց չուտես: Քանզի ինչ որ ցանես, ան ալ կը հնձես:

- Երեխայի խնդիրներուն վերէն մի՛ նայիր: Մեզմէ իւրաքանչիւրին կը տրուի մեր ուժերուն համապատասխան, վստահ եղիր, թէ փոքրիկի մը համար կեանքը բարդ է ոչ պակաս, քան քեզի համար. իսկ հնարաւոր է նաեւ աւելին՝ քանզի ան փորձ չունի:

- Մի՛ նուաստացներ երեխան:

- Մի՛ մոռնար, որ մարդու մը կեանքին մէջ ամենակարեւոր հանդիպումները՝ երեխաներու հետ հանդիպումներն են: Աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուր երեխաներու վրայ, երբեք չես գիտեր, թէ որուն կը հանդիպիս երեխայի դէմքին մէջ:

- Մի՛ տանջեր ինքզինքդ, եթէ երեխայիդ համար որեւէ բան չես կրնար ընել, պարզապէս յիշէ՝ եթէ ամէն հնարաւորութիւն ի գործ կը դնես, ուրեմն բաւարար է անոր համար։

- Բռնապետ մը չէ երեխան, որ եկած է զաւթելու քու կեանքդ, ան միայն քու մարմնի ու արեան պտուղը չէ: Երեխան թանկարժէք գաւաթ մըն է, որուն կեանքը ի պահ տրուած է քեզի: Եւ որու մէջ դուն պէտք է զարգացնես ստեղծարար կրակը: Այն մօր ու հօր ազատագրած սէրն է, որու մէջ կ՚աճի ոչ թէ «մեր», «սեփական» երեխան, այլ հոգի մը, որ ի պահ տրուած է մեզի:

- Սորվէ սիրել օտար երեխան: Երբեք մի՛ ըներ օտարին այն, ինչ որ չէիր ուզեր, որ ընեն քու երեխային:

- Սիրէ երեխադ, ինչպիսին ալ ըլլայ ան՝ անտաղանդ, յաջողակ, մեծ: Շփուէ անոր հետ, ուրախացիր, քանզի տօն է երեխան, որ տակաւին քեզի հետ է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020