ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԿԱՄ ՈՉ… ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ
Երիտասարդութեանս, հետաքրքիր եւ պահանջկոտ ակնարկներովս սորված էի, որ իր անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու նախագահներու ամբողջ ցանկին մէջէն, պատմաբանները երեւան հանած էին երկու նախագահներու անուն, որոնք ոչ միայն ունեցած էին միեւնոյն ճակատագիրը, այլ նաեւ՝ իրենց պաշտօնին եւ կեանքին հետ առընչուող զանազան նոյնանման մանրամասնութիւններ եւ երեւոյթներ:
Այդ երկու նախագահներն էին.- Ապրահամ Լինքըլն եւ Ճոն Քենետի: Աւելի յստակ՝ Abraham Lincoln եւ J. F. Kennedy: Նմանութի՞ւն, թէ ո՛չ...: Միտքս պարզեմ.-
- Երկուքն ալ, եղած էին քաղաքացիական իրաւունքներու բուռն պաշտպան:
- Lincoln նախագահ ընտրուած էր 1860-ին, իսկ Kennedy, անկէ հարիւր տարի ետք՝ 1960-ին:
- Երկու նախագահներն ալ սպաննուեցան ուրբաթ օրով եւ իրենց կիներու ներկայութեան:
- Երկուքն ալ, իրենց գլուխէն ստացած էին մահացու փամփուշտը:
- Երկուքին ալ յաջորդներուն մականունները Johnson էր: Lincoln-ի յաջորդը՝ Andrew Johnson (13 գիր), ծնած՝ 1808-ին, իսկ Kennedy-ի յաջորդը՝ Lyndon Johnson (13 գիր), ծնած՝ 1908-ին,
- Յիշեալ երկուքն ալ եղած էին հարաւի նահանգներէն, Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ եւ ծերակուտական:
- Lincoln-ը սպաննողն էր John Wilkes Booth (15 գիր), ծնած՝ 1839-ին, իսկ Kennedy-ին՝ Harvey Oswald (15 գիր), ծնած հարիւր տարի ետք՝ 1939-ին:
- Նախագահ Lincoln-ի քարտուղարը եղած էր Kennedy անունով պաշտօնեայ մը, որ իրեն թելադրած էր, այդ գիշեր թատրոն չերթալ: Իսկ նախագահ Kennedy-ի քարտուղարը եղած էր Lincoln անունով պաշտօնեայ մը, որ իրեն թելադրած էր Տալաս քաղաքը (Թեքսաս) չերթալ:
- Երկուքին ալ պարագային, դէպքերը վազած էին իրենց ճակատագրի ետեւէն:
Այսպէս.-
- Lincoln-ի ոճրագործը, իր ոճիրը գործած էր թատրոնին մէջ, եւ ապա անկէ դուրս գալով, պահուըտած՝ շտեմարանի մը մէջ: Իսկ Kennedy-ի ոճրագործը, ոճիրը գործած էր շտեմարանի մը մէջ, եւ ապա դուրս գալով՝ պահուըտած՝ թատրոնի մը մէջ:
- Այս երկու ոճրագործներն ալ սպաննուեցան դատարան յանձնուելէ առաջ:
- Երկու նախագահներու փոխ-նախագահները, որոնք ըստ սահմանադրութեան նախագահ դարձած էին, իրենց շրջանը աւարտելէ ետք, յաջորդող ընտրութիւններուն նախագահական թեկնածու չեղան:
***
Իսկ հիմա... թէեւ օրին, ամբողջ աշխարհը այս ոճրագործներուն գլխուն աղմկալից անէծքներ թափած էր ու թէեւ ներքին եւ համաշխարհային անօրինակ տագնապներ ստեղծուած էին, բայց հարցերը, իբրեւ անլուծելի ու զարմանալի, նոյնը մնացած էին:
Արդեօք այս պատահածը պարզ զուգադիպութի՞ւն էր, թէ ո՛չ, «պատմութիւնը ինքզինք կրկնած էր»: Չեմ գիտեր:
Բայց իրականութիւն է, որ երկու տարաբախտ նախագահներն ալ պատմութեան անցան եւ սակայն անցեալ չդարձան: Անոնք եւ ամէն առիթներով, միշտ յիշուեցան ու տակաւին կը յիշուին ու կը յիշատակուին:
Իմ կարգիս, համեստօրէն ըսեմ, որ շատ լաւ տպաւորութիւն մը ունեցած եմ այս երկուքին հանդէպ: Ինծի համար, երկուքն ալ իրենց առաքելութեան յատուկ եւ հայրենասէր ղեկավարներ եղած էին: Իրաւունքի եւ հաւատքի պաշտպաններ: Չեմ փորձեր այս տողերով աշխարհը համոզել: Բայց երկու նախագահներուն կեանքի պատմութեան «նմանութիւնները», հետաքրքրական եւ զարմանալի գտնելով, յաճախ ինքզինքիս հարց տուած եմ, թէ իրապէ՞ս զուգադիպութիւն էին, թէ ոչ պատմութեան կրկնութիւն: Դարձեալ չեմ գիտեր... դո՛ւք ճշդեցէ՛ք: Անկեղծօրէն, պատմաբան մը չեմ եւ ոչ ալ նման «բաներու» վերլուծող: Միայն կը սիրեմ ականջ դնել պատմական տուեալներուն եւ հոնկէ հասնող արձագանգներուն, անոնցմէ սորվելու եւ դասեր քաղելու եւ վերցնելու: Էականը, նշանակալիցն ու կարեւորը: Տեսակ մը ինքնածին զգացողութիւն: Ես ինծի, տեսակ մը միտքերու ընթացք: Ու միշտ եզրակացուցած եմ.
- Թող պատմութեան դատարանը, ի՛նք ճշդէ, որոշէ՛ եւ տնօրինէ՛:
Իսկ մենք՝ հայերս...: Արդեօք տեղեա՞կ ենք, թէ չենք կարենար պատմութեան դէպքերը սրբել եւ զանոնք ժամանակէն զատել: Մինչեւ հիմա, այսքան ծանր հարուածներէ ետք, արդեօք կրցա՞ծ ենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» վարկածը:
Մեր ժողովուրդը, խաղաղասէր, ստեղծագործ եւ սակայն վշտահար ժողովուրդ մը եղած է, եւ իր պատմութեան հարուածները միշտ անխնայ եղած են: Նորութիւններ չեն: Օտարները փորձած են միշտ «խառնել» մեր պատմութեան էջերը: Հակառակ այս իրականութիւններուն, այնպէս կ՚երեւի, թէ տակաւին ասոնցմէ «բան մըն ալ չենք սորված»: Ու միւս կողմէ, արդեօք գիտե՞նք, թէ ի՞նչ ըսել է «պատմութիւն» եւ զայն հասկնալու համար՝ ժամանակին հետ «քալելը»: Դարձեալ դուք ձեզի հարց տուէք: Որովհետեւ, այնպէս կ՚երեւի, թէ այս ընթացքով, տեղ մը ծուռ բան մը կայ հայ կեանքին մէջ: Գիտենք, որ պղտորած է մեր կեանքի հոսքը: Անհրապոյր օրեր զիրար սկսած են յաջորդել: Տխրութիւն կայ ամէն «բանի» մէջ: Եւ ո՞վ է մեղաւորը, եթէ նման բաներ մենք չենք տեսներ:
Իսկ եթէ իրապէս այս բոլորէն լաւատեղեակ ենք, ուրեմն մինչեւ հիմա, ականջ պէտք էր, որ դնէինք մեր պատմութեան եւ կեանքի թաքուն ձայներուն: Հին գաղափարները երբեմն պատգամի ձեւեր կ՚առնեն, ըսած են մեր մեծերը: Եւ ճիշդ են: Աշխարհը ուր կ՚ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը: Այսքան պարզ է: Եւ այդ ճակատագիրը նախասահմանուած չէ: Անոր մէջ, ուղղութիւնները շատ են, իսկ նպատակները՝ բազմազան եւ ընտրութիւնը՝ կախում ունի մե՛ր կամքէն: Ուրեմն՝ կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին:
Պատմութիւնը հասկնալու եւ անկէ օրինակներ վերցնելու եւ կամ օրինակուելու համար, նախ պէտք է պատմութեան մէջ մնանք: Իսկ այս մէկուն համար էական է, որ ունենանք կամք: Ըլլալու կամք: Մնալու կամք: Յարատեւելու կամք: Կերտելու կամք: Ստեղծագործելու կամք: Մեր շուրջը տիրող իրավիճակին մէջ, լոյսը վառելու կամք: Այլ խօսքով՝ «փոխելու», «փոխուելու», «նորոգելու» եւ «նորոգուելու» կամք:
Այս բոլորը, որովհետեւ մենք, իբրեւ հայեր, կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը, նոր ճանապարհներ տանող ծրագրումներով, նոր ժամանակներու նոր հայութեամբ:
Աւելին՝ հրամայական է, որ մենք մեզի վերադառնանք մեր հետեւողական աշխատանքով, ազատութիւնը կրած մեր հոգիներուն մէջ, ու ազգային պայքարի ճամբով յարատեւելու ծրագրումով, չընկճուելու ու կանգուն եւ հզօր մնալու միակամ պատրաստակամութեամբ:
Ժամանակը արագացած է, եւ աշխարհը նոր հունի մէջ է, ամէն անգամ կրկնած ենք: Զգաստանանք: Ահա, այս իրականութիւնն է, որ պէտք է ապրի բոլորիս հոգիներուն մէջ: Որովհետեւ, տեսնուած է, որ պատմութիւնը միշտ ինքզինք կրկնած է: Ա՛լ ժամանակն է, որ սկսինք անկէ դասեր քաղել...:
Ի սէր Աստուծոյ, գոնէ քի՛չ մը սորվինք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024