ԵՐԵՒԱՆԻ «ՉԱՅՔՈՎՍԿԻ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ներ­կայ գտնուած է հիմ­նա­նո­րո­գուած Ե­րե­ւա­նի Չայ­քովս­կիի ա­նուան միջ­նա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեա­նի, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի, «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի եւ ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջայց կա­տա­րած է նո­րա­բաց դպրո­ցին մէջ, ուր ծա­նօ­թա­ցած է ու­սում­նա­ռու­թեան պայ­ման­նե­րուն, զրու­ցած է դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րու ու սա­նե­րու հետ, որ­մէ ետք հիմ­նա­նո­րո­գուած դահ­լի­ճին մէջ ունկնդ­րած է տար­բեր մի­ջազ­գա­յին եւ հան­րա­պե­տա­կան մրցոյթ­նե­րու դափ­նե­կիր՝ դպրո­ցի տա­ղան­դա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րու կա­տա­րում­նե­րուն:

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ա­փի տե­ղա­կան մարմ­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուած լայ­նա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տէն ետք կրթօ­ճա­խի բաց­ման ա­ռի­թով ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած են դպրո­ցի տնօ­րէն Մար­տուն Կոս­տան­դեան, Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա Վար­դա­նեան եւ Հիմ­նադ­րա­մի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ա­փի ա­տե­նա­պետ Խո­րէն Բան­դա­զեան, ո­րոնք գո­հու­նա­կու­թեամբ նշած են, որ հիմ­նա­նո­րոգ­ման շնոր­հիւ նոր աս­տի­ճա­նի բարձ­րա­ցած է դպրո­ցի կար­գա­վի­ճա­կը, եւ այժմ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կայ կազ­մա­կեր­պե­լու նաեւ հան­րա­պե­տու­թեան հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րէն, Ար­ցա­խէն, ար­տերկ­րէն շնոր­հա­լի, տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­խա­նե­րու ու­սու­մը դպրո­ցին մէջ՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով ու­սում­նա­կան գոր­ծըն­թացն ու հաս­նե­լով նոր նուա­ճումնե­րու:

Հիմ­նա­նո­րո­գուած կրթօ­ճա­խին մէջ ներ­կա­յիս կ՚ու­սա­նին ա­ւե­լի քան վեց հա­րիւր ա­շակերտ­ներ, ո­րոնք բարձ­րա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թեան զու­գա­հեռ կը ստա­նան հան­րակր­թա­կան կրթու­թի­ւն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016