ԸՆՏՐԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս տեղի ունեցաւ «Ընտրանի» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը։ Հայ արուեստի ամենայաւակնոտ ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են այս ձեռնարկին առթիւ։ Ցուցահանդէսի բացումը պատուեց Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որ ծանօթացաւ դասական կամ արդի շարք մը վարպետներու ստեղծագործութիւններուն։

Այս ցուցահանդէսին մէջ մասնաւորապէս ներկայացուած են Յովհաննէս Այվազովսքիի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Վարդան Մախոխեանի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Վահրամ Գայֆէջեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Երուանդ Քոչարի, Արշիլ Կորքիի, Լեւոն Թութունջեանի, Տիմիթրի Նալպանտեանի, Գառզուի, Սարգիս Տիրանեանի, Ժանսեմի, Յակոբ Յակոբեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Աշոտ Յովհաննիսեանի, Սէյրան Խաթլամաջեանի, Ռոպերթ Էլիբէկեանի գործերը։

Թիւով 25 այս ստեղծագործութիւնները Երեւանի մէջ ի մի հաւաքուած են բացառապէս մասնաւոր հաւաքածոներէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայ քոլեքսիոնէօրներ» ակումբի հիմնադիր-տնօրէն Աննա Գրիգորեան յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը մեծ գործարարական ձեռնարկի մը իրականացման առաջին քայլն է։ Նպատակն է հայ կերպարուեստը ծանօթացնել աշխարհին։ «Հեռանկարին կը նախատեսենք ոչ միայն ցուցահանդէսներ բանալ, այլեւ հրապարակել ալպոմներ եւ կազմակերպել աճուրդներ։ Առաջին աճուրդը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Դեկտեմբերին», ըսաւ Աննա Գրիգորեան։

Մինչեւ Սեպտեմբերի 25-ը պիտի շարունակուի այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպիչները կը հանդիսանան «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնը եւ «Հայ քոլեքսիոնէօրներ» ակումբը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017