ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Աշ­նան հա­ճե­լի է քա­լել գու­նա­գեղ Ե­րե­ւա­նի Ար­շա­կու­նեաց պո­ղո­տա­յի ծա­ռու­ղի­նե­րով, ուր ամ­րան հրա­ժեշ­տի շշուկ­ներ կան ու ձմրան սպա­սում: Այդ ծա­ռու­ղի­նե­րէն մին կը տա­նի դէ­պի Կո­մի­տա­սի ա­նուան զբօ­սայ­գի-պան­թէոն: Հա­կա­ռակ, որ զբօ­սայ­գին հե­ռու է քա­ղա­քի հիմ­նա­կան ան­ցու­դար­ձէն, սա­կայն վեր­ջերս այդ շրջա­նը աշ­խու­ժա­ցած է: Թե­րեւս Կո­մի­տա­սի թան­գա­րանն է, որ իր շուր­ջը հա­ւա­քած է ա­րուես­տա­սէր­ներ, զբօ­սաշր­ջիկ­ներ, ո­րոնք Ե­րե­ւա­նի մէջ, այլ տե­սար­ժան վայ­րե­րու կար­գին ու­նին նաեւ այս մէ­կը եւ կը փու­թան ա­ռըն­չուե­լու մեծն Կո­մի­տա­սի շուն­չին ու ո­գիին հետ: Թան­գա­րա­նին մէջ, իս­կա­պէս, ներ­կայ է Մեծն Կո­մի­տա­սը: Կը հնչէ ա­նոր ձայ­նը... Պա­տե­րը կը զար­դա­րեն ա­նոր խա­ղիկ­ներն ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, իսկ ցու­ցա­փեղ­կե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուած են կո­մի­տա­սեան մա­սունք­նե­րով:

Թան­գա­րա­նը ու­նի մշտա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու սրահ­ներ, եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թեան սրա­հին մէջ բա­ցուած է ու­շագ­րաւ ցու­ցա­հան­դէս մը՝ «Կու­տի­նա­յի հայ­կա­կան յախ­ճա­պա­կու ա­րուես­տը» խո­րագ­րով, ուր այ­ցե­լե­ցինք եւ մօ­տէն ա­ռըն­չուե­ցանք ա­րուես­տի գլուխ­գոր­ծոց նկա­տուող այն ձե­ռա­կերտ ի­րե­րուն հետ, ո­րոնք ստեղ­ծուած են Կո­մի­տա­սի ծննդա­վայ­րի՝ Քէօ­թա­հիա­յի՝ Կու­տի­նա­յի մէջ:

Ցու­ցաս­րա­հի մուտ­քին՝ սկզբնա­կան հա­տուա­ծին մէջ, պա­տին վրայ գծուած է Փոքր Ա­սիոյ քար­տէ­սը, ո­րուն վրայ կ՚երե­ւի, որ Պո­լի­սէն 125 մղոն տա­րա­ծու­թեան վրայ, տա­կա­ւին ան­թիք շրջա­նին կար Քէօ­թա­հիա քա­ղա­քը:

Միջ­նա­դա­րուն աշ­խոյժ եւ հա­րուստ հայ­կա­կան հա­մայնք մը կար Կու­տի­նա­յի մէջ, ուր ալ 14-15-րդ դա­րե­րուն աս­տի­ճա­նա­բար թափ ա­ռած եւ զար­գա­ցած էր յախ­ճա­պա­կեայ սա­լիկ­ներ պատ­րաս­տե­լու ա­րուես­տը, եւ ձե­ւա­ւո­րուած է Կու­տի­նա­յի հայ­կա­կան սա­լիկ­նե­րու դպրո­ցը: Վաղ կու­տի­նա­կան հայ­կա­կան սա­լիկ­նե­րը երկ­գոյն են՝ ճեր­մակ եւ կա­պոյտ. մինչ 17-րդ դա­րուն, հայ վար­պետ­նե­րը սկսած են գոր­ծա­ծել դե­ղին, կա­նաչ եւ հռչա­կա­ւոր՝ հայ­կա­կան կար­միր (tomato-red color armenian) գոյ­նե­րը: Այս­պէս, Կու­տի­նան դար­ձաւ հայ­կա­կան յախ­ճա­պա­կիի ար­տադ­րու­թեան կեդ­րոն, եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ա­նոր հիմ­նա­կան մրցա­կի­ցը Իզ­նիքն էր, ո­րու ար­տադ­րան­քը ի տար­բե­րու­թիւն հայ վար­պետ­նե­րու « քրիս­տո­նէա­կա­ն» սա­լիկ­նե­րուն, «մահ­մե­տա­կա­ն» նիւ­թե­րով էր:

Այս­պէ­սով, 16-րդ դա­րու սկիզ­բէն մին­չեւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տը դրոշ­մուած է ա­ռան­ձին գե­ղա­րուես­տա­կան ինք­նա­տպու­թեամբ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ։ Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիի ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը ծաղ­կե­ցաւ ա­ւե­լի քան չորս դար, եւ այ­սօր Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիի բազ­մա­թիւ նմոյշ­ներ կը պահուին մաս­նա­ւոր եւ հան­րա­յին զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ:

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նին մէջ Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տի ներ­կա­յաց­ման նպա­տակն է՝ նպաս­տել Կու­տի­նա­յի հայ­կա­կան յախ­ճա­պա­կիի դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյ­թի հե­տա­զօտ­ման եւ հռչակ­ման։ Յախ­ճա­պա­կիէ նմոյշ­նե­րը, ո­րոնք ցու­ցադ­րուած են թան­գա­րա­նին մէջ, փո­խառ­նուած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Սար­տա­րա­պա­տի հե­րո­սա­մար­տի յու­շա­հա­մա­լիր. Հա­յոց ազ­գագ­րու­թեան եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թեան ազ­գա­յին թան­գա­րան­նե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն եւ եր­կու մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րէ, ո­րոնք կը պատ­կա­նին Գա­րա­գա­շեան եւ Մի­նա­սեան ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­ռան­ձին բա­ժին­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցած են Կու­տի­նա­յի յաճ­խա­պա­կիի ա­րուես­տա­նոց­ներն ու ար­հես­տա­ւոր­նե­րը, վա­ճա­ռա­կա­նու­թիւն եւ պա­տուէր­ներ, շար­ժում եւ զար­թօնք, ա­ռար­կայ եւ զարդ: Բո­լոր շար­քե­րուն մէջ ակն­յայտ է բարձ­րա­կարգ այն ա­րուես­տը, զոր ստեղ­ծած են Կու­տի­նա­յի հայ խե­ցե­գործ­նե­րը:

Կ­­՚ը­սուի, թէ Կու­տի­նա­յի շրջա­կայ­քը գտնուող հում­քը, որ յախ­ճա­պա­կիին տուած է իր ճեր­մակ ե­րան­գը, խե­ցե­գոր­ծու­թեան ար­տադ­րու­թեան մէջ ջնա­րակ ստա­նա­լու հա­մար, բա­ւա­կան ա­ռատ եւ բարձ­րո­րակ ե­ղած է: Վար­պետ­նե­րը ստեղ­ծած են կեն­ցա­ղա­յին ա­մե­նէն զա­նա­զան ի­րե­րէն մին­չեւ ե­րես­պատ­ման սա­լիկ­ներ: Նշա­նա­ւոր են Կու­տի­նա­յի սուր­ճի գա­ւաթ­նե­րը, թա­սե­րը, պնակ­նե­րը, թէյ­նիկ­նե­րը, ջրա­ման­նե­րը, կա­խ-ւե­լիք զար­դե­րը, վար­դա­ջու­րի սրուակ­նե­րը, թա­նա­քա­ման­նե­րը, դրա­մա­տու­փե­րը, սե­ղան­նե­րը, կիտ­րոն­քա­միչ­նե­րը եւ այլն:

Հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ մզկիթ­նե­րուն մէջ գոր­ծա­ծուող ի­րե­րու կար­գին նե­րա­ռուած են ճար­տա­րա­պե­տա­կան սա­լիկ­ներ, կա­խա­զար­դեր՝ հաւկ­թա­ձեւ կամ գնդա­ձեւ, խըն-կա­ման­ներ, սրուակ­ներ, սա­փոր­ներ, կախուե­լիք լապ­տեր­ներ: Զար­դա­յար­դար­ման ցան­կը լի է զա­նա­զան բու­սա­կան ու երկ­րա­չա­փա­կան նախ­շե­րով, պատ­կե­րա­զարդ տե­սա­րան­նե­րով, կեն­դա­նի­նե­րով ու ժո­ղովր­դա­կան կեր­պար­նե­րով, Հին ու Նոր Կտա­կա­րան­նե­րէն առ­նուած կրօ­նա­կան նիւ­թե­րով:

Ակն­յայտ է, որ պատ­մո­ղա­կան թե­մա­նե­րով զար­դա­րուած բազ­մա­գոյն ի­րե­րը պարզ ո­ճով նկա­րուած են:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցու­ած են նաեւ զա­նա­զան չա­փե­րու գնդա­ձեւ կամ հաւկ­թա­ձեւ կա­խա­զար­դեր, ո­րոնք Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կեայ ա­րուես­տին գլուխ գոր­ծոց­նե­րէն են: Այս խե­ցե­գոր­ծա­կան կա­խա­զար­դե­րը հիմ­նա­կա­նին ե­ղած են բազ­մա­գոյն եւ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ պատ­կե­րուած վեց­թե­ւեան սե­րով­բէ­նե­րով ու խա­չե­րով: Ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ մզկիթ­նե­րուն մէջ կա­խա­զար­դե­րը կը կա­խուէին կան­թեղ­նե­րէն ու լապ­տեր­նե­րէն՝ մկնե­րու կեր չդառ­նա­լու հա­մար: Ո­րոշ կա­խա­զար­դե­րու վրայ կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ՝ պա­տուի­րա­տուին ա­նու­նը, ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն, ո­րոնք կը հաս­տա­տեն, թէ ա­նոնք Ե­րու­սա­ղէմ ե­կած հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րու նուէր­ներն են ե­կե­ղե­ցիին:

Կու­տիա­նա­հա­յե­րու կեր­տած բազ­մա­թիւ յախ­ճա­պա­կեայ ի­րեր այ­սօր կը պա­հուին Լոն­տո­նի, Սեն Փե­թերս­պուր­կի, Փա­րի­զի, Պրուք­սէ­լի, Վե­նե­տի­կի, Ե­րու­սա­ղէ­մի, Մար­սէյլի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու հան­րա­յայտ թան­գա­րան­նե­րուն մէջ:

Կու­տի­նա­յի ա­մե­նէն հին թուագ­րուած (1510 եւ 1529 թուա­կան­նե­րու) գլուխ գոր­ծոց նմոյշ­նե­րը՝ եր­կու ծի­սա­կան կուժ եւ սա­փոր մը, այժմ կը գտնուին Լոն­տո­նի Բրի­տա­նա­կան թան­գա­րա­նին մէջ: Նմոյշ­ներ կան (մօտ 70) Լոն­տո­նի Վիք­թո­րիա եւ Ալ­պերթ թան­գա­րան­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ՝ Փա­րի­զի Լուվր եւ աշ­խար­հի այլ նշա­նա­ւոր թան­գա­րան­նե­րուն մէջ:

Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ած ցու­ցա­հան­դէ­սը ըն­դա­մէ­նը չնչին մաս մըն է այն ամ­բողջ հարս­տու­թե­նէն, որ կեր­տուած է պատ­մա­կան Կու­տի­նա­յի մէջ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի ա­ռան­ձին բաժ­նին մէջ կա­րե­լի է տես­նել պա­տա­ռիկ մը Պա­լեան եւ Գա­րա­գա­շեան գե­ր­­դաս­տան­նե­րու պատ­մու­թե­նէն, ո­րոնք ան­ցեալ դա­րասկզ­բի դէպ­քե­րէն ետք Ե­րու­սա­ղէմ փո­խադ­րուած են, այդ ա­րուես­տը շա­րու­նա­կած են եւ այ­սօր ալ, այդ ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւիղ­նե­րը փա­ռա­ւոր կեր­պով կը շա­րու­նա­կեն հայ­կա­կան խե­ցե­գոր­ծա­կան այդ դպրո­ցի ա­ւան­դոյթ­նե­րը:

Այս ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէսը, որ ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ «Կո­մի­տաս» թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ բա­ցուե­ցաւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը կրէ «Կու­տի­նա­յի հայ­կա­կան յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տը» խո­րա­գի­րը։ Թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցուե­ցան յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տին վե­րա­բե­րեալ յատ­կան­շա­կան ու բացա­ռիկ բա­զում նմոյշ­ներ։ Հարկ է նշել, որ այդ նմոյշ­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի կարգ մը անձ­նա­կան ի­րե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը յատ­կան­շա­կան է ա­յն ա­ռու­մով, որ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ցու­ցա­հան­դէ­սի ծի­րէն ներս սկիզբ ա­ռին Կու­տի­նա­յի խե­ցե­գոր­ծու­թեան դա­սըն­թացք­ներ՝ Հա­յաս­տա­նի հաշ­ման­դամ­նե­րու «Փիւ­նի­կ» կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ընդգր­կուած սահ­մա­նա­փակ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով մար­դոց հա­մար, ո­րոնք դա­սըն­թացք­նե­րէն ետք կը ներ­կա­յաց­նեն Կու­տի­նա­յի յա­խճա­պա­կիի դպրո­ցին սկզբունք­նե­րով ի­րենց պատ­րաս­տած խե­ցե­գոր­ծա­կան ի­րե­րը եւ թան­գա­րա­նա­յին նմոյշ­նե­րու կրկնօ­րի­նակ­նե­րը: Այդ մէ­կը ա­ռան­ձին ցու­ցադ­րու­թեամբ կը ներ­կա­յա­ցուի եւ Կու­տի­նա­յի ա­րուես­տի հռչակ­ման նուի­ր-ւած ձեռ­նարկ մը եւս կը դառ­նայ:

Ցու­ցադ­րու­թեան զու­գա­հեռ հրա­տա­րա­կուած է նաեւ 108 է­ջե­րով գիրք մը՝ «Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիի ա­րուես­տը» խո­րագ­րով, որ նե­րա­ռուած է Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նի վա­ճա­ռե­լի գիր­քե­րու ցան­կին մէջ, իբ­րեւ ա­րուես­տի հրա­տա­կու­թեան բա­ցա­ռիկ նմոյշ մը: Գիր­քը թե­րեւս Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիին մա­սին նիւ­թե­րու ա­ռա­ջին լուրջ հրա­տա­րա­կու­թիւնն է, ուր բա­ցի մաս­նա­գի­տա­կան վեր­լու­ծու­մէն, կան նաեւ պատ­մա­կան փաս­տեր, ինչ­պէս նաեւ հան­գա­մա­նօ­րէն կը ներ­կա­յա­ցուի Կու­տի­նա­յի յախ­ճա­պա­կիին տա­րա­ծուա­ծու­թիւ­նը՝ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ:

Պատ­կե­րա­զարդ այս գիր­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով բարձր տպագ­րա­կան ո­րա­կով հրա­տա­րա­կուած են Կու­տի­նա­յի յաճ­խա­պա­կե­գոր­ծու­թեան բա­ցա­ռիկ նմոյշ­ներ:

Այս բա­ցա­ռիկ ցու­ցա­հան­դէ­սին գի­տա­կան խմբա­գի­րը՝ Տիգ­րան Գու­յում­ճեանն է, գի­տա­կան խորհր­դա­տուն՝ Մա­րի­նէ Հա­րո­յեա­նը, հա­մադ­րո­ղը՝ Նա­յի­րի Խա­չա­տու­րեա­նը, ձե­ւա­ւո­րող­նե­րը՝ Սար­հատ Պետ­րո­սեանն ու Նա­նէ Թու­մա­նեա­նը:

Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը բաց է ա­մէն օր, բա­ցի Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուը­նէ, մին­չեւ 20 Դեկ­տեմ­բեր։

Միւս կող­մէ, «Կո­մի­տա­սը եւ միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թը» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը, որ նուի­րուած էր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին, սկսաւ Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ:

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ ը­սած է, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նին հա­մար Կո­մի­տա­սի ժա­ռան­գու­թիւ­նը նոյն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի, ինչ­պէս լաւ գոր­ծի­քը՝ ար­հես­տա­ւո­րին: Ա­նոր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ա­ղօթք է, հաս­տա­տած է ան՝ դի­տել տա­լով, որ գի­տա­ժո­ղո­վը կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ծա­նօ­թա­նա­լու Կո­մի­տա­սի գոր­ծու­նէու­թեան, ա­նոր զար­մա­նա­լիօ­րէն զու­լալ եւ հո­գե­ցունց ե­րաժշ­տու­թեան:

«Ա­րուես­տի հիմ­նար­կը լոյս ըն­ծա­յած է Կո­մի­տա­սի ժա­ռան­գու­թեան ա­կա­դե­մա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն շնոր­հիւ ան հա­սա­նե­լի դար­ձած է ե­րի­տա­սարդ կա­տա­րող­նե­րուն: Մեծ վար­դա­պե­տին ծննդեան 150-ա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս պի­տի տես­նէ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ ձգած հարստու­թեան մա­սին գիր­քի եր­րորդ հա­տոր մը: Այս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ստեղ­ծուած է Կո­մի­տա­սա­գի­տա­կան պատ­կա­ռե­լի գրա­դա­րան», յայտ­նած է Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Փրոֆ. Ան­նա Ա­սատ­րեան:

Այս օ­րե­րուն տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Հա­յաս­տան գտնուող ե­րա­ժիշտ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռանց ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան: «Կո­մի­տա­սը մա­հա­ցած է սրտի տագ­նա­պէ եւ ոսկ­րախ­տէ: Այս հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի կ՚ըլ­լար բու­ժե­լը յա­տուկ դե­ղե­րու գոր­ծա­ծու­թեան պա­րա­գա­յին: Ա­նոր մա­հուան պատ­ճառ­նե­րը հո­գե­բու­ժա­կան չեն ե­ղած: Այ­սօր կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­մա­ձայն, Կո­մի­տաս ու­նե­ցած է ո­րոշ ընկ­ճախ­տա­յին դրսե­ւո­րում­ներ, ո­րոնք իբ­րեւ հո­գե­կան հի­ւան­դու­թիւն չեն կրնար բնու­թագ­րուիլ: Կայ տե­սա­կէտ այն մա­սին, որ առ­հա­սա­րակ կը մեր­ժէ ա­նոր հո­գե­կան հի­ւան­դու­թիւ­նը», ընդգ­ծած է Քլո­տին Պե­լա­մին, որ 1985-2010 թուա­կան­նե­րուն հի­ւան­դա­պահ ե­ղած է Վիլ Ժուի­ֆի հո­գե­բու­ժա­րա­նին մէջ, ուր տա­րի­ներ շա­րու­նակ փա­կուած էր Մեծն Կո­մի­տաս:

«Կո­մի­տաս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօն»ը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Հոկ­տեմ­բե­րի 8-ը: Փա­ռա­տօ­նին հիւ­րըն­կա­լուած են կա­տա­րող­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն, Ճա­բո­նէն եւ Ֆրան­սա­յէն: Գի­տա­ժո­ղով-փա­ռա­տօ­նին կ՚աջակ­ցին Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Գի­տու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016