ՍԷՐՆ ՈՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ
Սիրով շաղախուած ամէն բան քաղցր է ու անուշ: Սէրը աշխարհի համն է, քանզի Աստուած ինքնին սէր է: Իւրաքանչիւրս ունի սիրոյ կարիք: Մենք մեր կեանքի ամբողջ հոլովոյթին կը գտնուինք սիրոյ փնտռտուքներու մէջ: Շատերուն կը թուի, թէ ամենաթանկն ու անհասը կարողութիւնն է, սակայն որքան կը մխրճուինք մեր հոգիի խորքերուն մէջ, կը բացայայտենք, թէ հարստութիւնը նոյնքան պաղ ու փուճ է, որքան մէկտեղած ոսկին ու բոլոր թանկարժէք քարերը:
Հոգի ունեցող իւրաքանչիւր էակ, ունի սիրոյ պակաս ու կարիք, մասնաւորապէս Տիրոջ կողմէ Իր իսկ կերպարանքով ստեղծուած մարդ արարածը: Սէրը մեր կողքին է, մեր մէջ, մեր շուրջը, սակայն մենք յաճախ կը վանենք զայն. կը փնտռենք ուրիշ տեղ: Սէրը վանելու կը սկսինք օրօրոցէն: Մաքրամաքուր, հրեշտակային հոգիով մեր մանուկներէն կը վանենք սէրը: Ոստիկանի պէս կը հսկենք եւ օդին մէջ կը փոշիացնենք դէպի մեր զաւակները ծորող սիրոյ կաթիլները: Յիրաւի, ես դոյլը ձեռքիս, կը փորձեմ խնամքով ու շնորհապարտ հաւաքել ամէն մի կաթիլը: Օրեր առաջ ինն ամսեայ Դանիէլիս հետ դուրս եկանք փողոց: Դանիէլը հանգիստ կը նստէր իր մանկասայլակին մէջ, յանկարծ դէպի իրեն մօտեցաւ տարեց կին մը: Ինչպէս բոլոր երեխաները, իմ բալիկները նոյնպէս, մագնիսի պէս, դարձան դէպի իրենց ուղղուած սիրառատ հայեացքներուն, ջերմ ու բարի ժպիտներուն:
Սիրառատ կինը մօտեցաւ իմ փոքրիկին ու սկսաւ շռայլօրէն սփռել իր սէրը, հիացումը, ջերմութիւնը: Պահ մը աշխարհի դառնութենէն կտրուած, լայնաժպիտ դէմքով, փայլփլուն հայեացքով կը խօսեցնէր Դանիէլը: Այդ նոյն վայրկեանին մեր մանկասայլակի կողքին կանգ առաւ տարեց, ալեհեր պապիկ մը, որ զարմացական ու պաղ հայեացքով կը հետեւէր կնոջ ամէն մի շարժումին: Կինը փոխանցեց իր սէրն ու ջերմութիւնը եւ հեռացաւ:
-Ծանօ՞թ էք,- անխօս հայեացքով ինծի հարցուց ալեհեր տղամարդը:
-Ո՛չ,- ջերմօրէն պատասխանեցի ես, տակաւին արբած քիչ առաջ շռայլուած սէրէն:
-Մի՛ ձգէք, որպէսզի անծանօթները մօտենան ձեր զաւակին,- զգուշացուց պապիկն ու հեռացաւ: Վստահաբար այդ վայրկեանին ան իր պարտքը կը համարէր «անփորձ, միամիտ», մայրիկ մը նախազգուշացնել՝ հեռու մնացէք սիրոյ կաթիլներէն: Ձեր սէրը կը բաւէ ձեր զաւակին: Երեխան ուրիշի սիրոյ կարիք չունի: Մարդու արտայայտած մէկ նախադասութեան տողատակերուն մէջ ես այս կարդացի:
Ոչինչ պատասխանեցի, պարզապէս ժպտացի ու շարունակեցի մեր ճամբան: Այդ պահուն իմ բերանը մնաց կողպուած: Ես չհասցուցի, չկրցայ բացատրել արագ հեռացող պապիկին, որ սիրոյ կաթիլները կարելի չէ նետել: Այն պէտք է ընդունիլ ուրախ սրտով եւ ըլլալ շնորհապարտ պարգեւողներուն: Այդ սիրոյ կաթիլները ամբարուելով կը վերածուին ովկիանոսի: Մեր զաւակներուն մէջ կը սերմանեն սէր, բարութիւն, կարեկցանք, հոգատարութիւն, խաղաղութիւն: Այս բոլոր զգացումները միախառնուելով կը դառնան հոգեսփիւռ: Կը ձեւաւորեն մարդկային ճիշդ յարաբերութիւններ, ամրակուռ բնաւորութիւն, սիրով կը պարուրեն Տէրը, հայրենիքը, աշխարհն ու ընտանիքը, համայն մարդկութիւնը: Ամբարելով այդ սէրը մարդ կը դառնայ մարդասէր, ճշմարիտ աստուածապաշտ ու քրիստոնեայ, ընտանիքի օրինակելի զաւակ, հոգատար ու նուիրեալ քաղաքացի իր երկրին համար: Կը տեսնենք, թէ որքան կարեւոր են ու անհրաժեշտ այդ սիրոյ կաթիլները: Մասնաւորապէս եթէ այդ սէրը քու զաւակիդ կը պարգեւեն քու հայրենիքիդ մէջ, քու հայրենակիցներդ կամ երկրիդ հիւրերը: Իսկ անոնք, որոնք կ՚անտեսեն սիրոյ իւրաքանչիւր կաթիլ, տարիներ անց իրենց դիմաց կ՚ունենան մարդամեքենաներ կամ լաւագոյն պարագային՝ կիսամարդամեքենաներ:
Սէրէ կը ծնի գեղեցկութիւնը, ճաշակը, նրբանկատութիւնն ու քաղաքավարութիւնը: Գեղեցիկն ու սէրը կը փրկէ, փրկած է ու պիտի փրկէ աշխարհը: Գեղեցկութեան կարեւորագոյն չափորոշիչը հոգիի գեղեցկութիւնն է, որ կը ճառաքէ մարդու աչքերէն:
Իսկ գեղեցկութեան լաւագոյն մարմնացումը խոնարհութիւնն է: Հեզ ու խոնարհ մարդը ամենագեղեցիկն է: Խոնարհ մարդու մէջ կ՚ապրի խաղաղութիւնը, ներդաշնակութիւնը: Աշխարհի լաւագոյն զգացումներն ու յատկանիշները պահուած են սիրոյ ու գեղեցկութեան մէջ: Կատարեալ գեղեցկութիւնը պարզի ու շքեղութեան խառնուրդն է: Եւ վերջապէս՝ կինը իր արտաքին տեսքով, հագ ու կապով դիմացինին մօտ պէտք է յառաջացնէ ոչ թէ ցանկութիւն, այլ հիացում, մեծարանք:
Սէր ցանենք՝ սէր հնձենք:
Երեւան