ԶԱՀՐԱՏԻՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ նշուե­ցաւ ան­մահ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Զահ­րա­տի այ­րին՝ Ա­նա­յիս Եալ­տըզ­ճեան։ Գրող­նե­րու տան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան, Գրող­նե­րու միու­թեան քար­տու­ղար Պետ­րոս Տե­միր­ճեան։

Յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին նաեւ յայտ­նի ե­րաժշ­տա­գէտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, գրա­կա­նա­գէտ Ե­րուանդ Տէր-Խա­չատ­րեան, գրա­կա­նա­գէտ Սու­րէն Դա­նիէ­լեան եւ Թո­րոս Թո­րա­նեան, ո­րոնք եւս ար­տա­յայ­տուե­ցան Զահ­րա­տի մա­սին։

Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան Զահ­րա­տի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն նմոյշ­ներ ներ­կա­յա­ցուց վաս­տա­կա­շատ աս­մուն­քող Սիլ­վա Կո­մի­կեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015