ԿԻԹԱՌԻ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հար­պիէի Նոթ­րը Տամ Տը Սիոն ֆրան­սա­կան լի­սէի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան կի­թա­ռի հա­մերգ մը։ Ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին կի­թա­ռա­հար Հա­լուք Օ­նաթ Աք­պու­լութ ունկն­դիր­նե­րուն վրայ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց իր յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։ Յայ­տագ­րին մէջ ընդգր­կուած էին ա­րեւմ­տեան դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան շարք մը յայտ­նի հե­ղի­նակ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

«Սե­մի­հա Պերք­սոյ» օ­փե­րա­յի հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րաժշ­տա­հան­դէս մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին Հա­լուք Օ­նաթ Աք­պու­լու­թին նուա­գակ­ցե­ցաւ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Ը­շըլ Կի­րայ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ կազ­մա­կեր­պիչ հիմ­նար­կի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Նա­ճի Աք­թու­նա եւ հա­մերգ­նե­րու ու ե­րաժշ­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու գծով տնօ­րէ­նու­հի Լեռ­նա Պա­լօղ­լու Աք­պու­լութ։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015