ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ոսկի աշնան աւանդական միջմիութենական խրախճանքը, որով ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի կը կազմակերպուի այս միջմիութենական հաւաքոյթը, որով կը համախմբուին մեր սանուց միութիւններու երիտասարդները։

Այս տարուան հաւաքի հիւրընկալն էր Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութիւնը, ուր համախմբուեցան մեր միութիւններէն հոծ թիւով երիտասարդներ։ Ներկայ էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին միջմիութենական յանձնամբէն Գէորգ Սիմքէշեան եւ հիւրընկալ Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ մեներգներով հանդէս եկան Մարալ Աթաման, Մարալ Չաղլըչուպուքճու եւ Սիպէլ Ասատուրեան՝ նուագակցութեամբ Սիրուն Սիրունեանի, որ իր հերթին նաեւ տուտուկի կատարումներ ներկայացուց ունկնդիրներուն։ Հանդիսավարն էր Սեւան Աթաօղլու, որ համակարգեց նաեւ նուագները։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի սաներն ալ կատարեցին շուրջպարեր, ինչ որ խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։

Պատուասիրութեան մթնոլորտին մէջ ոսկի աշնան խրախճանքի մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ յառաջիկայ շրջանին համար փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017