ԱՌԱՆՁՆԱԿԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, իբրեւ գործելակերպ, որդեգրած է հանրային քննարկումներու ճանապարհը: Հասարակական հնչեղութիւն ունեցող որեւէ հարց յառաջիկային պիտի դրուի հանրային քննարկումի եւ այդ քննարկումներուն ժամանակ միայն յառաջացած կարծիքներուն, թեր ու դէմ կողմերուն արդիւնքին՝ կ՚ընդունուի որոշում մը: Նման քննարկում մը վերջերս սկսաւ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի անունով կոչելու առաջարկին շուրջ: Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան յայտարարած պաշտօնական, տակաւին չաւարտած, բայց արդէն հասարակութեան, մտաւորականութեան շրջանակին ի յայտ եկած տրամադրութիւնները կը խօսին «Զուարթնոց» անունի պահպանման կապակցութեամբ: Որքան որ Ազնաւուրը սիրելի ըլլայ հայերուն, մարդիկ չեն մտածեր, թէ պէտք է հրաժարիլ «Զուարթնոց» պատմական անունէն, որ նոյնպէս մշակութային մեծ արժէք կը ներկայացնէ:

Մշակոյթի նախարարութիւնը հանրային քննարկումի ուրիշ դիմում մըն ալ ներկայացուցած է. նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունց նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ գտնուող քանի մը արժէք ներգրաւել անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունեցող ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին վրայ: Այս նպատակով արդէն ներկայացուցած է նախագիծ մը, որ կը դրուի հանրային քննարկումի: Նախագիծին մէջ ներկայացուած են քանի մը արժէքներ, որոնք, հանրային քննարկումէն ետք յատուկ ուշադրութեան կ՚արժանանան, կը ձեռնարկուին անոնց պահպանման յատուկ միջոցներու, իսկ ապագային դիմում կը ներկայացուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներգրաւելու համար զանոնք: Նախարարութեան ներկայացուցած արժէքներուն մէջ են Կիւմրի քաղաքը պատրաստուող մուշուրպան՝ կլկլան գաւաթը, պարկապզուկը՝ ուլի կամ գառնուկի մորթով պատրաստուած փողային երաժշտական տկասրինգը, որդան կարմիրը, ստուերներու թատրոնը՝ ժողովուրդին մէջ յայտնի «ղարակէօզ»ը, հայկական ազգային ըմբշամարտը՝ կոխը:

Ասոնցմէ որոշները, օրինակ, պարկապզուկը, կամ՝ ստուերներու թատրոնը, այլ ազգերու ծագում նոյնպէս ունին, բայց քանի որ անոնք հայ իրականութեան մէջ ունեցած են առանձնակի գործածութիւն ու որոնցմով ստեղծուած են արուեստի գործեր, ուստի Հայաստանի կողմէ զանոնք պահպանելը եւ սերունդներուն փոխանցելը Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը նաեւ մեր պարտականութիւնը կը նկատէ:

Հետաքրքրական է ստուերներու թատրոնին յառաջացումը ինչպէս աշխարհի, այնպէս ալ՝ Հայաստանի տարածքին: Ըստ տուեալներուն, ստուերներու թատրոնը, իբրեւ տեսողական արուեստի ձեւ, առաջին անգամ ի յայտ եկած է Չինաստանի մէջ, շուրջ 1700 տարի առաջ: Այս ինքնատիպ արուեստը տարածուած է նաեւ Ինտոնեզիոյ, Մալեզիոյ, Թայլանտի, Քամպոտիոյ մէջ, իսկ յետագային անցած է Եգիպտոս, Թուրքիա, Յունաստան, Գերմանիա, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ այլ երկիրներ:

Թատրոնին առաձնայատկութիւնը այն է, որ անոր ընթացքին կը կիրարկուին կիսաթափանց մեծ պաստառներ եւ հարթ խաղատիկնիկներ, որոնք կը կառավարուին բարակ հնդկեղեգեայ փայտիկներով կամ նոյնքան բարակ մետաղիկներով: Այդ խաղատիկնիկները ետեւի կողմէն կը հպին պաստառին եւ կը դառնան տեսանելի: Այսինքն թատրոնի ցուցադրութեան ժամանակ կ՚երեւի ոչ թէ տիկնիկը, այլեւ՝ անոր ստուերը: Տիկնիկը կը մնայ պաստառին ետեւը:

Բազմազան նիւթեր կը ներկայացուին ստուերներու թատրոնին մէջ, ըստ իւրաքանչիւր երկրի, ժողովուրդի աւանդոյթներուն:

Սովորաբար խամաճիկները պատրաստուած կ՚ըլլան բարակ, թափանցիկ կաշիով, որ կ՚ըլլայ այծի, ուղտի կամ ուրիշ կենդանիի կաշի, նաեւ թուղթով՝ ստուարաթուղթ:

Երկրորդ հազարամեակի ընթացքին ստուերներու թատրոնը մեծ տարածում գտած է մանաւանդ Չինաստան եւ Հնդկաստան: Ճենկիզ խանի զօրքերուն հետ անիկա տարածուած է ասիական այլ շրջաններու մէջ: Մեծ տարածում ունեցած է նաեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ մէջ՝ այստեղ իր ծաղկման գագաթին հասնելով 16-րդ դարուն:

1767 թուականին ստուերներու թատրոնին՝ մանաւանդ չինական թեքնիկը, ֆը-րանսացի միսիոնար Ժիւլ Ալոտ ներմուծած է իր հայրենիքը: 1776 թուականին յայտնի դարձած է նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ տարածքին: Ծանօթ է, որ գերմանացի բանաստեղծ Կէօթէն հետաքրքրութիւն ունեցած է արուեստի այս տեսակին հանդէպ, իսկ 1774 թուականին անձամբ կազմակերպած է այդպիսի ներկայացում մը: Այսօր ալ ազդեցիկ ու նշանաւոր ստուերներու թատրոններ կան Չինաստանի մէջ, ուր կայ նաեւ ստուերներու թատրոնի թանգարան մը:

Ներկայիս հին իրերու հաւաքածոներուն մէջ արժէք ունին կաշիէ ժանեկագործ խամաճիկները, իսկ ստուերներու թատրոնին գոյութիւնը, իր դասական ձեւով, վտանգուած է:

Հայ իրականութեան մէջ ստուերներու թատրոնը լայն կիրարկութիւն ունեցած է Բարեկենդանի եւ այլ ժողովրդական տօներու ընթացքին, ժողովրդական թատրոնի միւս ժանրերու կողքին: Պատմական աղբիւրներու համաձայն, հայերը ստուերներու թատրոն ունեցած են նախաքրիստոնէական շրջանին, իսկ քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք անիկա հոգեւորականներու հալածանքներուն ենթարկուած է, որպէս աշխարհիկ զուարճանք պարունակող ծէս մը: Այս թատրոնը իր բնոյթով ծիսական է, եւ հին ժամանակ հայերը նաեւ հարսանիքներուն եւ այլ առիթներով ըրած են բեմադրութիւններ: Գոյութիւն ունեցած են տիկնիկավարներ՝ «ղարակէօզ» խաղցնողներ, որոնք իրենց տիկնիկներով հրաւիրուած են բեմադրելու որեւէ նիւթ:

Հայոց մէջ ստուերներու թատրոնը ուսումնասիրած են ազգագրագէտներ, թատերագէտներ, պատմաբաններ: Ամենահանգամանալից ուսումնասիրութիւններէն կը նկատուի ազգագրագէտ Ժենիա Խաչատրեանի «Ղարակէօզ» գիրքը, ուր կը քննուին հնագոյն այդ արուեստին ծագումը, անոր տարածումը հայոց մէջ: Նոյնինքն հայ մշակոյթի, ազգագրութեան երախտաւոր Ժենիա Խաչատրեանն էր, որ տակաւին խորհրդային տարիներուն՝ 1964 թուականին Ջաւախքի Վալէ գիւղին մէջ յայտնաբերած է տիկնիկավար, իմաստուն գիւղացի Խաչատուր Թումասեանին: Այս մարդը, իր նախնիներէն ժառանգելով ստուերներու թատրոնն ու անոր տիկնիկները, շրջած է գիւղեր, տուած՝ ներկայացումներ:

«Ղարակէօզ» խաղցնելը պապական արհեստ մը եղած է եւ ան այդ արհեստին տիրապետողին ծոռն էր: Գրեթէ նոյն ժամանակահատուածին ուրիշ տիկնիկավար մը յայտնաբերուած է Հայաստան, Լոռի: Լոռիի մէջ գործած ստուերներու տիկնիկավարը՝ Յովհաննէս Մելքոնենցը, ժամանակին եղած է Անդրանիկ զօրավարի աջ բազուկը, ապրած է 106 տարի ու իր հեղինակած թատրերգութիւնները բեմադրած է գիւղերուն մէջ:

Ջաւախքի մէջ Խաչատուր Թումասեան Ժենիա Խաչատրեանին յանձնած է իր խամաճիկները՝ ըսելով, որ ինք արդէն ծեր է եւ խնդրած է պահպանել զանոնք, տեսնելով, թէ ազգագրագէտը որքան տեղեակ է եւ որքան հետաքրքրուած: Այդ խաղատիկնիկները այսօր Սարտարապատի ազգագրական թանգարանին մէջ կը գտնուին եւ 150 տարեկան են:

Այսօր Երեւանի մէջ գործող ստուերներու միակ թատրոնը՝ «Այրոգի»ն, կրկին խորհրդային տարիներուն ծնած է: Խումբ մը տղաք, 1980-ականներուն, հեծեալ արշաւներ կը կատարէին Հայաստանի գիւղերուն մէջ, կը փորձէին վերականգնել հեծեալ խաղերը, որոնք նոյնպէս հին ժամանակ տարածուած են հայոց մէջ: Անոնք նաեւ ժողովրդական, ազգագրական երգեր կը կատարէին իրենց արշաւներուն ընթացքին, խորհրդային գաղափարախօսութեամբ պատուած ժողովուրդին, մանաւանդ գիւղերուն մէջ, կը պատմէին մեր արմատներուն մասին եւ կոչ կ՚ընէին վերադառնալ հայոց ինքնութեան: Նոյնիսկ ճարտարագիտական համալսարանը, ուր կ՚ուսանէին այդ երիտասարդները եւ որոնց միացած էին նաեւ քանի մը դասախօսներ, ձիեր գնած է անոնց համար եւ քաջալերած հեծեալ արշաւներու միջոցով հայոց աւանդական մշակոյթը տարածելու նախաձեռնութիւնը: Ցերեկները անոնք դասի կ՚երթային, իսկ երեկոյեան ժամերուն ազգագրագէտներէն, երգիչներէն կը սորվէին երգ ու պար, պատմութիւններ, ծէսեր, որպէսզի արձակուրդներուն արշաւէին եւ փոխանցէին մարդոց:

Ճիշդ նոյն տարիներուն՝ 1983 թուականին այդ տղաքը անդրադարձան նաեւ ստուերներու թատրոնին, այդ աւանդոյթներուն մասին տեղեկանալով Ժենիա Խաչատրեանէն: Իրենց հեծեալներուն խումբը կոչած են «Այրուձի», իսկ թատրոնը՝ «Այրոգի»: Այսօր ալ նոյն անունով կը ներկայանայ եւ բեմադրութիւններ կ՚ընէ «Այրոգի»ն, որուն, հին անդամներուն նաեւ նորեր միացած են:

1980-ականներուն, ստուերներու թատրոնը գիւղեր տանելով, հիմնադիրները զայն ցուցադրած են ճրագի կամ մոմի լոյսին տակ, այնպէս ինչպէս այդ մէկը եղած է հին ժամանակ: 1990-ականներուն թատրոնը դադրած է գործելէ եւ այսօր, վերակազմաւորուելով, կրկին իր վերածնունդը կ՚ապրի: 2014 թուականէն ի վեր «Այրոգի» թատրոնը մնայուն կարգավիճակով հանգրուանած է ժողովրդական արուեստի «Հանգոյց» հիմնադրամին տրամադրած տարածքին վրայ եւ ինչպէս 35 տարի առաջ, այսօր ալ, անոր ներկայացումները անվճար են, թատրոնի նուիրեալներուն միակ նպատակը հնագոյն այս արուեստը տարածելն ու զայն փոխանցելն է: Միակ վարձատրութիւնը հանդիսատեսին գոհունակութիւնն է, եւ այն, որ հանդիսատեսը, շատ սիրելով պաստառին ետեւէն երեւցող խօսող ստուերները, ներկայացումի աւարտին կը մօտենայ, հարցումներ կ՚ուղղէ, կը խաղցնէ տիկնիկը… Այրոգցիները տիկնիկներ պատրաստած են Խաչատուր Թումասեանի՝ այսօր Սարտարապատի թանգարանին մէջ ցուցադրուած տիկնիկներուն օրինակով: Իսկ նիւթերը, որոնց մասին կը պատմեն ձեռագործ տիկնիկները, բազմազան են, «Այրոգի»ն կ՚ընտրէ հին թատրերգութիւններէն մինչեւ միջնադարու երկեր: Օրինակ՝ խաղացանկին մէջ ունին Փաւստոս Բիւզանդի գրած Օհան եպիսկոպոսի ագահութեան մասին գործը, աստուածաշնչեան պատմութիւններ: Խաղացանկին մէջ են նաեւ Թումանեանի հէքեաթները:

Մշակոյթի նախարարութիւնը, հանրային քննարկման դաշտ տանելով արուեստի հնագոյն այս տեսակը յատուկ պահպանութեան ներքոյ առնելու հարցը, ի վերջոյ, նպատակ ունի ստուերներու հայկական թատրոնը ներգրաւել ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մէջ: Ճիշդ է, որ որոշ երկիրներու նմանատիպ թատրոններ այսօր ճանչցուած են, բայց հայկական թատրոնն ալ, երկար ճանապարհ անցած է, քալած է պատմական իրադարձութիւններու ճամբով եւ այսօր, ի պատիւ խումբ մը նուիրելաներու, պահպանուած է:

2003 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ-ն ստուերներու ինտոնեզիական թատրոնը ճանչցած է որպէս ոչ նիւթական մշակութային արժէք: 2007 թուականին յոյներու ու թուրքերու միջեւ այս հարցին շուրջ պայքարէ ետք թրքական «Քարակէօզ» ստուերներու թատրոնը ԻՒՆԷՍՔՕ-ն դարձեալ որակեց ոչ նիւթական մշակութային արժէք, իսկ 2011 թուականին միջազգային նոյն կոչումին արժանացաւ չինական ստուերներու թատրոնը:

«Այրոգի» օրինակին հետեւելով Հայաստանի մէջ ստուերներու թատրոն հիմնուած է նաեւ Արագածոտնի մարզի Բիւրական համայնքին մէջ՝ «Տօնացոյց. աւանդական տօներու վերածնունդ» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

Հին ժամանակ ստուերներու թատրոնին ներկայացումները կախարդական բնոյթ ունէին եւ նուիրուած էին աստուածային ու առասպելական հերոսներուն։ Ժամանակի ընթացքին Հայաստանի տարածքին ներկայացումները սկսած են հարստանալ նաեւ հայկական նիւթերով, իսկ 18-րդ դարէն սկսեալ թատրոնի համար գրական ստեղծագործութիւնները սկսած են գերակշռող դառնալ: Բացի այս բոլորէն, գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ ստուերներու թատրոնը ունէր ընդհանուր գիծ մը, որուն հերոսները ունէին իրենց իւրայատուկ աւանդական անունն ու վարքագիծը։

Ինչ կը վերաբերի «Քարագէօզ» անունին, ապա այսպիսի վարկած-նախապատմութիւն մը կայ. ըստ աւանդութեան սուլթան Մեհմէտ երկու ծաղրածու ունէր՝ մէկը Քարակէօզն էր, միւսը՝ Հաճը Այվազը։ Ասոնք սուլթանին մշտական ուրախացնողներն ու զուարճացնողներն էին, միշտ կը զբաղեցնէին սուլթանը: Շրջապատողները նախանձելով դաւեր կը պատրաստեն եւ երկուքին ալ, սուլթանին ձեռքով, գլխատել կու տան: Ատկէ ետք սուլթանը կը զղջայ եւ մարդիկ աւանակի կաշիէ տիկնիկներ կը պատրաստեն Քարակէօզի եւ Հաճը Այվազի կերպարանքով, կը տանին սուլթանին մօտ, կը խաղցնեն եւ կը կրկնեն անոնց ըսածները: Ասկէ ալ, կ՚ըսեն, որ ծագած է թատրոնին անունը:

Հայ ազգագրագէտները «Ղարակէօզ» թատրոնի հայկական հնագոյն հիմքը կը հաստատեն այն հանգամանքով, որ ստուերներու թատրոնը նիւթ ժառանգած է հին առասպելներէն եւ հայ գուսան-խեղկատակներէն, ինչպէս նաեւ «Ղարակէօզ» թատրոնին մէջ շատ գործածուած է շան գլուխը։ Իսկ շունը՝ յարալէզը, հայկական առասպելաբանական կենդանիներէն է։

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունց, առանձնապէս պահպանութեան արժանի ոչ նիւթական արժէքներու կարգին դասած է նաեւ հայկական ազգային ըմբշամարտը՝ կոխը: Առանձնակի ուշադրութիւնը այս ժողովրդական մարզաձեւին հանդէպ եւ յետագային թերեւս անոր ներգրաւումը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ նիւթական արժէքներու կարգին, նոյնպէս քննարկումի կը կարօտի: Կոխը հայկական ժողովրդական մարտախաղն է, որ հասած է մինչեւ մեր օրերը: Մասնակիցները այս մարզաձեւին կը մասնակցին մասնաւոր տրեխներով, որոնք կոխուած բուրդով, կարծր կտորով կը պատրաստուին եւ կը կարուին յատկապէս կոխի համար: Յատկանշական է, որ նախքան գօտեմարտի բռնուիլը, մասնակիցները ազգային երաժշտութեան, զուռնա դհոլի նուագակցութեամբ, դէմ դիմաց կը պարեն, որմէ ետք կը մօտենան դաշտին կեդրոնը եւ կը սկսին մրցիլ: Պարը տեղ մը նաեւ մկանները տաքցնելու եւ մարմինը պատրաստելու նպատակը ունի ու ծիսական բնոյթ կը հաղորդէ մրցումին: Կոխի պարային եղանակները պահպանուած են մինչեւ այսօր եւ անբաժան մասն են հնագոյն այդ մրցամարտին:

Մարտին տեւողութիւնը սովորաբար կ՚ըլլայ 8 վայրկեան: Ամբողջական յաղթանակին կը հասնի այն ըմբիշը, որ իր մրցակիցը կը դարձնէ թիակներու վրայ կամ մրցակիցին թիկունքին եւ մրցագորգին միջեւ եղած անկիւնը կը հասնի 90 աստիճանի, կամ ալ՝ մրցակիցը կը դնէ «կամուրջ»ի դրութեան մէջ: Յաղթանակ կը նկատուի նաեւ այն, որ մրցողներէն մին մրցակիցին նկատմամբ կ՚ունենայ 10 եւ աւելի միաւոր։ Եթէ մինչեւ մարտին աւարտը վերջնական յաղթանակ չարձանագրուի, ապա յաղթանակը կը շնորհուի աւելի շատ միաւորներ վաստկած մարզիկին: Այս խաղի կանոններուն մէջ կը մտնէ նաեւ այն, թէ մրցողները իրաւունք չունին գօտկատեղէն ներքեւ հարուածելու կամ ձեռքերով ոտքերէն բռնելու: Այսպիսի պարագաներուն խաղը կը դադրի, որպէս խաղի օրէնքներու խախտում: Որպէս յաղթանշան՝ պարտուողը իր գօտին կու տայ յաղթողին, իսկ յաղթողը յաղթանակի պար կը բռնէ: Բայց յաղթողը դիւրաւ չի կրնար դուրս գալ այս խաղէն՝ ան պարտաւոր է ընդունիլ ուրիշ մենամարտերու հրաւէրներ:

Հայոց մէջ հարսանիքներուն, գիւղական խրախճանքներուն եւ այլ տօնական առիթներուն անպայման կ՚ուղեկցէր կոխը: Մանաւանդ ընդունուած էր, որ գիւղի երիտասարդ աղջիկները հաւաքուին եւ դիտեն կոխի բռնուած երիտասարդները, տեսակ մը աղջիկտեսի առիթ մըն էր: Հայերը կոխ բռնած են նաեւ ուխտագնացութիւններէն ետք: Հայոց մէջ այս մրցամարտը ունեցած է զանազան անուններ՝ գօտեմարտ, գօտեկռիւ, բազմամարտ, չոքակիւլաշ, գուռաշ, մերկակռիւ, չոքակռիւ, կուշտրի եւ այլն:

Յատկանշական է նաեւ, որ հայոց աւանդութեան մէջ այդ մրցումները կազմակերպած են մասնաւոր պատրաստուած անձեր, որոնք կոչուած են մարտադիրներ, գուպարադիրներ, մարտուսոյցներ: Ըմբիշներէն յայտնի են Սադուն Արծրունին (13-րդ դար), Յակոբ Ջուղայեցին (17-րդ դար), Սիմոն Փահլիվունը, Գագիկը եւ այլն: Խորհրդային Հայաստանի մէջ կազմուած է կոխի մրցումներու կանոնադրութիւն, որ կը կիրարկուի մինչեւ այսօր: 1922 թուականէն ի վեր Հայաստանի մէջ միշտ տեղի ունեցած են կոխի մրցումներ՝ պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծահասակներու միջեւ՝ համապատասխան քաշային կարգով: Հայաստանի մէջ կը գործէ կոխի ըմբշամարտի ընկերութիւն, ընդունուած մարզաձեւ մըն է եւ կանոնաւոր մրցումներ տեղի կ՚ունենան, կը հռչակուի ախոյենութիւն, ախոյեան:

Եթէ նախարարութեան առաջարկները, հանրային քննարկումներէն ետք, հաւանութեան արժանանան, ապա կարգ մը արժէքներու հետ նաեւ ստուերներու թատրոնն ու կոխը կը վայելեն պետութեան անմիջական հոգածութիւնը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018