ՄԱՀՈՒԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆ ՈՒ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐԸ (Բ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները մահուան սահմանումներու եւ ընկերաբանական ընկալումներու վերաբերեալ։

Բազում հասարակութիւններ վաղ ժամանակներէն ի վեր կը փորձեն իմաստաւորել մահը եւ անոր աշխարհը: Մէկ կողմէ առաջնահերթ դարձան անմահութեան ցանկութիւնն ու մահուան վախը, միւս կողմէ, կային պատկերներ, ծէսեր կամ արարողութիւններ, որոնք զարգացան մահուան շուրջ: Այս հաւատալիքները, ծէսերը, ընկալումներն ու արարողութիւնները, որոնք կը զարգանան մահուան շուրջ, տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ զանազան ձեւերով շարունակած են գոյութիւն ունենալ մինչեւ այսօր:

Փաստ է, որ յետմահու արարողութիւններու ընթացքին ընդհանուր համերաշխութիւն կը ձեւաւորուի։ Այս արարողութիւնները նաեւ կը յանգեցնեն այնպիսի միջավայրի ստեղծման, ուր մարդիկ կը ներգրաւուին ընկերային փոխազդեցութեան մէջ: Հետեւաբար, այս իրավիճակը կը մեկնաբանուի որպէս արարողութիւններու եւ հաւատալիքներու ընկերային գործառոյթ: Այս արարողութիւնները կը նպաստեն նաեւ անհատի ընկերային կեանքի աւելի աշխոյժ ներգրաւման եւ կարեւոր դեր կը խաղան ընկերային մշակոյթի ձեռքբերման եւ զայն յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։

Մահուան ստեղծած մշակութային ամենանշանաւոր երեսակներէն մին գերեզմանաքարերն են: Կ՚երեւի, որ հանգուցեալի տարիքը, սեռը, մասնագիտութիւնը, տնտեսական վիճակը եւ ծագումնաբանութիւնը կը կարեւորուին եւ կը փոխանցուին գերեզմանաքարերու վրայ։ Այսպիսով, տապանաքարին նայելով՝ կարելի է պարզել հանգուցեալի կեանքի համառօտ ակնարկը։

Արդեօք ի՞նչ կը նշանակէ մահը մարդոց համար: Մահը ինչպէ՞ս կ՚ապրուի այն անհատներու, հանգուցեալի շրջապատի եւ այս գործընթացին ներգրաւուած անձերու կողմէ, կ՚ուսումնասիրուի մահուան մշակութային յարաբերականութեան համատեսքին մէջ: Կը կատարուին նաեւ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ բժշկական ծառայութիւններու հասանելիութեան մասին, որոնք կրնան յետաձգել կամ կանխել մահը սեռի, էթնիք պատկանելիութեան, դասակարգի կամ մանկական մահացութեան մակարդակի եւ աղքատութեան միջեւ կապի համատեսքերուն մէջ։

Երբ խօսքը կը վերաբերի մահուան, ըսելիք շատ բան կայ, բայց ինչ ալ ըսուի, անբաւարար կը մնայ, իսկ այդ պահերուն լռութիւնը շատ աւելին կը նշանակէ։ Մահը անհատական իրավիճակ մըն է, բայց մահուան պահէն սկսեալ բոլոր գործընթացները ընկերային են եւ կը համապատասխանեն իրավիճակի մը, ուր արտացոլած են այն բոլոր արժէքները, որոնք կ՚արտադրուին մշակոյթներու կողմէ։ Այս պահուն մահուան ընկերագիտական նախապատմութիւնը ուսումնասիրելը եւ այստեղ տեղի ունեցողի մասին խորհիլը կը դառնայ չափազանց կարեւոր գիտական գործունէութիւն։

Աւանդական եւ ժամանակակից հասարակութեան տարբերութիւններէն մէկը մահուան երեւոյթի հետ հաստատուած կապի մէջ է։ Մահուան եւ արդիականութեան միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններու ձեւը հիմնականին մէջ եղած է աւանդական օրինաչափութիւններով մահուան ընկալման տրամաբանականացումը: Մահը՝ իր ամբողջ բովանդակութեամբ փոխակերպուած է ժամանակակից մտածողութեան մէջ եւ մահը ընկալելու աւանդական ձեւերը տարրալուծուած են ըստ ժամանակի։

Մահ հասկացութիւնը ոչ թէ վերացում կամ վերջ մըն է կարգ մը կրօններու համար, այլ անցումային փուլ մը, որ կը բացուի դէպի նոր կեանք: Թէեւ մահը, որ մարդկային եւ ընկերային կառուցուածքով ընդունուած է իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին, բովանդակային առումով կը դիտարկուի որպէս բացասական իրավիճակ մը եւ ան ունի նաեւ ընկերային միասնութեան եւ ամբողջականութեան ապահովման գործառոյթներ։ Այս իրավիճակը, որ յատկապէս կը նկատուի մահացածէն յետոյ իրականացուող ծէսերու կամ արարողութիւններու մէջ, տեղի կ՚ունենայ նաեւ բնականոն եւ աննախադէպ մահերու պարագային եւ կը ստանայ ընկերային համերաշխութիւն ապահովող կառուցուածք։

Թէեւ մահ հասկացութիւնը զանազան ձեւերով կրնայ յիշուիլ, բայց մահ երեւոյթը նոյն նշանակութիւնը ունի իւրաքանչիւր հասարակութեան եւ մշակոյթի մէջ։ Այս համատեսքին մէջ ընկերաբանութիւնը բազում հետազօտութիւններ իրականացուցած է մահուան, անոր ընկերային երեւոյթի, յետմահու ծէսերու եւ սգոյ գործընթացներու վերաբերեալ։ Հասարակութիւններու վրայ ազդող մահերու տեսակներէն մէկը ճգնաժամային ժամանակաշրջաններու մէջ արձանագրուած զանգուածային մահերն են:

Մահը այն կարեւոր փաստերէն մին է, որու վրայ հիմնուած է ընկերային իրականութիւնը։ Մահուան պահէն մինչեւ յետմահու գործընթացները կը համապատասխանեն նաեւ իրականութեան մը, որ մարդոց միջեւ փոխադարձ ընկերային եւ խորհրդանշական ցանց մը կը հիւսէ։ Բոլոր մշակութային համայնքներու համար մահուան արձագանգի ընդհանրութիւնը այն է, որ կը ստեղծուի անձի կորուստի եւ այդ կորուստը կամրջելու աւանդութիւններու արտադրութեան արդիւնքին: Այս աւանդութիւնները նաեւ կ՚արտացոլեն մահուան անգիտակցութեամբ յառաջացած վախերէն եւ անհանգստութիւններէն հեռանալու նպատակը: Այս համատեսքին մէջ դիտարկուած մահը պատմութեան ընթացքին եղած է ինչպէս անհատական, այնպէս ալ ընկերային կարգ մը գործընթացներու առաջնորդող եւ շարժիչ աղբիւրը:

Մահը այն պահն է, երբ մարդը կրնայ լռել եւ միեւնոյն ժամանակ ունենալ իր ամենաբարձր ձայնը։ Դժուար է առանձին դիմակայել մահուան, ուստի բոլոր ստեղծագործութիւնները կը ծնին մահէն: Երբ նայինք ամբողջ տիեզերքին, մահուան անվերջ ձեւերը սփռուած կը տեսնենք ամէնուրեք: Այսպիսով, մահը կը համապատասխանէ գոյութիւնը ապացուցող հիմնարար իրականութեան: Գոյութեան եւ չգոյութեան հաւասարակշռութիւնը իրականութեան մէջ կը հաստատուի մահուամբ. մահը կ՚ապացուցէ գոյութիւնը, մահը կը ստեղծէ չգոյութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024