ԿՇԻՌՔԸ՝ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ, ՅՍՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Կարեւոր իր մըն է կշիռքը մեր կեանքին մէջ. կշիռքը՝ իր ֆիզիքական տեսքով, նաեւ՝ մտովի պատկերով…
Տարին կը սկսինք՝ ծանր ու թեթեւ ընելով անցած տարուայ կամ տարիներու իրադարձութիւնները, լաւ ու վատ դէպքերը, մտովի կը կշռենք անցածը, նաեւ՝ գալիք օրերն ու սպասուելիք դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ միշտ մեր միտքերուն մէջ կ՚ունենանք անտեսանելի կշիռք մը…
Կշիռքը հաւասարակշռութիւն կը խորհրդանշէ, միաժամանակ՝ յստակութիւն, ճշգրտութիւն, արդարամտութիւն, տրամաբանութիւն, խոհեմութիւն…
Երեւանի մէջ տարեվերջին բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է՝ նուիրուած կշիռքներուն:
Անցեալ տարեվերջին բացուելով եւ շարունակելով նաեւ տարեսկիզբին՝ կշիռքներու ցուցահանդէսը մտորելու տեղիք կու տայ՝ հաւասարակշռութիւն եւ կշռադատութիւն որդեգրելու, մեր կեանքին յստակութիւն եւ պարզութիւն բերելու տեսակէտէ: Այդ մէկը նաեւ յստակ շարժում, յառաջընթաց կ՚ենթադրէ, նաեւ՝ զօրութիւն, կարողութիւն:
«Կշեռք» խորագրով ցուցահանդէսը պատմագեղարուեստական բնոյթ ունի. զայն բացուած է Հայաստանի Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ, կազմակերպիչն է գծագրիչ, արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանը, իսկ համադրողը՝ Ռուսական արուեստի թանգարանի տնօրէն Մարինէ Մկրտչեանը:
Նորաբաց այս ցուցահանդէսը երկու հիմնական նպատակ ունի՝ ներկայացնել կշիռք գործիքը իր ողջ բազմազանութեամբ եւ ընդգծել կշիռքին խորհուրդը, նշանակութիւնը։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վաղ միջնադարէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը ստեղծուած զանազան տեսակի կշիռքներ, որոնք կիրառուած են Հայաստանի եւ հայկական գաղթօճախներու մէջ, որոնք գործածուած են զանազան նպատակներով: Այդ կշիռքները ցուցահանդէսի համար հաւաքուած են Հայաստանի զանազան թանգարաններէ, անձնական հաւաքածոներէ, իսկ այս մէկը նաեւ թանգարանային համագործակցութեան փայլուն օրինակ մըն է, երբ զանազան թանգարաններ կը տրամադրեն նոյն նիւթի վերաբերեալ իրենց ունեցած նմոյշները՝ մէկ վայրի մէջ ցուցադրելու համար: Կազմակերպիչները վարպետօրէն ներկայացուցած են այս եզակի նախագիծը՝ կշիռքներ եւ անոնց վերաբերեալ նիւթեր ժողվելով Մատենադարանէն, Հայաստանի Պատմութեան, Հայոց Ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան, Երեւան Քաղաքի պատմութեան, Գրականութեան եւ արուեստի, Միջին Արեւելքի թանգարաններէն, Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանէն, ինչպէս նաեւ հաւաքորդներ Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանի, Յակոբ Մոմճեանի, Գալամքերեաններու եւ Հրազդան Թոքմաճեանի հաւաքածոներէն:
Ցուցահանդէսի ամենահին ցուցանմոյշներէն են 6-7-րդ դարերուն թուագրուող բիւզանդական կշռաքարերը, որոնք գտնուած են Հայաստանի տարածքէն՝ պեղումներու ընթացքին: Ներկայացուցած են նաեւ Դուին, Անի քաղաքներէն կշիռքներ, որոնք դարձեալ հնագիտական իրեր են եւ յայտնաբերոած են պեղումներու ժամանակ:
Ցուցադրուած են նաեւ պատկերներ՝ քաղուած հայկական մանրանկարչութենէն, ուր նոյնպէս խորհրդաբանական կերպով կիրառուած է կշիռքը եւ զայն խորհրդանշած է կապը երկու աշխարհներու միջեւ: Առհասարակ, քրիստոնէական պատկերներուն մէջ ահեղ դատաստանի, խաչելութեան եւ դժոխքի աւերման տեսարաններու հետ յաճախ առկայ է կշիռքը, իբրեւ մարդը եւ անոր կեանքը դատող գործիք: Մասնագէտներ կշիռքի նշանը յայտնաբերած են նաեւ խաչքարերու վրայ, երբեմն նաեւ որմնանկարներու մէջ եւ տապանաքարերու գրութիւններուն կից, ուստի, ենթադրելի է, որ հայոց մէջ մեծ կիրառութիւն եւ նշանակութիւն ունեցած է կշիռքը:
Սուրիահայ Յակոբ Մոմճեանի հաւաքածոյէն այս ցուցահանդէսի ժամանակ ներկայացուած կշիռքները Հայաստան հասած են Հալէպէն. անոնցմէ մէկը Հալէպի ոսկեգործներու արհմիութեան՝ 1950-ական թուականներուն գործածած կշիռքն է, որ ինքնին պատմութիւն մըն է: Հալէպէն հասած կշիռքները կը յուշեն նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ ոսկեգործներու հարուստ պատմութեան մասին: Ծանօթ է, որ կշիռքը լայն կիրառութիւն ունի ոսկերչութեան մէջ, առանց անոր կարելի չէ պատկերացնել այդ ասպարէզը:
Իւրայատուկ ցուցանմոյշ մըն է մետաղադրամներ կշռելու կշիռքը, որ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան հասած է Ախալցխայէն, ուր ալ՝ Վանէն, այնպիսի տեսք մը ունի, որ արտաքինէն հնարաւոր չէ գուշակել, որ զայն կշիռք է, բայց փաստօրէն, եղած են նաեւ այդպիսի կշիռքներ:
Ցուցադրութեան մէջ ներառուած են եւրոպական կշիռքներ՝ անգլիական, ֆրանսական, ինչպէս նաեւ ռուսական:
Ցուցադրուած են նաեւ կշիռքին վերաբերող գեղարուեստական գործեր. ինչպէս՝ Սերկէյ Փարաճանովի գործը, իսկ մեծանուն գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքը այս ցուցահանդէսին սիրով տրամադրած է նկարիչի լաւագոյն գործերէն մէկը՝ «Միսի շուկայ» խորագրով: Այդ գեղանկարին մէջ Յակոբեան նկարած է խորհրդային տնտեսութիւններէն ներս տարածուած խոշոր կշիռքներէն մէկը, որու վրայ շուկային մէջ կենդանիի մարմին կը կշռէին եւ անոր վրայ նկարած է կովու գլուխ: Ան խորհրդանշական կերպով ցոյց տուած է զոհի կերպարը, որ այդ պարագային կենդանին է:
Առհասարակ կշիռքներու ցուցահանդէսը մտորելու տեղիք կու տայ: Թէ՛ հայկական մանրանկարչութենէն բերուած կշիռքի պատկերը, թէ՛ այլ գեղարուեստական գործեր մտածելու կը մղեն մարդը՝ իր մնացած կեանքը աւելի արժանապատիւ եւ յստակ կերպով կազմակերպելու առումով, այնպէս մը, որ այդ կեանքը իրապէս կշիռ մը ունենայ:
Ցուցադրութիւնը բաց կը մնայ մինչեւ ապրիլի 1-ը։ Այդ ընթացքին նախատեսուած են այս նիւթով դասախօսութիւններ եւ կրթական ծրագրեր:
ԳԻՒՏԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Կշիռքի գիւտը կը պատկանի վաղ պրոնզի դարուն, երբ աշխարհին մէջ սկսած են ընդարձակուիլ առեւտրական կապերը եւ չափիչ գործիքներու, սարքերու կարիք զգացուած է: Միշտ չէ, որ կշիռքները իբրեւ չափման միաւոր գործածուած են. մշակոյթէ մշակոյթ տարբերած է անոնց նշանակութիւնը, խորհրդաբանութիւնը եւ չափելէ զատ հիմնական այլաբանութիւնը եղած է անոր միջոցով արդարութիւնը, չափաւորութիւնը, հաւասարութիւնը ցոյց տալը:
«Կշեռք» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նաեւ կշիռքի պատմութիւնը, խորհրդաբանութիւնը, ձեւերն ու կիրառման եղանակները: Առհասարակ, նկատելի է, որ կշիռքի կառուցուածքը մարդու կառուցուածքին մօտ է, ահա թէ ինչո՞ւ՝ կշիռքի նժարները երբեմն նաեւ թաթ կը կոչեն եւ մարդն ալ երբեմն, կշիռքի տեղ իր թաթերը գործածած է՝ երկու ափերուն մէջ փորձելով որոշել ապրանքին ծանրութիւնը:
Այցելուները կը տեղեկանան, որ կշիռքը յառաջացած եւ կատարելագործուած է առեւտուրի, արտադրութեան եւ գիտութեան զարգացման զուգընթաց։ Կախուած նժարներով, հաւասարաբազուկ լծակի ձեւ ունեցող պարզագոյն կշիռքը լայնօրէն կիրառուած է Հին Բաբելոնի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Ընդհանրապէս այս իրին հայրենիքը եղած են հնագոյն քաղաքակրթութիւնները՝ Միջագէտքը, Փոքր Ասիան, Հնդկաստանը եւ այլն:
Աւելի ուշ ի յայտ եկած կշիռքի կառուցուածքը փոքր ինչ բարդացուած է եւ մէջտեղ եկած են շարժական կշռաքարով անհաւասարաբազուկ կշիռքները:
16-րդ դարուն իտալացի գիտնական Կալիլէօ Կալիլէյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ստեղծեց ջրակայուն կշիռքներ, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ իրերը կշռել ո՛չ միայն օդին, այլեւ՝ հեղուկ միջավայրի մէջ: Ատոնք կը գործածուէին մարմնի խտութիւնը որոշելու համար:
19-րդ դարու սկիզբին ստեղծուած են տասնորդական եւ հարիւրորդական կշիռքներ։ 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկիզբին, արտադրութեան զարգացման զուգընթաց ստեղծուած են առանց ընդհատման շարժուող կշիռքներ։ Կշիռքները սկսած են մեծ թափով կիրառուիլ գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան զանազան ճիւղերու, երթեւեկութեան ասպարէզին մէջ, նաեւ անփոխարինելի կերպով իրենց տեղը գրաւած են քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ: Միաժամանակ կշիռքը կատարելագործուած է գիտութեան զարգացման զուգահեռ, շատ մը կշիռքներու ստեղծման հիմքին դրուած են բնագիտական օրէնքներ. ինչպէս՝ Հուկի, Արքիմէտէսի օրէնքները եւ այլն: Այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին ոլորակշիռքներ, ջրակայուն, հատիկաւոր, ճօճանակաւոր զսպանակաւոր, անգլիական կամ սեղանի, հռոմէական (ղանթար), դեղարանի կամ քիմիական, տասնորդական, հարիւրորդական, ջրաբաշխական, կուլոնի կամ ելեկտրական, օդի կամ որմնադիրի, ոսկերչական կամ խիստ զգայուն, նաեւ բազմաթիւ այլ կշիռքներ:
Կշիռքի պատմութիւնը այսօր կը շարունակեն թուանշանային կշիռքները, որոնք ամենատարածուածն ու ճշգրիտն են, իսկ նոր սերունդը՝ ծնած թուային այս ժամանակաշրջանին, հիմնականը ծանօթ է միայն այդ կշիռքներուն: Ուստի, Երեւանի մէջ բացուած «Կշեռք» ցուցահանդէսը մանաւանդ նոր սերունդին կշիռքի անցած պատմութիւնը ներկայացնելու նպատակ ունի, իսկ աւելի աւագ սերունդի ներկայացուցիչները անոր մէջ կը տեսնեն անցեալի կարօտալի պատկերներ:
ԿՇԻՌՔԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Կշիռքի խորհուրդը մարդկութեան յայտնի է տակաւին հին յունական դիցաբանութենէն: Այնտեղ եղած է Թեմիսը, իբրեւ արդարութեան, օրինականութեան եւ կանխագուշակութիւններու աստուածուհի, միաժամանակ յոյները իրենց դիցաբանութեան մէջ ունեցած են Նեմեսիսը, իբրեւ վրէժի թեաւոր աստուածուհին, որ կը պատժէր անոնց, որոնք կը խախտէին բարոյական եւ հասարակական ընդունուած չափանիշները: Մինչեւ այսօր ալ իրաւունքի եւ արդարադատութեան ասպարէզին մէջ ընդունուած է Թեմիսի խորհրդանիշը, որու աչքերը գոց են (իբրեւ անաչառութեան նշան), իսկ ձեռքին կշիռք կայ։ Այդ արձանը դրուած է շատ մը դատարաններու, իրաւական կեդրոններու մէջ:
Իսկ Նեմեսիսը պատկերած են սանձող (կշիռք, սանձ), պատժող (թուր կամ մտրակ), արագութեան (թեւեր, ռազմակառք՝ լծուած առասպելական ճիւաղներով) գործիքներով։ Նեմեսիսի ձեռքին կշիռքը յաճախ նկատուած է Կշիռք համաստեղութեան նախատիպը։ Այդ համաստեղութիւնը աստղերու մէջ իր չափերով 29-րդն է: Համաստեղութենէն զատ գոյութիւն ունի նաեւ Կշիռք կենդանակերպի նշանը, շատեր կշիռք ըսելով՝ կը պատկերացնեն նաեւ Կենդանակերպի այդ նշանը, որ աղթարքի զօրաւոր նշաններէն մէկն է: Ահաւասիկ տասն հետաքրքրական փաստ՝ Կենդանակերպի Կշիռք նշանը ունեցողներու մաաին (անոնք սեպտեմբերի 24-էն հոկտեմբերի 23-ը ծնածներն են): Անոնց մասին կ՚ըսուի, թէ ինքնին փոխզիջում եւ հաւասարակշռութիւն, արդարամտութիւն եւ իմաստնութիւն կը խորհրդանշեն:
1- Կշիռքները կը սիրեն մարդոց միաւորել ու հասարակութիւն ստեղծել:
Եթէ կայ մէկը, որ կրնայ մարդոց միաւորել, ուրեմն՝ ատիկա Կշիռքի նշանի տակ ծնածն է: Անոնք հասարակական թիթեռներ են: Այս մարդիկ ձեզի այնպէս մը կը ծանօթացնեն մարդոց, որ դուք ալ նոյնպէս հաւնիք զանոնք:
2- Անոնք բոլորին հետ լեզու կը գտնեն:
Յատկութիւն մը ունին, որ զիրենք իւրայատուկ կը դարձնէ: Ընկերասէր, հիւրասէր, համբերատար, խելացի մարդիկ են: Անոնց հետ կարելի է երթալ ամէն տեղ: Եթէ նոյնիսկ չեն խառնուիր, միեւնոյնն է՝ անոնց հետ ըլլալը շատ հաճելի է:
3- Անաչառ ու արդարամիտ են: Անոնք կը հասկնան, որ մարդիկ անսխալական չեն ու կրնան սխալներ գործել եւ անոնց համար դժուար չէ ներելը, եթէ այդ սխալողը իսկապէս լաւ մարդ է: Կշիռքները երբեք չեն ստեր, որպէսզի ձեզ գոհացնեն, բայց միշտ կ՚ըսեն, թէ ի՛նչ կը մտածեն: Այս մարդիկ ունակ են աջակցելու:
4- Անոնք շատ սիրով են: Անոնք կը սիրեն սիրել: Ի հարկէ, դէմ չեն սիրախաղ ընելուն, եթէ նման հնարաւորութիւն յայտնուի: Իսկ յարաբերութիւններու մէջ ալ շատ հաւատարիմ ու բարի են:
5- Անոնք ո՛ւր որ ալ երթան, իրենց հետ խաղաղութիւն կը տանին եւ միշտ ուրիշներու պահանջները աւելի վեր կը դասեն իրենց պահանջներէն: Անոնք պէտք է ուշադիր հետեւին, թէ ուր կը ծախսեն իրենց կենսուժը, այլապէս շատ արագ կը սպառուին ու վերալիցքաւորուելու կարիք կ՚ունենան։
6- Անոնք որեւէ իրավիճակէ կրնան դուրս գալ։
Կշիռքները կրնան դուրս գալ վատ իրավիճակներէն: Ատկէ զատ, անոնց համար անտանելի են բախումները, անհամաձայնութիւնները, կռիւները: Պարզապէս կը փափաքին բոլորին հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալ:
7- Պատրաստ են ձեզի հետ յանցագործութիւն կատարել եւ այդ մէկը առաւելապէս ընկերասիրութեան նշան է, քանի որ անոնք ընկերներու համար միշտ ամէն ինչի պատրաստ են: Ատոր համար ալ յաճախ տարօրինակ իրավիճակներու մէջ կը յայտնուին, եւ այդ մէկը նոյնպէս սիրելի է անոնց:
8- Կը ջանան գիտնալ աւելին ու ամէն ինչ: Անոնց հետ կապ պահելով, դուք ալ կրնաք գիտնալ ամէն ինչ:
Թանգարաններ, նորաձեւութիւն, արտասովոր սովորութիւններ... այս բոլորը խորթ չէ Կշիռքի նշանը ունեցողներուն: Միշտ կրնանն գտնել իրենց համար հետաքրքրական նորութիւն մը եւ դէմ չեն, եթէ դուք ալ ընկերակցիք իրենց:
9- Ուղղակի լաւ մարդիկ են:
Բարութիւնը մարդու բնաւորութեան կարեւոր յատկանիշն է, որ բնորոշ է Կշիռքներուն: Երբեմն անոնք ունակ չեն ճանչնալ եւ զանազանել այն մարդոց, որոնք կ՚օգտուին իրենց բարութենէն, նաեւ դժուար կը մերժեն մարդոց:
10- Կշիռքները դիւանագէտներ են եւ գեղեցիկը գնահատողներ: Գեղեցիկի զարգացած զգացողութիւնը անոնք կը գործածեն իրենց սեփական ոճը ընտրելու ժամանակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան