Նոր Հա­յու Տե­սակ՝ Ֆէյս­պու­քա­հայ

Կար­ծես տրա­մադ­րու­թիւն ը­սո­ւա­ծը, սանկ, տե­սակ մը «բան» մըն է, որ շատ բա­րակ թե­լէ մը կա­խո­ւած կ՚ըլ­լայ, եւ որ ա­նա­խորժ լու­րով եւ կամ վի­ճա­բա­նու­թիւ­նէ մը ծնունդ ա­ռած ցնցու­մով մը կրնայ շու­տով փրթիլ ու իյ­նալ եւ պատ­ճառ դառ­նալ, որ դուն ըլ­լաս անտ­րա­մա­դիր, մտա­հոգ, ան­խօս, լուռ եւ՝ շրջա­պա­տէդ կա­մա­ւոր ձե­ւով ան­ջա­տո­ւած:

Ես ալ նման ի­րա­վի­ճա­կի մէջ էի այդ ա­ռա­ւօտ: Չեմ գի­տեր՝ ին­չո՞ւ: Ուս­տի փոր­ձե­ցի հա­մա­կար­գի­չիս դի­մաց նստիլ ու դի­մա­տետր-«ֆէյս­պուք»ովս կա­պո­ւիլ բա­րե­կամ­նե­րուս հետ՝ ա­նաղ­մուկ: Թե­րեւս փո­խո­ւէի: Չեմ յի­շեր, որ­քան ժա­մա­նակ այս­պէս մնա­ցած էի մե­ղա­ւո­րի դէմ­քով, օ­տար լու­րե­րուն անձ­նա­տուր, խառ­նակ յոյ­սե­րով եւ շփոթ միտ­քե­րով: Միայն այն գի­տեմ, որ ես ին­ծի չէի: Մտա­հոգ նա­յո­ւածք մըն ալ ու­նէի: Կար­ծես եր­կար լռու­թիւն­նե­րով սկսած էի ես ին­ծի հետ խօ­սիլ: Հաս­տա­տա­պէս ին­ծի չէր վա­յե­լեր նման կեր­պար: Յան­կարծ, ո՜վ հրաշք, դուր­սէն ութ տա­րե­կան մեր թոռ­նու­հիին ու­րախ պոռչ­տու­քը լսե­ցի: Պա­տե­րէն ներս ձայ­նը ա­լիք տա­լով՝ հա­սած էր մին­չեւ սե­նեակս:

Այ­սօ՞ր, այս ժա­մո՞ւն: Խէր ըլ­լայ: Շու­տով յի­շե­ցի: Դպրո­ցա­կան ար­ձա­կուրդ­նե­րէն մէկն էր ու մեր Վա­նան  ո­րո­շած էր մե­զի՝ իր պա­պի­կին ու նա­նիին մօտ մնալ: Քան­դո­ւած ու նոյ­նիսկ փշրո­ւած տրա­մադ­րու­թիւնս յան­կարծ վե­րա­կեն­դա­նա­ցաւ: Շունչ մը քա­շե­ցի, եւ ապ­րե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը զգա­ցի ե­րակ­նե­րէս ներս: Աչ­քերս փայ­լե­ցան: Աշ­խարհս փոխո­ւե­ցաւ: Դէմքս նոր գոյն ստա­ցաւ ու շուր­թե­րուս նստաւ լայն ժպի­տը: Յստակ էր, որ օ­րը ա­խոր­ժե­լի շա­րու­նա­կու­թիւն կը խոս­տա­նար:

Պա­պիկ ըլ­լալ. իս­կա­պէս ի՜նչ լաւ բան է: Հա­ւա­տա­ցէ՛ք:

Ուս­տի ա­րագ մը սե­նեա­կէս ներս զինք դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար ոտ­քի ե­լայ, բայց ինք ար­դէն ինձ­մէ ա­ռաջ շար­ժե­լով, դու­ռը ա­րագ մը բա­նա­լով, նոյն­քան հա­մար­ձակ «պա­պի՜կ» պո­ռա­լով՝ վա­զեց գիրկս: Հի­մա հաս­տա­տա­պէս սե­նեա­կիս մթնո­լոր­տին մէջ նոր բան մը խառ­նո­ւած էր, ո­րուն ա­նու­նը կա­րօտ էր: Գրկա­խառ­նո­ւե­ցանք եր­կար եւ ա­մուր: Կար­ծես տա­րի­նե­րով զի­րար չէինք տե­սած: Չէինք հան­դի­պած: Չէինք խօ­սած: Մինչ ինք ինք­նա­գոհ կը բազ­մէր ա­թո­ռիս վրայ, ես ան­համ­բեր կը սպա­սէի իր հար­ցում­նե­րուն: Մե­զի հետ ըլ­լա­լու սէ­րը աչ­քե­րուն մէջ կը շո­ղար:

-Պա­պիկ ի՞նչ կ՚ը­նես, նո­րէն «ֆէյս­պուք» բա­ցած ես. նո­րէն պի­տի կար­դաս եւ պի­տի գրե՞ս, ո՞վ է այս մար­դը. ո­րո՞ւ հետ կը խօ­սիս, ա­սի­կա ի՞նչ է:

Ծա­րաւ եւ սուր հե­տաքրք­րու­թիւն: Ե­կուր եւ բա­ցատ­րու­թիւն տուր: Կինս չէր բա­ւեր, հի­մա այս մէ­կը: Հա­ճե­լի եւ ու­րա­խա­նա­լի: Աչ­քե­րուն մէջ դար­ձեալ նկա­տե­ցի ազ­նիւ ո­րո­նում մը, եւ ըստ սո­վո­րու­թեան, բո­լոր հար­ցե­րուն ան­կաշ­կանդ մօ­տե­նա­լու կամք: Ին­ծի հա­մար հա­մար­ձակ եւ նոյն­քան ալ մտա­ծող աղ­ջիկ մըն էր Վա­նան: Ուս­տի ա­թոռ մը քա­շե­լով՝ նստայ իր մօտ եւ պատ­րաս­տո­ւե­ցայ իր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լու: Հի­մա հետն էի: Ինք­զինքս լաւ կը զգա­յի: Խօ­սիլ սկսայ: Սա­կայն յան­կարծ աչ­քիս տա­կէն նկա­տե­ցի, որ գլու­խը ան­հոգ սկսած էր շար­ժել: Դժգո­հան­քի նշան էր: Հա­նա­ւա­բար մտքին մէջ ու­րիշ «բա­ներ» շա­ր-ւած էին: Դէմ­քէն յայտ­նի էր:

Իմ կար­գիս, այդ վայր­կեա­նին վեր­ջին դէպ­քը յի­շե­ցի: Պա­տա­հա­րը թարմ էր մտքիս մէջ, ա­կանջ­նե­րուս մէջ ալ՝ կնոջս խնդու­քը: Այս­պէս, ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին էր, երբ սե­ւա­չեայ գան­գուռ մա­զե­րով մեր Վա­նան ու­զած էր ի­րեն հետ ես ալ իր պուպ­րիկ­նե­րով «դպրոց-դպրոց» խա­ղա­յի: Ար­դէն ինք պաշ­տօն­նե­րը ճշդած էր: Ին­ծի կը մնար միայն հնա­զան­դիլ: Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հին ինք պի­տի ըլ­լար եւ ես ալ եր­գի «օ­րիորդ պա­պի­կը» եւ «ան­կեն­դան» ա­շա­կերտ­նե­րուն պի­տի սոր­վեց­նէինք շա­բա­թօ­րեայ մեր վար­ժա­րա­նէն իր նոր սոր­ված Վար­դա­նանց եր­գը:

Ինք նախ դի­մացս շա­րեց բո­լոր պուպ­րիկ­նե­րը՝ ի­րենց հայ­կա­կան ա­նուն­նե­րով, եւ ա­պա սկսաւ խօ­սիլ ա­նոնց եւ եր­գը բա­ցատ­րել: Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, ես այս տա­րի­քիս եւ՝ պուպ­րիկ­ներ: Ա­պա եր­գին բա­ռե­րը կրկնեց եւ յե­տոյ սկսաւ իր ա­նուշ ձայ­նով եր­գել ու դառ­նա­լով «ա­շա­կերտ­նե­րուն» հրա­մա­յեց, որ ի­րենք ալ եր­գեն: Ուղ­ղա­կի եր­գի օ­րիորդ: Ա­հա՛ քե­զի պատ­մու­թիւն: Ոչ մէկ ձայն: Յե­տոյ, իբ­րեւ ա­մենէն չա­րու­կը, Յո­վիկ ա­նու­նով պուպ­րիկ-ա­շա­կեր­տը ին­ծի տո­ւաւ ու թե­լադ­րեց, որ լաւ հսկեմ: Այս­քա­նով ալ չվեր­ջա­ցանք: Ժա­մա­ցոյ­ցին նա­յե­ցաւ: Գլու­խը կրկին շար­ժեց եւ ը­սաւ, որ ինք «օ­ֆիս» պի­տի եր­թայ եւ Յո­վի­կին մօ­րը հետ այ­սօ­րո­ւան ա­նոր «ը­րած­նե­րուն» մա­սին խօ­սե­լու: Ու հե­ռա­ցաւ: Մնա­ցի շո­ւա­րած: Ես ու ան­խօս ի­նը պուպ­րիկ­նե­րը: Ու­սու­ցի­չը ես էի, ու­րեմն պէտք էր որ տնօ­րէ­նի հրա­հան­գին հնա­զան­դէի: Բայց ի՞նչ ը­նէի: Ի՞նչ կրնա­յի ը­նել, երբ այդ Յո­վիկ ը­սո­ւա­ծը գիրկս էր, իսկ միւս­նե­րը ա­թոռ­նե­րուն վրայ շա­րո­ւած, ան­խօս զիս կը դի­տէին: Ան­կեղ­ծօ­րէն ման­կու­թեանս խա­ղա­լիք չէի ու­նե­ցած: Միայն հին­ցած ու ա­նիւ­նե­րը փրթած, մեծ եղ­բօր­մէս ին­ծի յանձ-նո­ւած պզտիկ «օ­թօ» մը: Աղ­ջիկ ալ չէի, որ գիտ­նա­յի, թէ ինչ­պէս կը խա­ղան կամ կը խօ­սին պուպ­րի­կին հետ: Քոյր ալ չէի ու­նե­ցած: Իս­կա­պէս շո­ւա­րած էի: Համ­բե­րե­ցի: Սպա­սե­ցի շուրջ հինգ-տաս վայր­կեան եւ մեր տնօ­րէ­նու­հիէն ոչ մէկ ձայն: Ստի­պո­ւե­ցայ զինք մօտս կան­չե­լու: Դար­ձեալ ոչ մէկ պա­տաս­խան: Ուս­տի Յո­վի­կը գրկած՝ իր «օ­ֆի­սը» գա­ցի: Միայն կինս չտես­նէր այս վի­ճակս: Մտայ մեր նստա­սե­նեա­կը: Աս­տո­ւած իմ, ի՞նչ տես­նեմ: Մեր «տնօ­րէ­նու­հին»՝ բազ­կա­թո­ռիս մէջ նստած՝ ան­հոգ ու հան­գիստ «թի վի»ի իր յայ­տա­գի­րը կը դի­տէ: Ջղայ­նու­թե­նէս բարձ­րա­ձայն բո­ղո­քե­ցի:

-Աղ­ջի՛կ, դուն հոս ի՞նչ կ՚ը­նես:- Զգա­ցի, որ ար­դէն բար­կա­ցած կը պո­ռամ: Հոգս չէր:

-Պա­պի՛կ, համ­բե­րէ՛, Յո­վի­կին մա­մա­յին «թե­լե­ֆո­նին» կը սպա­սեմ, հի­մա կու գամ, գնա՛,- ը­սաւ զիս հա­մո­զե­լու եւ ինք­զինք ար­դա­րաց­նե­լու ե­ղա­նա­կով մը:

-Քե­զի՛ ալ, Յո­վի­կի՛դ ալ, Յո­վի­կին մա­մա­յին ալ,- ը­սի ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն եւ ի­րա­պէս ջղա­յին եւ ա­րագ մը սե­նեակս ան­ցայ:

Առ՛ քե­զի նո­րու­թիւն: Մեր տան խա­ղա­ղու­թիւ­նը շո­գիա­ցած էր ար­դէն: «Տնօ­րէ­նու­հիս» սկսած էր «մէկ ձայ­նի» վրայ բարձ­րա­ձայն լալ: Հի­մա ե­կուր եւ լռե­ցուր ու միա­ժա­մա­նակ այս տե­սա­րա­նին ա­կա­նա­տես կնոջս խնդուքն ու կշտամ­բանք­նե­րուն վկան ե­ղիր: Ո­րո­շե­ցի սե­նեա­կիս դու­ռը կղպել ու ա՛լ մտիկ չը­նել իր ա­ղա­չանք­նե­րուն: Այս­չա՛փ:

Իսկ այ­սօր: Հի­մա: Դար­ձեալ նոյն յան­կեր­գը: Սե­նեա­կին մէջ, ֆէյս­պու­քիս դի­մաց. «պա­պի՛կ, ե­կո՛ւր նո­րէն խա­ղանք» մը լսե­ցի ա­ղա­չա­կան:

Է՜հ աշ­խարհ: Մարդ այս դա­րուն պէտք է ծնած ըլ­լայ եւ ոչ թէ ան­ցեալ:

-Այս ան­գամ նա­նիիդ հետ խա­ղա՛, այ­սօր ա­նոր կարգն է,- ը­սի հա­մո­զիչ ու փոր­ձե­ցի այդ «փոր­ձան­քէն» դար­ձեալ ա­զա­տիլ: Կրկին խնդրեց: Մեր­ժե­ցի: Գիրք կար­դալ ա­ռա­ջար­կե­ցի: Այս ան­գամ ինք մեր­ժեց: Չե­ղաւ: Չյա­ջո­ղե­ցայ հա­մո­զել: Յան­կարծ տե­ղէն շար­ժե­ցաւ: Յօն­քե­րը ծուռ դար­ձան, ու­սե­րը վեր վար ե­լան ի­ջան ու քի­թին տա­կէն դժգո­հան­քի բա­ներ մըն ալ մրթմրթա­լով` դէ­պի դուռ յա­ռա­ջա­ցաւ:

-Ի՞նչ ե­ղաւ նո­րէն,- ը­սի բարձ­րա­ձայն:

-Մի՛ խօ­սիր հետս,- ես նե­ղո­ւած եմ,- ը­սաւ ու քա­լեց դէ­պի դուռ:

-Ե­կո՛ւր, ի՞նչ կ՚ու­զես, ը­սէ՛, պա­պի­կէն չեն նե­ղո­ւիր, ը­սի ցած ու հա­մո­զիչ ձայ­նով մը:

Ա­նօ­գուտ: Դու­ռը բա­ցաւ ու դուրս ե­լաւ տխուր ու մտա­հոգ հե­րո­սի նման, աշ­խարհ մը տա­նե­լով ի­րեն հետ: Յայտ­նի էր, որ ու­րա­խու­թիւնս ապ­րած էի կարճ պատ­մու­թեան մը նման: Յստակ էր նաեւ, որ կեան­քի մէջ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ պա­տա­հա­կան է: Խան­դա­վա­ռու­թիւնս հա­լած էր: Չոր­ցած: Կրկին ա­նո­րոշն ու ա­նո­րո­շու­թիւ­նը զիս կլա­նած էին: Մինչ ինք դուր­սը ար­դէն սկսած էր կնոջս իմ մա­սին իր գան­գատ­նե­րը շա­րել, ի­րա­րու ե­տեւ:

-Պա­պի­կը ին­ծի հետ չ՚ու­զեր խա­ղալ. …ֆէյս­պու­քով կը խօ­սի… Նա­նի՛, ի­րեն ը­սէ՛:- Յստակ էր, որ խեղ­ճին ձայ­նը եր­կար լա­ցէն քա­շո­ւած էր ար­դէն:

-Նա­նի՛, հա­ճի՛ս, ը­սէ՛ ի­րեն, բար­կա­ցի՛ր,- կ՚ա­ղա­չէր մեր աղ­ջի­կը:

Այս մէ­կը պա­կաս էր, ը­սի մտո­վի: Ի­րա­պէս, որ այս տե­սա­րա­նը ին­ծի հա­մար վի­րա­ւո­րա­կան: Օգ­նու­թիւն խնդրե­լը ջի­ղե­րուս «նստած» էր: Օգ­նու­թիւն՝ մա­նա­ւանդ կնոջ­մէս: Դա­ւա­ճա­նու­թիւն: Ինք հի­մա պա­պի­կէն նե­ղո­ւե­լով՝ «գե­տին միւս կողմ» ան­ցած էր. հաս­տա­տա­պէս:

-Մի՛ լար,- լսե­ցի յան­կարծ կնոջս ձայ­նը,- հան­դար­տէ: Կը զգա­յի, որ այս ան­գամ կնոջս ձայ­նը տար­բեր ե­լե­ւէջ­ներ ու­նէր:

-Նա­նի՛, պա­պի­կը այ­սօր ֆէյս­պու­քա­հա­յե­րուն հետ միայն կը խօ­սի եւ ին­ծի հետ չ՚ու­զեր խա­ղալ,- շա­րու­նա­կեց Վա­նան լա­լով ու պա­ղա­տե­լով եւ նոյն­քան ալ դժգո­հան­քով:

Ա­կանջ­նե­րուս չհա­ւա­տա­ցի: Ի՞նչ ը­սաւ: Ֆէյս­պու­քա­հա՞յ: Առ՛ քե­զի նոր բառ եւ նո՛ր հա­յու­թիւն: Այս ուր­կէ՞ բու­սաւ: Գիւտ մը: Սփիւռ­քա­հայ ըլ­լալս գի­տէի, նոյ­նիսկ հա­լէ­պա­հայ, սա­կայն ֆէյս­պու­քա­հա՞յ. եր­բե՛ք մտքէս չէի ան­ցու­ցած: Ա­հա՛ քե­զի նոր վի­ճակ եւ ե­րե­ւոյթ: Այս տե­սակ հա­յը պա­կաս էր, ա՛յս ալ ա­ւել­ցաւ: Ու­րա­խա­ցայ: Դէմ­քիս վրայ ժպիտ մը լայն­ցաւ: Վա՜յ աղ­ջիկ, վա՜յ, ը­սի մտո­վի: Սանկ ներ­քին զգա­ցում մը զիս ստի­պեց, որ ո­րո­շումս փո­խեմ ու ան­մի­ջա­պէս թոռ­նի­կիս մօ­տե­նա­լով` գլու­խը շո­յե­ցի եւ ա­պա ձեռ­քը բռնե­լով` «քա­լէ՜ խա­ղանք» մը ը­սի ու նստա­սե­նեա­կէն դուրս ե­լանք:

Հի­մա եր­կուքս ալ ու­րախ էինք: Ինք ա­մե­րի­կա­ծին թոռ­նու­հի մը, իսկ ես` ֆէյս­պու­քա­հայ պա­պիկ մը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

«Ազդակ-Պէյրութ»

 

Շաբաթ, Մարտ 7, 2015