ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐԻՆ ՆՈՒԷՐԸ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը առիթը ունեցած է անդրադառնալու Հայաստանի Ազգային գրադարանի գործունէութեան: Մեր էջերուն մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը հրատարակած էինք Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանին հետ, որ մանրամասն ներկայացուցած էր հաստատութեան ներկայ աշխատանքները եւ հպանցիկ անդրադարձ մը կատարած՝ Ազգային գրադարանի ժառանգութեան թուայնացման մասին: Այս անգամ որոշեցինք կրկին այցելել գրադարան եւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ թուայնացման աշխատանքներուն մասին, որ վերջին շրջանին մեծ թափ ստացած է:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին սիրով պատմեց, տեղեկացնելով, որ թուայնացման ժամանակակից սարքը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցաւ գրադարանին նուիրած է նախկին պոլսահայ, այժմ արժանթինաբնակ բարերար՝ Յովսէփ Թահթան: Գրադարանի ժառանգութեան թուայնացման հարցը երկար ատենէ ի վեր կ՚արծարծուէր, երբ աշխարհի մէջ թափ առաւ թուայնացման գործընթացը: Սակայն հայկական ամենէն մեծ գրադարանին մէջ հնարաւոր եղած է այս մէկը իրականացնել միայն 2013 թուականին:
-Պարոն Զարգարեան, 2013 թուականէն ի վեր կը թուայնացուին Հայաստանի Ազգային գրադարանի գիրքերն ու թերթերը: Ի՞նչ արդիւնքներու մասին կրնաք խօսիլ:
-Հայերէն առաջին գիրքը 1512 թուականին հրատարակուած է, Յակոբ Մեղապարտի կողմէ, Վենետիկ: Ատկէ ետք հայերը աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ հրատարակած են հազարաւոր գիրքեր, որոնք կը ներկայացնեն մեր պատմութիւնը, մեր յիշողութիւնը, մեր անցած ուղին, մեր երազանքները: Միեւնոյն ժամանակ ունինք շատ հարուստ ու բազմազան մամուլ: Թերեւս հայ համայնք մը, գաղութ մը չէ եղած, ուր մամուլ չենք ունեցած, ուր իրենց ամէնօրեայ խոհերը, մտորումները, կեանքը ներկայացուցած են հայերը: Հիմա այդ ամէնը սփռուած է աշխարհով մէկ եւ ի մի բերելու, հետազօտելու անհրաժեշտութիւնը առկայ է:
Հայաստանի Ազգային գրադարանը հայատառ տպագիր ժառանգութեան աշխարհի ամենամեծ պահոցն է: Գիրքեր ու մամլոյ բազմաթիւ օրինակներ մեր մօտ կը պահուին։ Անոնցմէ մի քանին վատ վիճակի մէջ են՝ ժամանակի այս կամ այն հանգամանքներու պատճառով: Որոշ օրինակներ ալ գոց արխիւներու մէջ եղած են՝ խորհրդային շրջանի արդիւնք է այդ մէկը, չէին ձգեր որ մօտենայինք: Հիմա այդ ամէնը բաց է, պէտք է հասցնենք մեր ընթերցողներուն, մեր հետազօտողներուն: Այդ իսկ պատճառով մենք սկսանք հայ տպագիր ժառանգութեան թուայնացման այս մեծ, համահայկական նախագիծին, որ ունի երկու մեծ ուղղութիւն՝ հայ գիրք եւ հայ մամուլ: Խօսելով արդիւնքներուն մասին, ներկայիս ունինք թուայնացուած 7100 գիրք, որ կը կազմէ շուրջ 1 միլիոն 800 հազար էջ:
Հայ մամուլի՛ն առումով 2 միլիոնէ աւելի թուայնացուած էջ ունինք, բոլորը՝ զետեղուած են Համացանցի մէջ, ազատօրէն ու անվճար հասանելի են մեր ընթերցողներուն եւ հասանելի են օրուան բոլոր ժամերուն: Այդ քանակները անընդհատ կը համալրուին, կ՚աւելնան:
-Անգամ մը խօսած ենք թուայնացման կարեւորութեան մասին, մանաւանդ, որ Դուք Հայաստանի մէջ կեցած էք գիրքի թուայնացման ակունքներուն վրայ: Այսօր, երբ բազմաթիւ գիրքեր ու մամլոյ օրինակներ թուայնացուած են, դատելով արձագանգներէն, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօրուան անոր դերը:
-Ընդհանրապէս, թուայնացումը երկու կարեւոր խնդիր կը լուծէ՝ նիւթի երկարաժամկէտ պահպանութիւն եւ աշխատողին աշխատասեղանը կը մօտեցնէ գրադարանին: Եթէ մենք նիւթի մը թուային պատճէնը արդէն ունինք, միշտ անկէ կարելի է ստանալ թուղթէ տարբերակը: Կ՚ունենանք վնասուած, խունացած, պատռուած, ժամանակի հետ քայքայուած թերթեր, զանոնք կ՚ամբողջացնենք թուայնացման ընթացքին ու թուայինէն կրնանք արդէն որակով թղթայինը ստանալ եւ փոխարինել մաշածով: Թուայինի առաւելութենէն մէկը այն է, որ ընթերցողը կարիք չունի Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մերձաւոր Արեւելքէն կամ այլ վայրերէ գայ, հասնի Հայաստան, մտնէ Ազգային գրադարան, որպէսզի այդ նիւթերը կարդայ. մենք մեր գրադարանը իրեն կը մօտեցնենք:
Իսկ արձագանգները՝ շատ բարձր են: Ունինք բազմահազար ընթերցողներ թէ՛ Հայաստանէն (եւ ոչ միայն Երեւանէն, այլ նաեւ՝ մարզերէն, ուր որ ունինք համալսարաններ, հայագիտական հետազօտութիւններու վայրեր, պատմութեան բաժիններ՝ համալսարաններու մէջ), այլ նաեւ՝ Սփիւռքի ամբողջ տարածքէն՝ Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ ամէն վայրերէն, ուր աշխոյժ հայկական գաղթօճախներ կան: Հետաքրքրական օրինակ մը տամ. «Պատմա-բանասիրական հանդէս»ի ընթերցողներու աշխարհագրութեան կը նայէի՝ անդրադարձայ, որ Ռուսաստանէն՝ Մակատանէն, Պառնաուլէն Եուժնօ Սախալինսքէն կը կարդան: Այսինքն, մենք այդ հանդէսի թղթային տարբերակին հետ ի՞նչ պիտի ընէինք, որ ամենէն հեռաւոր այդ կէտերուն վրայ, ուր թերեւս միայն հինգ հայ կայ, կարդային:
Մեր լսարանը մեծ է եւ ես յոյսով եմ, որ ապագային աւելի պիտի մեծնայ, որովհետեւ տակաւին թուայնացնելու համար ահռելի քանակութեամբ նիւթեր ունինք:
-Այսինքն, քանի՞ տոկոսը մինչեւ հիմա թուայնացուած է:
-Մենք շուրջ 130 հազար հայ տպագիր գիրքի խորագիր ունինք: Այսինքն, մօտաւորապէս, կը մօտենանք տասը տոկոսին:
-Թուայնացումը, փաստօրէն, ամէնօրեայ աշխատանք է, որ կ՚ընթանայ գրադարանի հիմնական աշխատանքին զուգահեռ:
-Այո, գրադարանավարներու մեծ խումբ մը նստած է, մէկ խումբը կը նկարէ, միւս խումբը էջերը կը ձեւաւորէ, երրորդ խումբը համացանցին վրայ կը տեղադրէ: Արդէն սկսած ենք ներգրաւել նաեւ մեր մարզային գրադարանները, իրենք ալ միացած են այս ծրագրին, իրենք ալ կը թուայնացնեն եւ այդ ձեւով կ՚օգնեն մեզի:
-Հայաստանի Ազգային գրադարանը համալրուեր է նաեւ թուային ընթերցասրահով, որ նոյնպէս նոյն բարերարին նուէրն է: Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէք ա՛յդ մասին:
-Մենք Ազգային գրադարան ենք, բոլորին կը սպասարկենք, ունինք ընթերցողներու շատ մեծ շրջանակ մը, տասնեօթ տարեկան պատանիներէն, ուսանողներէն մինչեւ հանգստեան կոչուածներ: Ընթերցողներու մեծ մասը համակարգիչ չունի: Կամ ալ գրադարան կու գան աշխատելու եւ իրենց անհրաժեշտ է ուսանողական աշխատանք մը գրել շատ արագ եւ կ՚օգտուին թուային ընթերցասրահէն:
Շնորհակալ ենք բարերար՝ Յովսէփ Թահթային: Ան, բացի միւս ծրագրէն, առաջարկեց մեզի, հասկնալով գրադարանի մը մէջ հանրային գործածման համակարգիչներու կարեւորութիւնը եւ ստեղծեցինք Համացանցի ազատ գործածման կեդրոնը: «Եուքոմ» ընկերութիւնը գրադարանի ամբողջ տարածքին կը տրամադրէ անվճար համացանց, իսկ տասնհինգ համակարգիչներն ալ բարերարին միջոցներով տեղադրուած են: Մեր բոլոր ընթերցողները կարող են ազատօրէն մուտք գործել եւ օգտուիլ համացանցին միաց-ւած համակարգիչներէն:
-Դատելով թէ՛ աւանդական ընթերցասրահի, թէ՛ թուային ընթերցասրահի մէջ հաւաքուած ընթերցողներու քանակէն, կարելի է եզրակացնել, որ ընթերցողներուն թիւը աւելցած է. այդպէ՞ս է:
-Այո, կամաց-կամաց մեր ընթերցողներուն թիւը կ՚աճի, եւ անոնք մանաւանդ՝ երիտասարդներ են: Հաճելի է, որ ունինք Հնդկաստանէն, արաբական երկիրներէն օտարազգի ուսանողներ, որոնք կու գան եւ մինչեւ ուշ ժամեր, մինչեւ երեկոյեան այստեղ կ՚աշխատին: Այսինքն, միջավայրը կ՚երեւի լաւ է, տրամադրող է եւ ատոր գլխաւոր նախապայմանը, նորէն կրկնեմ, այն է, որ մենք ունինք արագ ու անվճար համացանց: Սեղանին կրնան դնել գիրք մը, քովը՝ իրենց դիւրակիր սարքը եւ աշխատիլ:
ՀԱՅԿԱՆՈՅՇ ՂԱԶԱՐԵԱՆ. «ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼԸ»
Տիգրան Զարգարեանի հետ զրոյցէն ետք Հայաստանի Ազգային գրադարանի գիտական համակարգի փոխ-տնօրէն Հայկանոյշ Ղազարեան մեզ առաջնորդեց գրադարանի թուայնացման կեդրոնը, ուր զետեղուած է թուայնացման ժամանակակից սարքը՝ ան բարձր որակով կը թուայնացնէ հին եւ նոր տեսակի գիրքեր, մեծածաւալ թերթեր, ինչպէս նաեւ՝ քարտէսներ, պաստառներ:
Մենք ականատես եղանք, նաեւ, թէ ինչպէս կը թուայնացուին եւ համացանցային էջին վրայ կը զետեղուին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հնագոյն թիւերը: Շատ հաճելի ու հետաքրքրական էր տեսնել ժամանակի կնիքը իրենց վրայ պահած լրակազմերը: Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած այլ թերթերու, նոյնպէս նաեւ՝ Մատրասի, Կալկաթայի, Վենետիկի, Պոսթոնի, Գահիրէի, Հալէպի, Թիֆլիզի, Շուշիի եւ հայ գիրի ու գրականութեան այլ կեդրոններու մէջ լոյս տեսած եւ Հայաստան հասած թերթերու, ամսաթերթերու լրակազմերը, տպագրուած գիրքերը, պաստառները, քարտէսները, բացիկները եւ պատմական, մշակութային արժէք ներկայացնող այլ նիւթեր: Սակայն դարակներուն վրայէն առնուած լրակազմերը երբեմն մաշած, էջերը՝ կիսատ կ՚ըլլան եւ այդ մասին Հայկանոյշ Ղազարեանին հարց ուղղեցինք:
-Մանաւանդ մամլոյ հրատարակութեանց թուայնացման ընթացքին յաճախ պակաս թիւերու կամ պատռուած էջերու կը հանդիպիք լրակազմերուն մէջ, քանի որ մամուլը, որքան լաւ պահպանուած ըլլայ, ենթարկուած է ժամանակի փորձութեան: Ինչպէ՞ս կը վարուիք նման պարագաներուն:
-Մեզի համար հիմնական էր պարբերական մամուլի երկարաժամկէտ պահպանութեան հարցը, որովհետեւ թերթերը վաւերական արժանահաւատութեամբ կ՚արձանագրեն իրադարձութիւնները, դէպքերը, իրողութիւնները եւ հետեւաբար հետազօտողներուն համար, մանաւանդ՝ պատմաբաններու, հայագէտներու համար պարբերական մամուլը տեղեկատուութեան անսպառ աղբիւր է: Եւ երեւակայեցէք, թէ որքան կը թերթուին այդ լրակազմերը: Հայաստանի Ազգային գրադարանի առջեւ պարբերական մամուլի երկարաժամկէտ պահպանութեան հարցը ծառացած էր վաղուց, բայց նիւթական խնդիրներ, սարքաւորումներ, միջոցներ, հզօր կապուղիներ չկային: Շնորհիւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ սփիւռքահայ բարերարներու անշահա-խընդիր օգնութեան՝ այս մէկը իրականութիւն դարձաւ: Այսօր մենք արդէն երկու միլիոն մամլոյ հրատարակութեանց սպասարկումը՝ ընթերցողներուն նաեւ թուայնացուած կերպով կը մատուցենք: Թուայնացման մէջ առաջնահերթութիւնը տուած ենք առաւել վտանգուած, նաեւ՝ ընթերցողական մեծ պահանջ ունեցող պարբերականներուն: 1794 թուականէն՝ առաջին պարբերականէն մինչեւ 1900 թուականը լոյս տեսած մամուլին տուած ենք նախապատուութիւնը, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ խորհրդային ժամանակաշրջանի կամ առաջին հանրապետութեան կամ անկախութեան մամուլը անտեսուած է: 1850-ականներու՝ տպագրութեան սկիզբը նկատի ունենալով մամուլի անուններուն թուայնացումը գրեթէ աւարտած ենք եւ հիմա 1851 թուականէն մինչեւ 1900-ականներու մամուլի թուայնացման վրայ կ՚աշխատինք: Զուգահեռաբար, մեր ամենէն երկար լոյս տեսնող ժամանակակից մամուլի երկու անունները՝ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ու «Ասպարէզ»ը, մեր ու խմբագիրներու համաձայնութեան արդիւնքին պարբերաբար արդէն մեզի կը ղրկեն թուայնացուած իրենց տարբերակները, որպէսզի մենք իսկոյն զետեղենք կայքին մէջ: Արդէն նաեւ «Ակօս»ը եւ այլ սփիւռքահայ թերթեր կը ստանանք:
Մեծ զգուշութեամբ կը թերթենք հին լրագիրները, պարբերականները, քանի որ երբեմն ուղղակի կը փշրուին թերթելու ժամանակ: Թուայնացումը նաեւ այդ մաշածը փրկելու նպատակ ունի:
Ինչ կը վերաբերի լրակազմին մէջ պակսող թիւերուն, որ երբեմն այդպէս ալ կը հանդիպին, ապա մենք կը փորձենք զանոնք լրացնել հայաստանեան միւս ֆոնտապահ գրադարաններէն, իսկ եթէ չենք գտներ, ապա կը դիմենք Սփիւռքի կրթական, մշակութային, հոգեւոր կառոյցներուն: Ծանօթ է, որ Վիեննայի Մխիթարեաններու միաբանութեան մատենադարանը շատ հարուստ գրադարան ունի, իրենց կը դիմենք։ Կը դիմենք նաեւ մեր շատ լաւ գործընկերներէն Պոլսոյ Պատրիարքարանի Օրմանեան մատենադարանին, Անթիլիասի Մատենադարանին, Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանին: Մենք կը ջանանք նաեւ կապեր հաստատել եւ գործակցիլ Լիբանանի Զմմառի, Երուսաղէմի մատենադարաններուն հետ, կը փորձենք իրենցմէ ստանալ արդէն թուայնացուած եւ մեր քով պակսող թիւերը կամ էջերը: Ամբողջականութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ երբ կ՚ըսենք, թէ թուային գրադարաններու առաւելութիւնը անոր ամբողջականութեան մէջ է, կ՚ըսենք, որ թուային գրադարաններու մէջ ոչ մէկ էջ վնասուած է, ուստի մենք ալ պիտի հետեւինք անոր եւ դարձնենք ամբողջական:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ