ՏՔԹ. ՍՕՍԻ ԱՆԹԻՔԱՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը այս օրերուն լոյս տեսած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն։ «Geçmişimden Sesler ve Renkler» խորագրեալ այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր ընտանիքի շուրջ 150 տարուան պատմութիւնն ու յիշողութիւնը։
Պողազիչի համալսարանի դասախօս, լեզուաբան Սօսի Անթիքաճեան դուստրն է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի երբեմնի առանցքային ու երախտաշատ աշխատակիցներէն Արա Ակինեանի։ Նկատի ունենալով, որ իր ընտանեկան յուշերուն մէջ այդ երեսակը կարեւոր բաժին մը կը բնորոշէ՝ ան այս առաւօտ բարի եղաւ հեռաձայնով մեզի տեղեկացնել, որ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս գործը։ Գիրքին հրատարակութիւնը տակաւին այնքան նոր է, որ հրատարակչութիւնը նոյնիսկ չէ սկսած ցրուելու։ Որպէս հեղինակ Սօսի Անթիքաճեանին հասած է օրինակ մը եւ ան ալ անմիջապէս փափաքած էր տեղեակ պահել մեզ։ Տակաւին գիրքը չենք շօշափած, սակայն կողքի արձանագրութիւնները կու տան տարրական պատկերացում մը։ Սօսի Անթիքաճեանի կեանքի պատմութեան մէջ անշուշտ կայ «հայ ըլլալու» հանգամանքը՝ Խրիմի վերաբերեալ յիշողութիւններով։ Ան տոհմածառի ճիւղերուն վրայ պտոյտ մը կը կատարէ՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ մէջ հայոց մնացորդացի շրջանային ու դասակարգային զանազանութիւններէն կտրուածքներով։ Հեղինակը 1940-ականներէն մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը՝ ընթացքին հասնելով մինչեւ 1910-ական թուականները եւ աւելի վաղ ժամանակաշրջանները։ Իր գիրքին մէջ զգալի են Թուրքիոյ զանազան ժամանակաշրջաններու ոգին ու մթնոլորտը։ Սօսի Անթիքաճեանի յուշերը զուգորդուած են փորձառութիւններով ու դիտարկումներով։ Սա ընտանիքի մը ոդիսականն է՝ սկսելով Անատոլուէն, Թրակիայէն եւ Իսթանպուլէն, մինչեւ Շիշլի, Մեծ կղզի եւ Պողազիչի համալսարան։
Տքթ. Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը ատեն-ատեն յուզումի ալ դուռ կը բանայ յաչս ընթերցողին, սակայն երբեք չի հրաժարիր երջանիկ ըլլալու ջանքերէն։ Ան այդ բոլորը պատմած է նուրբ ձեւով, լեզուական վարպետութիւններով, որոնք կեանքի իր պատմութիւնը եզակի կը դարձնեն բոլոր անոնց համար, որոնք կը ջանան հետաքրքրութիւն եւ սէր դրսեւորել։
Սօսի Անթիքաճեան նշած է, որ իր անմիջական շրջանակին հետ թէեւ հարց մը չէ ունեցած, սակայն փողոցի շարքային մարդոցմէ եւ մետիայէն յաճախ լսած է խօսքեր, որոնք կը վարկաբեկեն հայերը։ Եւ այդ բոլորը կը շարունակէ լսել։ «Երկրագունդի վրայ իբրեւ միակ հայրենիք գիտեմ այս երկիրը, ուր դիւրին չէ ապրիլ որպէս փոքրամասնութիւն մը, որու անունը յաճախ կ՚օգտագործուի որպէս հայհոյանք եւ որ երբեմն ալ կ՚ընկալուի իբրեւ թշնամի», նշած է Սօսի Անթիքաճեան եւ ընդգծած, որ զանազան երկիրներ ու քաղաքներ տեսնելը որքան որ ալ հաճելի ըլլայ իրեն համար՝ ինք երբեք չէ փափաքած Իսթանպուլէն դուրս տեղ մը ապրիլ։