ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵՒ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան «Բարեւ» թատերախումբը հանդէս եկաւ ներկայացումով մը։ Քրէմ Սիմոնի (Սիմոն Էքմէքճեան) հեղինակած գործը Սօսի Ճնտոյեանի կողմէ պատշաճեցումով բեմադրուեցաւ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» խաղը։ Բեմադրիչն ալ մեր թատերական աշխարհի յայտնի անուններէն Սօսի Ճնտոյեանն էր։
Առաջին ցուցադրութիւնը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան եւ իր ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլըեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ թատերասէրներ։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ սանուց միութեան վարչայիններէն Արիանա Գազանճեան։
Ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան այս զաւեշտին ընթացքին, որու դերակատարներն են՝ Թալին Պէրպէրեան, Ասլին Սիմոնեան, Լենա Ենիեորկան, Սեւատա Տեմիրճի, Արթուն Կէպէնլիօղլու, Քեւըն Քարաքուշ, Նատին Պէրպէրեան, Արան Ենիեորկան, Լիզա Թուր, Թալիա Թուր, Սեւան Թուր եւ Սարօ Սարաֆ։
Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին թեքնիկ առումով լուրջ ներդրում մը բերած է նաեւ Սայաթ Տաղլըեան։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ջերմ ծափերով ողջունեցին Սօսի Ճնտոյեանը եւ թատերախումբի անդամները։ Այս հանգրուանին արտայայտուեցան Թալին Պէրպէրեան եւ Սօսի Ճնտոյեան։ Գնահատանքի խօսք մըն ալ արտասանեց նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ներկայացման աւարտին Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան վարչութիւնը հանդիսատեսները պատուեց ընդունելութիւնով մը։