ՔԱՐԻՆ ՏԱԿ

-Դե՛հ, վեր կացէ՛ք, երթանք, շուտով մութը պիտի իյնայ,- կ՚ըսէ տատս ու կամուցուկ մը կ՚երկննայ դէպի բազկաթոռին յենած իր երկու ձեռնափայտերը:

-Մամա, ո՞ւր երթանք,- զարմացած կը հարցնէ իմ մայրը:

-Ըմ, ինչպէս թէ ուր՝ մեր տուն:

-Դուն հիմա քու տունիդ մէջ ես:

-Ոչ, աս իմ տունը չէ: Այստեղ հիւրութեան եկած եմ: Իմ տունը Քարին Տակ է: Մայրս ու հայրս կը սպասեն ինծի: Ամօթ է մեծերուն սպասցնել: Մինչեւ մութը իյնալը տունին աղջիկը պիտի ըլլայ իր տունը: Վեր կացէ՛ք, վեր կացէ՛ք...- վերջին բառերը անընդհատ կրկնելով բազկաթոռէն հազիւ կ՚ելլէ մեծ մայրս եւ առնելով իր երկու ձեռնափայտերը՝ առանց որոնց քայլ մը անգամ չի կրնար ընել, համր քայլերով կը փորձէ յառաջանալ դէպի դուռ:

Իմ մեծ մօր ամէն մէկ քայլափոխը կը տեւէր դար մը ու անասելի ցաւ կը պատճառէր իրեն. կողոսկրերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կռճիկը տարիներու ընթացքին մաշելու պատճառաւ, երկու ոսկորներ յաճախ զիրար կը զարնէին: Մինչ տատս կը հասնէր տնքալով, մենք կը լսէինք ոսկորներու հերթական բախումի ձայնը: Թէ ինչպիսի ցաւ կը զգար այդ պահին իմ խոնարհ ու հեզ տատիկը՝ չեմ կրնար պատկերացնել:

-Մամ, քու հայրդ ու մայրդ մահացած են շատ տարիներ առաջ:

-Ինչպէ՞ս թէ հայրդ ու մայրդ մահացած են: Չես ամչնա՞ր... ինչե՞ր կը բարբաջես: Դուն ո՞վ ես, ես քեզ չեմ ճանչնար: Անամօթի մէկը.- ցասումի մէջ կը յայտնուէր մեծ մայրս: Ամբողջ մարմինը կը սկսէր դողալու:

Իմ մայրը կը փորձէր հանգստացնել վերջինս.

-Մամ, ես քու պզտիկ աղջիկն եմ՝ Անահիտը: Չես յիշեր զիս:

-Ես աղջիկ չունիմ, ես ամուսնացած չեմ: Ես կ՚ապրիմ իմ հօր ու մօր հետ: Անոնք հիմա ինծի կը սպասեն: Տարէ՛ք զիս Քարին Տակ: Ես իմ գիւղը կ՚ուզեմ, ես իմ տունը կ՚ուզեմ...

Գրեթէ ամէն օր տեղի կ՚ունենար նոյն բովանդակութեամբ վիճաբանութիւնը: Երբեմն նոյնիսկ մեր դրացիները կը հեռաձայնէին ու մայրիկիս կը փոխանցէին, որ տատիկս ճանապարհ ինկած է: Քանի մը անգամ իր բռնած ուղիին վրայ ինկած էր՝ բազմապատկելով իր տանջալից ցաւերը:

Օրը քսանչորս ժամ տատս կը պատրաստուէր մեկնիլ Քարին Տակ: Հայրենի գիւղը՝ ծննդավայր Քարին Տակը, ուր անցուցած է իր կեանքի մէկ քառորդը, ամէնուր կը հետապնդէր զինքը:

Մեր տունը Շուշիի տակ է: Քարին Տակ գիւղն ալ Շուշիի տակ է, սակայն մէկ-երկու քիլօմեթր հեռաւորութեամբ: Իսկ մեր տունէն Շուշի տասն ոլորապտոյտ քիլօմեթր է: Այսինքն մեր տունէն Քարին Տակ այնքան ալ հեռու չէր, նոյնիսկ ոտքով կարելի էր հասնիլ:

Երեք տարի առաջ մեծ մայրս աչքերը փակեց կեանքին առանց իր գիւղը տեսնելու: Կ՚ապրէր իր յուշերու կարօտով: Մանկութիւն, պատանեկութիւն, ծաղկուն երիտասարդութիւն բուրող գիւղի կարօտով: Իմ ազնուափայլ ու բարի տատը կը տառապէր յիշողութեան կորուստ կոչուող դաժան հիւանդութեամբ: Զիս՝ իր ընկերուհին, զրուցակիցը, ամենէն սիրելի թոռնուհին անգամ չէր յիշեր: Ամէն անգամ երբ կ՚այցելէի իմ սիրասուն մեծ մօրը, կը ներկայանայի.

-Տատի, ես եմ, քու թոռնուհին՝ Արեւիկը:

-Վա՜յ, մատաղինիմ Արեւիկ, տուվը՞ս: Հինչ լեաւայ վեր եկալս: Պայ շտըղանը՞ս կեամ... հինչը՞ս անում: (Վայ, մատաղ ըլլամ քեզի: Արեւիկ դո՞ւն ես: Ինչ լաւ է, որ եկար: Իսկ ուրկէ՞ կու գաս, ի՞նչ կ՚ընես):

Երկու վայրկեան վերջ կը մոռնար, թէ ես ով եմ, նորէն կը հարցնէր: Բոլորս մոռցաւ, բայց գիրք ու գիւղը երբեք: Կարծեմ տառերը այլեւս չէր կրնար տարբերակեր, սակայն գիրքը ձեռքէն վայր չէր դներ: Երբ տեսնէիր՝ գիրք մը ձեռքին կը ջանար կարդալ:

Մեծ մօրս յիշողութիւնը ջուրի պէս սրբեց ու տարաւ աւազի վրայ կառուցած իր յուշերու կեանքի ամրոցը: Մնաց միայն Քարին Տակը, իր հայրն ու մայրը եւ եղբայրը՝ Շահէնը: Միւս քոյր-եղբայները նոյնպէս մոռցած էր:

Քանզի մերոնք միշտ կը յօժարէին զանազան հարցերու շուրջ մտիկ ընել տատիկիս յիշողութենէն ոչ մէկ կերպ սրբուած Շահէնի կարծիքը, վերջինիս խորհուրդով տատիկիս փափաքը ձգեցին անկատար: «Կրնայ պատահիլ, գիւղ այցելելէ վերջ վիճակը աւելի բարդանայ»:

Է՜հ, բայց կրնար նաեւ ճիշդ հակառակը տեղի ունենար, կը շարունակեմ պնդել ես: Այն ատեն իմ խօսքը կշիռ չունէր:

Տատիկիս հանդէպ շատ անարդար վարուեցանք: Իր վերջին ցանկութիւնը չկատարեցինք: Կարծես մենք մեր քայլը արդարացնելու համար, անդադար պատճառաբանութիւն մը կը գտնէինք. դեհ, գիւղի ճամբաները շատ նեղ են, քարքարոտ են: Դէպի հայրական տուն տանող ուղին կ՚անցնէր բաւական նեղլիկ ճանապարհով մը... ասոնք ամէնը անհիմն պատճառաբանութիւններ են: Մարդու մտքին տեղ ըլլար:

Այսօր իմ ականջներու մէջ կ՚արձագանգէ տատիկիս ձայնը. «Ինձ տարէք Քարին Տակ»։

Տատի, Քարին Տակը չկայ:

Կը ներես:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021