Ի՞Նչ Գիտենք Մայրերու Օրուան Մասին
1- Հայաստանի մէջ մայրերու տօնը կը նշուի Ապրիլին:
Ճի՛շդ, Հայաստանի մէջ Ապրիլ 7-ը «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր» է: Ամէն տարի նոյն օրը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Աստուածածնի աւետման օրը:
2- Հայոց դիցաբանութեան մէջ Անահիտ աստուածուհին կը կոչուէր «Ոսկեմայր»:
Ճի՛շդ, Անահիտ դիցուհին պտղաբերութեան, արգասաւորութեան, ծննդաբերութեան եւ ռազմի աստուածուհին էր: Զայն կոչած են՝ «Ոսկեմայր», «Սնուցող մայր», «Մեծ տիկին», «Ոսկեմատն»… քրիստոնէութեան շրջանին Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ Մարիամ Աստուածածնի պաշտամունքին:
3- Մայրերու օրը ծագում առած է Հռոմէն:
Սխալ, մայրերու հանդէպ առաջին պաշտամունքները ծագում առած են Հին Յունաստանէն: Գարնան մեծ շուքով կը պատ-ւէին «Ռէա»ն՝ Զեւսի մայրը: Աւելի ուշ հռոմէացիք Ռէան փոխարինեցին Սիպելով, որ ճանչցուած էր որպէս «Մեծ դիցուհի» եւ «Աստուածներու մայր»:
4- Աշխարհի չորս ծագերուն մայրերու տօնը կը նշուի Մայիսին:
Սխալ, արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը մայրերու տօնը կը նշէ Մարտին, Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Աւստրալիան, Հարաւային Ամերիկան՝ Մայիսին, Արժանթինը՝ Հոկտեմբերին, Ռուսաստանը՝ Նոյեմբերին, Մոնկոլիան՝ Յունիսին եւ այլն…
5- Եգիպտոսը մայրերու տօնը կը նշէ Լիբանանի նման՝ Մարտ 21-ին:
Ճիշդ, նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասըր սկիզբը ծիծաղելի համարած է մայրերու տօնի առաջարկը, բայց յետոյ տեղի տուած է: Այսպէս, 1956 թուականի Մարտ 21-ը Եգիպտոսի մէջ հռչակուած է մայրերու տօն:
6- Եթովպիայի մէջ մայրերու տօնը կախեալ է անձրեւներէն:
Ճիշդ, Եթովպիոյ մէջ մայրերու տօնի ճշգրիտ թուական չկայ. եթովպիացիք կը սպասեն, որ անձրեւները դադրին… Այսպէս, Հոկտեմբերին կամ Նոյեմբերին, երբ երկինքը պայծառանայ, ընտանեկան բացօթեայ խրախճանքներ կը կազմակերպուին: Եռօրեայ այդ խրախճանքը կը կոչուի «Անթրոշթ»:
7- Նախագահ Ուիլսընի օրով մայրերու տօնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Ճիշդ, 1872 թուականին Ճուլիա Ուարտ Հաու մայրերու տօնի գաղափարը յղացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1907 թուակա-նին Աննա Ճարվիս անունով այլ ամերիկուհի մը վերակենդանացուց գաղափարը եւ այդ օրերու ճերմակ մեխակը դարձաւ մայրերու տօնի խորհրդանիշ:
1914 թուականին նախագահ Ուիլսըն Մայիսի երկրորդ շաբաթը հռչակեց մայրերու տօնի պաշտօնական թուական:
8- Գերմանիոյ մէջ մայրերու տօնին ամուսինները կը ծառայեն կիներուն…
Սխալ, այդ օրը մայրերը չեն աշխատիր, զաւակները կ՚ընեն ամէն բան: Նախ մայրերը օրուան կը սկսին ճոխ նախաճաշով մը, ապա ընտանեկան պտոյտներ կը կազմակեր-պըւին… Ոմանք ծաղիկ կամ տուրմ կը նուիրեն իրենց մայրերուն:
9- Չինաստանի մէջ միայն երիտասարդ մայրերուն վերապահուած է մայրերու տօնը:
Ճիշդ, Չինաստանի մէջ մինչեւ երեսունը-հինգ տարեկան մայրերը առընչուած են այս տօնին հետ: Արդէն մայրերու տօնը պաշտօնապէս օրացոյցին վրայ անցած չէ…
10- Անգլիան վերջերս է, որ կը նշէ մայրերու տօնը:
Սխալ, արդէն 15-րդ դարէն անգլիացիք «Մատըրինկ Սանտէյ» անունով տօն ունէին: Այդ օրը ուրիշներուն տունը ծառայող մայրերու կ՚արտօնէին տուն երթալ եւ ընտանիքին հետ անցընել օրը:
Մայրերու տօնին առիթով կը պատրաս-տըւէր նաեւ «Մատըինկ քէյք»ը, որ ծանօթ էր նաեւ «Սիմնել քէյք» անունով: Անիկա չոր պտուղներով եւ մարզիբանով պատրաս-տըւած կարկանդակ մըն է:
11- Սպանիոյ մէջ ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն յաճախորդ մայրերուն:
Ճիշդ, Սպանիոյ մէջ մայրերու տօնը կը նշուի Մայիսի առաջին շաբաթը: «Էլ տիա տը լա մատրէ»ի օրը սպանացիք ճաշարանները կը խուժեն: Այդ օրը մայրերը կերակուր չեն պատրաստեր: Աւանդութեան համաձայն, ճաշարանները ծաղիկ կը նուիրեն ներկայ մայրերուն:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ