ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կեան­քին եւ պատ­մու­թեան մէջ, ա­մէ­նու­րեք բնա­կան ե­րե­ւոյթ ե­ղած է, որ նշա­նա­կա­լի դէպ­քեր, հայ­րե­նա­սի­րա­կան սխրա­գոր­ծու­թիւն­ներ, կրօ­նա­կան, նպա­տա­կա­յին ե­րա­զուած ի­րա­գոր­ծում­ներ ար­ժա­նա­նան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տան­քին եւ յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­ներ զա­նոնք իբր ա­ւանդ պա­հեն ու գնա­հա­տեն մաս­նա­ւոր յի­շա­տա­կու­թեամբ, կամ՝ իբ­րեւ տօն:
 Ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող գա­ղա­փար­ներ ալ կան սա­կայն, ո­րոնք մղում ստա­նա­լով ան­հա­տա­կան, մարդ­կա­յին ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րէ եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ, հետզ­հե­տէ կը ստա­նան ընդ­հան­րա­կան բնոյթ, ա­պա նաեւ հա­մա­մարդ­կա­յին կշռոյթ:

Այդ­պի­սի ե­րե­ւոյթ կամ տօն է Մայ­րե­րու օ­րը, որ այ­սօր կայ գրե­թէ ա­մէն երկ­րի մէջ:
 Թուա­կա՞ն, ամ­սա­թի՞ւ, կա­րե­ւոր չեն: Կա­րե­ւո­րը՝ գա­ղա­փարն է. այս պա­րա­գա­յին՝ մայ­րա­կան  սրտա­մօ­տիկ զգա­ցու­մը, զոր ա­մէն մարդ խնդու­թեամբ փայ­փա­յե­լու պատ­րաստ է տա­րուան ո­րե­ւէ մէկ օ­րը, ո­րե­ւէ տեղ:

ՄԱ՜ՅՐ

Քաղց­րահն­չիւն բառ, որ նաեւ հրա­շա­լի, հո­գեգ­րաւ էու­թիւն է, ո­րուն առ­ջեւ կու գան խո­նար­հիլ անխ­տիր՝ բո­լո­րը. թէ՛ մե­ծե­րը, թէ՛ փոք­րե­րը՝ ա­ռանց սե­ռի խտրու­թեան:

Ա­մէն երկ­րի մէջ ըն­դու­նուած տօ­նախմ­բու­թիւն­ներն ու կար­գը ան­կաս­կած որ ու­նին տե­ղայ­նա­կան ի­րենց իւ­րա­յա­տուկ ա­ւան­դու­թիւնն ու պատ­մու­թիւ­նը:

Ա­մէն ժո­ղո­վուրդ, մօ­րը յատ­կա­ցուած օ­րուան գա­ղա­փա­րը կը հարս­տաց­նէ իւ­րա­յա­տուկ մշա­կոյ­թով. ե­րաժշ­տու­թիւն, երգ, նկար­չա­կան գե­ղա­րուեստ, վէպ, պատ­մուածք, յու­շագ­րու­թիւն, քեր­թո­ղա­կան զե­ղում­ներ ե­ւ այլն:

Ան­կաս­կած՝ հե­տաքրք­րա­կան է ծա­նօ­թա­նալ շատ ու շատ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մօտ մօ­րը նուի­րուած տօ­նին ըն­դու­նուած ա­ւանդ­նե­րուն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք բազ­մա­զան են, ճոխ եւ միշտ սրտա­մօ­տիկ:
 Մենք պի­տի անդ­րա­դառ­նանք սա­կայն մեր շրջա­պա­տին՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ան­շուշտ հայ կեան­քի մէջ մօ­րը նուի­րուած օ­ր-ւան, ա­ւանդ­նե­րուն, գնա­հա­տանք­նե­րուն եւ անդ­րա­դարձ­նե­րուն:

ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԷՋ

Մայ­րե­րու օրուան հիմ­նա­դի­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, կը նկա­տուի ու­սուց­չու­հի եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Ան­նա Ճար­վի­սը, որ ծնած է 1864-ին, Ուէսթ Վըր­ճի­նիա­յի Ո­ւէպս­թըր քա­ղա­քին մէջ: Մէ­կու­կէս տա­րե­կա­նին ըն­տա­նի­քը կը փո­խադ­րուի մօ­տա­կայ Կրաֆ­թըն քա­ղա­քը, ուր մայ­րը՝ Էնն Մէյ­րի Ճար­վիս, հրա­ւի­րուած էր ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նի: Հօ­րը ա­նունն էր Կրէնտ­վիլ Ճար­վիս:
 Ան­նան մեծ­նա­լով կը դառ­նայ մօ­րը ա­շա­կեր­տու­հին: Այդ հան­գա­ման­քով, ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ յա­ճախ կը լսէ մայր եւ ու­սուց­չու­հի Էն­նի հե­տե­ւեալ բաղ­ձանք-թե­լադ­րան­քը, թէ կը յու­սայ որ օր մը, ողջ եւ մա­հա­ցած բո­լոր մայ­րե­րու սի­րոյն կը գտնուի մէ­կը, որ հաս­տա­տէ մայ­րե­րը գնա­հա­տե­լու յա­տուկ օր մը:
 Ան­նան կը պատ­մէ, որ նոյն այս բաղ­ձան­քը ու­րիշ ա­ռի­թով մը ան շատ զգա­ցուած կեր­պով կը պատ­գա­մէ: «Օ­րուան դա­սա­նիւթն էր, կ՚ա­ւելց­նէ ան,- Մայ­րե­րը Աս­տուա­ծա­շուն­չին մէջ» եւ իր խօս­քի ա­ւար­տին՝ մայր Էնն պատ­գա­մի մը պէս կը յի­շեց­նէ բաղ­ձանք-թե­լադ­րան­քը, թէ՝ «Կը յու­սամ, որ օր մը մէ­կը հաս­տա­տէ բո­լոր մայ­րե­րու հա­մար գնա­հա­տան­քի ազ­գա­յին օր մը, ո­րուն ա­նոնք ար­ժա­նի են, մարդ­կա­յին կեան­քի բո­լոր մար­զե­րուն մէջ թա­փած ի­րենց ան­սա­կարկ եւ ան­սահ­ման ճի­գե­րուն հա­մար»։ Ան­նան այդ շրջա­նին տա­կա­ւին 12 տա­րե­կան, եր­բեք չի մոռ­նար մօ­րը յի­շեալ պատ­գա­մը, որ ի­րեն կը թուի, թէ ա­ղօթ­քի մը պէս ար­տա­սա­նուած էր:

1902-ին կը մա­հա­նայ Ան­նա­յին հայ­րը. ըն­տա­նի­քը կը փո­խադ­րուի Ֆի­լա­տել­ֆիա, ուր կ­՚ապ­րէր Ան­նա­յին մեծ եղ­բայ­րը՝ Քլոտ:

1905-ի Մա­յիս 9-ին դար­ձեալ Ֆի­լա­տել­ֆիոյ մէջ, կը մա­հա­նայ նաեւ դաս­տիա­րակ եւ մայր Էնն Ճար­վի­սը: Թաղ­ման տխուր ա­ռի­թով, Ան­նան գե­րեզ­մա­նին առ­ջեւ կը կրկնէ եւ կը յի­շա­տա­կէ մօ­րը յու­զիչ բաղ­ձանք-ա­ղօթ­քը, որ ի­րեն հա­մար դար­ձած էր քաղցր ա­ւանդ եւ կ՚ա­ւելց­նէ. «Մա՛յր, Աս­տու­ծոյ կամ­քով, դուն ան­պայ­ման պի­տի ու­նե­նաս Մայ­րե­րու օրը»:

Ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցին՝ 1906-ի Մա­յի­սի սկիզ­բը, Ան­նան կը վե­րաշ­խու­ժաց­նէ իր մօ­րը հիմ­նած Մայ­րե­րու օ­րուան Աշ­խա­տան­քի ա­կումբ­նե­րը, ո­րոնք գոր­ծած էին Ա­մե­րի­կա­յի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ, պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին եւ վեր­ջը, եւ ո­րոնք շօ­շա­փե­լի կա­րեկ­ցու­թիւն տուած էին աղ­քատ­նե­րուն, պայ­քա­րած փո­խան­ցիկ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման դէմ, նուա­զե­ցու­ցած նո­րա­ծին ե­րա­խա­նե­րու մա­հա­ցու­թիւ­նը եւ նպաս­տած հա­րա­ւի եւ հիւ­սի­սի հա­կա­դիր կող­մե­րուն մի­ջեւ ընդ­հա­նուր հաշ­տու­թեան: 
 Ան­նան նա­մակ­նե­րով կը խնդրէ Կրաֆ­թը­նի ե­կե­ղե­ցա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն, որ ա­ռա­ջաց­նեն յանձ­նա­խում­բեր եւ աշ­խա­տին, որ օ­րէնք մը ըն­դու­նուի Մայ­րե­րու օ­րուան մա­սին:
 Ու­սուց­չու­հի եւ մայր Էն­նի բա­րի համ­բա­ւը Կրաֆ­թը­նի մէջ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ սի­րով ըն­դու­նին ա­ռա­ջար­կը:

Յա­ջորդ տա­րին՝ 1907-ի Մա­յի­սի երկ­րորդ Կի­րա­կի օ­րը՝ Մա­յիս 12-ին, տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յի­շա­տա­կի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն, Կրաֆ­թը­նի Էնտ­րիւզ ե­կե­ղե­ցիին մէջ՝ նուի­րուած մայ­րե­րուն եւ մայր Էն­նին:
 Հան­դի­սա­ւոր եւ նշա­նա­կա­լի այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ հե­տա­գա­յին ամ­բողջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, այդ ե­կե­ղե­ցին՝ Andrews Methodist Episcopal Church-ը, վե­րա­կո­չուի Մայ­րե­րու օ­րուան Մայր ե­կե­ղե­ցի (The Mother Church of Mother’s Day):

Այ­նու­հե­տեւ կը սկսի ծա­ւա­լուն աշ­խա­տանք՝ Մայ­րե­րու օ­րը վե­րա­ծե­լու հա­մաա­մե­րի­կեան Ազ­գա­յին տօ­նի: Ան­նան կը գրէ բազ­մա­հա­րիւր նա­մակ­ներ, թէ՛ նա­հան­գա­յին, թէ՛ դաշ­նակ­ցա­յին օ­րէնս­դիր եւ կա­ռա­վա­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու. կը բա­ցատ­րէ, կը շեշ­տէ ա­ռա­ջադ­րուած գա­ղա­փա­րին հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէ­քը եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար ա­նոր օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը: Դի­մում­նե­րը յա­ճախ կը բա­խին խուլ ա­կանջ­նե­րու: Սա­կայն, հա­ւատ­քը՝ նպա­տա­կին ար­դա­րու­թեան եւ ազ­նուա­կան բնոյ­թին նկատ­մամբ, զինք կը մղէ ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը: Բա­րե­բախ­տա­բար, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ի յայտ կու գայ Ֆի­լա­տել­ֆիա­յէն գոր­ծա­րար, մե­ծա­հա­րուստ եւ ազ­դե­ցիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ Ճան Ո­ւա­նա­մէյ­քըր, որ սրտանց կը քա­ջա­լե­րէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ իր ամ­բողջ ազ­դե­ցու­թիւ­նը ի գործ կը դնէ Ան­նա­յին նպա­տա­կը ի­րա­կա­նաց­նե­լու:

Թա­փուած աշ­խա­տանք­նե­րը շու­տով եւ ան­նա­խա­տե­սե­լի ա­րա­գու­թեամբ կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րուին: Մայ­րե­րու օրուան գա­ղա­փա­րը եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին կ­ÿոր­դեգ­րեն շուրջ 45 նա­հանգ­ներ: 1914-ին, ծե­րա­կու­տա­կան­ներ ա­ռա­ջար­կը կը ներ­կա­յաց­նեն նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Վուտ­րօ Ո­ւիլ­սը­նի, որ կ­՚իւ­րաց­նէ զայն: Մայ­րե­րու օ­րը պաշ­տօ­նա­պէս կը յայ­տա­րա­րուի Ազ­գա­յին օր. թուա­կա­նը՝ ա­մէն Մա­յի­սի երկ­րորդ Կի­րա­կին:

Մայր Էնն Ճար­վի­սի ե­րա­զը, գլխա­ւո­րա­բար իր հո­յա­կապ աղջ­կան Ան­նա Ճար­վի­սի ազ­նիւ ճի­գե­րով, կը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն: Մի­լիո­նա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ, այ­սօր, յար­գան­քի, սի­րոյ եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան եր­ջա­նիկ ա­ռիթ մը կամ օր մը կ­ÿապ­րին ամբողջ երկ­րի տա­րած­քին:

Նշենք, որ Ան­նա Ճար­վի­սը ան­ձամբ՝ ինք եւս տա­րի­ներ կը վա­յե­լէ իր յա­ջո­ղու­թեան պտու­ղը: Ա­մէն տա­րի հո­գե­կան հրճուան­քով կը հե­տե­ւի եւ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Մա­յե­րու օ­րուան տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց: Կ՚ապ­րի մին­չեւ 1948-ի Նո­յեմ­բերի 24-ը: Կը մա­հա­նայ Ֆի­լա­տել­ֆիոյ մէջ, 84 տա­րե­կա­նին: Յայտ­նենք, որ իր մա­հուան տխուր ա­ռի­թով, թաղ­ման օ­րը, Կրաֆ­թը­նի Մայ­րե­րու օ­րուան Մայր ե­կե­ղե­ցիին զան­գակ­նե­րը կը ղօ­ղան­ջեն եւ 84 զար­կե­րով, ի պա­տիւ Ան­նա Ճար­վի­սի, կը ծա­նու­ցա­նեն ա­նոր ապ­րած 84 տա­րի­նե­րու բո­վան­դա­կա­լից կեան­քը:

ՄԱՅ­ՐԵ­ՐՈՒ Օ­ՐՈ­ՒԱՆ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆԱ­ԿԱ­ՆԱ­ՑՈՒ­ՄԷՆ ԵՏՔ

Մայ­րե­րու օ­րը պաշ­տօ­նա­պէս Ազ­գա­յին օր (1914-ին) հռչա­կուե­լէ քա­նի մը տա­րի ետք, կը նկա­տուի, որ ա­նոր նկատ­մամբ ժո­ղովր­դա­յին մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ ա­ռի­թը շա­հա­գոր­ծուի եւ ա­ւե­լի շատ շեշ­տը դրուի ա­ռեւտ­րա­կան օգ­տա­գոր­ծում­նե­րու վրայ: Ան­նա Ճար­վի­սը կը յայտ­նէ իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Այ­սու­հան­դերձ, ըն­տա­նիք­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ, դպրոց­ներ եւ ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին շատ ու շատ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ կը մնան խան­դա­վառ՝ Մայ­րե­րու օ­րուան գա­ղա­փա­րին նկատ­մամբ եւ ա­մէն­քը ընդ­հան­րա­պէս կը փոր­ձեն ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը՝ ար­ժա­նի յար­գանք, ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն եւ սէր ար­տա­յայ­տե­լու եւ զգաց­նե­լու մայ­րե­րուն:

Վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­ներ ու­շագ­րաւ ե­րե­ւոյթ­ներ կը պար­զեն Մայ­րե­րու օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ:
 Հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար յայտ­նենք, որ այդ ու­րախ ա­ռի­թով,

- Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բնակ­չու­թեան 38 առ հարիւրը դուր­սը կը ճա­շէ, թոյլ չտա­լու հա­մար, որ մայ­րե­րը այդ օ­րը կա­պուած մնան խո­հա­նո­ցին:

- Շ­նոր­հա­ւո­րու­թեան եւ սրտի խօս­քե­րով զե­ղուն քար­տե­րու
գն­ման կամ ա­ռաք­ման գծով, կը հաս­տատուի, որ Մայ­րե­րու օ­րը եր­րորդ մե­ծա­գոյն ա­ռի­թը դար­ձած է Ս. Ծնուն­դէն եւ «Վե­լըն­թայնզ տէյ»էն ետք:

- Նուէր­նե­րու վա­ճառ­ման կեդ­րոն­ներ կը յայտ­նեն, որ Մայ­րե­րու օ­րը ա­մենէն աշ­խոյժ եւ սպա­սուած ա­ռիթն է: Մեծ քա­նա­կու­թեամբ կը սպա­ռին անձ­նա­կան եւ տնա­յին օգ­տա­գործ­ման ա­ռար­կա­ներ:

- Մայ­րե­րու օ­րը նաեւ վար­դե­րու եւ ծա­ղիկ­նե­րու կամ ծաղ­կե­կո­ղով­նե­րու նուի­րա­բեր­ման մե­ծա­գոյն ա­ռիթն է: Նա­խա­պա­տուու­թիւն ու­նին սպի­տակ մե­խակ­նե­րը, ո­րոնք ե­ղած են մայր Էնն Ճար­վի­սի պար­տէ­զին մէջ ա­մե­նէն ա­ռատ եւ ա­մե­նէն շատ խնա­մուած ծա­ղիկ­նե­րը:

- Մայ­րե­րու օ­րը ա­ռիթ է նաեւ, որ մար­դիկ ուղ­ղա­կի կապ հաս­տա­տեն ի­րենց սի­րա­սուն մայ­րե­րուն հետ: Հե­ռա­ձայ­նա­յին ըն­կե­րու­թիւն­ներ կը վկա­յեն, որ այդ օ­րը, հե­ռա­կայ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րով (long distance) ա­մենէն ծախ­սա­լից օ­րը կը դառ­նայ, կամ ա­մենէն շա­հա­բե­րը ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար:

- Յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի է նաեւ, որ նոյն ա­ռի­թով մեծ սպա­ռում տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ յա­տուկ գիր­քե­րու եւ եր­գապ­նակ­նե­րու՝ ձօ­նուած կամ նուի­րուած մայ­րե­րուն:

Կը հե­տեւ­ցուի այս բո­լո­րէն, որ հա­կա­ռակ ա­ռեւտը-րա­կա­նա­ցու­մի եւ շա­հար­կում­նե­րու ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, Մայ­րե­րու օ­րը ըստ էու­թեան կը ծա­ռա­յէ իր նպա­տակ­նե­րուն: Ակ­նե­րեւ է, որ ըն­կե­րու­թիւ­նը իր կա­րե­լին կ՚ը­նէ ար­ժա­նի ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նաց­նե­լու մայ­րե­րուն, բո­լոր մայ­րե­րուն վրայ, ո­րոնք խորհր­դա­նիշն են ա­նանձ­նա­կան սի­րոյ, բա­րու­թեան եւ ան­սահ­ման զո­հո­ղու­թեանց:

ՄԱՅ­ՐԵ­ՐՈՒ Օ­ՐԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ՄԷՋ

Ժա­մա­նա­կա­կից մեր կեան­քի ըմբռ­նու­մով, օր մը, որ նուի­րուած ըլ­լայ միա՛յն մայ­րե­րուն եւ բո­լո՛ր մայ­րե­րուն, մեր պատ­մու­թեան մէջ յի­շա­տա­կուած չէ: Նման յի­շա­տա­կու­թիւն չենք տես­ներ նաեւ ընդ­հա­նուր ազ­գաց պատ­մու­թեան մէջ:

Քրիս­տո­նէու­թե­նէն ա­ռաջ, բազ­մաս­տուա­ծեան կեան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցած է ի­գա­կան սե­ռի բազ­մա­թիւ աս­տուա­ծու­հի­ներ-դի­ցու­հի­ներ, այն­պէս ինչ­պէս յոյ­նե­րը, պար­սիկ­նե­րը, հռո­մէա­ցի­նե­րը, ե­գիպ­տա­ցի­նե­րը եւ այլն: Դի­ցու­հի­նե­րը՝ Ա­նա­հիտ, Ար­տե­միս, Տիա­նա, Նիիթ եւ այլն, մարմ­նա­ւո­րած են յատ­կա­նիշ­ներ ու ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք մա­սամբ այ­սօր եւս կը գնա­հա­տուին ընդ­հան­րա­պէս մայ­րե­րուն մէջ:

- Ա­նա­հի­տը, օ­րի­նակ, որ Ա­րա­մազդ աս­տու­ծոյ դուստրն էր, կը խորհր­դան­շէր ծննդա­բե­րու­թիւնն ու ար­գա­սա­ւո­րու­մը, կեան­քի ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան ու ռազ­մի գա­ղա­փար­նե­րը, նկա­տուած էր Սնու­ցա­նող մայր, կո­չուած՝ Ոս­կե­մայր, Ոս­կե­մատն, Ոս­կեծ­ղի, եւ այլն:

- Նա­նէն, դար­ձեալ Ա­րա­մազդ աս­տու­ծոյ դուստ­րը, կը խորհր­դան­շէր ի­մաս­տու­թիւ­նը, ուղ­ղա­խո­հու­թիւ­նը, ծննդա­բե­րու­թեան ո­գին, եւ այլն:

- Աստ­ղի­կը՝ աս­տուա­ծու­հի-դի­ցու­հի, կը մարմ­նա­ւո­րէր սի­րոյ եւ գե­ղեց­կու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը, եւ այլն:

Այս բո­լոր ա­ւանդ­նե­րը հին ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու փո­խան­ցե­լով սե­փա­կա­նա­ցու­ցած են իւ­րա­յա­տուկ մօ­տե­ցում­նե­րով եւ պաշ­տա­մուն­քա­յին ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով պահ­պա­նած են մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թեան հաս­տա­տու­մը, երբ ա­նոնք՝ հին աս­տուած­նե­րը, հետզ­հե­տէ կ՚ան­հե­տա­նան: Կը մնայ սա­կայն կա­րե­ւո­րը. ի­մա­ցու­մը Մայ­րու­թեան, որ նոր կրօ­նին՝ քրիս­տո­նէու­թեան մէջ, կը կեդ­րո­նա­ցուի Աս­տուա­ծա­մօր վրայ, իբ­րեւ գե­րա­գոյն խորհր­դա­նիշ Մօր գա­ղա­փա­րին:

Եւ­րո­պա­կան շատ ժո­ղո­վուրդ­ներ, յատ­կա­պէս անգ­լիաց­նի­նե­րը, եր­կար դա­րեր Մեծ պա­հոց չոր­րորդ Կի­րա­կին կը նկա­տեն Աս­տուա­ծա­մօր նուի­րուած պաշ­տա­մուն­քի եւ մե­ծա­րան­քի օր եւ ըն­տա­նե­կան հա­մախմ­բու­մի ա­ռիթ:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ նաեւ իս­լամ­ներ կը տօ­նախմբեն մօր նուի­րուած օ­րուան գա­ղա­փա­րը, իբ­րեւ տի­պար մայր վերց­նե­լով Մու­հա­մմէտ մար­գա­րէի աղ­ջի­կը՝ Ֆա­թի­մա Զահ­րան, ո­րուն ա­մու­սինն էր մար­գա­րէի հօ­րեղ­բօ­րոր­դի՝ Ա­լին:

Հաս­նե­լով 19-րդ եւ 20-րդ դա­րե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դը պե­տա­կա­նու­թե­նէ զուրկ պայ­ման­նե­րու մէջ, Մայ­րե­րու օ­րը կը տօ­նէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, եր­բեմն ալ բա­րե­սի­րա­կան կամ կա­նա­ցի կազ­մա­կեր­պու­թեանց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով:

Ճշդուած թուա­կան չէ ե­ղած: Ձեռ­նարկ­նե­րը կա­-տարուած են եր­բեմն Մար­տի վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ գար­նա­նա­մու­տին, եր­բեմն Ապ­րի­լի սկիզ­բը, եր­բեմն ալ Մա­յի­սի սկիզ­բը, բնու­թեան ծաղ­կու­մին՝ Մայ­րե­րու օ­րը դնե­լով զուարթ գա­ղա­փար­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ:

Հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն, 1918-1920, Մայ­րե­րու օ­րուան յի­շա­տա­կու­թեան չենք հան­դի­պիր:

Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան՝ սո­վե­տա­կան տա­րի­նե­րուն, այն­պէս ինչ­պէս սո­վե­տա­կան բո­լոր հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ, կը հաս­տա­տուի փո­խա­նակ Մայ­րե­րու օ­րուան՝ Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օր մը, ո­րուն հա­մար կը ճշդուի «Տնտե­սա­կան, ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան պայ­քա­րի՝ Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան» կար­գա­խօ­սը: Ա­ւանդ մը, որ կը թուի, թէ ու­ժի մէջ է Հա­յաս­տա­նի եր­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին եւս, 1991 թուա­կա­նէն այս կողմ:

Հայ­կա­կան Սո­վե­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն հրա­տա­րա­կուած հան­րա­գի­տա­րան­նե­րուն մէջ ալ յի­շա­տա­կու­թիւն կամ յօ­դուած չկայ  Մայ­րե­րու օ­րուան հա­մար: Հա­կա­ռակ այս ի­րո­ղու­թեան սա­կայն, բազ­մա­թիւ կայ­քէ­ջե­րու վրայ, զա­նա­զան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կար­գին յի­շա­տա­կուած է նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն հա­մար նշուած է, որ ան Մայ­րե­րու օ­րը կը տօ­նէ Ապ­րիլ 7-ին, Մա­յի­սի առաջին Կի­րա­կին, Մարտ 8-ին, եւ այլն: Նոյն­պի­սի անճշ­դու­թիւն­ներ կամ ա­նո­րո­շու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րուած են նաեւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու՝ ինչ­պէս ռու­սե­րու հա­մար, եւ այլն:

Այս բո­լո­րէն ետք, մայ­րե­րուն հա­մար Ազ­գա­յին օր մը ու­նի՞նք, թէ ոչ, տա­րուան մէջ ճշդուած թուա­կան ու­նի՞նք, թէ ոչ՝ կ՚ան­գի­տա­նանք. ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ ան­կախ պաշ­տօ­նա­կա­նու­թե­նէն, վեր­ջին դա­րե­րուն մա­նա­ւանդ, հայ ժո­ղո­վուր­դը հո­գե­ւոր իր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ա­րուես­տի ու գրչի իր զա­ւակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ սե­րուն­դէ-սե­րունդ ա­նընդ­հատ իր ար­ժա­նին տուած է եւ կը շա­րու­նա­կէ տալ մայ­րե­րուն, ջա­նա­լով պե­ղել ա­նոնց հո­գիին բիւ­րե­ղեայ սի­րոյ ըն­դեր­քը, զո­հա­բե­րու­թեանց ան­հու­նու­թիւ­նը եւ հա­րուստ ու թան­կար­ժէք խոր­քով էու­թիւ­նը: Հա­յաս­տա­նի մէջ Ապ­րիլի 7-ը «Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան օր» է: Ա­մէն տա­րի նոյն օ­րը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ Ս. Աս­տուա­ծա­ծ­նի ա­ւետ­ման օ­րը:

Ար­դէն ու­նինք զգա­յուն, ու­շագ­րաւ ու հո­յա­կապ գրա­կա­նու­թիւն եւ մշա­կոյթ՝ նուի­րուած մայ­րե­րուն. բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, նուագ, երգ, գե­ղա­րուեստ, ու­ղերձ, հէքեաթ, պատ­մուածք, վէպ եւ այլն: Ա­րուես­տի ճամ­բով անդ­րա­դար­ձը՝ մօ­րը մա­սին՝ ան­շուշտ մօ­րը հրա­շա­լի նե­րաշ­խարհն է, ուր տար­բեր է սի­րոյ ո­րա­կը, տար­բեր՝ զո­հո­ղու­թեանց չա­փը, նուի­րու­մի սահ­ման­նե­րը, բա­րու­թեան եւ բա­րի­կա­մե­ցո­ղու­թեան կամ­քը, ու­րա­խու­թեանց ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, վշտին դառ­նու­թիւ­նը, եւ այլն:

Հա­մո­զումն ու­նինք, որ ա­րուես­տի ու խօս­քի ճամ­բով նաեւ ներ­կայ եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րը ան­պայ­ման եւ միշտ ը­սե­լիք­ներ պի­տի ու­նե­նան եւ ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը պի­տի ձօ­նեն՝ մօ­ր: Եւ վստա­հա­բար Մայ­րե­րու օ­րը ա­մէն ոք պի­տի նկա­տէ ու­րախ ու մա­նա­ւանդ պա­տեհ ա­ռիթ՝ իւ­րա­յա­տուկ ձե­ւով զգաց­նե­լու իր սէրն ու ե­րախ­տի­քը ա­նոր նկատ­մամբ:

ԿԱ­ՐՕ ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 7, 2016