«ՇԷՅՔՍՓԻՐ Կ՚ԱՊՐԻ ՄԵԹՐՈՅԻ ՄԷՋ»

Հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն Շէյքս­փի­րի մա­հուան 400-ա­մեա­կին շրջագ­ծով վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հե­տաքրք­րա­կան ձեռ­նարկ մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Բրի­տա­նա­կան խոր­հուր­դի տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ «Շէյքս­փի­րը կ՚ապ­րի մեթ­րո­յի մէջ» խո­րագ­րեալ ծրա­գիր մը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մեթ­րո­յէն ներս։ Ըն­դու­ղիի ու­ղե­ւոր­նե­րը այս առ­թիւ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան նրբանցք­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուած ժա­մա­նա­կա­կից պա­րե­րուն։ Լու­սան­կա­րին մէջ կ՚ե­րե­ւի այդ պա­րե­րէն դրուագ մը։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016