ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Ո՞Վ ԵՄ ԵՍ: ԻՆՉՈ՞Ւ [ԱՇԽԱՐՀ] ԵԿԱԾ ԵՄ

Հարցում. Ո՞վ եմ ես: Ինչո՞ւ եկած եմ: Ինչո՞ւ կ՚ապրիմ: Ինչո՞ւ կը մեռնիմ:

Պատասխան. Այս նիւթին մասին կարելի է գիրք հրատարակել, սակայն ամփոփ կէտերով պիտի փորձեմ պատասխանել հարցումներուդ:

1. Ո՞վ եմ ես։

- Դուն մարդ ես, ով Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած է (Ծն 1.26), եւ պէտք է պահպանես այդ աստուածային պատկերը:

- Դուն կենդանի արարած մըն ես, բանական հոգի ունեցող, որուն կեանքը մահով չ՚աւարտիր, այլ՝ կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ խիղճ ունիս՝ որ բարին ու չարը կը զանազանէ, ու կը լուսաւորուի իր մէջ բնակող Աստուծոյ Հոգիով (Ա. Կր 3.16)…

- Դուն աշխարհի բոլոր արարածներէն կը տարբերիս բանականութեամբ, եւ ինչ որ այդ միտքը կը պարունակէ՝ գիտակցութիւն եւ ըմբռնում:

- Ուղեղովդ եւ ազատ կամեցողութեամբ պատասխանատու կը դառնաս արարքներուդ, նախ եւ առաջ Աստուծոյ առջեւ, ապա՝ խիղճիդ, եւ ի վերջոյ՝ այն ընկերութեան որու մէջ կ՚ապրիս…

- Պատասխանատուութեանդ որպէս արդիւնք կամ վարձատրութիւն եւ կամ պատիժ կը ստանաս յաւիտենականութեան մէջ, Աստուծոյ դիմաց դատուելէ ետք:

2. Ինչո՞ւ [աշխարհ] եկած եմ:

Աստուծոյ արդարութեան [հետեւանքով], որ քեզի գոյ ըլլալու շնորքը տուաւ:

Իր բարերարութեան, առատաձեռնութեան համար քեզի առիթ տուաւ գոյ ըլլալու եւ այստեղ՝ երկրի վրայ կեանք ունենալու, ինչպէս նաեւ առիթ ունենաս յաւիտենական երանութեան մէջ եւս կեանք ունենալու՝ եթէ կամենաս եւ գործես այնպէս, որպէսզի արժանի ըլլաս այդ երանութեան:

3. Ինչո՞ւ կ՚ապրիմ:

Դուն կ՚ապրիս, որպէսզի կոչում մը կատարես նախ եւ առաջ դուն ու նկատմամբդ, ապա ուրիշին նկատմամբ, որպէսզի զԱստուած վայելես այստեղ, եւ ճաշակես ու տեսնես թէ ինչքա՜ն քաղցր է Տէրը (Սղ 34.8):

Տակաւին, կեանքիդ ընթացքին փորձես կամեցողութիւնդ, թէ ինչքանով հակում ունի բարիին ու չարին: Կեանքդ, արդարեւ, փորձառական շրջան մըն է, ուր կը փաստես արժանի ըլլալդ Երկինքի Արքայութեան, եւ ատով կ՚որոշուի տեղդ յաւիտենական կեանքին մէջ… Պէտք է գիտակցիս կոչումիդ ու կատարես զայն ու օրհնութիւն դառնաս այն սերունդին՝ որու հետ կ՚ապրիս: Կոչումդ ինչքան զօրաւոր ու օգտակար ըլլայ, այդքանով կեանքդ փառաւորուած կ՚ըլլայ աշխարհին վրայ ու երկինքին մէջ…

4. Ինչո՞ւ կը մեռնիմ:

Կը մեռնիս, որպէսզի աւելի լաւ կեանքի մը փոխադրուիս…, որ ո՛չ մէկ աչք տեսած է, ո՛չ մէկ ականջ լսած է եւ մարդու միտքէն իսկ չէ անցած (տե՛ս Ա. Կր 2.9): Աւելի լաւ բնակութեան կը տեղափոխուիս, բնակակից ըլլալու Աստուծոյ եւ Անոր հրեշտակներուն ու սուրբերուն: Մահը, արդարեւ, ոչնչացում չէ, այլ՝ փոխադրութիւն:

Եթէ կեանքդ երկրի վրայ մնաց, եւ շարունակեցիր միացած մնալ նիւթիւն եւ նիւթական մարմինին, ապա այդ բոլորէն քեզի լաւ բան չկայ: Բարին քեզի համար սակայն այն է, որ նիւթի եւ մարմինի կեանքէն փոխադրուիս հոգեւոր կեանքին եւ յաւիտենականութեան, եւ Յիսուսին հետ ըլլաս որովհետեւ այդ ալ աւելի լաւ է քեզի համար (տե՛ս Փլպ 1.23): Ատոր համար սուրբերը փափաքեցան այս մարմինէն դուրս գալ… Սակայն մահէն կը վախնան անոնք, որոնք չեն պատրաստուիր անոր, չեն վստահիր, թէ աւելի լաւ կեանքի մը կը փոխադրուին…, կամ անոնք որոնք աշխարհի վրայ ցանկութիւններ ունին, չեն սիրեր որ բաժնուին անկէ:

Եւ մարդը կը մեռնի, որովհետեւ մահը բարիք է տիեզերքին: Կարելի չէ, որ մարդիկ ապրին առանց մեռնելու, եւ սերունդներ յաջորդեն սերունդներու՝ որով աշխարհը չի՛ կրնար տանիլ զանոնք: Մեծ տարիքով մարդիկը ծերութենէն կը յոգնին եւ կարիք կ՚ունենան մարդոց, որոնք իրենց հոգ տանին՝ ծառայեն, բուժեն ու շալկեն… Այդ պատճառով սերունդ մը կը մեռնի, որպէսզի յաջորդ սերունդին առիթ տայ ապրելու աշխարհին վրայ եւ իր նախորդին տեղը գրաւէ ամէն ինչի մէջ…

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ՚ԻՅՆԱՄ

Հարցում. Միայն կը փափաքիմ Աստուծոյ ճանապարհէն քալել, սատանան սաստկութեամբ կը պատերազմի դէմս: Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որպէսզի միջամտէ: Այդ բոլորով հանդերձ, փորձութեան պահին կը զգամ, թէ Աստուած լքած է զիս, որով պայքարելու ունակութիւնս կը կորսնցնեմ ու կ՚իյնամ. ինչո՞ւ:

Պատասխան. Աստուած չի՛ լքեր քեզ, այլ՝ դո՛ւն ես որ կը լքեզ զԻնք:

Իսկ սատանային դէմդ պատերազմիլը միայն երբ սկսիս Աստուծոյ ճամբէն քալել, ապա բնական երեւոյթ է, քանի որ սատանան կը նախանձի Աստուծոյ որդիներուն եւ անոնց բարին չի կամենար: Սակայն, դուն ինչո՞ւ սատանային կը հնազանդիս ու կը յանձնուիս անոր պատերազմներուն, եւ շուտով պայքարելու ունակութիւնդ կը կորսնցնես ու կ՚իյնաս:

Իրականութեան մէջ դուն սատանային չես հնազանդիր, այլ՝ կը հնազադիս փափաքի մը, որ սիրտիդ մէջ կայ:

Փափաք մըն է ներսիդիդ, որու ենթակայութենէն չես ձերբազատուած տակաւին, սիրտդ տակաւին չէ մաքրուած անկէ ու անոր սէրէն. այն արդարեւ ներքին դաւաճանութիւն մըն է:

Յայտնի է, որ մեղքը սրտանց չես ձգած, որովհետեւ այն մէջդ է եւ փորձութեան ժամանակ ալ, երբ մեղքը դուրսէն կը պայքարի դէմդ, սիրտիդ մէջ կարօտ կը զգաս անոր նկատմամբ: Ներքին կանչ մը կը լսես…, ուստի կ՚իյնաս, որովհետեւ մէկ պատերազմը երկու պատերազմ եղաւ. մէկը դուրսէն, իսկ միւսը՝ ներսէն…

Իսկ եթէ մեղքը պատերազմի դէմդ եւ ներսէդ արձագանգ չգտնէ, կը ձգէ քեզ ու կ՚անցնի կ՚երթայ:

Եթէ կրակ հոսի վրադ դուրսէն եւ տեսնէ, որ այրելու ընդունակ չես, ապա ոչինչով կը վնասէ քեզի, սակայն եթէ սիրտիդ մէջ իրեն համապատասխանող բան մը գտնէ, ապա ամէն բան ալ հնարաւոր կը դառնայ: Մեղքը պատերազմեցաւ Արդար Յովսէփին դէմ, սակայն իր մէջ իրեն համապատասխանող բան չգտաւ, որով չկրցաւ մոլորեցնել զինք:

Եւ հիմա ի՞նչ ըսեմ քեզի, եթէ տակաւին մէջդ տկարութիւն կայ:

Կ՚ըսեմ քեզի, պայքարէ՛ ամբողջ ուժովդ եւ տոկա՛:

Եւ Աստուած երբ տեսնէ, որ կառչած ես Իրեն, ապա քեզ ազատելու շնորհք պիտի ղրկէ քեզի: Մի՛ մոռնար նաեւ, թէ Առաքեալը ի՛նչ ըսաւ եբրայեցիներուն՝ պայքարելու մասին: Յանդիմանեց զանոնք, ըսելով. «Դուք տակաւին ձեր արիւնը թափելու չափ դիմադրութիւն ցոյց չտուիք մեղքի դէմ պայքարին մէջ» (Եբր 12.4):

Պայքարէ՛ ուրեմն եւ տոկա՛, ու Տէրը թող հետդ ըլլայ:

Հիմակուընէ փորձէ ներսէն սիրտդ զօրացնել, որպէսզի չդաւաճանէ քեզի:

ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄՆԱՑԱԾ ԱՂՕԹՔ

Հարցում. Տէրը չըսա՞ւ՝ «խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք» (տե՛ս Մտ 7.7). իսկ ես շա՜տ աղօթեցի, սակայն Աստուած չպատասխանեց: Ինչո՞ւ համար Աստուած չպատասխանեց աղօթքիս: Աստուած ինչպիսի՞ աղօթքի կը պատասխանէ եւ ինչպէ՞ս:

Պատասխան.

1. Աղօթքդ պէտք է Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլայ։

Մենք Տէրունական աղօթքին մէջ անդադար կ՚ըսենք՝ «Քու կամքդ թող ըլլայ», եւ կրնայ ըլլալ, որ ուզածդ բարի բան ըլլայ, սակայն կրնայ պատահիլ նաեւ, որ Աստուած քեզի համար աւելի լաւ բան մը պատրաստած ըլլայ:

Աստուած միշտ մեզի կու տայ այն՝ ինչ որ մեզի համար լաւ է, եւ ո՛չ թէ տառացիօրէն մեր ուզածները [կը կատարէ]:

2. Կրնայ ըլլալ որ համբերութեան կարիք ունիս։

Այդ պատճառով ալ Աստուած շուտ չի պատասխաներ քեզի, որովհետեւ կ՚ուզէ քեզի համբերութիւն սորվեցնել, հետեւաբար մի՛ նեղուիր: Ընդհակառակը, հաւատա՛ եւ յարմար ժամանակին սպասէ՛:

Աբրահամը՝ հայրերուն հայրը, զաւակ մը խնդրեց, Աստուած պատասխանեց անոր աղօթքին, սակայն այդ արդար ժառանգը քսանհինգ տարի յետոյ տուաւ անոր եւ այդ տարիներու ընթացքին սորվեցուց անոր մարդկային հնարքներու չապաւինիլ, որովետեւ փուճ են անոնք: Եղիան եւս աղօթեց անձրեւ իջնելու համար՝ Տիրոջ կամքին համաձայն, եւ Աստուած անոր պատասխանեց եօթներորդ աղօթքէն ետք միայն, որպէսզի իրեն [աղօթքի մէջ] յարատեւութիւն սորվեցնէ:

Ըստ իս, կրնաս ամէն բան ուզել եւ վստահ ըլլաս, որ Աստուծոյ ձեռքին մէջ է, իսկ Աստուած Իր պարգեւը ճիշդ ժամանակին կու տայ:

3. Կրնայ ըլլալ կ՚աղօթես, հակառակ որ Աստուծոյ եւ քու միջեւ հակառակութիւն ըլլայ, որ հաշտութեան կարիք ունի։

Ատիկա որոշ մեղքերու պատճառով, եւ Աստուած կը սպասէ, որ զղջաս ատոնց համար, եւ ապա կու տայ քեզի, ինչ որ կ՚ուզես, առնուազն այն առիթով՝ որ կ՚ուզես:

Սուրբ Գիրքը մեզի բազմաթիւ օրինակներ կու տայ խնդրանքներու՝ որոնց Աստուած չէ պատասխանած բացի զղջալէ ու հաշտուելէ ետք…

4. Կրնայ ըլլալ որ Աստուած կ՚ուզէ, որ աղօթքիդ ընկերակից դարձնես պահեցողութիւն կամ ուխտ։

Ինչպէս ըրաւ օրինակ Աննան՝ Սամուէլին մայրը, երբ պահեցողութեան մէջ էր եւ Տիրոջ աղօթեց, լացաւ, եւ ուխտ ըրաւ… (Ա. Թգ 1.10-11):

Պայմանով որ ուխտը ըլլայ ըստ քու կարողութեան եւ կարենաս կատարել զայն:

5. Ինչ ալ ըլլայ պարագան չկասկածիս Աստուծոյ սէրէն։

Եւ մի՛ կասկածիր Անոր պատասխանին. հաւատքը ան-հըրաժեշտ է աղօթքին պատասխան ստանալու համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021