ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԲԱԲԱԽԸ
Երեւանի մէջ երէկ հրաժեշտ տրուեցաւ Մատենադարանի տնօրէն, նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծ, միջնադարագէտ Հրաչեայ Թամրազեանի։ 63 տարեկան հասակին կեանքէն անժամանակ հեռացած Հրաչեայ Թամրազեանին համար սգահանդէս մը կատարուեցաւ իր ղեկավարած նուիրական հաստատութեան՝ Մատենադարանի երդիքին տակ։ Հրաժեշտի այս յուզումնախառն արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան (որ կը գըլ-խաւորէր թաղման կառավարական յանձնաժողովին), պետական աւագանիէն այլ դէմքեր, բազում մտաւորականներ, հանգուցեալի գործակիցներ եւ հոծ թիւով մտքի, արուեստի մշակներ։
Մատենադարանի մուտքասրահի կեդրոնը՝ Հրաչեայ Թամրազեանի դագաղը զետեղուած էր մահաբեմի վրայ։ Հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեանի։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ միւս բոլոր սգակիրները խոր երկիւղածութեամբ իրենց խոնարհումը բերին Հրաչեայ Թամրազեանի բարոյական ներկայութեան եւ ազնիւ ու անթառամ յիշատակին առջեւ։ Աւելի վերջ դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ Մատենադարանէն եւ Թամրազեանի անշունչ մարմինը յանձնուեցաւ հայրենի նուիրական հողին։
«Ինչո՞ւ մարդ ակնթարթ եւ ոչ մարդ յաւերժութիւն՝ կը հարցնէ բանաստեղծ Հրաչեայ Թամրազեան ու կը պատասխանէ՝ որովհետեւ ակնթարթն է յաւերժութեան բաբախը։ Այս յաւերժութեան ճամբով ալ գնաց գիտնական, բանաստեղծ, թարգմանիչ, Մատենադարանի տնօրէն, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ Հրաչեայ Թամրազեան», հաղորդեց երէկ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը, շեշտելով՝ որ 63-ամեայ Թամրազեան մահացած էր ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։ Իր գործակից ընկերներէն բանաստեղծ Յակոբ Մովսէս, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի նախկին մշակոյթի նախարարներէն մին է, Թամրազեանի մահուան կապակցութեամբ ըսաւ. «Ես զինք կը համարեմ այն բանաստեղծներէն, որոնք հայերէնի օրկանիզմին մասն են, ըսենք՝ սիրտը… Այնքա՛ն ինքը միահիւսուած էր իր լեզուին։ Հրաչեայ Թամրազեան ունէր հայերէնի բացառիկ զգացողութիւն եւ միաժամանակ հայերէնի վարպետ էր, հայերէնի կրող, կոփողներէն մին էր, հայերէնի դարբիններէն մին էր։ Իր ոլորտներուն մէջ, օրինակ՝ Նարեկացիագիտութեան մէջ ստեղծած հիմնաքարային բաներ։ Առանց Հրաչեայ Թամրազեանի ուսումնասիրութիւններուն այլեւս Նարեկացիագիտութեամբ զբաղիլը ոեւէ մէկուն համար թերի կ՚ըլլայ»։
Հրաչեայ Թամրազեանի յուղարկաւորման տխուր մթնոլորտին մէջ ներկաները վերյիշեցին նաեւ իր հետեւեալ խօսքերը. «Կեանքի առեղծուածը դեռ չենք բացայայտած, սակայն ինծի այնպէս կը թուի՝ ամէն ինչ մարդու մէջ է թէ՛ կեանքի առեղծուածը եւ թէ կեանքի իմաստը»։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024