ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ՝ ԳԵՂԵՑԻԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

«Տը Թե­լեկ­րաֆ» թեր­թը հրա­պա­րա­կեց աշ­խար­հի ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ցան­կը։ Քսա­նե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շար­քին մէջ է նաեւ Ի­րա­նի մէջ գտնուող Սպա­հա­նի Ս. Բեթ­ղե­հէմ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին։

Ըստ օ­րա­թեր­թին, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին զար­դա­րուած է եօ­թա­նա­սու­ներ­կու հիա­նա­լի նկար­նե­րով, ո­րոնց մէջ է Վեր­ջին ընթ­րի­քի եւ Դրախ­տէն վտար­ման տե­սա­րան­նե­րը։ Գե­ղեց­կու­թեամբ աչ­քի կը զար­նէ նաեւ յատ­կա­պէս գմբէ­թը։

«Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հա­յե­րը պար­տա­ւոր են են­թար­կուե­լու իս­լա­մա­կան հա­գուս­տի օ­րէն­քին, ա­նոնք կը պահ­պա­նեն ի­րենց մշա­կոյ­թը, ինք­նու­թիւ­նը, լե­զուն եւ տասն­վեց ե­կե­ղե­ցի­նե­րը», գրած է բրի­տա­նա­կան օ­րա­թեր­թը։

Ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ցան­կին մէջ ընդգր­կուած է նաեւ Ի­րա­նի հայ­կա­կան Ս. Ստե­փա­նոս վան­քը։ Ըստ «Տը Թե­լեկ­րաֆ»ի, կա­նաչ հար­թա­վայ­րի մէջ մե­կու­սա­ցած հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին կը հեր­քէ այն պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, թէ Ի­րան միայն ա­նա­պատ­նե­րու ու մզկիթ­նե­րու եր­կիր է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2015