ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱՐՄԱՇ ԵՊՍԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ, ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՍՈՒՐԻԱ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱԴՐԱԾ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅԻՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՎ»
Երբ սաստկացած է Սուրիոյ ներքին պատերազմը, տեղւոյն հայութեան դիմագրաւած ողբերգութիւններն ալ կը սաստկանան հետզհետէ։ Այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի կողմէ վերջին օրերուն երկու օդանաւերով մարդասիրական օժանդակութիւն առաքուեցաւ դէպի Սուրիա։ Դամասկոսի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան առկայ ծանր մթնոլորտին մէջ յայտարարեց, որ երանի այդ օդանաւերը Երեւան վերադառնային՝ լեցուած սուրիահայերով։ «Լաւ պիտի ըլլար եթէ օդանաւերը դատարկ չվերադառնային», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը «Արեւելք» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ։
«Լաւ պիտի ըլլար, եթէ մարդասիրական օգնութիւններ Լաթաքիա բերող օդանաւերը Հայաստան դատարկ չվերադառնային», յայտնեց Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան: Սրբազանը շարունակեց «Ողջունելի է այս քայլը, բայց տեղի ունեցաւ առանց համակարգումի, այս մասին մեզմէ ոչ ոք տեղեակ էր ու շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ այս մէկը հնարաւորութիւն տար այն սուրիահայերուն, որոնք կը փափաքին Հայաստան երթալ»:
«Մենք իբր պատասխանատուներ՝ միշտ կը գնահատենք Սուրիոյ դերը եւ անոր նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ, սփիւռքի մէջ, շնորհակալ ենք անկէ, սակայն պայմանները այնպէս բերին, որ պատերազմ կայ, տեսական դրութիւն մը չէ: Իբրեւ ղեկավարներ մեզի միշտ կ՚ըսեն, որ ջատագովն ենք Սուրիոյ եւ անոր խաղաղութեան, բայց այդ երբեք չ՚ենթադրէր, թէ մենք մեր յայտարարութիւններով մեր ժողովուրդին մնալ կամ հեռանալ կը ստիպենք», նշեց Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան:
Սրբազան Հայրը ակնարկելով վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած եւ Սուրիա մնալ-չմնալու մասին եղած միտքերուն ըսաւ. «Մարդիկ Սուրիա կը մնան, ըստ իրենց ընտանեկան որոշումներուն: Մեր պարտականութիւնն է, մեկնիլ ուզողները յորդորել, որպէսզի հայրենիք հաստատուին: Հայաստանի մէջ վկայութիւններ կան, թէ քանի մը հալէպահայեր կամ սուրիահայեր յաջողութիւն գտած են եւ իրենց աշխատանքն ու նիւթական կարիքները ապահոված են, ինչ որ քաջալերական պէտք է հանդիսանայ անոնց: Սակայն ան, որ պիտի մնայ, մեր պարտականութիւնն է օգտակար դառնալ եւ սատար կանգնիլ անոր»:
«Քաղաքական վերլուծաբան ըլլալու կարիքը չկայ, որպէսզի ըսենք, թէ պատերազմը երկար է: Այս բոլորին մէջ հիմնական օգնութիւնը, որ պէտք է ըլլայ, ապահովականն է, որովհետեւ պաշտպանութեան խնդիր կայ, որովհետեւ մենք գաղութի ղեկավարներ չունինք: Ասկէ առաջ մի քանի դէպքեր եղած են, Քեսապի կամ նոյնիսկ Հալէպի հարցերուն սկզբնական շրջանին, երբ կապի մէջ եղած ենք պատասխանատու ատեաններու հետ, թէ՛ պաշտպանութեան, թէ՛ ներքին գործոց նախարարութիւններուն հետ, որպէսզի յատուկ ձեւով իրենք իրենց պարտականութիւնը կատարեն հայաշատ թաղամասերուն մէջ: Անոնք իրենց նկատառումները, կարողութիւններն ու քաղաքականութիւնը ունին», դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը:
Սուրիոյ մէջ եղող ղեկավար կազմին կարողութիւններուն մասին խօսելով, Նորին Սրբազնութիւնը նշեց. «Հիմնականը, որ մեր ժողովուրդը կը քաջալերենք դիմանալու կամ մնալու, այդ կու գայ միայն նուիրատուութիւններու հաւաքուած կարողութիւններէն: Ինչպէս որ դպրոցներուն օժանդակութիւն կը կատարենք, ընտանիքներուն տան վարձքի, նիւթական, սննդական կամ առոջապահական հարցերով սատար կը կանգնինք: Բայց այս ալ կու գայ մէկ ուրիշ դժբախտ վիճակէ, որովհետեւ այլ ընտրանք չունինք, իրենց հրամցնելու: Եթէ Հայաստան մնալու պարագաներ ըլլան, կարելի է բան մը ընել: Մենք Սուրիոյ մէջ նստած, դուրսէն կը լսենք, որ գաղութը պէտք է պահ-ւի, պէտք է մնայ: Թէ ի՞նչ գինով, մենք ենք անոր վկաները»:
«Անոնք, որոնք կ՚ուզեն Հալէպէն դուրս գալ եւ նոյնիսկ տոմսերու գումարը չունին, մենք կ՚օգնենք մեր անձնական ուժերով եւ բարերարներ գտնելով: Այնտեղ ալ խնդիրներու կը հանդիպինք: Անձնապէս ականատես եղած եմ, թէ ինչպէս երկու ընտանիքներու դէպի Հայաստան ճանապարհածախսը ապահովելէ ետք չմեկնեցան, որովհետեւ հոն իրենց դիմաւորող ու իրենցմով հետաքրքրուողներ չունէին։ Իսկ Գանատայի եւ Աւստրալիոյ պարագային, այդ հնարաւորութիւնը ունին, որովհետեւ կը դիմաւորուին պետական աջակցութեամբ», մատնանշեց Սրբազան Հայրը:
Ճգնաժամային այս օրերուն, իբր Սուրիոյ համայնքի հովիւ, գաղութի տարհանման մասին իր կարծիքը յայտնելով՝ ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ տարհանումներ եղած են: Տարհանում անպայման չի նշանակեր համայնքի անդամները Սուրիայէն դուրս բերել: Կրնանք այդ նկատի ունենալ Հալէպի մէկ թաղամասէն միւսը տանիլ, կամ բոլորովին այլ շրջաններ փոխադրել, ինչպէս եղաւ Քեսապի կամ Հոմսի մէջ: Բայց Սուրիայէն դուրս, ո՛չ, թէկուզ ապահովական նկատառումներով, այդ քայլին չենք դիմեր, նոյնիսկ միջոցները չունինք իբրեւ գաղութ: Ի վերջոյ, միայն տարհանելը չէ, այլ առօրեայի պաշտպանութեան հարցն ալ կայ: Մեր կարելիութիւնը կը հանդիսանայ նիւթապէս սատար կանգնիլ այդ մարդոց, որոնք ճարահատ կ՚ուզեն հոս մնալ: Անցեալ ամրան սկիզբը, երբ գրեթէ ամիս մը զինադադար յայտարարուեցաւ, քաջալերական եւ յուսադրիչ վիճակ մը ստեղծուեցաւ բոլորին մօտ: Կեանքը իր բնականոն ընթացքին կը դառնար, մոռցած էինք պատերազմական վիճակը, սակայն երբ զինադադարը ձախողեցաւ, աւելի դժուար պարագայ ստեղծը-ւեցաւ, մանաւանդ Հալէպի մէջ, ուր մեր գաղութին մեծամասնութիւնը կը գտնուի: Մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի քան հազար ռումբեր ինկան: Ըստ երեւոյթին, մարդկանց այս արիւնարբու ախորժակը դեռ չէր վերացած: Այդ իսկ պատճառով կարելի է ենթադրել, թէ այսպիսի դժբախտ պարագաներ պիտի ունենանք: Քանի մը օր առաջ պատահածը՝ ամենամեծ ապացոյցն էր թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ մանաւանդ Հալէպի մէջ»:
Տեղին է նշել, որ դամասկոսահայութիւնը քիչ մը աւելի ապահով պայմաններու մէջ է, համեմատած հալէպահայութեան հետ: Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ վտանգը միշտ կայ, բայց շուտով կը կասեցուի: «Հիմա գրասենեակս նստած, օդանաւի ձայներ կը լսեմ, ինչ որ սովորական է: Հետաքրքրական է, սակայն, որ մասամբ ապահով թաղամասերու մէջ կեանքը այնքան բնականոն կ՚ընթանայ, որ նոյնիսկ մինչեւ ուշ գիշեր սրճարաններ կը գործեն, իսկ 1 քմ. անդին տուներ կը քանդուին», աւելցուց Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան:
Սրբազան Հայրը պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին կապուած այս տագնապին առընթեր յառաջիկայ քայլերուն մասին՝ ըսաւ. «Քաղաքական գործիչներուն, թեմերուն, քաղաքական եւ մշակութային մեր բոլոր ղեկավարներուն ու մարմիններուն միասնականութեամբ ամպիոն մը պէտք է ստեղծուի, համահայկական եւ ազգային քաղաքականութիւն մը մշակուի: Ի վերջոյ, երբեմն եւ յաճախ դժուար է մեզի համար, Սուրիոյ մէջ նստած, տեսնել, որ մարմիններու կամ անհատներու միջոցաւ օժանդակութիւններ կը հասնին եւ բոլորը՝ ընտանիք առ ընտանիք կը հեռանան Սուրիայէն եւ յետոյ մենք կը մեղադրուինք, թէ Սուրիան պէտք է պահուի: Այս մարմինը կամ ամպիոնը, որ պէտք է ստեղծուի, ապահովական լուծում տալու համար է: Կրնայ այդ լուծումը ըլլալ Սուրիոյ մէջ, մօտակայ շրջանի մը կամ հայրենիքի մէջ: Ի վերջոյ անհատական որոշում է: Մարդիկ կան, որոնք իսկապէս չեն ուզեր հեռանալ, որովհետեւ իրենց կայացած կեանքը այստեղ է, իրենց որոշումը պէտք է յարգենք»:
«Ինծի համար մտահոգիչ է, երբ կը լսեմ, թէ՝ այսօրուան վիճակներուն հիմնական պատասխանատուն աւագանի խաւն է: Գանատայի մէջ կան կազմակերպութիւններ, որոնք ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի մարդիկ ելլեն այս երկրէն: Վստահ եմ, անոնք սուրիահայ գաղութը դատարկելու մտադրութիւնը չունին։ Բայց մենք կը պահե՞նք զիրենք կը ստիպե՞նք, որ դանակին տակ մնա՞ն: Երբ խօսինք մեր ստեղծած հարստութեան եւ սրբութիւններուն մասին, որ Սուրիոյ մէջ է, այնպէս կը ստացուի, որ մենք ենք զիրենք պահողները: Մենք կը յարգենք բոլորին որոշումը եւ ըստայնմ կ՚օժանդակենք կամ մեր օրհնութիւնը կու տանք, եթէ ուրիշ երկիրներ պիտի երթան, իրենց տնտեսական վիճակը բարելաւելու կամ ապահովական պայմաններով ապրելու համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը:
«Նկատի պէտք է ունենանք, որ ծովափնեայ քաղաքներուն՝ Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ կենցաղային պայմանները շատ աւելի լաւ են: Սուրիոյ մէջ քաղաքէ մը ուրիշը փոխադրուելու եւ հաստատուելու տրամադրութիւնը շատ խամրած է մարդոց մօտ: Իսկ այն որ կ՚երթայ, միշտ սպասողական ճամպրուկային տրամադրութեամբ կ՚երթայ, մինչեւ լուծում մը կամ ձեւ մը գտնէ շարունակելու դէպի ուրիշ ափեր: Հանդիպած եմ անհատական պարագաներու, որոնք Թարթուս հաստատուած ու գործ հիմնած՝ կը սպասեն Աւստրալիա երթալու համար իրենց թուղթերու վաւերացման», շարունակեց Սրբազան Հայրը:
Անդրադառնալով Դամասկոսի իրավիճակին՝ ան ըսաւ. «Դամասկոսը՝ այսպէս կոչուած կարմիր գիծ է թէ՛ միջազգային եւ թէ տեղական, բայց հինգ տարուան այս պատերազմը կամ ճգնաժամը, այնքան կարմիր գիծեր փոխեց, որ թէ՛ հանգիստ ենք եւ թէ մտահոգ ու պատրաստ։ Աստուած մեզ փորձանքներէ հեռու պահէ: Մենք իբրեւ ղեկավարներ Սուրիոյ գաղութի՝ ըլլայ ես, միութենական կամ կուսակցական պատասխանատուները՝ կը փորձենք անհատական դիտանկիւնէ չնայիլ հարցերուն, որովհետեւ ընտանիք հասկացողութիւնը, իր անհատական եւ ապահովական միջոցները կը քննէ եւ կը կշռէ վերջնական որոշումի մը հասնելու համար: Ընդհանուրին նայելով, կը փորձենք մշակութային կեանք մը ստեղծել, որպէսզի մարդիկ առընչուին այդ կեանքին: Մեր ամենամեծ դժուարութիւնը, մեր դպրոցներուն պաշտպանութիւնն ու պահպանութիւնն է: Այսօր ծախսերը կրկնապատկուած ու տասնապատկուած են: Մարդիկ կան, որոնք անկարող են կրթաթոշակները վճարելու: Բայց Դամասկոսի մէջ դպրոցը կը շարունակուի բնականոն ձեւով»:
Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդը «Արեւելք»ին հետ իր զրոյցը եզրափակեց՝ ըսելով. «Կարելի չէ «սահմանել կեանքը ընդեղէնի ու ջուրի կերպընկալ տակառներուն մէջ», շատ ճիշդ է: Բայց մենք ի՛նչ կրնանք ընել, եթէ ոչ այս ընդեղէնի եւ ջուրի մատակարարումը ապահովել, ուրիշ բաներու չենք կրնար հասնիր: Հոգեկան եւ բարոյականն ալ՝ եկեղեցւոյ եւ աղօթքներու միջոցաւ մխիթարութիւն կը գտնենք: Իսկ Սուրիոյ հանդէպ մեր ունեցած սէրը տածելու պահը չէ հիմա: Մարդիկ կան, որոնք երեսուն-քառասուն տարիներ առաջ այս կամ այն պատճառով գաղթած են, սակայն անոնց սէրը Սուրիոյ հանդէպ չէ պակսած, ո՛չ ալ կը պակսի: Մենք իսկապէս երախտապարտ ենք Սուրիոյ: Անցեալ տարի՝ 100-ամեակին, բազմիցս յայտարարեցինք այդ մէկը, այս տարի ալ ձեռնարկ մը վերնագրած էինք «Երախտապարտ ենք Սուրիա» խորագրով: Հալէպէն դուրս գաղութ ստեղծելու պարագան հետեւեալն է, եթէ այնտեղ հաւաքուած են մարդիկ, կարելի է կազմակերպել: Թէ ո՞ւր կը հասնի, եկեղեցի կը գտնե՞ն, սրահ կ՚առնուի՞, դպրոց կը բացուի՞, ցարդ յստակ չէ: Այդ մէկը ժամանակը ցոյց պիտի տայ, որովհետեւ թիւերը տակաւին կայուն չեն եւ չենք կրնար այդպիսի գումարներ տրամադրել ներկայ պահուն»: