ԱՆԺՊԻՏ ԺՊԻՏՆԵՐ

Վիրաւոր քաղաքի բնակիչները ստիպուած կը լքեն իրենց սիրելի բնակավայրը:

Երբեմնի ծաղկուն քաղաքը աստիճանաբար կը վերածուի մոխրակոյտի: Կրկին խոնաւացան հայու աչքերը: Այդ տխուր աչքերը կը սուզուին արցունքի ծովու մէջ:

Փողոցով քալած ատեն կը հանդիպիմ անթիւ ու անհամար անժպիտ ժպիտներու: Թէպէտ իւրաքանչիւրս կ՚ապաւինինք Աստուծոյ ու մեր քաջ զինուորներու բազուկի ուժին, սակայն ամէն մէկ ռմբակոծութեան, խորտակած կեանքի ու ճակատագրի հետ սիրտդ ցաւէն կը մխկտայ: Անզօր ես ինքզինքիդ տիրապետելու: Արցախն ու մեր առիւծ քաջորդիները յանձնած ենք Աստուծոյ. Թող որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ:

Երբ պատերազմի բօթը առի, ինքզինքս կորսնցուցի: Այնուհետեւ շատ արագ, Աստուծոյ կամօք ուշքի եկայ, սկսայ տիրապետել իրավիճակին: Բաց աստի, առաջին իսկ օրէն գտած եմ ներքին հանգստութիւն մը: Ներաշխարհս հանգիստ է, սակայն ժամանակ առ ժամանակ յոռետես միտքեր կ՚այցելեն ինծի: Երկրորդ օրը խելագարութեան աստիճանի կը տարուէի անոնց ազդեցութեան: Երրորդ օրը քիչ մը հանդարտեցայ, իսկ այսօր աւելի լաւ եմ ու վստահ, որ յաղթելու ենք:

Արցախեան ազատամարտի տարիներուն իր տունը չլքած մայրս, այս անգամ ստիպուած էր լքելու, այն ալ եղբօրս յորդորներու շնորհիւ. «Մամ, գացէք, որպէսզի ես այստեղ հանգիստ ըլլամ»: Այս խօսքերը ստիպեցին յամառ արցախցին մէկ ժամուայ մէջ անմիջապէս հաւաքել ճամպրուկը, հաւերէն հինգը մորթել, թեպրահան ընել ու շտապել Երեւան:

Կարեւորը երեխաներն են՝ մանուկները, անոնք պէտք է հեռու պահել այս արհաւիրքէն: Պէտք չէ, որ անոնց աչքերը տեսնեն իրենց սիրելի քաղաքի կործանումը, իսկ ականջներուն թմբկաթաղանթները պայթին հուժկու ռմբակոծութեան ու հրթիռակոծութեան ձայներէն: Այո՛, հենց երեխաներն են, որ ստիպած են բազմաթիւներու ժամանակաւորապէս լքել Արցախը:

Շաբաթ երեկոյեան մեր կտուրի տակ սիրով հիւրընկալած ենք տասնմէկ հոգի՝ մայրս, եղբօրս կինը, որ վերջերս դարձած է սակաւախօս ու մտամոլոր, անոր քոյրը: Եկան նաեւ մեր դրացիները՝ տիկին Օհանեանն ու երկու դուստրերը՝ Մարիամն ու Նաթան: Քանի օր է Մարիամի աչքերը չեն չորնար: Երիտասարդ աղջիկը շատ վախցած է: Անդադար կը գտնուի յոյզերու ազդեցութեան տակ եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ձերբազատուիլ անոնցմէ: Իսկ երէկ առաւել քան յուզուած էր՝ մարտի դաշտի մէջ հերոսաբար ինկաւ իր մտերիմ դասընկերը:

Վտանգի պահին տիկին Օհանեանը խաւարի մէջ չմոռցաւ իր քոյրերու անչափահասները՝ բոլորն ալ ժողվեց ու եկաւ: Չորսամեայ երկուորեակներ Արամն ու Անոյշը անմիջապէս դարձան Զաւէնիկի լաւագոյն ընկերները: Ամբողջ օրը ուրախ-զուարթ կը պտտին, կը խաղան ու կը ցատկռտեն: Անոնց ժպիտներն ու խնդացող երեսներն է, որ կը ստիպեն մեզ պահ մը մոռնալ մեր ցաւերու մասին ու փոխադարձ ժպիտ մը պարգեւել փոքրերուն:

Տասնչորս հոգի 68 քառակուսի մեթրի մէջ: Յիրաւի մեր տեղը նեղ է, սակայն սիրտերնիս լայն: Քիչ մը անհամբեր ենք: Կ՚ուզենք ժամ առաջ առնել պատերազմի աւարտի լուրը: Զոհեր չենք ուզեր, ո՛չ մեր կողմէն, ո՛չ հակառակորդէն: Մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է, որու կենացը կը խմենք տարիներ շարունակ: Իրարու զօրավիգ ըլլալով կը փորձենք անցընել հերթական օրը: Մեր մտքի մէջ անդադար կ՚աղօթենք Աստուծոյ, որ խաղաղութիւնը չուշանայ, որ Իր կամքը ըլլայ: Իսկ օրուայ աւարտին, կէսգիշերին մեր տան յատակներուն կը փռենք անկողինները ու կը քնանանք: Հետաքրքիրն այն է, որ քանի օր է, Զաւէնիկը լքած է իր սենեակն ու անկողինը: Փոքրիկս կը գերադասէ ննջել իր մեծ մօր կամ հիւրերէն մէկու մը ծոցին մէջ:

Զոհուիլ չկայ տղերք,
Յանկարծ չպակսիք...

Այս տողերը մեր մտքերուն մէջ մրմնջալով կը գոցենք մեր աչքերը՝ խաղաղ գիշերուայ ու առաւօտուայ սպասումով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020