Մտո­րում­ներ՝ ԳՈ­ՀԱՐ Ե­րաժշ­տա­խում­բի Հա­մեր­գա­շա­րի Ա­ւար­տին

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջը ա­պա­հո­վա­բար յի­շար­ժան պի­տի մնայ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան կեան­քին մէջ՝ շնոր­հիւ Կիւմ­րիի ԳՈ­ՀԱՐ ե­րաժշ­տա­խում­բին պար­գե­ւած ե­րաժշ­տա­կան մեծ ու ո­րա­կեալ մա­տու­ցու­մին:

Իսկ հի­մա, երբ ե­րաժշ­տա­կան ո­րա­կա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու յար­գու­մով, կազ­մա­կեր­պա­կան նշա­նա­կա­լից ու օ­րի­նա­կե­լի մտայ­ղաց­մամբ ու ի­րա­գոր­ծու­մով, մա­տուց­ման ձե­ւի բծախն­դիր ու նո­րա­րար ար­տա­յայ­տու­թեամբ զար­դա­րուն հա­մեր­գա­շա­րը հա­սաւ իր ա­ւար­տին ու հայ­րե­նի եր­գիչ­ներն ու նուա­գա­ծու­նե­րը ի­րենց կար­գին ի­րենք ալ ան­մո­ռա­նա­լի յու­շե­րով  ու նոր ո­գե­ւո­րու­թեամբ վե­րա­դար­ձան հայ­րե­նիք՝ քա­նի մը մտո­րում­ներ կ՚ար­ժէ ա­ռանձ­նաց­նել:

Ա. ԳՈ­ՀԱՐ-ի լի­բա­նա­նեան յաղ­թար­շա­ւը ե­կաւ ժխտե­լու վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած ա­նար­մատ այն տե­սա­կէ­տը, որ նոր սե­րուն­դը տա­րուած է մեր տու­նե­րը ա­նար­գել կեր­պով ներ­խու­ժած օ­տա­րա­մուտ ազ­դե­ցու­թեամբ, ան­դէմ ու անս­նունդ ժա­ման­ցա­յին եր­գե­րով միայն: Ա­մէն ժա­մա­նա­կաշր­ջան իր հան­րա­մատ­չե­լի եր­գե­րը ու­նի ան­կաս­կած, ո­րոնց­մով մար­դիկ կ՚ապ­րին ու կ՚ո­գե­ւո­րուին, սա­կայն այդ եր­գե­րէն շա­տե­րը շու­տով կը կորսնց­նեն ի­րենց ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնն ու հմայ­քը եւ կը դա­տա­պար­տուին մո­ռա­ցու­թեան: Կը մնան միայն վա­ւե­րա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող­նե­րը, ո­րոնց նման­նե­րով ալ կազմուած էր չորս օ­րե­րու հա­մեր­գա­յին եր­գա­ցան­կը: ԳՈ­ՀԱՐ-ի հա­մերգ­նե­րուն ծո­վա­ծա­ւալ ներ­կա­յու­թիւնն ու հայ­րե­նի հե­ռա­տե­սի­լին առ­ջեւ գա­մուած հոծ բազ­մու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս շեշ­տա­կի կեր­պով հաս­տա­տեց, որ հայ եր­գը իր դիր­քե­րը չի՛ զի­ջիր ժա­մա­նա­կի ա­լա­թուր­քա թէ ա­լաֆ­րան­կա  ա­պազ­գա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն  ու, ա­ռա­ւել եւս, հայ ե­րի­տա­սար­դը չի՛ լքեր հայ եր­գը եւ դէ­պի ա­նոր ո­գե­ղէն, հա­րուստ, խո­րա­խոր­հուրդ ու ան­սահ­ման տա­րա­ծու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­լու պա­րա­գա­յին, կրնայ նո­րո­գել իր ինք­նու­թիւնն ու հպար­տա­նալ ա­նով:

Բ. Ակ­նե­րեւ ե­ղաւ ԳՈ­ՀԱՐ-ի՝ բո­լոր ճա­շակ­նե­րը գո­հաց­նող եւ հայ եր­գի գրե­թէ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րը ընդգր­կող լայն եր­գա­ցան­կը, եւ ինչ որ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ու ար­ժէ­քա­ւոր է, հայ հնա­դա­րեան թէ ժա­մա­նա­կա­կից եր­գե­րը մա­տու­ցուե­ցան ար­հես­տա­վարժ մար­դոց կող­մէ մշա­կուած ու նուա­գագ­րուած նոր տա­րա­զով մը, ինչ որ ԳՈ­ՀԱՐ-ի ե­րաժշ­տա­կան ձե­ռա­գի­րը կը դարձ­նէ ա­ռա­ւել իւ­րա­յա­տուկ ու բազ­մա­բո­վան­դակ: Հայ դա­սա­կան եր­գե­րէն մին­չեւ ժո­ղովր­դա­կան, գու­սա­նա-ա­շու­ղա­կան, հայ­րե­նա­սի­րա­կան թէ էսթ­րա­տա­յին ժա­մա­նա­կա­կից եր­գե­րու մա­տու­ցու­մը կը կրէր բարձր ճա­շա­կի ու հմտու­թեան դրոշմ մը:

Գ. Գէթ ան­գա­մուան մը հա­մար հայ եր­գին տրուե­ցաւ լսա­տե­սո­ղա­կան ար­դի հնարք­նե­րով յա­գե­ցած բազ­մաշ­ռայլ մա­տուց­ման մը ար­դար ի­րա­ւուն­քը: Ար­հես­տա­գի­տու­թեան բա­րիք­նե­րով ո­ղո­ղուն մե­ծա­թիւ հա­մեր­գա­յին շոուներ շատ կան  տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ: Ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը շատ յա­ճախ կրնայ ան­ճա­շակ ու ցած ո­րա­կի եր­գե­րուն տալ ո­րա­կա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րով օժ­տուած ըլ­լա­լու խաբ­կան­քը: Իսկ հայ եր­գը ինք­նին այն­քան գե­ղե­ցիկ է, որ ունկն­դի­րը իր­մով ա­ռինք­նե­լու հա­մար  թէեւ կա­րիք չու­նի յա­ւե­լեալ պեր­ճան­քի, սա­կայն ո՞րն է լու­սա­ռատ ու գու­նեղ նոր պա­րու­նա­կի մը մէջ չներ­կա­յա­ցուե­լու իր մեղ­քը… այս պա­րա­գա­յին բարձր ճա­շա­կով ու բծախն­դիր մօ­տե­ցու­մով մշա­կ-ւած եւ ի­րա­գոր­ծուած այս հա­մեր­գա­շա­րին բե­մա­կան ար­դի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը նոյն­պէս ան­նա­խըն­թաց է ու բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տե­լի:

Դ. Եւ ի վեր­ջոյ չմոռ­նանք, որ ԳՈ­ՀԱՐ կու գայ Կիւմ­րիէն: Կիւմ­րին, որ մեր ար­դի պատ­մու­թեան ոչ հե­ռա­ւոր ան­ցեա­լին ա­ղէ­տա­լի կա­ցու­թեան մէջ էր, ա­հա­ւա­սիկ ԳՈ­ՀԱՐ-ի ճամ­բով աշ­խար­հէ աշ­խարհ կը ներ­կա­յա­նայ լա­ւա­տե­սա­կան պայ­ծառ ներշն­չա­կա­նու­թեամբ: Ար­դա­րեւ, ան­գամ մը եւս ար­դիւ­նա­ւո­րուե­ցաւ ԳՈ­ՀԱՐ-ի հիմ­նա­դիր­նե­րուն ու հո­վա­նա­ւոր­նե­րուն ճի՛շդ ժա­մա­նա­կին, ճի՛շդ վայ­րին մէջ կա­տա­րած նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: Շու­շիին  նման՝ Կիւմ­րին ալ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն  դեռ նոր վե­րագ­տաւ ներ­կա­յա­նա­լի իր բա­րե­տե­սու­թիւ­նը: Են­թադ­րե­լի է, որ ԳՈ­ՀԱՐ-ի ան­դամ­նե­րէն շա­տե­րը կա՛մ տե­սած ու ապ­րած են երկ­րա­շար­ժի ա­ղէ­տին ար­հա­ւիր­քը եւ կա՛մ ալ ի­րենց ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը ապ­րած են կի­սա­քանդ քա­ղա­քի ա­ւե­րակ­նե­րուն շուրջ…  Իսկ ա­նոնք Լի­բա­նան ե­կան ու մե­զի ներշն­չե­ցին լա­ւա­տե­սու­թիւն, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, տո­կու­նու­թիւն, ազ­գա­յին վա­ւե­րա­կան ար­ժէք­նե­րու կառ­չա­ծու­թիւն…  Ար­դէն ակ­նե­րեւ փաստ ու ձեռք­բե­րում է այն, որ ա­ւե­լի քան հա­րիւր վաթ­սուն ե­րա­ժիշտ­ներ ի­րենց սի­րե­լի հայ­րե­նի քա­ղա­քին մէջ կ՚ապ­րին ու կ՚ա­րա­րեն ի­րենց սի­րե­լի մաս­նա­գի­տու­թեամբ՝ ե­րաժշ­տու­թեամբ: Ար­դէն ակ­նե­րեւ նշա­նա­կա­լից ե­րե­ւոյթ է, որ Կիւմ­րիի նոյ­նա­նուն ԳՈ­ՀԱՐ ե­րաժշ­տա­նո­ցի ե­րի­տա­սարդ սա­նե­րը կու գան հա­մալ­րե­լու ԳՈ­ՀԱՐ-ի շար­քե­րը…

ԶԱ­ՔԱՐ ՔԷ­ՇԻ­ՇԵԱՆ

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015