ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՄԵՐԳ

Հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը ու­նե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան կա­լուա­ծէ ներս իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան շրջագ­ծով։ Այս­պէս, ան ա­ռա­ջին ան­գամ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Պէյ­րու­թի մէջ՝ ներ­կա­յա­նա­լով լի­բա­նա­նա­հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն եւ յա­ջո­ղե­ցաւ գրա­ւել ա­նոնց սիր­տը։ Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թը այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ իր հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ Սի­պի­լի Պէյ­րու­թի այս  ա­ռա­ջին ե­լոյ­թը ո­րա­կած է ան­զու­գա­կան։

«Հա­մազ­գա­յին»ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սի­պի­լին հա­մեր­գը, Տըպ­պա­յէի «Է­միլ Լա­հուտ» սրա­հին մէջ։ «Հա­մազ­գա­յին»ի «Կար­կաչ» ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խումբն ու «Գա­յիա­նէ» պա­րի դպրո­ցի սա­ներն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին յայ­տագ­րին։

Լի­բա­նա­նա­հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ ան­համ­բե­րու­թեամբ սպա­սուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը։ Սրա­հը լե­ցուն էր ամ­բող­ջու­թեամբ եւ ստեղ­ծուած էր ջեր­մե­ռանդ մթնո­լորտ։ Սի­պիլ ընտ­րած էր ճոխ եր­գա­ցանկ մը եւ ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը տե­ւեց ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ։ Ան իր զու­լալ ձայ­նով դիւ­թեց ներ­կա­նե­րը եւ այս­պէ­սով ինք­նա­բե­րա­բար վե­րա­հաս­տա­տեց նաեւ պոլ­սա­հայ եւ լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ բաժնուած ար­ժէք­նե­րը։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Թա­մար Սնա­պեան-Սուր­ճեան, որ հաս­տա­տեց, թէ «Հա­մազ­գա­յի­ն»ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նար­կը իւ­րա­յա­տուկ է ա­նով, որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք մշա­կու­թա­յին գե­ղե­ցիկ օ­ղակ մը կը կազ­մէ Պոլ­սոյ հետ: «Եր­բեմ­նի Պո­լի­սը, որ ժա­ռան­գուած է մե­զի հա­րուստ մշա­կոյ­թով, ան­քակ­տե­լի մաս­նիկն է մեր հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան», ը­սաւ ան, ա­պա յայտ­նեց,  թէ Սի­պիլ իր իւ­րա­յա­տուկ ձայ­նի դիւ­թիչ թրթռա­ցում­նե­րուն հմա­յիչ դրոշ­մը պի­տի դնէ իւ­րա­քան­չիւ­րի սրտին մէջ: Թա­մար Սնա­պեան-Սուր­ճեան դի­տել տուաւ, որ Սի­պի­լի ընտ­րեալ եր­գե­րուն խօս­քե­րը կը պատ­կա­նին ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ մե­ծա­նուն հայ գրա­կան դէմ­քե­րու, ո­րոնց կող­քին կան նաեւ ժա­մա­նա­կա­կից հե­ղի­նակ­ներ, իսկ ե­րաժշ­տա­կան մշա­կում­նե­րուն եւ յօ­րի­նում­նե­րուն մէջ ալ մեծ դեր ու­նին ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րը: Խօս­քի ա­ւար­տին ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց «Գա­յիա­նէ» պա­րի դպրո­ցի ղե­կա­վար­ներ Կա­րէն եւ Ժագ­լին Մա­կի­նեան­նե­րուն, «Կար­կաչ» ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բի ղե­կա­վար մա­էսթ­րօ Զա­քար Քէ­շի­շեա­նին, ինչ­պէս նաեւ ԳՈ­ՀԱՐ-ի ըն­տա­նի­քին, Տէր եւ Տի­կին Սէմ Պալ­ճեան­նե­րուն, Հայ­կա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան գրա­սե­նեա­կին եւ «Հա­մազ­գա­յի­ն»ի  «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան տնօ­րէ­նու­թեան, ո­րոնք ճիգ չեն խնա­յած ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար:

Սի­պիլ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ ը­սաւ. «Յու­զու­մով սպա­սած եմ ձե­զի հետ հան­դի­պե­լու այս պա­հուն: Մենք՝ հա­յերս, ինչ­քան ալ ցրուած ըլ­լանք աշ­խար­հով մէկ, մեր սրտե­րը մէկ են մեր մշա­կոյ­թով, մեր հիաս­քանչ մայ­րե­նի լե­զուով եւ մեր ա­րեան կա­պով»:

Եր­կու բա­ժի­նէ բաղ­կա­ցած յայ­տա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր հայ­րե­նա­սի­րա­կան, ժո­ղովրդա­կան եւ դա­սա­կան եր­գեր: Ու­շագ­րաւ էին «Կար­կաչ» երգ­չա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ «Ա­ւե­տեաց եր­կիր» եւ «Գա­յիա­նէ» պա­րա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ «Տես­նեմ Ա­նին» եր­գե­րը: Սի­պիլ յու­զումնա­խառն զգա­ցում­նե­րով մեկ­նա­բա­նեց «Կի­լի­կիա» եր­գը: Գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում մըն էր «Սէր» զու­գեր­գը՝ Յա­կոբ Մկրտի­չեա­նի հետ:

Յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին ցու­ցադ­րուե­ցաւ նաեւ Սի­պի­լի «Վա­նայ լճին» տե­սա­հոլո­վա­կը:

Ո­գե­ւո­րիչ ու գօ­տեպն­դող էին «Ազգ փա­ռա­պանծ» եւ «Մեր լե­զուն» եր­գե­րը:

Սի­պիլ իր եր­գա­ցան­կի վեր­ջին եր­գը՝ «Գե­տա­շէն», նուի­րեց Ար­ցա­խը պաշտ­պանող զի­նուոր­նե­րուն: Հիա­նա­լի էր եր­գին մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը պա­րա­խում­բին եւ «Կարկաչ» երգ­չա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Պոլ­սա­հայ երգ­չու­հիին թո­վիչ ձայ­նը, «Կար­կաչ» երգ­չա­խում­բին եւ «Գա­յիա­նէ» պա­րա­խում­բին միա­ցեալ գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում­նե­րը վկա­յե­ցին հայ ե­րաժշ­տու­թեան ներ­գոր­ծու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ա­ռինք­նող ու­ժի եւ գրաւ­չու­թեան մա­սին:

Ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը եր­կար եւ ուժ­գին հնչե­ցին հա­մեր­գի ա­ւար­տին, կար­ծես ոչ ոք կը փա­փա­քէր հա­րա­զատ ու ջերմ մթնո­լոր­տին հրա­ժեշտ տալ, ո­րով­հե­տեւ պոլ­սա­հայ իւ­րա­յա­տուկ ձայ­նը հպած եւ իր հետ­քը ձգած էր ներ­կա­նե­րու սրտե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ:

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին Սի­պիլ իր տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րը մա­կագ­րեց ա­րուես­տա­սէր հասարակութեան:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016