ԱՅՆՇԹԱՅՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՊԱՑՈՒՑԵՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ…

Ժամանակի հոլովոյթին մարդիկ կարծես սկսան երերանքով վերաբերիլ անկոտրուն հաւատքի գոյութեան… Օր ըստ օրէ մեր մէջ կը բազմանայ անհաւատներու թիւը։

Յիրաւի, կարծես 21-րդ դարու իրապաշտ մարդը կորսնցուց կամ մոլորուեցաւ դէպի սիրտ ու հոգի տանող ուղիի վրայ։ Դառնալով վայելքներու ու գայթակղութիւններու գերին, մարդիկ կուրացան հոգեպէս…

Սակայն, յուրախութիւն մեզ, ստորեւ ներկայացուելիք պատմութիւնը անգամ մը եւս կու գայ ապացուցել, թէ պէտք չէ Աստուծոյ գոյութիւնը առնել կասկածի տակ։ Մարդի՛կ, թոյլ մի՛ տաք, որ Սուրբ Հոգին լքէ ձեր սիրտը… եղէ՛ք հաւատքով ու յոյսով։ Քանզի հաւատքը՝ ինքը բարութեան, խաղաղութեան եւ ամենակարեւորը՝ լուսաւորութեան բանալին է։

*

Խելացի դասախօս մը, օր մը համալսարանի մէջ հարցում մը յղեց իր ուսանողներուն.

-Արդեօք գոյութիւն ունեցող ամէն բան՝ ստեղծուա՞ծ է Աստուծոյ կողմէ։

Ուսանող մը խիզախօրէն պատասխանեց.

-Այո, ամէն բան ստեղծած է Աստուած:

-Միթէ այն ամէնը, ինչ որ կայ աշխարհին մէջ, ստեղծած է Աստուա՞ծ։

-Այո, պարոն,- պատասխանեց ուսանողը:

Այնուհետեւ դասախօսը հարցուց.

-Եթէ ամէն բան ստեղծեց Աստուած, ուրեմն Ան ստեղծեց նաեւ Չարի՞քը, քանի որ ան գոյութիւն ունի: Բաց աստի, համաձայն այն սկզբունքին, թէ մեր արարքները կը սահմանեն մեր ո՛վ ըլլալը, ուրեմն Աստուած Չարի՞քն է:

Լսելով այս պատասխանը՝ ուսանողը պահ մը լռեց: Դասախօսը շատ գոհ մնաց. ան անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ հաւատքն առ Աստուած՝ լոկ առասպել մըն է: Ուրիշ ուսանող մը մատ բարձրացուց եւ ըսաւ.

-Պարոն, կրնա՞մ ձեզի հարց մը տալ։

-Ի՞նչ հարց։ Անշուշտ կրնաս, հրամէ:

Ուսանողը ոտքի ելաւ ու հարցուց.

-Պարոն, գոյութիւն ունի՞ ցուրտ։

-Այս ինչ տեսակ հարցում է, անշուշտ գոյութիւն ունի։ Դուն երբեւէ չես մսա՞ծ։

Բոլոր լսարանը ծիծաղեցաւ ուսանողի՝ առաջին հայեացքով անմիտ թուացեալ հարցին վրայ: Երիտասարդը պատասխանեց.

-Պարոն, իրականութեան մէջ ցուրտ գոյութիւն չունի: Բնագիտական օրէնքներու համաձայն՝ այն, ինչ որ մենք կը համարենք ցուրտ, իրականութեան մէջ՝ բացակայութիւնն է տաքութեան: Բացարձակ զերոն (-273.15 աստիճան ըստ սելսիուսի սանդղակի) տաքութեան ի սպառ բացակայութիւնն է։ Երբ ամբողջ մարմինը կը դառնայ անշարժացած եւ անընդունակ փոխազդելու ուրիշ մարմիններու հետ՝ այդ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ:

Ուսանողը շարունակեց.

-Պարոն, իսկ գոյութիւն ունի՞ մթութիւն։

-Ի հարկէ, գոյութիւն ունի,- առանց վարանելու պատասխանեց դասախօսը:

-Դուք անգամ մը եւս սխալեցաք, պարոն: Մթութիւն նոյնպէս գոյութիւն չունի: Մթութիւ-

նը, իրականութեան մէջ՝ լոյսի բացակայութիւնն է: Մենք կրնանք ուսումնասիրել լոյսը, սակայն ոչ մթութիւնը: Մենք կրնանք Նիւթընի պրիսմակին օգնութեամբ տարրալուծել լոյսը եւ ուսումնասիրել իւրաքանչիւր գոյնի ալիքի երկարութիւնը՝ ինչպէս նաեւ ուրիշ յատկութիւններ:

Դուք չէք կրնար չափել մթութիւնը: Լոյսի ալիքը կրնայ թափանցել մթութեան մէջ եւ ճեղքել զայն: Ինչպէ՞ս կրնաք դուք ի զօրու ըլլալ իմանալու, թէ տարածութիւն մը որքանո՞վ մութ է։ Սակայն, դուք կրնաք չափել լոյսի առկայութիւնը տարածութեան մէջ: Մթութիւն հասկացութիւնը՝ մարդ կը գործածէ բնութագրելու համար լոյսի բացակայութեան պարագային տեղի ունեցող երեւոյթներու էութիւնը։

Վերջ ի վերջոյ, հարցուց երիտասարդը.

-Պարոն, իսկ գոյութիւն ունի՞ Չարիք։

Այս անգամ անվստահօրէն դասախօսը պատասխանեց.

-Անշուշտ, ինչպէս ես ըսի: Մենք զայն կը տեսնենք ամէն օր: Մարդոց մէջ գոյութիւն ունեցող դաժանութիւնը, բազմաթիւ յանցագործութիւններ ու բռնութիւններ՝ տարածուած աշխարհով մէկ… Այս օրինակները ոչ այլ ինչ են՝ քան Չարիքի դրսեւորումներ:

Ուսանողը պատասխանեց.

-Չարիքը գոյութիւն չունի, կամ թերեւս գոյութիւն չունի Անոր համար: Չարիքը Աստուծոյ բացակայութիւնն է: Ան կը նմանի ցուրտին ու մթութեան, բառ մը, զոր ստեղծեց մարդը, բացատրելու համար Աստուծոյ բացակայութիւնը: Աստուած չէ ստեղծած Չարիքը: Չարիքը՝ հաւատքը կամ սէրը չէ, որ գոյութիւն ունի ինչպէս լոյսն ու ջերմութիւնը: Չարիքը մարդու սրտի աստուածատուր սիրոյ բացակայութեան արդիւնքն է։ Ան նման է ցուրտին, որ կու գայ տաքութեան բացակայութեան պարագային, կամ մթութեան, զոր վրայ կը հասնի, երբ չկայ լոյս…

Դասախօսը նստաւ:

Այդ ուսանողի անունն էր Ալպերթ Այնշթայն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019