ԱՐԴԻԱԿԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆԷՆ

Հայ գրին ու մշակոյթին նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան լրագրական ասպարէզ նետուած է 16 տարեկանին՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեան մէջ: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը սակայն կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ Արեւմտահայոց մամուլի եւ հրապարակագրութեան մէջ երկար ճանապարհ անցած մտաւորականը մասնաւորապէս աշխատակցած է «Դրօշակ»ին, «Ռազմիկ»ին եւ «Ազատամարտ»ին, Կարնոյ «Յառաջեին, բայց մանաւանդ 1925 թուականին Փարիզի մէջ իր հիմնած «Յառաջ» օրաթերթը եղած է այն գլխաւոր հարթակը, որուն մէջ ազգային, քաղաքական, հասարակական հարցերով նիւթեր, մանաւանդ խմբագրականներ հրապարակած է: Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները այսօր ալ արդիական են եւ կը փաստեն, որ հայութեան խնդիրները, մեր ինքնութեան հարցերը, ազգային-քաղաքական կեանքի թնճուկները նոյնը եղած են միշտ՝ հարիւր տարի առաջ, յիսուն տարի առաջ, այսօր…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԿԱՐ ԱՆՏԷՐ…

Պատմութիւնը պիտի ըսէ.

Ժողովուրդ մը կար անտէր, կէսը՝ արմատախիլ ջարդուած, մնացեալ կէսը՝ ցիր ու ցան ի սփիւռս աշխարհի։

Այդ ժողովուրդը- այսինքն կէսը որ ողջ մնաց- ինկաւ սար ու ձոր, անցաւ ծով ու ցամաք, քսուեցաւ աշխարհի բոլոր ցեղերուն եւ ազգերուն, - եւ բոլորովին կորսըն-ցուց իր հաւասարակշռութիւնը։

Այն աստիճան որ, փոխանակ հին խրամատները լեցնելու եւ ամփոփուելու, ինքն իրմով գօտեպնդուելու, ճեղք ճեղքի վրայ բացաւ, ճակատ ճակատի դէմ հանեց, եւ ինքն ալ մնաց շուարուն՝ չորս ճամբաներուն վրայ։

Եւ այս՝ լման տասը տարի քամելէ յետոյ պանդխտութեան բոլոր դառնութիւնները։ Ցմրուր քամելով օտարութեան լեղին…

Այս ժողովուրդը ունեցաւ բոլոր առաքինութիւնները, բացի մէկէն, - քննական ոգի։

Ան հաւատաց ինչ որ պատմեցին, եւ մէկ աջ, մէկ ձախ ժպտելով, թոյլ տուաւ որ մարդիկ իրենց բուրդը մանեն իր գլխուն։

Ան չսորվեցաւ իր պատմութիւնը։ Կամ սորվեցաւ այնպէս ինչպէս ուսուցին օրը օրին։ Ինչպէս որ հաճոյ էր իրեն։

Հազիւ լրացած իր պանդխտութեան առաջին տասնամեակը, ան դարձաւ անճանաչելի եւ անկերպարան՝ իր «ուսումնական»ներով։

Ան կորսցնուց, շնորհիւ «ուսումնական»ներուն, ամենէն տարրական գիտելիքներն ալ։

Ու գնաց ո՛ւր որ քաշեցին, - մերթ աջ, մերթ ձախ։ Երկու քայլ յառաջ, տասը քայլ ետ։

Ան ունէր պարտականութիւններ եւ սրբութիւններ, որոնց համար գլուխ գլխի կու տար, - հոգի՜ն կու տար, երբեմն։

Հազի՜ւ տասը տարի դիմացան այդ բոլորը, օտար հողի վրայ։

Դարեր ու դարեր, անոր համար միութեան գիծ մըն էր եկեղեցին։

Այսօր, արդէն, ունինք «մեր ժամը», «ձեր ժամը»։ Վերի թաղ, վարի թաղ։ Ազգային եկեղեցին եւ անհատականը։

Գուրգուրանքի եւ գործունէութեան վառարան մըն էր դպրոցը, իր կոկոններով, բողբոջներով ու ծաղիկներով։

-Դպրո՞ց, դաշնակցակա՞ն է, թէ՞ ռամկավար։ Ես կոպեկ չեմ տար անոնց բացած դպրոցին։ Ո՜ղջ մնան ֆրանսականը, յունականը, պուլկարականը, հրէականը…

Անոր համար օրհնութիւն էր որեւէ միութեան կազմակերպումը։ Գոնէ մարդիկ ամբայ կ՚ելլէին բարի միտքերով։ Ու բարի էր շրջապատն ալ։

Այսօր Միութիւնները կը համարուին կրկէսներ՝ աքլորամարտ սարքելու եւ ծափեր կորզելու։

Այս ժողովուրդը կիրակմուտք ունէր իր մեռելներուն համար։ Խունկ եւ աղօթք, որ կը պայծառացնէին իր հոգին։

Տարիներ անցան, եւ իր ազգային մեռելներն անգամ բեռ դարձան։

Լաւագոյն պարագային, ամէն տարի վէճ -յաճախ կռիւ- կը ծագէր, մէկ միլիոն մեռելներու յիշատակին առթիւ։- «Կախե՞լ թէ չկախել։ Երգե՞լ, թէ՞ չերգել»…

Այս ժողովուրդը չունէր ազգային- քաղաքական խորհրդանշան, բացի յեղափոխականէն կամ քրիստոնէականէն։

Ունեցա՜ւ առտու մը, - արիւնով թաթխուած։

Մեղրալուսինը հազիւ անցած, այդ ալ դարձաւ կռուախնձոր։

Մարդիկ ելան այս անտէր ժողովուրդի ծոցէն, -ուսումնականնե՜ր- որոնք «ճիհատ» յայտարարեցին այդ խորհրդանշանին դէմ։

Եւ որովհետեւ անբաւական էր իրենց ուժը, դիմեցին իւրաքանչիւր երկրի պետական ուժին։ Գրգռեցին հիւրընկալ ժողովոււրդին պատուախնդրութիւնն ալ։

-Դուք, մեծ ազգ, յաղթական պետութիւն, ինչպէ՞ս թոյլ կու տաք որ ձեր փառապանծ դրօշին քով պարզուի «այսպիսի կերպասի ծուէն մը»… Ինչպէ՞ս կը հանդուրժէք այս նախատինքին… Եւ անտէր ժողովուրդին ազգային խորհրդանշանը, «Այսպիսի կերպասի ծուէն մը», քաշքշուեցաւ պահականոցէ պահականոց։ Յանցաւորի մը պէս կծկուեցաւ մինչեւ նախարարական գրասենեակներու մէջ, դարձաւ բերնի ծամոց՝ աժեմին-չաժեմին, մինչեւ որ…

Մինչեւ որ հիւրընկալ իշխանութիւնը՝ այլեւս համոզուելով թէ իսկապէս անտէր է այս ժողովուրդը, անոր պարտադրեց միայն իր դրօշը, միւսը հռչակելով օրէնքէ դուրս։

Այսպէ՜ս եւ իր բոլոր գործերուն մէջ, հեռու՝ հայրենիքէն, օտար ափերու վրայ։

Ահաբեկ՝ արագ եւ անդարձ կազմալուծման հեռանկարէն, ահազանգը սկսաւ հնչել ժողովուրդի խոնարհ խաւերէն։

Կոչեր սկսան տեղալ յանուն ազգի եւ կրօնի… Յանուն անցեալի եւ մեռելներու։

Անօգո՜ւտ։ Կորսնցուցած՝ իր հաւասարակշռութիւնը, տարուբեր՝ գոյնզգոյն առաջնորդներու եւ հոսանքներու մէջ, անտէր ժողովուրդը շարունակեց իր կենդանի ուժերն սպառել անծանօթ ուղղութեամբ։ Ճեղք ճեղքի վրայ բանալով։ Հետզհետէ աւելի հեռանալով իր խարիսխէն։

Պատմութիւնը պիտի ըսէ, տակաւին, թէ առտու մը արթնցաւ անտէր ժողովուրդը։

Բայց, - շատ ուշ էր, անճանաչելի դարձած ըլլալով իր բարոյական կերպարանքը։

11 օգոստոս 1933

ՆՈՐԷՆ ՈՒԺԱՍՊԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Յունուար 30-ին, խմբագրականով մը կը շեշտէինք, թէ Հայաստանի բնակչութիւնը պակսած է, դատելով 1927-ի մարդահամարէն, զոր հրատարակեցինք ամբողջութեամբ։

Այսօր «Խորհրդային Հայաստան»էն կ՚արտատպենք բացատրութիւն մը՝ այդ իրողութեան մասին։ Յօդուածագիրը կը ջանայ լուսաբանել նուազման պատճառները, որոնք աւելի կը մթագնեն պատկերը։

Ամենէն առաջ, յօդուածագիրը դիտել կու տայ, թէ Հայաստան դեռ մէկ միլիոն բնակչութիւն չունի. թէ այդ հաշիւը արդիւնք է «ոմանց երեւակայութեան»։ Բայց անցեալ տարի, նոյնինքն Հայաստանի վիճակագրական վարչութիւնն էր, որ մօտ մէկ միլիոն կը հաշուէր բնակչութիւնը. իսկ աւելի առաջ, հետեւեալ համեմատութեամբ.- 1922-ին՝ 781.111, մէկ տարի յետոյ՝ 1923-ին՝ 841.043, երրորդ տարին (1924)՝ 907.755, եւ 1926 յունուար 1-ին՝ 925.546, մինչ վերջին մարդահամարը (1927 յունուար 14) կը ցուցնէ՝ 867 հազար 546 հոգի։

Անցնինք։ Ի՞նչ են նուազման պատճառները, եւ արդեօք այդ բացատրութիւնները կը թեթեւցնե՞ն կացութիւնը։

«Խորհրդային Հայաստան»ի աշխատակիցը առաջին պատճառ կը ցուցնէ Շիրակի շարժը, որուն հետեւանքով 18 հազար հոգի հեռացեր է Հայաստանի սահմաններէն, մօտ 9 հազար հոգի ալ՝ գաւառէն։ Համագումար՝ 27 հազար կորուստ։

Աւելի պերճախօ՜ս է երկրորդ պատճառը։ Մարդահամարը ձմեռ ատեն կատարուեր է։ Արդ, Հայաստանի բնակչութիւնը կ՚աւելնայ ամառը, որովհետեւ բնակիչները երկրին մէջ կը մնան, եւ հազարաւոր «քոչւոր»ներ կու գան Ատրպէյճանէն, իսկ ձմեռը հինգ լեռնային գաւառներէ հազարաւոր բնակիչներ դաշտերը կ՚իջնեն, կ՚երթան Ատրպէյճան կամ Վրաստան։ Միւս կողմէ, ձմեռը Ապարանի շրջանէն (Էջմիածին), Ալեքսանտրապոլի գաւառէն, Ախտայի շրջանէն Նոր Բայազետի գաւառէն եւ «մանաւանդ Զանգեզուրէն գունդագունդ (մասսայաբար) կ՚երթան Անդրկովկասի արդիւնաբերական կեդրոնները եւ նոյնիսկ Հիւսիսային Կովկաս, գործ փնտռելու»։

Իսկ երրորդ պատճառը. շատերու խուսափումն է ցուցակագրութենէ։ Այս երեւոյթը սովորական է ամէն երկրի մէջ։

Եզրակացութիւն, Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի ըլլայ ոչ թէ 870 հազար, այլ 930 հազար, գաղթականներու, հեռացածներու կամ արձանագրութենէն խուսափողներու թիւը հաշուելով 60 հազար։

Չվիճինք թուանշաններու մասին եւ վերլուծենք տրուած բացատրութիւններուն իմաստը։

Եւ, արդար ըլլալու համար, առանց վերապահութեան ընդունինք առաջին պատճառը, Շիրակի աղէտը, որ տեղի է տուեր արտագաղթի։ Նոյնը եւ երրորդ պատճառին համար, ցուցակագրութենէ խուսափումը, որ կամքէ անկախ է։

Ի՞նչ կը մնայ անդին.- Հայաստանի հայ ժողովուրդին յարատեւ նօսրացումը՝ իբրեւ հետեւանք երկրին սահմաններուն անձկութեան, սակաւահողութեան եւ տնտեսական թշուառութեան։ Խօսքը չենք ըներ քաղաքական մթնոլորտին, որ նոյնքան զօրաւոր ազդակ մըն է՝ ցրուելու ժողովուրդը, թուլցնելու հայրենիքի գաղափարը։ «Ուր հաց, անդ կաց»։

Ուրեմն, թէեւ ծնունդները կ՚աւելնան, բայց ժողովուրդը կը գաղթէ։ Եւ կը գաղթէ «մասսայաբար», ինչպէս կ՚ըսեն իրենք։ Միամտութիւն է միայն ձմրան յատուկ երեւոյթ համարիլ այս աղէտը։ Այդ լուսաբանութեան կարելի էր հաւատալ, եթէ Երեւանի վարիչները հրատարակէին ձմրան գաղթողներու եւ ամրան վերադարձողներու հաշիւը։ Անցեալ տարի, երբ դաշնակցական մամուլը կը գուժէր, թէ 50 հազար հոգի գաղթած է Հայաստանէն, որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, «պրովոկացիա՜» պոռացին հայ պոլշեւիկները։ Իսկ այսօր իրականութիւն է, որ Հայաստանը, եւ մանաւանդ Զանգեզուրը եւ այլ շրջաններ կը դատարկուին։ Եւ տակաւին բացատրութեան կարօտ կէտ մըն է, թէ ինչո՞ւ առաւելապէս Հայերը, երկրին զաւակները կը գաղթեն։ «Խորհրդային Հայաստան»ի աշխատակիցը արտագաղթի մասին խօսած ատեն, կը զանազանէ. «ամբողջ Լենգավառը (Լենինականի գաւառ) բացի Աղբաբայի շրջանից»։

Արդ, զուտ թրքական շրջան է Աղբաբան, իսկ միւս բոլոր տեղերը՝ հայկական։ Կարելի՞ էր իմանալ այս տարօրինակ իրողութեան պատճառը, որ, ամէն պարագայի մէջ, պատիւ չի բերեր Երեւանի իշխանաւորներուն հռչակաւոր «շինարարութեան», կամ «պրոլետարական» արդարութեան։ Մեր տեսած քաղքենի երկիրներուն մէջ, տեղացին կը մնայ ու կը վայելէ. օտարը կը գաղթէ, ի հարկին։ Իսկ Հայաստան աշխարհին մէջ, տեղացին կը ձգէ կ՚երթայ, որպէսզի օտարը վայելէ։

Եւ դեռ ուրիշ նշանաւոր պատճառաբանութիւն մը. Յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ ամառը Հայաստանի բնակչութիւնը կ՚աւելնայ… Ատրպէյճանէն եկած հազարաւոր «քոչւոր»ներով։ Անշուշտ կը հասկնաք այս երկտողին իմաստը: - «Քոչւոր»ները թուրք-թաթարներ են, որոնք անդադար կու գան ու կ՚երթան, անհամար ոչխարներ արածելով Հայաստանի սարերուն վրայ։ Եթէ ամառը կատարուէր մարդահամարը, Հայաստանի բնակչութեան ո՞ր մասը պիտի աւելնար, հայկակա՞նը, թէ թուրք-թաթարականը…

Բայց կը բաւէ։ Առանց այս մեկնութիւններուն ալ, շատ խօսուն է պատկերը։ Եւ «Խորհրդային Հայաստան» տասնապատիկ աւելի շինարար գործ կատարած կ՚ըլլար, եթէ պրպտէր Հայաստանի յարաճուն ուժասպառութեան հիմնական պատճառները, որոնք լրջօրէն կը խախտեն հայ ժողովուրդին ճակատագիրը։

17 փետրուար 1927

ՆՈՅՆ ԿԱՄՔԸ՝ ԴԱՐԷ ԴԱՐ

Ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզ ետ կեցնել մեր հաւատքէն, - Այս յայտարարութեան մէջ կը խտանայ Վարդանանցի ամբողջ իմաստը։

Դաւանանք մը, որ կը տեւէ դարերէ ի վեր, արհամարհելով բոլոր փոթորիկները։ Մնալով տոկուն եւ անխախտ՝ շլացուցիչ լոյսերու թէ խաւարակուռ փոսերու առջեւ։

Ահա թէ ո՛ւր է այս հալածական ժողովուրդին յարատեւութեան գաղտնիքը։

Հիմնականը՝ հաւատքին ձեւը չէ, այլ իմաստը։ Ոչ թէ տառը, այլ բովանդակութիւնը։

Դարեր առաջ ալ, երբ կրօնն եւ եկեղեցին էին որ ձեւ ու մարմին կու տային անոր, պայքարը կը ձգտէր մէկ նպատակի, - ապահովել մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը։ Ճակատիլ՝ յայտնի թէ գաղտնի դաւերու, բարբարոսական բռնութեանց եւ հալածանքներու դէմ։

Մեր իմաստուն ժողովուրդին պատմութիւնը հարեւանցի կարդացած են անոնք որ միայն կրօնական, քրիստոնէական պայքար կը տեսնեն Վարդանանց պատերազմին մէջ։

Յամի շնորհաց 451-ին ալ, ինչպէս անկէ վերջ եւ մինչեւ այսօր, օտարին քաղաքական լուծն էր որ կ՚ըմբոստացնէր Վարդաններն ու Ղեւոնդները։

Այդ օրերուն ժողովուրդները այնքան հասուն չէին, որպէսզի կարենային մշակուած բանաձեւերու վերածել իրենց ազգային-քաղաքական պահանջները։

Վարիչ դասակարգը ինքն ալ հարկադրուած էր մատչելի լեզու մը գործածել։

Ժողովուրդ մը, որ Հայկ ու Բելի աւանդութիւնները լսած էր, անշուշտ բնազդաբար կը զգար անկախութեան, ազգային գոյութեան պահանջը։

Խորհրդային գրադատ մը վերլուծելով Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք» վէպը, ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալ պարագան.

«Վէպում առնչւում են, միահիւսւում եւ շատ անգամ ժողովրդի գիտակցութեան մէջ նոյնանում հողի, ժողովրդի, հայրենիքի յաւերժութեան գաղափարները»։

Վէպին հեղինակը այս իրականութիւնը կը պարզէ ուրիշ պատկերով մը։

Իր նկարագրութեամբ, Վարդան Մամիկոնեան հայ ժողովուրդը կը նմանցնէ մեղուին՝ «Ստիպում են՝ կռւում է»։ Եւ կը վկայէ, սպարապետին բերնով.

«Մենք արիւնահեղութիւն չենք փնտռում. այլ փախչում ենք նրանից։ Բայց եթէ արիւնահեղութիւնը շատ կը վազէ մեր յետեւից, մենք ետ կը շրջուինք»։

Եւ վերջապէս հայ շինականին դաւանանքը, այնքան պարզ եւ սրտառուչ.

«Մենք ու մեր հողը մէկ ենք… Մեր կեանքը մեր հողի մէջ է։ Պոկեցէք, է՛լ կեանք չունենք»։

Այս գիտակցութեամբ էր որ մեռան հազար երեսունեւվեց վկաները։ Ինչպէս ուրիշ հարիւր հազարաւորներ՝ դարերու ընթացքին։ Մինչեւ մեր օրերը, ուր Աւարայրի ժառանգորդները իրենց եղունգներով կը ճանկռտէին Հայաստանի լեռներն ու ձորերը, Սարդարապատի անապատն ու Բաշ-Ապարանը։

Զարհուրելի ելեւէջներ՝ շրջանէ շրջան եւ դէպքէ դէպք, բայց միշտ միեւնոյն գիծը, - կանգուն մնալ, տեւել, ազատ բոյն մը ապահովելով արեւուն տակ։

Երբեմն թուլցած են հաւատքն ու կամքը։ Կամ կարճամիտ, կամկար առաջնորդներ կէս ճամբան մնացած են։ Եւ կամ անոպայ դաւադիրներ ուզած են այս ու այն մսուրը առաջնորդել անճար բազմութիւնները, լուծի տակ պահելով զանոնք։

Երբեմն ալ, թշնամիներու ճնշումը, հայաջինջ մոլեգնութիւնը այնքան զարհուրելի եղած են որ կարծեր են, թէ ամէն բան վերջացած է։

Դարերը իրենք հերքած են այս ենթադրութիւնները։ Եւ իբրեւ թէ թմրած, մահամերձ առիւծը նոր հրաշքներ գործած է, բաշերն արձակ՝ աշխարհի չորս հովերուն։

Երբ ժողովուրդ մը Վարդանանք կը տօնէ 1500 տարի անընդհատ, նոյն հաւատարմութեամբ կը նշանակէ, թէ տէրն է իր ճակատագրին, բոլոր պարագաներուն մէջ։

Նոյն կամքը՝ դարերու ընթացքին։

24 փետրուար 1949

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022