«ՊԱՐՈՔ ՄԱՐԳԱՐԻՏՆԵՐԸ…»

Հարպի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հա­մերգ մը, որ կո­չուած էր «Պա­րոք մարգ­րիտ­ներ»։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ «Քա­մե­րա­թա պա­րոք Իս­թան­պուլ» խում­բը, որ ներ­կայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը հա­ղորդ դար­ձուց իս­կա­պէս բարձ­րո­րակ ա­րուես­տի մը։ Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Ձեռ­նար­կի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն էր Ար­տա Ար­տա­շէս Ա­կօ­շեան։ Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան որ­պէս մե­նա­կա­տար հան­դէս ե­կան Նա­թա­լի Պօ­ղո­սեան եւ Քաան Պուլ­տու­լար։

Ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ունկն­դիր­նե­րու ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015