30 ԱՐԾԱԹ
Այսքան դրամով Յուդան ծախեց Յիսուս Քրիստոսը. այսպէս կը գրէ Աւետարանը։ Հաւատքի եւ գաղափարի ընկալման պակա՞սն էր, թէ նիւթապաշտութեան տիրապետութիւնը Յուդայի հոգիին մէջ, մօտ 2000 տարի առաջ, որ կը յաղթէր որեւէ այլ զգացմունքի կամ հաւատքի։ Դժբախտաբար, այսօր եւս համատարած է նիւթապաշտութեան այդ նոյն անողոք եւ անտարբեր զգացմունքը հանդէպ հաւատքին, գաղափարին եւ ազգային ոգիին։ Տիրակալներու կարգէն սկսեալ մինչեւ մարդկային խոնարհ արարածը, այսօր հեւիհեւ արշաւի մէջ է նիւթի եւ ուժի տիրանալու մոլուցքով, առանց դոյզն իսկ հետաքրքրութեան կամ ուշադրութեան մարդկային բանականութեան, իրաւունքին եւ հաւատքին։
Այսօր ունինք շերտ մը հայրենիք մեր պատմական հայրենիքէն մնացած։ Փոխանակ զայն պահելու, պահպանելու եւ օգնելու, որպէսզի ան հզօրանայ, բարգաւաճի եւ դառնայ աշխարհատարած համայն հայութեան օրրանը եւ բնակավայրը իր վաղեմի հողերով, շատեր կ՚աշխատին դաւաճանել անոր, որպէսզի համայն հայ ազգը կորսնցնէ իր ունեցած այն շերտ մը հայրենիքը։
Յատուկ նպատակներով Սպանիայէն ճամբայ ելած երեք հայ պարմանուհիներու հոգիները արդէն ծախուած էին օտարին, յանուն մի քանի արծաթի, դաւաճանելու համար իրենց իսկ հայրենիքին. Հայաստանի՜ն։ Իսկ ի՞նչ եւ որո՞ւ պատուիրակութեամբ ճամբայ ելած էին անոնք դէպի հայրենիք, «արաբական գարո՞ւնը» բերելու Հայաստան, այնտեղ Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի նման արտահերթ կացութեան ստեղծմա՞ն, թէ պարզապէս իշխանութեան «յեղափոխութեան» նպատակներով։ Հապա այն խմբակը, որ միացած էր կամ կը գործէր իրենց հետ հայրենիքի սահմաններէն ներս, անոնք ինչպիսի՞ պատճառաբանութիւններ պիտի ներկայացնէին հայ ազգի զաւակներուն, որոնք անմեղ զոհերը պիտի դառնային անոնց ստացած մի քանի արծաթին փոխարէն։ Բոլոր ազգերու մէջ եղած են եւ կան դաւաճաններ, որոնք յանուն նիւթականի «ծախած» են իրենց ազգային եւ մարդկային բոլոր բարոյական սկզբունքները, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս յանձնուելով անոր մութ, հոգէախտ ու անորոշ ուղիներուն։ Հայ ազգին մէջ եւս, դժբախտաբար, պարագան նոյնն է եւ մինչեւ այսօր, կը տեսնենք նման պարագաներ։ Հայրենասիրութեան ուսուցման կամ ընկալման պակա՞սն է պատճառը մեր ազգի զաւակներուն մօտ, անշուշտ ո՜չ, եւ անոր փաստը ակներեւօրէն երանգաւորուած է հայրենիքի սահմաններուն վրայ զոհուած մեր զաւակներուն արիւնով։ Եւ սակայն դժբախտաբար, կան նման արարածներ, որոնց անձնասէր եւ կորսուած հոգիները արդէն կը պատկանին օտարին, պատրաստ նոյնիսկ դաւաճանելու համար իրենց հաւատքին, հայրենիքին եւ ազգին։
Անսեթեւեթ հարցին խնդրոյ կորիզը կը բացայայտուի՞ արդեօք միայն ձերբակալուած անհատներու թիւով եւ յայտնաբերուած զինամթերքով, որոնք բաւարար էին ստեղծելու քաոսային մթնոլորտ, թէ տակաւին գոյութիւն ունի թաքուն անհատներու մեղսակցութեամբ մասնակցութիւն եւ յետին նպատակներու գործադրութեան ծրագիրներ։ Ինչպիսի՞ պատիժի արժանի պիտի ըլլան այս հայրենադաւները, այդ այլեւս հայ ազգին որոշումն է այսօր։
Յուդան դուրս գալով զղջաց ըրած սխալին վրայ եւ ինքնասպան եղաւ։ Իսկ «մեր» յուդաները ատիկա նոյնիսկ չմտածեցին ընել, իրենց պատճառած հայրենադաւութեան սեւ արատը գոնէ բերնախուփ վերացնելու համար, արդեօք որքանո՞վ կորսուած էր հայրենասիրական զգացմունքը անոնց մօտ։
Խմբագրական «Նոր Օր»ի