ԲԱՐԻՆ ՑԱՆԵՆՔ, ԲԱՐԻՔ ՀՆՁԵՆՔ - Ա.

Մեր տունը պրպտած ատեն կարելի է զանազան անկիւններէ գտնել թուղթեր: Թուղթեր՝ ոչ թէ հասարակ, այլ յոյժ կարեւոր: Տարբեր թուականներու պատկանող այդ թուղթի կտորներու վրայ ես կազմած եմ նիւթական օգնութեան ցուցակներ: Նպատակս մշտապէս եղած է օգնել կարիքաւորներուն:

Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ես մինչեւ համալսարան հասնելու համար դրամ չունէի, իմ սառնարանն ու պահարանները դատարկ էին: Իմ ուսանողական տարիներուն ամիս մը իմ նիւթական համեստ միջոցները խիստ սահմանափակուեցան: Իմ միակ ուրախութիւնը հանապազօրեայ ցամաք հացն էր ու մեղրը, որուն ես երկար ժամանակ ձեռք չէի տուեր: Գրեթէ ամիս մը ամէն օր մեղր ու հաց կ՚ուտէի: Ինծի պէս դժուարութիւններ յաղթահարել սիրողի մը համար՝ երանելի՜ օրեր էին:

Գաւաթ մը թէյով ու մեղրահացով իմ քաղցը բաւարարելէ վերջ, իրիկնամուտին նորէն կը սաւառնէի ինծի այդքան մօտ թուացող երազներու մէջ: Կուշտ փորով կ՚առնէի թուղթն ու գրիչը եւ կը գրէի օգնութեան ցուցակ մը: Կը փորձէի թուղթի մը վրայ տեղաւորել բոլոր այն սննդամթերքները, որոնք անհրաժեշտ են ամիս մը հանգիստ ապրելու համար: Իւրաքանչիւր սննդամթերքի դիմաց կը գրէի անոնց արժէքները: Վերջնահաշուարկին ստացուած գումարը միշտ կը գերազանցէր իմ սպասելիքները: Այդ բոլոր թուղթերը պահած եմ: Կը զգայի, օր մի պիտի կարենամ մարդոց օգնել:

Իմ հայրենիքը իմ սրբութիւնն է: Իմ ազգը նոյնպէս կը սիրեմ՝ բոլոր թերութիւններով ու առաւելութիւններով հանդերձ: Հայը կը նմանի չարաճճի երեխայի մը: Կը սիրէ չարութիւն ընել, կամակորանալ:

Յիրաւի, մենք ազգովի կը սիրենք փնտռել փրկիչ: Մշտապէս օտարներէն կը սպասենք օգնութիւն, փրկութիւն, ուշադրութիւն: Կ՚ուզենք, որ ուրիշը պաշտպանէ մեզ մեր թշնամիներէն, հակառակորդներէն: Ինչպէս նաեւ միամիտ ու դիւրահաւատ ենք, քիչ մըն ալ յիմար: Մշտապէս կ՚ուզենք հաւատալ մեր թշնամիներուն: Իւրաքանչիւր կեղծ ժպիտ կ՚ընդունինք որպէս հնարաւորութիւն. հնարաւորութիւն հաշտութեան, բարիդրացիական յարաբերութիւններ կառուցելու, համերաշխ ապրելու: Մինչդեռ մեր թշնամիներուն միտքը մշտապէս եղած է ծուռ:

Ուրիշ տեղ, սխալ տեղ կը փնտռենք այն, ինչ որ մեր ազգին տրուած, շնորհուած է ի վերուստ։

Փրկիչ ունենալով հանդերձ, ամէնուր կը փնտռենք զայն: Մեր փրկիչը Աստուած է՝ մեր օգնականն ու պահապանը: Սակայն մենք իրական փրկիչը ձգած, կեղծ փրկիչներ կը փնտռենք: Մշտապէս մեր յոյսը կը կապենք ազդեցիկ ու հարուստ պետութիւններու, ժողովուրդներու հետ: Մշտապէս ալ կը մնանք ձեռնունայն: Երբ թշնամին տեղի կու տայ, մենք կ՚աղաչենք. «Եկէք եւ օգնեցէք, փրկեցէք մեզ: Մենք յանցաւոր չենք: Անոնք յարձակեցան, սուր բարձրացուցին մեր վրայ»: Վերջիններս ալ ամէն անգամ մեզի կը մաղթեն համբերութիւն կամ կը կերակրեն փուճ խօսքերով...

Աշխարհի երեսին, մեր իսկ երեսէն ընդամէնը կէտիկ մը մնացած մեր երկիր դրախտավայրը, չունի բաւականաչափ միջոցներ իր քաղաքացիները բարեկեցիկ կեանքով ապահովելու համար: Այսինքն Հայաստանի մէջ շատ են չքաւորները, համեստ պայմաններով ապրող մարդիկ: Մեր երկրի բնակչութեան աւելի քան եօթանասուն տոկոսը ոչ թէ կ՚ապրի, այլ կը գոյատեւէ: Մարդիկ հազիւ իրենց հանապազօրեայ հացը կը հայթայթեն: Իսկ զգալի հատուած մը նոյնիսկ անկարող է իր փորը կշտացնելու: Բուռ մը հայրենիքիս մէջ մեծ է աղքատութեան թիւը:

Այստեղ նոյնպէս մենք կը սիրենք մեր յոյսը կապել արտաքին աշխարհին՝ օգնութիւն սպասել դուրսի հայերէն. «Թող սփիւռքահայերը օգնեն: Անոնք շատ դրամ ունին»: Սխալ մտածելակերպ մը դաջուած է շատերուս մտքին մէջ:

Աշխարհի երեսին հայերու թիւը շուրջ տասն միլիոն է, որմէ, մօտաւորապէս երեք միլիոնը կը բնակի Հայաստանի մէջ: Հայրենիքիս մէջ բոլորը աղքատ չեն: Առհասարակ, Հայաստանի մէջ պէտք չէ ըլլար ոչ մէկ աղքատ ընտանիք, անօթի, ցնցոտիաւոր մանուկ: Եթէ Հայաստանի մէջ համեստ պայմաններով ապրող ընտանիքներէն մինչեւ հարուստները, եւ աշխարհասփիւռ եօթ միլիոն հայութիւնը իր հովանիի տակ պահէ աղքատ ընտանիք մը, եւ ցուցաբերէ ամենամսեայ նիւթական օժանդակութիւն, երկրիս մէջ ոչ մէկ աղքատ կը մնար: Հայաստանը կը ծաղկէր: Աւա՜ղ, այս մէկը անկատար ժամանակ մըն է: Մեր ձեռքերը մեր գրպաններուն մէջ պինդ պահած, կը սպասենք, որ ուրիշ մը, դուրսէն մեզի օգնութեան ձեռք մեկնէ: Այդպէս չ՚ըլլար: Երանի մեր ազգը կարենայ ազատիլ իր բոլոր թերութիւններէն, արատներէն: Այս մէկը անկարելի չէ: Հնարաւոր է ապաշխարութեան, Աստուծոյ դառնալու շնորհիւ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022