ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԻՆԱՆԵԱՆԻ ԱՐԽԻՒԻՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ՝ ԱՒԱՐՏԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ …ԵՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մանրակրկիտ եւ արհեստավարժ կերպով կը մշակուէր պոլսահայ անուանի ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երաժշտահան, խմբավար, հասարակական գործիչ Յարութիւն Սինանեանի արխիւը: Թանգարանը, հաղորդագրութիւն մը տարածելով կը յայտնէ, որ արժէքաւոր այս արխիւին գիտական մշակումը արդէն աւարտած է եւ զայն հասանելի է ուսումնասիրողներուն: Սինանեանի արխիւը գիտական մշակման ենթարկած է թանգարանի երաժշտական բաժնի պատասխանատու Ցողիկ Պեքարեան: Ան թանգարանի երկարամեայ գիտաշխատողներէն է, թանգարանին մէջ կ՚աշխատի 1978 թուականէն ի վեր եւ երաժշտական բաժնի վարիչն է 1990 թուականէն սկսեալ: Ծնած ըլլալով երաժիշտներու ընտանիքի մէջ եւ ստանալով երաժշտական կրթութիւն՝ Պեքարեան այդ ասպարէզի նուիրեալներէն է, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ դարձած է:
Տասնեակ երաժիշտներու արխիւներ մշակելէ զատ, կազմած է նաեւ Կոմիտասի նամակներու ժողովածոն, Նիկոլ Գանատերեանի ստեղծագործութիւններու հատորները, երաժշտական նիւթերով ունի համայնագիտարանային եւ այլ բնոյթի յօդուածներ:
Յարութիւն Սինանեան հայ երաժշտական անդաստանի այն երախտաւորներէն է, որ արդարապէս արժանացած է անուանի երաժշտագէտին ուշադրութեան:
Սինանեան երաժշտական նշանաւոր ընտանիքի նոյնքան նշանաւոր անդամներէն է Յարութիւն Սինանեան:
Ծնած է Պոլիս՝ 1872 թուականին եւ հօր՝ անուանի երաժիշտ Գրիգոր Սինանեանի գործի եռանդուն շարունակողը եղած է: Նախ սկսած է ջութակ նուագել, որ սորված է իր հօրմէն, երբ տակաւին ինն տարեկան էր:
Այնուհետեւ անոր ուսուցիչները դարձած են Տիգրան Չուխաճեան, Պրասէն եւ Ռատեկլայն։ Հօրմէն ժառանգելով երաժշտական տաղանդը՝ Յարութիւնը մանուկ հասակէն դրսեւորած է բացառիկ երաժշտական օժտուածութիւն, ընտանիքին մէջ տիրող արուեստի միջավայրն ալ, բնականաբար, իր ազդեցութիւնը ձգած է: Սինանեաններու ընտանիքին մէջ երաժշտական հաւաքոյթներ տեղի կ՚ունենային, ժամանակի արուեստագէտներ եւ գործիչներ միշտ ներկայ կ՚ըլլային:
Տասներկու տարեկանին Յարութիւն յաջող կերպով կը կատարէր արեւմտաեւրոպական դասական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւ այդ պատճառով կը հրաւիրուի պալատ՝ ելոյթ ունենալու:
Պատանի հասակին ի յայտ կու գայ նաեւ իր տաղանդը՝ իբրեւ երաժշտահան: Անոր կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած են շփումը մանաւանդ հայ երաժշտահան Տիգրան Չուխաճեանին հետ եւ վարժանքները անոր քով: Իր կարգին, Չուխաճեան շատ սիրած եւ գնահատած է տաղանդաւոր հայ պատանին՝ անոր մէջ տեսնելով ապագայ երաժիշտը:
Ինչպէս իր ուսուցիչը, Յարութիւն Սինանեան նոյնպէս ստեղծագործական ջանքերը կ՚ուղղէր եւրոպական երաժշտական մշակոյթի փորձը ուսումնասիրելու, զայն գործածելու եւ անոր միջոցով հայ ազգային արուեստը հարստացնելու խնդիրներուն։ Յօրինած է նաեւ նուագախմբային գործեր, որոնց ստեղծումը համընկած է գործունէութեան Սինանեան ընտանիքի հիմնած «Հայկական նուագախումբ»ի, զոր տասնվեց տարեկանին կը գլխաւորէր Յարութիւնը: Հայրը՝ Գրիգոր Սինանեան, նուագախումբի մէջ առաջին ջութակահարի եւ խմբավարի տեղը զիջած է որդիին եւ ինք դարձած է երկրորդ ջութակներու խումբի առաջատարը։ Արհեստավարժ նուագախումբ էր «Հայկական նուագախումբ» անունով Սինանեաններու խումբը, որու ելոյթները սպասուած էին հայ եւ օտար երաժշտասէրներու կողմէ: Սինանեան նուագախումբի նուագացանկը կազմուած էր հատուածներէ՝ իտալական օփերաներէն եւ ֆրանսական օփերեթներէն, հայկական, յունական, թրքական երգերու ու պարեղանակներու նուագախմբային փոխադրումներէ, յետագային նաեւ՝ Պեթհովէնի. Մոցարթի, ինչպէս նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Յարութիւն Սինանեանի սիմֆոնիկ երկերէն: Նուագախումբը գոյատեւած է մինչեւ 1896 թուականը։
1926 թուականին Յարութիւն Սինանեան կ՚ընտրուի Պոլսոյ երաժշտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ։ Ան նաեւ Պոլսոյ «Հայարտուն»ի հիմնադիրներէն եղած է։ «Հայարտուն» անունով արուեստի կազմակերպութիւնները, ինչպէս ծանօթ է, ստեղծուած են 1920-1930 թուականներուն՝ Հայաստանէն դուրս, հայաշատ վայրերու մէջ եւ նպատակ ունէին դուրսը բնակող հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները տարածել, հայերը արուեստով դաստիարակել՝ կապելով զանոնք մայր հայրենիքի մշակութային կեանքին։
Յարութիւն Սինանեան մահացած է 1939 թուականին:
Հայաստան հասած անոր արխիւին մէջ տեղ գտած են երաժշտահանի ստեղծագործութիւնները, դաշնամուրային գործերը՝ «Բամբ Որոտան», «Մեսրոպեան քայլերգ եւ մեղեդի», «Տալւորիկ», «Քայլերգ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան», երգեր եւ խմբերգեր, լուսանկարներ։
ՍԻՆԱՆԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ
Պոլսոյ մէջ հանրայայտ ըլլալով՝ Սինանեաններու համբաւը նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ տարածուած էր:
Ընտանիքի աւագը Գրիգոր Սինանեանն էր (1836-1914թթ.): Ան 16-17 տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել։ Երաժշտական կրթութիւնը ընթացած է ինքնակրթութեամբ։ Գեղագիտական ճիշդ դիրքորոշումը՝ ազգային ժողովրդական լաւագոյն յատկանիշներու միաւորումը եւրոպական երաժշտական արուեստի զարգացման սկզբունքներուն հետ զինք հասցուցած են իր ժամանակի առաջաւոր մասնագիտական երաժիշտի աստիճանին։ Պոլսոյ մէջ առաջին եւրոպական տիպի երաժշտական դպրոցներէն մէկուն հիմնադիրը կը նկատուի եւ այդ դպրոցին մէջ կէս դար շարունակ երաժշտական կրթութիւն ստացած են բազմաթիւ դաշնակահարներ, լարային ու փողային գործիքներ նուագողներ։ Անոր ստեղծած Սինանեան նուագախումբը հայկական առաջին սիմֆոնիկ նուագախումբը կը նկատուի:
Սինանեան ընտանիքը ունեցած է բոյլ մը երաժիշտներ նոյնպէս:
Անոնցմէ Վերոնիքա եւ Թագուհի Գրիգոր Սինանեանները դաշնակահարներ էին:
Անտոն Գրիգոր Սինանեանը ջութակահար էր:
Յովսէփ Գրիգոր Սինանեանը թաւջութակահար էր:
Յարութիւն Գրիգոր Սինանեանը իր հօր նուագախումբի յաջորդ ղեկավարն ու խմբավարն էր։ Ան Տիգրան Չուխաճեանի աշակերտը ըլլալով նաեւ անոր ստեղծագործական սկզբունքներու շարունակողն էր։ Որպէս ջութակահար հանդէս եկած է ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլեւ՝ Եգիպտոսի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ:
Գէորգ Անտոն Սինանեանը (1903-1987թթ.) նոյնպէս ջութակահար էր, սորված է հօր՝ Անտոնի եւ հօրեղբօր՝ Յարութիւնի մօտ։ 1928 թուականին առաջին մրցանակով աւարտած է Փարիզի Ազգային երաժշտանոցը: Իբրեւ ջութակահար համերգներով հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Պելժիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ապա հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հեղինակ է ջութակի, մեծ թաւջութակի համար գրուած թատրոնի համանուագներու, քմանուագներու եւ դասական ժանրի այլ գործերու:
«ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳ ԵՒ ՄԵՂԵԴԻ»
«Մեսրոպեան քայլերգ եւ մեղեդի» իր նշանաւոր ստեղծագործութիւնը Յարութիւն Սինանեան գրած է շատ նշանաւոր տօնակատարութեան մը առթիւ, որ կը նշէր ողջ հայութիւնը: 1912 թուականին լրացան Հայ գիրերու գիւտի 1500 եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակները։
1912-1913 թուականներուն աշխարհի զանազան հայաշատ վայրերու մէջ՝ Ալեքսանդրապոլ, Վենետիկ, Թիֆլիզ, Մոսկուա, Էջմիածին, Շուշի, Նոր Նախիջեւան եւ այլուր կը տօնուէին այդ երկու յոբելեանները: Զանոնք մեծ շուքով կը նշուէին նաեւ Պոլսոյ մէջ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բնակավայրերէ ներս: Ինչպէս ծանօթ է՝ Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի կոնդակով 1912 թուականի ընթացիկ տարին յայտարարուեցաւ յոբելենական: Հայկական աշխարհի մէջ ձեռնարկները սկսան 1912 թուականի հոկտեմբերի 13-ին եւ ամփոփուեցան մէկ տարի յետոյ՝ 1913 թուականի հոկտեմբերի 13-ին՝ Ս. Թարգմանչաց տօնին:
Պոլսոյ մէջ առանձնակի շուք ստացած էին համազգային այս կրկնակի յոբելեանները: Այդ առիթով ալ Յարութիւն Սինանեան գրեց «Մեսրոպեան քայլերգ եւ մեղեդի» դաշնամուրային ստեղծագործութիւնը, որ կը հնչէ մինչեւ այսօր:
Պոլսոյ մէջ յոբելենական յանձնախումբի նախագահ նշանակուած էր պոլսահայ բժիշկ, հասարակական գործիչ Վահրամ Թորգոմեանը: Տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան բոլոր հայկական կառոյցներէն ներս: Պոլսոյ մէջ յոբելենական գլխաւոր միջոցառումները սկսան 1913 թուականի հոկտեմբերի 11-ին եւ շարունակուեցան երեք օր: Այդ օրը Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ հասարակական գործիչ, մանկավարժ, բնագէտ Նազարէթ Տաղաւարեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Ազգային ժողովի բացառիկ նիստ, որու ընթացքին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր, որ նոյնպէս պատմական նշանակութիւն ունեցաւ: Ըստ այդ համաձայնագրի, Հայ Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները, արեւմտահայութեան քաղաքակրթական զարգացումը ապահովելու համար պէտք է համախմբուէին Սահմանադրութեամբ նուիրագործուած ներքին ինքնավարութեան շուրջ՝ պահպանելով իրենց կրօնական եւ վարչական անկախութիւնը:
Եռօրեայ հանդիսութիւններու ընթացքին ձեռնարկներ կազմակերպուեցան Պատրիարքարանի մէջ, Բերայի «Փըթի Շան» թատրոնի մէջ, Թաքսիմի հրապարակը, հայաբնակ թաղամասերու մէջ:
Գաւառը նոյնպէս անմասն չէր եւ Խարբերդի, Սասունի, Վանի, Սեբաստիոյ եւ շատ այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն մեծաթիւ մարդիկ մասնակցեցան:
1913 թուականի հոկտեմբերի 13-ին Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ տօնի առթիւ եռաձայն պատարագ մատուցուեցաւ: Երգեցողութիւնը վարեց Փարիզի երաժշտանոցի սան Արմենակ Շահմուրատեան՝ Կոմիտաս Վարդապետի մասնակցութեամբ: Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ հայ գիրի եւ տպագրութեան երախտաւորներու յիշատակին: Հրաւիրեալներու կարգին էին օտարերկրեայ դիւանագէտներ, կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր: Մամուլը կը գրէ, որ յոբելենական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ լոյսերով զարդարուած էին Պոլսոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներու ու վարժարաններու դռները: Եղած են նաեւ նուիրատուութիւններ, ինչպէս Պոլսոյ հայ ոսկեգործներու նուէրը՝ Հայոց Պատրիարքարանին. զայն ադամանդազարդ հայկական այբուբենով ոսկեայ յուշատախտակ մըն էր, որ պէտք է ղրկուէր Սուրբ Էջմիածին: Ծանօթ է, որ Հայ գիրերու գիւտի 1500 եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակներու առթիւ Կոմիտասը պատրաստած էր «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգին ձայնագրութիւնը, որ պէտք է տպագրուէր ու վաճառուէր ողջ տարուայ ընթացքին: Հանգանակութիւններ կը կատարուէին ի նպաստ գաւառի մամուլի, հայ դպրոցներու… Լոյս տեսան հայ գիրի ու տպագրութեան պատմութիւնը ներկայացնող հրատարակութիւններ, որոնցմէ նշանաւորը անշուշտ, Թէոդիկի «Տիպ ու տառ»ն էր: Տօնի առթիւ թողարկուեցաւ նաեւ տօնական բացիկ:
1913 թուականի հոկտեմբերի 13-ի երեկոյեան յոբելենական տարուայ փակման առիթով Պոլսոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի «Գուսան» 200 հոգինոց երկսեռ երգչախումբը, որ դարձաւ պատմական յոբելեանի տօնակատարութեան նշանակալի ձայներէն մէկը:
Եւ վերջապէս, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 1913 թուականի հոկտեմբերին բացառիկ թիւ նուիրեց կրկնակի յոբելեանին՝ զայն կոչելով «Հայ գիրին եւ Հայ գիրքին տօնը» եւ «Համազգային մեծ յոբելեան խորագրով» զարդարեց թերթի առաջին էջը: Պոլսոյ միւս հայկական թերթերը նոյնպէս արձագանգեցին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան