Ի ԳՈՐԾ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ինչպէս մեր նախորդ թիւով տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործարկուած է սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը աշխատանքի համար կը հրաւիրէ սփիւռքահայ վկայեալ ու փորձառու մասնագէտներ: «Ի գործ» կոչուող ծրագրի 2020 թուականի արդիւնքով այս պահուն 52 մասնագէտ արդէն կ՚աշխատի պետական համակարգէն ներս: Շուտով կ՚աւարտի նաեւ 2021 թուականի դիմումներուն քննարկումը եւ նախատեսուած է եւս 50 սփիւռքահայերու ընդգրկում պետական համակարգին մէջ, այս անգամ անոնք գործ կը ստանձնեն նաեւ մարզերու մէջ: Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ապահովէ սփիւռքահայ մասնագէտներուն օդանաւի տոսմը (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), անոնց կը տրամադրէ նաեւ առողջութեան ապահովագրութիւն, մասնագէտները կ՚օգտուին նոյն արձակուրդներէն, ինչ որ նախատեսուած է տեղացի աշխատողներուն համար: Սփիւռքահայ մասնագէտները իրենց աշխատանքին դիմաց կը ստանան ամսական 336 հազար հայկական դրամ (շուրջ 630 ամերիկեան տոլար): Ծրագիրը չի հոգար մասնագէտին ընտանիքին ծախսերը, բայց անոնցմէ մաս մը Հայաստան փոխադրուած է իրենց ընտանիքներով եւ անձամբ կը հոգան ընտանիքի կացութեան ծախսերը։

Կը ներկայացնենք այս պահուս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգէն ներս աշխատող 23 սփիւռքահայեր (մնացեալ 14-ը՝ յաջորդիւ):

ԱՐՄԻՆԷ ՔԻՒՐՏԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան մէջ, կ՚ուսումնասիրէ բարձր արհեստագիտական ձեռներէցութիւններուն կարիքները եւ կարգաւորող եւ օրէնսդրական հիմքի ստեղծման նպատակով կապ կը հաստատէ այլ նախարարութիւններու հետ՝ ոլորտի զարգացման աջակցութեան նպաստող արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալու համար։

Բացի հիմնական գործունէութենէն՝ ան եւ «Ի գործ»ի այլ մասնակից մը՝ Լիլիթ Յակոբեան Հայաստանի մարզաբնակ երեխաներուն համար կ՚իրականացնեն բարեսիրական կրթական ծրագիր։

ԱՆԻ ԻՍՊԻՐԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, կը զբաղի ներդրումային քաղաքականութեան մշակման ուղղութեամբ յստակեցուած ներդրումային ծրագրերով, ինչպէս նաեւ կը տրամադրէ ոլորտային խորհրդատուութիւն:

ԱՍՊՐԱՄ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ, Ֆրանսա, կ՚աշխատի Փտածութեան կանխարգելման պետական յանձնախումբին մէջ:

ԼԱՐԱ ԹԵՇԵՔԻՐԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մարդկային շահագործումի եւ կիներու հիմնահարցերու վարչութեան մէջ: Աշխատած է ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ:

ՎԵՐՈՆԻՔԱ ՉԱՏԻՆԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Երեւանի քաղաքապետարանի Քաղաքաշինութեան եւ քաղաքային դաշտանկարի ձեւաւորման ճարտարապետութեան բաժնին մէջ:

ՃՈՆ ՄՈՄՃԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի Բարձր փորձագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան մէջ, որպէս թուային վերափոխման վերլուծաբան։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ, Նորվեկիա, կ՚աշխատի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան հանրակրթական բաժնին մէջ, որպէս ներառական կրթութեան փորձագէտ (ներառական կրթութիւնը կրթական համակարգ մըն է, որ ուղղուած է հաւասար կրթութեան ապահովման եւ հասարակութեան մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց ներգրաւուածութեան): Դասընթացքներ կը կազմակերպէ Հայաստանի 250 հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ «Վարքային խնդիրները որպէս մարտահրաւէր ներառական դպրոցի մէջ» նիւթով։

ԿԱՐԻՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ, Աւստրիա, կ՚աշխատի Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան մէջ, կեդրոնացած է նորարարութիւններու, մասնաւորապէս բժշկութեան ասպարէզին մէջ նորարութիւններու ներդրման քաղաքականութեան վրայ:

ԱՐՄԷՆ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կ՚աշխատի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ, որպէս հետազօտող: 

ՔԱՐԻՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ, Իսրայէլ, բախումներու կարգաւորման եւ միջնորդութեան մասնագէտ է: Երկար տարիներ աշխատած է կազմակերպութեան մը մէջ, որ հանդէս կու գայ որպէս միջնորդ՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի երիտասարդներուն միջեւ: Ունի միջազգային փոխանակման ծրագրերու, ինչպէս նաեւ անոնց շրջանաւարտներուն ցանցերը համակարգելու ասպարէզի փորձ: Որպէս «Ի գործ» ծրագրի մասնակից, ան այժմ կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ, ուր կը ներդնէ համակարգելու եւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները: Իսրայէլի հայ համայնքի աշխոյժ անդամ է եւ ազատ պահերուն կամաւորական գործունէութիւն կը վարէ՝ աշխատելով երեխաներուն եւ երիտասարդներուն հետ։

ՆԱՐԷ ՀԱՐՈՅԵԱՆ, Չինաստան, կ՚աշխատի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ, ուր կը ներդնէ միջմշակութային հաղորդակցութեան հմտութիւններն ու գիտելիքները։ «Չինահայ» կազմակերպութեան աշխոյժ անդամ է եւ նպատակ ունի խթանել Հայաստան-Չինաստան յարաբերութիւնները։

ՅԱՍՄԻԿ ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կ՚աշխատի իբրեւ հանրային կապերու մասնագէտ՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ։

ՆԱՐԻՆԷ ՍԻՐԱԿԱՆԵԱՆ, Վրաստան, կ՚աշխատի Հայաստանի Կրթական տեսչական մարմնին մէջ:

ԹՈՄԻԿ ՔԵՇԻՇ, Իրան, կ՚աշխատի Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ինքնաշարժային երթեւեկի քաղաքականութեան, արտօնագրման եւ թողտուութեան վարչութեան մէջ:

ՍԵՒԱԿ ՔԱՐԱՄԵԱՆ, Ռուսաստան, մասնագիտութեամբ քաղաքագէտ է, կ՚աշխատի Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մէջ:

ՇԻԼԱ ՓԱՅԼԱՆ, Գանատա, կ՚աշխատի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչին գրասենեակը: Ան միջազգային հանրային իրաւունքի իրաւաբան է, կը մասնագիտանայ միջազգային քրէական իրաւունքի, մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու ասպարէզներէն ներս: 

ՏԱԹԵՒԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ, Գերմանիա, կ՚աշխատի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մարդկային տեղաշարժերու ծառայութեան մէջ:

ԼԻԼԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, Ռուսաստան, կ՚աշխատի Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մէջ, ունի դաշնային եւ միջազգային նախագիծերու մէջ աշխատելու մեծ փորձ։

ՏԱԹԵՒԻԿ ՑԻՒՐՔԷՐ, Գերմանիա, կ՚աշխատի Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան բնութեան մասնայատուկ պահպանուող տարածքներու եւ կենսաբազմազանութեան քաղաքականութեան վարչութեան մէջ, ընդգրկուած է յատուկ պահպանուող տարածքներու մէջ բնապահպանական զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրներուն մէջ:

ԼՈՒՍԻՆԷ ԷԼԼԱՐԵԱՆ, Հոլանտա, կ՚աշխատի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան մէջ, կը փորձէ նպաստել համավարակէն եւ պատերազմէն ետք հայաստանեան մշակութային ոլորտի վերականգնումին:

ՇՈՒՇԱՆ ՔԵՇԻՇԵԱՆ, Լիբանան, կ՚աշխատի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, բազմակողմ քաղաքականութեան եւ զարգացման համագործակցութեան վարչութեան մէջ, ուր կը ներդնէ իր ուսումնասիրութիւնները, գրաւոր եւ հաղորդակցութեան հմտութիւնները՝ որպէս միջազգային համագործակցութեան մասնագէտ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, Գանատա, կ՚աշխատի Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, ուր կը զբաղի ընտրական օրէնսգիրքի ընթացիկ բարեփոխումներով:

ՇԱՆԹ ԱՊՈՒ ՇԱՄ, Լիբանան, կ՚աշխատի Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի միջազգային կապերու վարչութեան մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

(Շարունակելի)

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021