ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական խաւիծի օրը բարձր տրամադրութիւնով համախմբեց զանազան սերունդներէ ընթացաւարտ սաները, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Անարատ Յղութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հաւաքը շարունակուեցաւ դպրոցի երդիքին տակ։ Վանատան հայրերէն՝ օրուան պատարագիչը՝ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան շատ ջերմ ու անմիջական միջավայր մը ստեղծած էր շրջանաւարտներուն համար։ Իր կողքին էր նաեւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Անշուշտ, բացառիկ զգացումներով տոգորուած էին յոբելեար շրջանաւարտները։ Անոնք եւ բոլոր սաները վերանորոգեցին իրենց վարժարանին նկատմամբ սէրը եւ իրենց անցեալի ապրումներու խոր տպաւորութեամբ՝ առիթն ունեցան տեսնելու ներկայ վիճակը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու։ Այս ամբողջին մէջ բոլորին համար հետաքրքրական էր նաեւ դիտարկել՝ վանատան համալիրի հարեւանութեամբ ձեռնարկուած հսկայ շինարարութեան ընթացքը։ Արման Գամարի գլխաւորութեամբ մատակարար մարմնի անդամները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնուհիներն ու միւս պատասխանատուները, նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան ներկայացուցիչները անկեղծօրէն շրջապատեցին բոլորը։ Հիւրերու շարքին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Մելիսա Թոփճուի։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին՝ Հայր Յակովբոս, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ Մատակարար մարմնէն Սօնա Մորպոյաճը։ Նախակրթարանի իգական սեռի 50-ամեայ եւ լիսէի 40-ամեայ շրջանաւարտները հանդէս գալով արժանացան մխիթարեանցիներու ծափահարութիւններուն։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Շրջանաւարտները համտեսեցին՝ ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած խաւիծը։
Մխիթարեանցիները դպրոցի պարտէզէն հրաժեշտ առին՝ ժամադրուելով յաջորդ տարուան համար։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024