ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (12)

Ձախին դուռ մը կար։ Ֆարզատ քեռին հրեց զայն։

Ներսը, բակին մէջ, սեղանիկի մը շուրջ նստած չորս գլուխներ դարձան Զանայի ուղղութեամբ։ Մէկը միջին տարիքի կին մըն էր, երկուքը երիտասարդ, չորրորդը պատանի։ Երկու երիտասարդները անհանգիստ ելան նստած տեղերնէն, ձեռքերով ծածկեցին մազն ու գլուխն իրենց, եւ պիտի վազէին դէպի ներս, եթէ քեռին չընդմիջէր.

-Պէտք չէ, պէտք չէ, օտար չէ...

Երիտասարդուհիները կանգ առին, մնացին շուարած։ Նայեցան աւելի տարեց կնոջ, որ ուշադիր լարումով մը դուրս կը նայէր դռնէն, ուղիղ դէպի Զանան։ Վերջինս կ՚ամչնար, տեսակ մը գէշ կը զգար։

-Զանան է, քրոջս տղան... կը պատմեմ...

Ֆարզատ քեռին հանգիստ քայլերով մտաւ բակ. Զանան անթացուպերուն վրայ օրօրուելով հետեւեցաւ անոր։ Քոյրերէն մէկը բան մը փսփսաց մօր ականջին։ Երկրորդը մօտեցաւ Ֆարզատ քեռիին, վերցուց անոր բաճկոնը, տարաւ ներս։ Քեռին կքեցաւ ու համբուրեց պատանի աղջիկը գլխէն, ու դառնալով Զանային, ներկայացուց զայն. Էսֆիր։ Յետոյ ցոյց տուաւ նստարան մը, կողքի պատին տակ, եւ առաջնորդեց զինք այնտեղ։

Մինչեւ նստաւ ու հայեացքը բակին դարձուց Զանան, բոլորը ներս գացած էին։ Ֆարզատ քեռին ալ անցաւ տուն, հաւանաբար կարգադրութիւններ ընելու։ Զանան մնաց մինակ։ Բակը փոքր էր բաւական, առանց որեւէ յատուկ նկարագրի։ Քիչ մ՚ աւելի կանաչ, քան իրենց Պամի ունեցածը։ Միջին չափի ծառ մը կար եւ մի քանի թաղարներ այստեղ։ Դիմացի սպիտակ պատէն անդին, ետեւը, կ՚երեւէին ուրիշ շէնքեր, քիչ-քիչ մեծցող, բարձրացող. մէկը միւսին վրայ ելած կարծես։ Մէկը միւսը ճնշող, մէկը միւսը խեղդող։ Ու չկար բաց ու մաքուր երկինքը Պամի։

Հինգ վայրկեանն այդ ամբողջովին բաւարար էր, որ վճռէր Զանան։

Ինք այստեղ մնացողը չէր։ Առաջին իսկ առիթով, երբ ոտքը աղէկնար, ձգելու էր այս բակը, այս տունը, այս քաղաքը։ Դէպի ու՞ր։ Դեռ չէր գիտեր։ Թերեւս ուր, որ բախտը բերէր։

-Անկողինդ ցոյց տամ քեզի։

Ամչկոտ ձայնով մը դիմեց իրեն Էսֆիրը, գլուխը կախ՝ յատակի սալիկներուն նայելով։ Զանան վերադարձաւ ներկային. թեւերուն օգնութեամբ ոտքի կեցաւ, սկսաւ քալել զարմիկին ետեւէն։ Ջղային էր ու դժգոհ։ Չէր գիտեր ո՞ւր էր, չէր գիտեր ովքե՞ր էին այս մարդիկ. բայց կը զգար, որ տարբեր էին, եւ իրը չէին կրնար ըլլալ։ Եթէ ունէր հարազատութեան զգացում մը քեռիին հանդէպ, չնայած անոր շատ աւանդապաշտ ու կրօնամոլ տեսակին, ապա այն հիմնուած էր մօր ու անոր անթաքոյց մտերմութեան վրայ, որուն ականատեսը մի քանի առթիւ եղած էր Զանան։ Բայց միւս չորսը օտար էին ուղղակի, եւ ուրիշ աշխարհի մը, ուրիշ յարաբերութեան ձեւերու, ուրիշ կենցաղային ընկալումներու կրողներն էին ակնյայտօրէն։ Զանան զգացեր էր այդ՝ առաջին իսկ պահէն, երբ իր կողմ դարձեր էին գլուխները անոնց։

Եւ հիմա, տասնվեց տարեկան որբ տղան, ի զարմանս իրեն, առաջին հասուն որոշումն առեր էր կեանքին. ինք այստեղ մնացողը չէ՛ր։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020