ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈՒՇԵՐ ՊՈԼԻՍԷՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ԷՆ ԵՒ ՔԱՍԻՄԷՆ
Օրերս գրադարանին մէջ հանդիպեցայ արեւմտահայերէնով գրուած յուշագիրքի մը: Միշտ հետաքրքրութիւն ունենալով յուշագրութեան հանդէպ, թերթեցի գիրքը եւ կլանուած կարդալով տեսայ, որ հեղինակը՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից:
«Հին օրերու յուշեր. Կեսարիայէն Փարիզ. Հանգրուանէ հանգրուան» խորագրուած գիրքը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ հեղինակի ծննդավայր Կեսարիոյ, անոր մանկութեան, պատանեկութեան, ուսման, ուսուցչական ասպարէզ մտնելու, Պոլսոյ մամուլին աշխատակցելու եւ Պոլիսէն այլ քաղաքներ փոխադրուելու մասին: Յովհաննէս Պօղոսեան (1889-1972թթ.) անունով այս հեղինակի մասին քիչ տեղեկութիւններ գտայ ուրիշ աղբիւրներու մէջ: Ամենահարուստ տեղեկութիւնը իր այս յուշերն են, որոնցմէ կը տեղեկանանք, որ ուսանած է Ս. Կարապետ վանքին վարժարանը, ուսուցչութիւն ըրած է Նեւշէհիր, Գոնիա, Աֆիոն-Գարահիսար, Էսքիշէհիր, ապա իբրեւ ուսանող մենկած է Պոլիս, ուր ապրած է տասնմէկ տարի: Իրաւաբանական ուսման զուգահեռ մտած է լրագրական ասպարէզ, 1910-ականներու սկիզբը աշխատակցած է Պոլսոյ «Հայրենիք», «Արեւելք» թերթերուն: «Հայրենիք»ը շուտով գոցուած է, «Արեւելք»ն ալ երկար կեանքի նշաններ ցոյց չէր տար, եւ երբ Պօղոսեան օր մը անցած ատեն մտած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն, իսկոյն աշխատանքի առաջարկ ստացած է: Յովհաննէս Պօղոսեան յուշագրութեան մէջ մանրամասն կը նկարագրէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւնը, հիմնադիրները եւ աշխատանքի դրուագներ՝ միշտ սիրով խօսելով թերթի մասին, որ մեծ տարածում ունէր ժողովուրդի մէջ: Յուշագրութեան ընդմէջէն կը տեսնենք անցեալ դարասկիզբի Պոլիսը՝ իր ազգային, հասարակական որոշ գործիչներով եւ մանաւանդ՝ Միսաք Գօչունեանը՝ Քասիմ, որու առաջարկով ալ Յովհաննէս Պօղոսեան աշխատանքի անցած է օրաթերթին մէջ եւ խմբագիրի օգնականի պաշտօնը զբաղեցնելէ զատ նաեւ յօդուածներ գրած է՝ ստորագրելով Յի-Պէ ծածկանունով: Իր ծննդավայր Կեսարիայի պարտէզներէն ներշնչուելով՝ Յովհաննէս Պօղոսեան հրատարակած է սիրահար զոյգի մը մասին «Ատեվիս» վէպը (Երուխանի յառաջաբանով): Իսկ աւելի ուշ՝ 1930 թուականին, «Պայքար» թերթի կողմէ Խորհրդային Հայաստան ղրկուած է իբրեւ թղթակից, եւ ըլլալով արտասահմանի հայկական մամուլէն Հայաստան ղրկուած առաջին թղթակիցը, գիրք մըն ալ այդ մասին գրած է:
Կը թուայնացնենք Յովհաննէս Պօղոսեանի յուշագրութենէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իր աշխատակցութեան առընչուող եւ այդ շրջանին յաջորդած դէպքերը՝ թերթիս 115-ամեակին առթիւ, նաեւ ի յիշատակ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ անցեալ դարասկիզբին գրասենեկային եւ այլեւայլ գործեր կատարած այն անձերու, որոնց անունները կը յիշատակուին այս գրութեան մէջ:
Յովհաննէս Պօղոսեանի յուշագրութիւնը, նախապէս, իբրեւ թերթօն տպագրուած է «Պայքար» թերթին մէջ, ապա 1972 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է իբրեւ գիրք:
ՀԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ՅՈՒՇԵՐ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (ՅԻ-ՊԷ)
Օր մը, երբ Պատրիարքարանի ճամբուն վրայ հանդիպած էի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, որ կը գտնուէր Ճաղալօղլուի զառիվերին վրայ, թերթին խմբագրապետը եւ տնօրէնը Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) առաջարկեց, որ իր մօտ աշխատիմ իբրեւ օգնական խմբագիր: Պիտի ունենայի թոշակի յաւելում եւ յառաջդիմութիւն՝ ասպարէզիս մէջ, մա՛նաւանդ որ լրաբերի գործը յոգնեցուցիչ էր եւ «Արեւելք»ի տեւականութիւնը խնդրական կը թուէր ինծի. ուստի ընդունեցի Քասիմի առաջարկը:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը հին տուն մըն էր փոքրիկ, երկու յարկով: Վարի յարկը, փողոցի մուտքին վրայ սենեակով մը, ուր կ՚աշխատէր Քասիմ իր եղբօր՝ Սարգիս էֆէնտիի հետ, որ կը զբաղէր թերթին վարչական եւ ծանուցումի գործերովը: Երկու եղբայրներ իրենց յատուկ գրասեղանը ունէին: Քասիմի գրասեղանը կը գտնուէր փողոցի վրայ նայող պատուհանին քով, որուն առջեւէն անցուդարձ ընող ծանօթներ կանգ կ՚առնէին երբեմն, բարեւ մը տալու կամ խօսակցելու համար: Գրասեղանին աջ կողմը դրուած էր Քասիմէն անբաժանելի կլկլակը, զոր պարբերաբար կը քաշէր, մանաւանդ երբ իր յօդուածները կամ խմբագրական յօդուածը տուն կու տար:
Քասիմ լայն յարաբերութիւններ ունէր թէ՛ ազգային եւ թէ՛ տեղական-պաշտօնական շրջանակներու հետ: Ազգային երեսփոխանի հանգամանքով, ընտրուած էր իր ծննդավայր Կիւրինէն, կը մասնակցէր ազգային ժողովներու: Երեսփոխանական ժողովի մէջ կը քուէարկէր կեդրոնի խմբակցութեան հետ, հաճելի խօսակից եւ վիճող էր: Խոշորակազմ, թաւ եւ դեղնաւուն պեխերով, պատկառազդու արտաքին մը ունէր, որ յարգանք կը ներշնչէր: Ազգային-քաղաքական հարցերու շուրջ կը սիրէր խորհրդակցիլ իր մտերիմ անձերուն հետ, որոնց մէջ կը յիշեմ դատաւոր Յարութիւն էֆէնտի Մոստիչեանը, Հայկ Խօճասարեանը, Ներսէս Օհանեանը եւ այլն:
Քասիմ մտերիմ էր նաեւ լրագրավաճառներու հետ, որոնց միջոցով յարաբերութիւններ կը պահէր ընթերցողներուն հետ: Այս լրագրավաճառներուն մէջ կը յիշեմ Նազարէթը եւ Արթին աղան՝ Յակոբ Տէր-Յակոբեան գրագէտին հայրը: Քասիմ կը սիրէր թերթին բովանդակութեան մասին առնել անոնց կարծիքը, նոյնիսկ թելադրութիւնները, որովհետեւ անոնք կը ներկայացնէին ընթերցողներուն կարծիքը կամ նախասիրութիւնը:
Խմբագիրներու յատկացուած սենեակը կը գտնուէր առաջին յարկին վրայ, ուր կ՚առաջնորդէր նեղ սանդուխ մը: Սանդուխին սկիզբը անկիւն մը յատկացուած էր սրճեփ Երուանդին, տխեղծ ու ցաւագար մարմնով, որ ամէն վայրկեան պատրաստ էր բերելու Քասիմի կլկլակին համար կրակը:
Խմբագիրներու սենեակին մէջ լայն պատուհան մը կը բացուէր փողոցին վրայ: Պատուհանին առջեւ դրուած սեղանին շուրջ նստած էին Արտաշէս Գալփաքճեան եւ Սիմոն Չէօմլէքճեան (Ժիրայր Շիրակացի), որուն քրոջ հետ ամուսնացած էր Գալփաքճեան, հմուտ մանաւանդ՝ տնտեսական եւ առեւտրական հարցերու: Ես ալ կ՚աշխատէի միեւնոյն գրասեղանին շուրջ: Միասին կը քաղէինք տեղական ֆրանսերէն կամ թրքերէն թերթերէ օրուան լուրերը եւ կը կատարէինք փորձերու սրբագրութիւնը: Քասիմ բծախնդիր էր թերթին բովանդակութեան եւ անսխալ սրբագրութեան: Այս պատճառով թերթը տպագրական մեքենայի յանձնուելէ առաջ աչքէ կ՚անցընէր էջերու վերջին փորձը, եւ երբ սխալ մը նշմարէր, կը կեցնէր տպագրական մեքենան եւ կանչելով գրաշարապետը, սրբագրել կու տար: Կը յիշեմ գրաշարապետ Երուանդը, զոր Սարը Երուանդ կը կոչէին, որ կէս գիշերուան մօտ հակած տպագրական մեքենային վրայ, կը չարչարուէր սրբագրութեանց համար, որոնք կը կատարուէին սխալ տառերը կամ տողերը մեքենային վրայ դուրս քաշելով: Խեղճը մեռաւ թոքախտէ, վաղահաս կերպով:
Խմբագրական օգնականներս կը գրէինք յօդուածներ ալ թերթին համար: Գալփաքճեան առաւելապէս կը ստորագրէր տնտեսական եւ ընկերաքաղաքական յօդուածներ: Չէօմլէքճեան կը գրէր սրամիտ քրոնիկներ, «Օրը օրին» վերնագրին տակ, զորս կը ստորագրէր Հայր Վարդան: Ես կը գրէի գրական կարճ յօդուածներ եւ անունիս գլխատառերով կը ստորագրէի՝ Յի-Պէ ծածկանունով: Իմ պաշտօնս էր միաժամանակ՝ երթալ Պապը Ալիի պաշտօնատունը եւ առնել մամուլի դիւանէն հաղորդուած լուրերը: Կը հետեւէի մանաւանդ՝ խորհրդարանական լուրերու, ներկայ ըլլալով Օսմանեան երեսփոխանական ժողովի եւ ծերակոյտի ժողովներուն: Ատոր շնորհիւ ծանօթացած էի հայ երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու հետ:
Խմբագրական սենեակին կից էր գրաշարական սենեակը, պատուհանով մը փողոցին վրայ: Հոս կ՚աշխատէին հինգ կամ վեց գրաշարներ, հակած՝ գիրերու «քասա»ներուն վրայ: Այն ատեն դեռ տողաշար մեքենայ չկար, եւ գրաշարները մէկիկ-մէկիկ գիրերը առնելով «քասա»ներէն կը շարէին «կալէ»ներու վրայ, յետոյ շարուածքը չուանով կապելով կը կազմէին էջերը եւ զանոնք տեղաւորելով մարմարէ սեղանին վրայ, ամուր կերպով կ՚առնէին երկաթեայ շրջանակին մէջ: Յետոյ տպարանին բեռնակիրը, որ Մուսթաֆա կը կոչուէր, էջերը շալկած կռնակին վրայ՝ անոնք կ՚իջեցնէր գետնայարկը, ուր զետեղուած էր տպագրական մեքենան: Այս մեքենան կը դառնար ձեռքով եւ շատ դանդաղաշարժ էր: Որքան կը յիշեմ՝ թերթը կը տպուէր երեքէն չորս հազար օրինակ: Տպագրութիւնը կը լրանար առտուան դէմ: Անկէ ետք բեռնակիրը դարձեալ էջերը շալկած, վեր կը մագլցէր նեղ ու խարխլած սանդուխէն մինչեւ գրաշարատուն, ուր էջերը կը ցրուէին եւ տառերը վերստին կը դրուէին «քասա»ներու մէջ, յաջորդ օրուան թերթը շարելու համար: Ասիկա տաժանելի աշխատանք մըն էր: Գիշերուան վերջին լուրերը առնելու եւ վերջին փորձերը կատարելու պաշտօնը ինծի վիճակուած էր, այդ պատճառով երբեմն կը սպասէի մինչեւ կէս գիշեր եւ յետոյ կը դառնայի տուն: Այս վերադարձը դժուար կ՚ըլլար, երբ օդը անձրեւոտ կամ ձիւնոտ ըլլար: Կը յիշեմ, թէ ձմրան գիշեր մը, երբ ձիւնամրրիկ կար, Քասիմ սպասեց, որ աշխատանքս լրացնեմ եւ միասին ինծի տուն ընկերացաւ: Իր տունն ալ Կէտիկփաշա էր: Զգացուեցայ, սակայն, գրեթէ հայրական այս հոգածութենէն, ինչ որ ցոյց կու տար իր բարի նկարագիրը:
Խմբագրատան վերնայարկը, ցած առաստաղով եւ տանիքին վրայ բացուած լուսամուտով մը, յատկացուած էր թերթի առաքումին: Առաքիչ պաշտօնեաներ Լեւոն Պիւլպիւլեան, մօրուսաւոր եւ գործունեայ երիտասարդ մը, որ կը հսկէր ձեռքէ թերթի վաճառումին վրայ եւս: 1932 թուականին, երբ Գահիրէ գացի, զինք կրկին պիտի տեսնէի: Անունը փոխելով եղած էր Սոխակեան եւ կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ, Գահիրէի հայաշատ արուարձանին՝ Հելիոպոլսոյ մէջ: Ապա մեկնեցաւ Հայաստան:
Ճաղալօղլուի զառիվերը կը բացուէր Պապը Ալիի պողոտային վրայ, ուր կը գտնուէին թուրք թերթերու տպարանները եւ խմբագրատուները, ինչպէս «Իգտամ», «Սապահ», «Ենի Կազէթա», «Թէրճիւման-Ագշամ»:
Քասիմ եւ եղբայրը՝ Սարգիս, մասնաւոր բարեկամութիւն ունէին «Սապահ»ի արտօնատէր Միհրան Նագգաշեանի հետ, բնիկ կեսարացի: Ես ալ յաճախ կ՚երթայի այս թերթին խմբագրատունը, տեսնելու համար Տիրան Քէլէկեանը, որ անոր խմբագրապետն էր: Քէլէկեան, որ կը ստորագրէր իր անուան գլխատառերով՝ Տ. Ք., մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած էր թուրք լրագրութեան մէջ եւ ազդեցիկ դարձած՝ պետական շրջանակներուն մօտ, եւ այնպէս որ «Սապահ» կը նկատուէր թուրք կառավարութեան կիսապաշտօնական օրկանը: Տիրան Քէլէկեան երկար ատեն ապրած էր Եգիպտոս, ուր խմբագրած էր ֆրանսերէն թերթ մը, եւ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք՝ վերադարձած Պոլիս: Պատկառելի մօրուքով, լայն ճակատով եւ համակրելի դէմքով անձ մըն էր: Երբ զիս կ՚ընդունէր խմբագրապետի իր սենեակին մէջ, նստած կ՚ըլլար իր ընդարձակ գրասեղանին առջեւ, որուն վրայ դիզուած կ՚ըլլային բառարաններ եւ պատմութեան վերաբերեալ հատորներ: Քէլէկեան միաժամանակ միջազգային պատմութիւն կը դասախօսէր քաղաքային գիտութեանց վարժարանին մէջ, որ վարչական պաշտօնեաներ կը պատրաստէր:
Համալսարանական ուսման հետեւող հայ ուսանողներս կազմած էինք Սահմանադրական Ռամկավար Ուսանողներու Միութիւնը, որուն նախաձեռնողը եղած էր Արամ Շիշէեան, բնիկ էրզրումցի, որ Պոլիս եկած էր Եգիպտոսէն: Շիշէեան առաքելական ոգի եւ կազմակերպչական ձիրք ունէր: Կը հաւաքէր մեզ իր ուսանողի սենեակին մէջ, պարբերաբար, եւ ժողովներէն ետք գաւաթ մը թէյով կը պատուէր մեզ: Այս Ուսանողական Միութիւնը կը հովանաւորէր Կ. Պոլսոյ Սահմանադրական Ռամկավար վարչութիւնը, որուն ատենապետն էր Տիրան Քէլէկեան, որ անձամբ եւ մօտէն կը հետաքրքրուէր մեր Միութեան գործերով, եւ կերպով մը զայն կ՚առաջնորդէր, կամ իր խորհուրդներով կը քաջալերէր Միութեան անդամները: Սահմանադրական Ռամկավար Ուսանողական Միութիւնը սկսած էր հրատարակել «Վերածնունդ» անունով պարբերաթերթ մը, որուն խմբագրութեան կ՚օգնէին Ա. Քէլէկեան եւ Վ. Թէքէեան՝ երբեմն գրելով անոր առաջնորդող յօդուածները, ռամկավարական սկզբունքներու մասին, որոնց ջերմ ջատագովն էին անոնք: Որքան կը յիշեմ՝ այս թերթին կ՚աշխատակցէին Լեւոն Աճէմեան, Սահակ Մեսրոպ (Ռուբէն Կամսարական), Յ. Գավուքճեան, Ա. Ասատուրեան, Ս. Շիշէեան եւ այս տողերը գրողը:
1911 թուականի յունիս ամսուան մէջ էր, որ Քասիմ թոյլ տուաւ, որ շաբթուան մը արձակուրդով մեկնիմ Պարտիզակ, ուր գիւղապետի պաշտօնը կը վարէր գրագէտ Յակոբ Տէր-Յակոբեան, որուն հետ ծանօթ էի, զայն յաճախ տեսած ըլլալով «Մանզումէ»ի խմբագրատան մէջ, ինչպէս Վահան Թօշիկեանը, որ թարգմանիչ-խմբագիրն էր այս թերթին: «Մանզումէ»ի տէր եւ տնօրէնն էր Յովհաննէս Գայսէրլեան, կեսարացի եւ թրքախօս, որ ատեն մը հայատառ թրքերէնով հրատարակելէ ետք իր թերթը, օսմանեան սահմանադրութենէն ետք զայն վերածած էր հայաթերթի, կարող խմբագրական կազմով մը, որուն մէջ կը գտնուէին բացի Տէր-Յակոբեանէ, Երուանդ Տէր-Անդրէասեան, Արամ Անտոնեան, Դր. Կիրակոսեան (Կիկօ): Գայսէրլեան կունդուկլոր մարմնով, ճարպիկ եւ դիւրաշարժ մարդ մըն էր, յաճախ կ՚երթար Պապը Ալի, ուր կը քաշուէր երբեմն ներկայանալու բարձր պաշտօնատարներու: Այսպիսի այցելութեան համար կը հագնէր իր սեւ «րըտէնկոթ»ը, ճերմակ օսլայուած շապիկով, որու վրայ օր մը թափած էր «ֆասուլիա բլաքի»ն երբ խմբագրատան քովի պարսիկ ճաշարանին մէջ աճապարանքով ճաշելու վրայ էր: Հակառակ իր տգիտութեան, «Մանզումէ» տարածուած թերթ մըն էր եւ յաջողութիւն գտած պոլսահայ հասարակութեան մէջ:
Խմբագրական աշխատանքէն յոգնած էի եւ պէտք ունէի գոնէ շաբթուան մը հանգիստի, մանաւանդ որ ստամոքսի եւ աղիքներու խանգարումի մը հետեւանքով տկարացած էի: Պարտիզակի առողջարար կլիմային մէջ շուտով պիտի վերագտնէի առողջութիւնս: Բարեբախտաբար, զուգադիպութեամբ մը, Տէր եւ Տիկին Թօշիկեաններն ալ այդ միջոցին օդափոխութեան եկան Պարտիզակ: Միասին կը կատարէինք պտոյտներ գիւղին մօտակայ վայրերը, Ս. Մինաս, Ցատքան ջուր, Դեղնտան աղբիւր, մեր ճամբուն վրայ մացառուտքին մէջ կը քաղէինք մորենիի պտուղը: Երբեմն առանձին կ՚երթայի պտոյտի եւ այն ատեն կը փորձուէի լոգանք մը առնելու Ցատքան ջուրի հոսանքին վրայ տեղ-տեղ կազմուած լճակներուն մէջ:
Պարտիզակ ամառ ատեն օդափոխութեան հաճելի վայր մըն էր պոլսահայութեան համար: Ամէն տեղ կ՚արձագանգէր հայերէն լեզուն եւ հայ երգը: Գիւղացիք, հիւրասէր եւ հաճոյասէր, տնտեսապէս բարեկեցիկ էին: Կիները առհասարակ կ՚աշխատէին մետաքսի գործարաններուն մէջ, կամ իբրեւ սպասուհի կ՚երթային ծառայել պոլսահայ ունեւորներու տուներուն մէջ: Այր մարդիկ քաջ լեռնականներ էին եւ կը զբաղէին ծխախոտի արգիլուած առուտուրով, ծանօթ իբրեւ «այընկաճը»: Պարտիզակ պարզ գիւղ մը չէր, այլեւ հայ մշակոյթի կեդրոն մը, իր ազգային վարժարանով եւ ամերիկեան քոլէճով, ուր կը դասախօսէին նշանաւոր փրոֆեսէօրներ, ինչպէս՝ Արմենակ եւ Աբրահամ Տէր-Յակոբեան եղբայրներ, Ճէճէզեան եւ Պետիկեան պատուելիներ: Պարտիզակի ազգային վարժարանը շնորհիւ Եղիշէ Եպսկ. Դուրեանի (ապա Պատրիարք Կ. Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի) հասցուցած էր ազգային դէմքեր, ինչպէս՝ Թորգոմ Եպսկ. Գուշակեան եւ Երուանդ Տէր-Անդրէասեան: Պարտիզակ տուած էր նաեւ Մխիթարեան վարդապետներ՝ Արսէն Ղազիկեան եւ Ղեւոնդ Տայեան: Գիւղին հայեցի մթնոլորտը ունէր ներշնչող բան մը:
Պարտիզակի շուրջը կը գտնուէին բազմաթիւ հայ գիւղեր, որոնցմէ մէկն էր Արսլանպէկ: Սարգիս եղբայրս Քերմասթիէն հոս փոխադրուած էր, իբրեւ տեսուչ վարժարանի: Մայրս ալ իր հետն էր: Այդ պատեհութեամբ ես ալ պիտի ծանօթանայի այս գիւղին, որուն բնակչութիւնը կ՚ապրէր մետաքսագործութեամբ: Արսլանպէկ ծննդավայրը եղած էր Մուշեղ Եպսկ. Սերովբեանի: Հոն պիտի հանդիպէի իր եղբօր՝ Վռամշապուհի, որ քաջ որսորդ էր եւ 1909 թուականի Ատանայի ջարդին զոհ պիտի երթար իր շինած մէկ ռումբի պայթումին հետեւանքով:
Արսլանպէկ այցելութենէս օգտուելով՝ Աստուածածնայ տօնի մը առթիւ պիտի ճանչնայի Արմաշն ալ, որ հեռու չէր: Աստուածածնայ տօնը ուխտի օր էր Իզմիթի եւ Ատաբազարի, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու հայութեան համար: Ուխտաւորները վանք կը հասնէին կառքերով կամ եզնասայլերով, ուրախ եւ զուարթ երգելով եւ պարելով: Վանքին շուրջը կը վերածուէր տօնավաճառի: Իմ այցելութեանս տարին Արմաշու վանքին վարժարանին տեսուչն էր Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ Խաչատուրեան, ապա եպիսկոպոս Տրապիզոնի եւ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ: Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ մանրիկ կազմով, աշխոյժ ու բեղուն միտքով, պիտի ըլլար հայ եկեղեցականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը: Բախտը ունեցայ վայելելու իր հիւրասիրութիւնը՝ իբրեւ խմբագիր պոլսահայ թերթի մը: Կը յիշեմ նշանաւոր ջաղացքը, վանքէն դէպի վար, առուակի մը եզերքը, որ պտոյտի վայրերէն մէկն էր գիւղին:
1912 թուականի աշնան Արտաշէս Գալփաքճեան եւ Սիմոն Չէօմլէքճեան անհամաձայնութիւն մը ունեցան Քասիմի հետ եւ թողուցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ը: Անոնք արդէն պահ մը հրատարակած էին «Վաստակ» անունով տնտեսա-առեւտրային թերթ մը: ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հեռանալէ ետք սկսան հրատարակել «Լուսարձակ» անունով թերթ մը, որ կերպով մը մրցակից կը դառնար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ որ սակայն երկար կեանք չունեցաւ: Գալփաքճեանի եւ Չէօմլէքճեանի հեռացումով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աւագ խմբագրի պաշտօնը ինծի կը վիճակուէր, թոշակի ալ յաւելումով: Պարզ խմբագիր մը չէի այլեւս, այլ նաեւ խորհրդական մը Քասիմի համար, որ ամէն անգամ որ խմբագրական յօդուած մը գրել ուզէր կամ կարեւոր լրատուութիւն մը ընել հարկ ըլլար, կը կանչէր զիս քովը, եւ իր կլկլակը երանութեամբ քաշելով, տուն կու տար գրութիւնը: Երբեմն Սարգիս էֆէնտի կը միջամտէր, կարծիք մը կամ թելադրութիւն մը յայտնելու համար, եւ Քասիմ կը յարգէր իր եղբօր կարծիքը: Քասիմ կը սիրէր նաեւ մեկնաբանել օրուան քաղաքական լուրերը, զանոնք ուռեցնելով եւ զգայացունց վերնագրեր դնելով, ինչ որ վառ կը պահէր ընթերցողին ուշադրութիւնը կամ հետաքրքրութիւնը: Ասիկա կը կազմէր Քասիմի լրագրութեան գաղտնիքը: Քասիմ հաճոյակատար էր թերթին աշխատակիցներուն հանդէպ, որոնց գործակցութենէն կախում ունէր թերթին յաջողութիւնը: Անոնք կերպով մը անդամներն էին Գօչունեան ընտանիքին, որուն սեփականութիւնն էր թերթը: Այդ ընտանիքին պետն էր մայր Գօչունեան, որուն հանդէպ Քասիմ ունէր տեսակ մը պաշտանք: Անոր խորհուրդին կ՚անսար եւ որոշումին կ՚ենթարկուէր: Կարելի է ըսել, թէ Գօչունեան ընտանիքը մայրապետական իրաւակարգի մը տակ կ՚ապրէր: Զաւակները ակնածանքով, իսկ հարսերը հնազանդութեամբ կը վերաբերուէին անոր հետ: Քասիմ զաւակ չունէր, այդ պատճառով որդեգրած էր իր Սարգիս եղբօրը անդրանիկ զաւակը՝ Մարտիրոսը, որ Քասիմ որդի կը կոչէինք: Ան խմբագրութիւն կու գար տաբատով եւ կը վայելէր ամենուն համակրանքը:
Իբրեւ աւագ խմբագիր, իմ պաշտօնիս սահմանին մէջ կ՚իյնար ներկայ ըլլալ զանազան հանդիսութեանց կամ պաշտօնական արարողութեանց՝ թերթին կողմէ, ու անոնց նկարագրութիւնը ընել: Այս հանգամանքով էր, որ, օրինակ, ներկայ եղած եմ Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձին, որ մեծահանդէս կը կատարուէր Ետի Գուլէի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ, օրուան պատրիարքին նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Այս առթիւ տեղի կ՚ունենար աւանդական ճաշը, որուն ընտրեալ խորտիկը ձիթաիւղով եփուած կանկառն էր: Ճաշէն ետք խրախճանք տեղի կ՚ունենար հիւանդանոցի պարտէզին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շարունակելի…
Երեւան