ՍՈՒՐԲ ՆՈՒՆԷ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՄԱՆԷ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը: Հետաքրքրական են այս երկու տօնելի սուրբերուն պատմութիւնները:

Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը խումբէն են Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք եօթանասուն հոգիով, Տիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներուն ժամանակ, ձգած են Հռոմն ու եկած Հայաստան: Հռոմէն կոյսերը նախ կ՚անցնին Եգիպտոս, ուրկէ ալ՝ Երուսաղէմ: Երուսաղէմի մէջ անոնց տեսիլքով կ՚երեւի Տիրամայրը եւ կը պատուիրէ Հայաստան երթալ: Ճանապարհին անոնցմէ ոմանք կը բաժնուին խումբէն, ոմանք կը մնան Եդեսիա, ուրիշներ՝ լեռներու ու քարայրներու մէջ, ոմանք ալ Վարագայ վանքին մօտ եւ միայն անոնցմէ երեսունեօթն կը հասնի Վաղարշապատ:

Ճանապարհին խումբէն բաժնուած կոյսերէն միայն երկուքին անունը պատմութեան ծանօթ է: Անոնցմէ մէկը Նունէն է, միւսը՝ Մանէն: Այս երկու կոյսերը, Տիրոջ կողմէ նախախնամուած, չեն նահատակուիր իրենց հաւատակիցներուն հետ:

ՍՈՒՐԲ ՆՈՒՆԷ ԿՈՅՍԸ

Նունէ կոյսը համաքրիստոնէական սուրբ է: Հայերը, վրացիները եւ ռուսերը սրբուհիին նուիրուած տօներ ունին:

Նունէ կոյսը, Վարագայ լերան մօտ զատուելով ընդհանուր խումբէն, կ՚երթայ Վիրք (Վրաստան), Մծխիթայ մայրաքաղաքը, ուր կը շարունակէ ապրիլ սրբակենցաղ աղօթական կեանքով, ինչպէս կ՚ապրէր իր ընկերուհիներուն հետ Հայոց Վաղարշապատ մայրաքաղաքին մօտակայքը:

Վրաստանի մէջ ան կը քարոզէ քրիստոնէութիւնը, «Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ» կը կատարէ բժշկութիւններ եւ ողջ ժողովուրդը դարձի կը բերէ: Անոր մասին Մովսէս Խորենացին կը գրէ. «Կին մը, Նունէ անունով, Սուրբ Հռիփսիմեաններու ցրուած ընկերներէն, կը փախչի, կը հասնի Վրաց աշխարհը»:

Նունէն կը նկատուի Վրաստանի լուսաւորիչը, Վրաստանի առաջին առաքելուհին եւ պահապան սուրբը: Վրաստանի մէջ իր անունը ընդհանրացած է «Նինօ» ձեւով եւ այդ անունով սրբավայրեր կան:

Երբ Վրաստան կը հասնի, ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս ճորտերու կամ ստորուկներու դասակարգին պատկանող կին մը եւ իր բարերարութիւններով կը շահի իր շրջապատի մարդոց համակրանքը: Իր հռչակը եւ կրօնական գործունէութիւնը սկիզբ կ՚առնեն այն ժամանակ, երբ կին մը անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող իր որդին անոր մօտ կը բերէ, որ, եթէ որեւէ դեղ կամ դարման գիտէ, կիրառէ իր որդին առողջացնելու համար: Նունէն կը վստահեցնէ, թէ ինքը չի գիտեր նիւթական որեւէ դեղ կամ դարման, բայց կը հաստատէ, որ իր պաշտած Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, այսպիսի շատ հիւանդներ բժշկած է եւ կը հաւատայ, որ անոր ալ կը բժշկէ: Ուստի կը սկսի աղօթել եւ արդարեւ, ի մեծ ուրախութիւն մօր եւ հաւաքուածներուն, փոքրիկը յանկարծակիօրէն կը բուժուի:

Այս լուրը նաեւ կը հասնի Վրաստանի Նանա թագուհիին, որ ծանր հիւանդ էր: Թագուհին իր մօտ կը հրաւիրէ, որպէս ստրուկ ճանչցուած կինը, որ իր կարգին կը պատասխանէ, թէ նման փարթամ վայրերու մէջ թափառելու համար ինքը չի կրնար ձգել իր ճգնարանը: Թագուհին կը տանին իր քովը եւ ան իրօք աղօթքներով կը բուժէ զայն: Թագուհին, խորապէս երախտապարտ զգալով, կը փորձէ տալ թանկարժէք նուէրներ, որոնք սակայն Նունէն կը մերժէ, բայց կը սկսի Աւետարանը քարոզել՝ հաստատելով, որ ոչ թէ ինք, այլ Քրիստոս բուժած է թագուհին եւ թէ Քրիստոս պատրաստ է բուժել նաեւ անոր հոգիին հիւանդութիւնները, եթէ ան քրիստոնեայ դառնայ: Թագուհին կը համաձայնի:

Երբ թագուհիին ամուսինը՝ Միհրան թագաւոր պալատ կը վերադառնայ՝ չափազանց կ՚ուրախանայ եւ կը հրամայէ, որ թանկագին նուէրներ ղրկեն օտարուհիին: Թագուհին, կանխելով կ՚ըսէ, որ այդ կինը նուէրներ չ՚ընդունիր։ «Բայց մեր երախտագիտութիւնը յայտնած կ՚ըլլանք անոր այն ժամանակ, երբ երկուքս ալ պաշտենք անոր քարոզած Աստուածը, որուն զօրութեամբ, ինչպէս ինք ըսած էր ինծի, ես բժշկուեցայ», կ՚ըսէ: Սակայն թագաւորը այդ պահուն շատ լուրջ չի վերաբերիր թագուհիին ըսածին:

Օր մը որսորդութեան ժամանակ թագաւորը եւ իր ընկերները թանձր մառախուղի մէջ կը յայտնուին եւ սարսափահար, տարակուսած կը սկսին հոս ու հոն թափառիլ: Թագաւորը կը կորսնցնէ իր ուղղութիւնն ու ճանապարհը: Իր աստուածները օգնութեան կը կանչէ, սակայն իրավիճակի ոչ մէկ փոփոխութիւն կը նշմարուի: Յանկարծ կը մտաբերէ թագուհին բուժած Աստուածը, կը դիմէ Անոր եւ կ՚ուխտէ, որ եթէ զինք ազատէ այս թանձր խաւարէն՝ կը հաւատայ եւ կը հետեւի Անոր. իսկոյն, այդ անթափանցելի մշուշը արագօրէն կը ցրուի եւ թագաւորը բարեյաջող կերպով կը վերադառնայ պալատ:

Թագաւորը թագուհիին կը պատմէ եղելութիւնը եւ երկուքը միասին կ՚երթան Նունէին քով: Թագաւորը Նունէէն կը խնդրէ, որ իրեն նոյնպէս պատմէ իր Աստուծոյ եւ Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին: Նունէին քարոզը ունկնդրելէ ետք թագաւորը կը յայտարարէ իր քրիստոնեայ դառնալուն պատրաստակամութեան մասին: Պալատ վերադառնալով իր մօտ կը հրաւիրէ ամբողջ երկրի մեծամեծները եւ թագուհիին հրաշքով բժշկութեան եւ իր հետ կատարուածին մասին պատմելէ ետք, ինքն ալ կը սկսի քարոզել իր սորված Քրիստոսին մասին: Կը հաստատէ իր համոզմունքը, որ ճշմարիտ Աստուածը Քրիստոսն է եւ ճշմարիտ կրօնքը՝ քրիստոնէութիւնը: Մեծամեծներէն շատերն ալ կը համոզուին եւ կը հաւատան:

Թագաւորին գործակցութեամբ Նունէն քանդել կու տայ Կուր (Քուռ) գետի ափին, բլուրի վրայ կանգնեցուած հեթանոսական արձանը եւ կը տեղադրէ Քրիստոսի խաչին նշանը:

Այնուհետեւ Նունէի խորհուրդով, ըստ վրացական աղբիւրներուն, պատգամաւորներ կը ղրկուին Կոստանդիանոս թագաւորին քով, իսկ ըստ հայկական աղբիւրներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Տրդատի մօտ, որպէսզի ղրկուին հոգեւորականներ, որոնք շուտով հասնելով, թագաւորին, թագուհիին, ամբողջ արքունիքին եւ ժողովուրդէն հազարաւորներուն Կուր գետին մէջ մկրտելով՝ լրման կը հասցնեն Նունէին սկսած գործը:

Այս դէպքերէն ետք Նունէն կը շարունակէ իր առաքելութիւնը երկրի բոլոր անկիւններուն մէջ եւ վերջ ի վերջոյ, խաղաղ մահով, կը վախճանի: Անոր գերեզմանին վրայ փառաւոր եկեղեցի մը կը կառուցուի, որ այժմ Վրաստանի գլխաւոր ուխտավայրերէն մէկն է:

«Սրբոց Բառարան»ին մէջ Նունէն կը յիշատակուի, որպէս թէ ան մահացած է 340-ին եւ կը տօնուի դեկտեմբեր 15-ին: Իսկ հայկական շտեմարաններուն մէջ եղած Հայսմաւուրքներուն մէջ հանգամանօրէն կը նշուի, որ ան կը յիշատակուի հոկտեմբեր 28-ին: Սակայն վրացական վկայաբանութիւնները անոր տօնը կը նշեն յունուարի 14-ին: Հայ Եկեղեցին Սուրբ Նունէն կը յիշատակէ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տօնին (Տօն Սուրբ Էջմիածնի) յաջորդող երեքշաբթի օրը, Մանէ կոյսին հետ:

Ըստ վրացական աղբիւրներուն, Սուրբ Նունէն դէպի Վիրք իր ուղեւորութեան սկիզբը եղած է Ջաւախքի մէջ, Փարւանա լիճին մօտ։ Այստեղ ան մնացած է երկու օր, կերակուր խնդրած է ձկնորսներէն, հովիւներուն հետ խօսած է հայերէն։

ՍՈՒՐԲ ՄԱՆԷ ԿՈՅՍԸ

Ի տարբերութիւն Սուրբ Նունէին, կարճ է Մանէին վարքը:

Երբ Հայաստան կը հասնին Հռիփսիմեան կոյսերը, անոնցմէ Մանէն, Աստուածային ազդեցութեամբ, կը բաժնուի իր ընկերուհիներէն եւ կ՚երթայ Եկեղեաց գաւառը, որուն կեդրոնը Երզնկան էր: Այնտեղ Սեպուհ կոչուած լերան վրայ յարմար քարայր մը գտնելով, կ՚որոշէ ճգնողական կեանք վարել: Հոն ենթարկուելով ամրան տապին եւ ձմրան ցուրտին, սիրով եւ համբերութեամբ երկար ժամանակ հրեշտակային կեանք մը կը վարէ, սակայն Աստուածային մխիթարութիւնը, որով լեցուած էր ան, մոռնալ կու տայ բնութեան պատճառած նեղութիւնները եւ այսպէս աղօթքով ու ճգնութեամբ երկար տարիներ Աստուածամերձ կեանք մը կ՚ապրի:

Տարիներ ետք, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առանձնութեան փափաք կը զգայ, քայլերը զայն կ՚առաջնորդեն դէպի Բարձր Հայքի Եկեղեաց գաւառը, Դարանաղեաց լեռներ, ան կը նշմարէ Սեպուհ լերան քարայրը, ուր կը ճգնէր Մանէն: Ծերացած կոյսը հեռուէն ձայն կու տայ հայոց հայրապետին. «Այժմ մի մօտենար, այլ երեք օր յետոյ եկուր» ըսելով: Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ երեք օր ետք նոյն վայրը կ՚երթայ, սրբուհին վախճանած կը գտնէ եւ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով զայն նոյն օրը կը թաղէ այդ նոյն քարայրին մէջ (323), ինչպէս ժամանակին թաղած էր անոր ընկերուհիները՝ ամէն մէկը իրենց նահատակուած վայրերուն մէջ եւ ինքը կը շարունակէ ճգնիլ նոյն քարայրին մէջ, որ յետագային կը կոչուի «Մանեայ այր»՝ Մանէի քարայր:

Ըստ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն, Սուրբ Նունէ եւ Սուրբ Մանէ կոյսերը ճանչցած են զԱստուած եւ յանուն Անոր, յանուն հաւատքի ենթարկուած են բազում փորձութիւններու ու կտտանքներու՝ ոչ մէկ վայրկեան ետ կանգնելով իրենց ճշմարիտ ուղիէն։ Անոնք ոչ միայն տեսան եւ ճանչցան զԱստուած, այլ քարոզեցին եւ ուրիշներուն ալ ցոյց տուին քրիստոնէական արդար ուղին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունիս 8, 2021