ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…
Ահաւասիկ, սկսաւ Հայասատանի նորընտիր նախագահի երկար սպասուած ելոյթը: Ազգաբնակչութիւնը շունչը բռնած գամուած էր հեռուստացոյցի դիմաց: Մինչ այդ, ամէն պատէ ներս լսելի էին քչփչոցներ, փսփսուքներ. ամէն մարդ կը փորձէր կանխագուշակել այս պատմական ելոյթի բովանդակութիւնը.
«Իմ հայ ժողովուրդ, ձեր թոյլտուութեամբ կ՚ուզեմ իմ ելոյթին սկսիլ երախտիքի խօսքով: Շնորհակալ եմ, երեք թեկնածուներու մէջէն ձեր ապագան, ձեր կեանքի որակը ինծի վստահելու համար: Ես ծանօթ եմ ձեր բոլորի նուիրական փափաքներուն եւ ակնկալիքներուն: Կը փորձեմ իմ համեստ գիտելիքներն ու փորձը ծառայեցնել յանուն իմ ժողովուրդի բարօրութեան ու լիաթոք ժպիտի:
Այնուհետեւ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին բոլոր ղեկավարներուն, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն՝ մեր երկրի կայացման գործին մէջ իրենց լուման ներդնելու համար: Այսօր չեմ ուզեր խօսիլ թերութիւններու մասին: Այսուհետ մենք միասնաբար պէտք է փորձենք տեսնել միայն լաւը եւ գործել բարին: Հաւատացէ՛ք, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի հոլովոյթին գործած է բաւական բարիք:
Պէտք է խոստովանիմ՝ երկրի մը ղեկավարի ղեկի ստանձնումը շատ գայթակղեցուցիչ է, միաժամանակ պարտաւորեցուցիչ... Երջանիկ եմ, որ մի որոշ ժամանակաշրջան ես պիտի ծառայեմ դարերու խորքէն եկող հերոս ժողովուրդի մը:
Այսօր յաղթական ամսուան առաջին օրն է՝ մայիսի 1-ը: 20.. թուականի գարնան վերջին ամսուն վերջակէտ պիտի դրուի ձեր հոգսաշատ կեանքին:
Սկսինք ամենասկիզբէն.
Երեխաները՝ կեանքի, մաքրութեան ու անմեղութեան ակունքն են: Որպէսզի, տակաւին սփիւռքի մէջ բնակողները ըմբռնեն, թէ խօսքը ինչ գումարի մասին է, ես կ՚ուզեմ բոլոր թիւերը ներկայացնել տոլարով:
Այսուհետ, սոյն թուականի յունիսի 1-էն սկսեալ, 0-21 տարեկան բոլոր աղջիկ երեխաները եւ 0-23 տարեկան տղայ երեխաները կը ստանան 300 տոլարի համարժէք դրամ մանկական ու երիտասարդական նպաստ:
Յղութեան ընթացքին յղիներուն պէտք է տրուի 1000 տոլարի համարժէք դրամ միա-նըւագ օգնութիւն: Բաց աստի, իւրաքանչիւր մայրիկ ու հայրիկ, կը պարտաւորուի՝ մինչեւ երեխայի ծնունդը եւ լոյս աշխարհ գալէն ետք, երեք տարի շարունակ յաճախել պետութեան կողմէ կազմակերպուելիք բարձրորակ անվճար ծնողավարման դասընթացքներուն: Չմասնակցողները կը զրկուին պետական նպաստներէն:
Մեր նպատակն է տարի մը վերջ գոցել Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին մանկատան դռները:
Հաշմանդամութիւն ունեցող մեր համերկրացիներու թոշակները, ըստ իրենց ունեցած հաշմանդամութեան կարգի, պէտք է դառնան առաջին կարգ՝ 700, երկրորդ՝ 600, երրորդ՝ 500 տոլարի համարժէք դրամներ: Ի դէպ, նշեմ նաեւ՝ երեխաներու, հաշմանդամներու, տարեցներու համար մեր երկրի բոլոր հիւանդանոցները, երթեւեկութեան միջոցները պէտք է դառնան անվճար:
Այլեւս կենսաթոշակային տարիքը 63-ի փոխարէն իջեցուցած ենք 50-ի: Այլեւս կէս դար ապրած, յիսուն տարին բոլորած մեր իւրաքանչիւր քաղաքացի՝ 100 տոլարի փոխարէն, կը ստանայ ամսական 400 տոլարի համարժեք դրամ կենսաթոշակ: Մենք հաշուի առած ենք նաեւ տխուր դէպքերը: Մահացողի ընտանիքին պէտք է տրուի 3000 տոլորի համարժէք դրամ միանուագ օգնութիւն:
Կը նախատեսենք մէկ տարուայ ընթացքին, մեր ազգային բարերարներու ջանքերով, Հայսատանի մէջ բանալ գերժամանակակից խոշոր գործարաններ: Տարի մը վերջ Հայաստանի մէջ գործազուրկ ոչ մէկ մարդ պիտի ըլլայ: Քանզի այսուհետեւ մենք բոլորի համար պէտք է ապահովենք աշխատատեղիներ, ուստի, օրէնքով, Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր աշխատունակ քաղաքացի, միայն վեց ամիս կրնայ ինքնակամ չաշխատիլ: Վեց ամիսը անցնելու պարագային կը հասնի պատիժ՝ տարի մը ազատազրկմամբ:
Ըստ աշխատանքային օրէնսդրութեան փոփոխութեամբ, կը սահմանուի շաբաթական 45 աշխատանքային ժամ: Այսինքն, մարդ օրուան մէջ պիտի աշխատի ընդամէնը եօթ ժամ: Շաբաթ եւ կիրակի օրերը պարտադիր ոչ-աշխատանքային են: Տարեկան աշխատաւորին կը տրուի 40 օր անվճար արձակուրդ: Սա օրէնքները պարտադիր են նաեւ մասնաւոր հատուածներու մէջ աշխատողներու համար: Այլեւս ո՛չ մէկ սրճարանի, խանութի եւ այլնի աշխատող պէտք է շահագործուի գործատուի կողմէ:
Հուսկ, կ՚ուզեմ ուրախալի լուր մըն ալ յայտնել: Եւրոմիութեան հետ մեր տարիներու բանակցութիւնները արդիւնաւէտ անցած են: Այսուհետեւ մեր քաղաքացիներուն իրաւունք կը վերապահուի առանց վիզայի մուտք գործել Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր երկիր:
Այսքանով բարեփոխումները չեն սահմանափակուիր, քանզի բարին պէտք է միշտ ապրի», այսպէս աւարտին հասցուց իր ելոյթը նախագահը։
Ժողովուրդը ուրախ է, նախագահը գոհ...
Ահաւասիկ, մասնիկ մը իմ երազած հայու կեանքէն:
Ամէն երազ իրականութեան սկիզբ մըն է, դէ ուրեմն՝ երազենք, որ Աստուծոյ կամօք օր մը իրականանայ...
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան