ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ - Ի Յուշ՝ հիմնադիրներ փրոֆ. Յակոբ Մանանդեանին եւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին
Անոնք այդ անկոչ «չափորոշիչներով» չզբաղեցան, այլ իրական արժէքներով։ Հայրենիքի մեր նոր սերունդին կը մնայ արժէքը գիտնալ այդ աշխատանքին ու գործքով ցոյց տալ անոնց աւանդին յարատեւ պահպանումին՝ հետեւելով Ոսկեդարեան ուղիին ու Պետական համալսարանի սկզբնական ոգիին։
ՈՍԿԵԴԱՐԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ
Հարիւր տարի առաջ Երեւանի Պետական համալսարանի բացման մեծագոյն բարիքը այն եղաւ, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու հաստատուիլը, հայ ուսանողութիւնը ստիպուած էր Ռուսաստան, Գերմանիա եւ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնիլ՝ համալսարանական ուսմանց հետեւելու համար։ 1920 թուին առիթը կը ներկայանար, որ անոնք հայրենիքի մէջ ստանային իրենց բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսումը մայրենի լեզուով, ու հաստատէին հայկական վաւերական եւ ակադեմական դրութիւն մը՝ սերունդներու յաջորդականութեամբ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտասահմանի հայութեան համար։
Ինչ որ մեր նախնիք Ոսկեդարը ստեղծեցին 428 թուի Արշակունեաց թագաւորութեան անկման դժբախտ առիթով՝ որպէս պատասխան հայորդիք նմանապէս մեր շատ մօտաւոր անցեալին 1921 թուին, Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկման օրերուն ռահվիրաները հանդիսացան համալսարանի բացման եւ յաջորդող տասնամեակներու հայ մատենագրութեան եւ մասնագիտական ճիւղերու կատարեալ վերազարթօնքին։ Անոնք այսօրուան խանգարիչ, շփոթեցուցիչ եւ անկոչ «չափորոշիչներուն» կարիքը չունէին։
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ 1920 նոյեմբեր 28-ին Հայաստան մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի իշխանութեան որպէս Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւն, ամիս մը ետք, դեկտեմբերին հիմը դրուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին, որ դարձաւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը։ Իսկ 1921 թուի յունուար 23-ին կատարուեցաւ համալսարանին պաշտօնական բացումը՝ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի երեւելի հայագէտ շրջանաւարտներու հաւաքական աջակցութեամբ՝ գլխաւորութեամբ համալսարանի առաջին տնօրէն փրոֆ. Յակոբ Մանանդեանի։
Մանանդեանի կողքին այդ փաղանգը կազմեցին Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեան, Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեան, Հրաչեայ Աճառեան, Առաքել Բաբախանեան (Լէօ), Ա. Տէրտէրեան, Պ. Քալանթարեան եւ Մ. Թումանեան, հարազատ յաջորդները Սահակ-Մեսրոպեան առաջին դպրոցի Սուրբ Թարգմանիչներուն։ 1925 թուին բոլորը միասին պետութեան կողմէ արժանացան փրոֆեսէօրի կոչման, որոնք մասնագիտական ուսմանց հետեւած էին եւրոպական յայտնի համալսարաններէն ներս, եւ այժմ պատրաստ էին Հայաստանի Պետական համալսարանը ընծայելու մեր ազգին։
Հերոսական գործ մըն էր նախաձեռնուածը, այնքան արագ նոյնքան կորովի, այնքան կենսական ու ազգային, առանց որուն գալիք քաղաքական անստոյգ եւ անհաշտ տասնամեակներուն հայ մտաւորականութեան ճակատագիրը դժբախտ կրնար ըլլալ։ Պատիւ Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադիրներուն՝ իրենց քաջութեան եւ միասնական աշխատանքին համար։
ՊԱՏՄԱԳԷՏ ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի առաջին տնօրէնն էր ակադեմիկոս Յակոբ Մանանդեան, որ իր նախկին տարիներու բեղմնաւոր պատրաստութեան եւ հեղինակութեան տարիներէն ետք, 1920 թուին Երեւան կը հաստատուէր եւ Խորհրդային Հայաստանի պետութեան յաջորդ տարուան յունուար 7-ի հրամանագրով Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն կը նշանակուէր, մնայուն կերպով վարելով հայ ժողովուրդի պատմութեան կաճառի վարիչի եւ դասախօսի պաշտօնները։
Սկիզբէն Յակոբ Մանանդեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Կաթողիկոսի կողմէ հայրենիք եւ Սուրբ Էջմիածին կը հրաւիրուէր որպէս դասախօս Գէորգեան ճեմարանին 1900-1905 թուականներուն, իր տարեկից երախտաւորներուն Հրաչեայ Աճառեանի, Մանուկ Աբեղեանի եւ Ստեփան Մալխասեանի հետ միասին։ Ան կը վարէր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Արարատ» ամսագրի փոխ-խմբագրի պաշտօնը՝ խմբագիր Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանի կողքին՝ յետագային մեր օրերուն Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
Աճառեանի հետ Մանանդեան հրատարակած են «Հայոց նոր վկաներ» գիրքը Մայր Աթոռի ձեռագիր մատեաններու ընդմէջէն, լման 15 տարի մեծ վաստակ ձգելով Մայր Աթոռէն ներս, աւարտելով ու հրատարակելով «Մեկնութիւն ստորոգութեանց Արիստոտէլի» աշխատութիւնը։ Համալսարանի տնօրէն Յակոբ Մանանդեան հեղինակած է շարք մը բարձրագոյն մակարդակի հայագիտական եւ աղբիւրագիտական գիրքեր՝ «Յունաբան դպրոցը եւ նրա զարգացման շրջանները», «Կշիռները եւ չափերը հնագոյն հայ աղբիւրներում», «Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում» եւ բոլորին պսակը եղող «Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան» չորս հատորները։
ՈՒՍՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ
Երեւանի Պետական համալսարանի հաստատման առաջին տարին ճարտարագիտական, մանկավարժական եւ շինարարական բաժինները սկզբնական առարկաները եղան ու հետզհետէ աւելցան հայ դասական պատմագիտական եւ գիւղատնտեսական ճիւղերը։ 1922 թուի մարտ ամսուն՝ բժշկագիտութեան ճիւղը աւելցաւ եւ նոյն տարին բացուեցան համալսարանի տպարանը, գիտական աշխատանոցները եւ գրականութեան ու արուեստի գրադարաններն ու առաջին հրատարակութիւնները սկսան լոյս տեսնել։
Դժուար տարիներ էին հիմնադրութեան առաջին տասնամեակները Սովետական Միութեան մականին ներքեւ, սակայն հիմնադիրները հայագիտութեան նուիրեալ հսկաներ էին, որոնք առաջին պատեհութեամբ հայագիտութիւնը իր ոսկեդարեան հիմունքով եւ հազարամեայ պատմագրական ժառանգով պիտի ներմուծէին համալսարանին ուսման ծրագրէն ներս, իրենց իսկ կատարած եւ հրատարակած հայագիտական վաստակով եւ առաջին հրատարակութիւններով։
ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Համալսարանը իսկոյն դարձաւ նաեւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն, ստեղծելով Պետական ակադեմիան, ուսումնասիրութիւններ կատարելով յիշեալ բնագաւառներուն մէջ, հրատարակելով զանոնք եւ սփռելով Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետւթիւններէն ներս որպէս ակադեմական, իմացական, ու մտաւորական ատաղձ։
Առաջին երկու տասնամեակներուն համալսարանը հազարէ աւելի գիրք եւ գիտական հանդէսներ հրատարակած է. ինչպէս՝ «Բանբեր Երեւանի համալսարանի», «Գիտական տեղեկագիր», «Երիտասարդ գիտաշխատող» եւ «Երեւանի համալսարան» պարբերաթերթերը։ Հայերու կողքին արտասահմանէն հայ եւ նոյնիսկ օտարազգի ուսանողներ ակնառու թիւ մը կը կազմէին Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս։ Սփիւռքէն գացողներ դարձան բժիշկներ, ճարտարագէտներ, պատմաբաններ, երաժշտագէտներ եւ ուսուցիչներ, որոնք վերադառնալով ոռոգեցին արտասահմանի խոպան դաշտերը։
ԵՐԿՈՒ ՀՍԿԱՅ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ՝ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ Յ. ՄԱՆԱՆԴԵԱՆ
Դպրեվանքի Ընծայարանի Ա. կարգի ուսանող էի, երբ դասի պահուն մատենագրութեան մեր ուսուցիչը՝ Սիմոն Սիմոնեան տեղեկացուց դարասկիզբի ներհուն բանասէր եւ պատմագէտ Յակոբ Մանանդեանի մահը, 79 տարիքին, պատահած Երեւանի մէջ 1952 թուականի փետրուարին։ Սիմոնեանէն մնայուն կերպով կը լսէինք նոյն անունը յարատեւ իր լիաբուռն թաւ ձայնով եւ շեշտով, բայց այս վերջին անգամ ցաւով եւ ափսոսանքով, միշտ յիշեցնելով մեզի անպայման կարդալ յայտնի պատմագէտ փրոֆեսէօրին «Քննական տեսութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան» չորս հատորեակը որպէս հայ դասական մատենագիրներու պատմագրական ամենէն ճիշդ եւ լրիւ քննարկումը։ Անկասկած իմ յետագայ աշխատանքներուն մէջ հիմնական տեղ ունեցան Մանանդեանի հատորները։
Չորս ամիս ետք՝ յունիսին Անթիլիասի հայրապետական իր բնակարանին մէջ կը վախճանէր հայագիտութեան հսկայ մը եւս՝ յանձին երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Երկուքն ալ, ինչպէս յիշեցի, եղան հիմնադիր գիտնականները Երեւանի Պետական համալսարանին։ Երկուքին մահը ծանր կը ճնշէր մեր ուսուցչին՝ Սիմոն Սիմոնեանի վրայ, որ հանգուցեալ Հայրապետին կողմէ իրեն որպէս գիտական աշխատակից կարգած էր 1946 թուականէն ի վեր, երբ Հայրապետը պիտի հրատարակէր իր մեծածաւալ «Յիշատակարանք ձեռագրաց» հատորը։ Ուսանողներս անուղղակիօրէն մտաւոր կապ մը կը հաստատէինք Երեւանի Պետական համալսարանին հետ իմանալով երկու հայագէտ հիմնադիրներու վախճանումի մասին, յատկապէս երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հովանիին տակ ստացանք մեր կրօնական դաստիարակութիւնը։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ