ԻՄ ՍՐՏԻ ՔԱՂԱՔ, ԻՄ ՍԻՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔ
Ո՛ւր ալ ըլլամ, որքա՛ն ալ գեղեցիկ ու անկրկնելի երկիրներ այցելեմ, միեւնոյնն է իմ հոգին, իմ սիրտը այստեղ է՝ դրախտավայր Արցախ աշխարհի գողտրիկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ Այստեղ ես՝ ես եմ, մի ամբողջութիւն. երջանիկ եմ, ուժեղ, անկոտրուն ու անսասան։ Արցախեան մաքուր օդն ու ջուրն է, որ ինծի կու տայ ուժ, կը ստիպէ երազել ու հաւատալ հրաշքներու։ Ամէն անգամ անասելի ուժ մը զիս ետ կը բերէ իմ ծննդավայր։
Գրեթէ մէկ տասնամեակ բացակայած եմ իմ հայրենիքէն. նախ՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակաւ, այնուհետեւ՝ ամուսնութեան։ Հեռաւորութեան վրայ, օրէ օր կ՚աճի կարօտը։ Պահ մը կու գայ, երբ այլեւս ի զօրու չես ըլլար դիմակայելու կարօտը. ան ներքուստ կը կրծէ, քարուքանդ կ՚ընէ մարդու ներաշխարհը։ Երկարուձիգ տասն տարիներու ընթացքին բազմիցս՝ զարմանալի հայու մը պէս հիւրաբար այցելած եւ որպէս հիւր պտըտած եմ Արցախին մէջ…
Աւելի քան ամիս մը առաջ, երբ ոտք դրի հայրենիք, իմ սիրտը լցուեցաւ ուրախութեամբ, հոգիս երջանկութենէն կը վխտար։ Սակայն, այլեւս փոխուած էին ժամանակները։ Ցաւօք, դատարկ էր իմ մանկութեան թաղամասը։ Ինծի ծանօթ բարի ու խիստ դէմքերն ու կերպարները չկային. կարգով հրաժեշտ առած էին կեանքէն։ Մեր փողոցի ամէն մի անկիւն, ամէն մի քար կը կենդանանար եւ հեռուէն հեռու իմ ականջին կը հասցնէր հին օրերուն երգը, խինդն ու ծիծաղը։ Իսկ աքասիաներուն տերեւները զիս կը փոխադրէին ոչ վաղեմի մանկութիւն, ուր մենք ընկերներով կը հաւաքէինք աքասիաներու թերթիկները ու կը թափէինք մեր գլուխներէն վար։ Այսօր լուռ է մեր փողոցը, տեսակ մը թախծոտ, գուցէ անոր համար, որ ան նոյնպէս՝ ինծի պէս կը կարօտնայ յաւերժի ճամբորդ դարձած իր բնակիչները…
Ինչեւէ… այժմ կը գոցեմ իմ կեանքի տխուր էջերէն մին ու կը փորձեմ լիաթոք վայելել իմ մայր հայրենիքի մէջ անցուցած իւրաքանչիւր ակնթարթը։ Արդարեւ, Արցախի խաղաղ երկնքին վրայ կը ճախրէ բարութիւնն ու սէրը, յարգանք մեծերուն ու պզտիկներուն հանդէպ։ Այստեղ երկրի տէրերը ամենափոքրերն են, որոնց արտօնուած է ամէն ինչ։ Իմ կեցութեան օրերուն մեր երեկոները սովորաբար կ՚անցնին Ստեփանակերտի սրտին՝ հրապարակի մէջ։ Իւրաքանչիւր երեկոյ նորակառոյց «Ազատամարտիկներ» ճեմապարտէզն ու յարակից կեդրոնական փողոցները մարդաշատ կ՚ըլլան։
Հին ու նոր ստեփանակերտցիներն ու մայրաքաղաքի հիւրերը կը վայելեն արցախեան խաղաղ ու դիւթիչ երեկոները։ Երիտասարդները կը փնտռեն սէր, սիրահարները զիրար կը վայելեն, իսկ պզտիկներ՝ ձեռք կը բերեն նոր ընկերներ…
Երբ ժամանեցի Արցախ, յաջորդ օրը երեկոյեան՝ հանդերձ ընտանեօք գացինք զբօսնելու։ Տակաւին երկու տարին չբոլորած իմ բալիկը՝ Զաւէնիկը ուրախութենէն կը ցնծար. այստեղ-այնտեղ կը վազէր, կը հրճուէր։ Այդ ընթացքին ինկաւ քանի մը անգամ։ Իմ մայրիկը անմիջապէս օգնութեան շտապեց, իսկ ես ամէն անգամ մայրս կը մխիթարէի հետեւեալ խօսքերով. «Մայրիկ, մի՛ անհանգստանար, արցախեան հողը ցաւ չի պատճառեր»։ Արդարեւ, իմ խօսքերը կարծես մօտ էին ճշմարտութեան։ Ամէն անգամ, երբ Զաւէնիկը կ՚իյնար, ինքնուրոյն կ՚ելլէր եւ առանց լացի կը շարունակէր իր չարաճճիութիւնները։ Մե՛րթ կը վազէր դէպի նորակառոյց ճեմապարտէզի երգող ու պարող երփներանգ շատրուանները, կը ջանար փոքրիկ թաթիկները ջուրի մէջ խոթել, մերթ ալ կը թաւալէր կանաչածածկ խոտերուն մէջ, կը քայլէր պատերուն վրայէն։ Իմ մանչուկը զարմանալի երջանկութիւն կ՚ապրէր այդ օրը։ Կարծես օտարութեան մէջ ծնած իմ փոքրիկը նոյնպէս անսահման կարօտած ըլլար իր երկիրը. թերեւս արեան կանչն էր…
Երէկ, մեր չքնաղագեղ մայրաքաղաքին մէջ համախմբուած էր համայն հայութիւնը։ Ստեփանակերտի մէջ կը տիրէր արտասովոր աշխուժութիւն։ Յոյսի ու լոյսի քաղաքը անսահման երջանիկ ու հպարտ էր իր գրկին մէջ հիւրընկալելու աշխարհի չորս կողմէն Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն շտապած իր սիրասուն զաւակները։ Ես ալ Ստեփանակերտի հետ մինակ մնալու, անոր շունչը լիուլի վայելելու եւ զգալու համար առտու կանուխ շտապեցի հրապարակ։ Ընդհանրապէս շատ կը սիրեմ մինակ մնալ քաղաքիս հետ։ Մեծ հրճուանք ու հպարտութիւն զգացի, երբ զբօսնելու ընթացքին իմ ականջին կը հասնէր ելեւէջներ ոսկեղնիկ հայերէնի դիւթիչ փունջէն՝ արցախեան բարբառն ու ենթաբարբառները, գրական հայերէնն ու արեւմտահայերէնը՝ համեմուած ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն բառերով ու արտայայտութիւններով։ Բոլորը շատ ուրախ էին ու հիացած մեր գեղանի անկիւնով։ Այս ամէնը տեսնելէ ու ապրելէ վերջ՝
Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ:
Ախր ուրիշ տեղ
Հողի մէջ այսքան օրհնութիւն չկայ,
Այսքան վաստակած յոգնութիւն չկայ,
Ախր ուրիշ տեղ ձիւնի մէջ՝ արեւ,
Եւ արեւի մէջ այսքան ձիւն չկայ:
Ախր ուրիշ տեղ
Ամէն մի քարից, առուից, ակօսից
Իմ աչքերով իմ աչքերին նայող
Մանկութիւն չկայ...
Ախր ես ինչպէ՞ս վեր կենամ գնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ուրիշ տեղ մնամ,
Ախր ես ինչպէ՞ս ապրեմ առանց ինձ: (Համօ Սահեան)
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ