ՄԱՐԿՈՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Գ .)

5.- ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔԸ

Կ՚արժէ համառօտ կերպով անդրադառնալ նաեւ Մարկոս աւետարանիչի գրութեան լեզուին։ Կ՚ըսուի, թէ բնագիրը յունարէն եղած է, սակայն ուրիշներ կը կարծեն, թէ արամերէն եղած ըլլայ։ Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ կայ, թէ եգիպտական (ղպտերէն) լեզուով գրուած է։ Այս բոլորէն ետք պէտք է ըսել սակայն, թէ յունարէն գրուած ըլլալը ամենէն ապահովն է եւ որուն համար ալ հաստատում մը կը գտնենք ո՛չ միայն իր մասին, այլ նաեւ միւս աւետարանիչներուն, ըսելու համար որ, Մարկոս, Մատթէոս եւ Ղուկաս, երկար ժամանակ շրջեցան Յունաստանի մէջ, նախքան իրենց Աւետարանները գրելը։

Կարելի է անդրադառնալ նաեւ անոր արժէքի մասին մէկ տողով, թէ ան իբրեւ աղբիւր ծառայած է Մատթէոսին եւ Մարկոսին։

6.- ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարկոս իր Աւետարանը գրեց հռոմայեցի քրիստոնեաներուն համար։ Այդ իսկ պատճառով ալ Մարկոսի աւետարանը ամենէն կարճն է, եւ ունի արագ ընթացք մը, այնպէս ինչպէս պիտի ուզէր հռոմայեցի մը։ Եւ ասոր իբրեւ արտայայտութիւն, ան բազմաթիւ անգամ կը գործածէ «եւ շուտ մը» արտայայտութիւնը։

Անոր լեզուն ժողովրդական է, գաղափարները յստակ եւ ոճը՝ մեկին, իսկ նկարագրականը՝ կենդանի։ Մարկոս ունի համեստ ոգի եւ առարկայական տեսողութիւն։ Անոր Աւետարանը ընտանի շեշտ մը կը կրէ։ Մարկոսի աւետարանը ամենէն կուռն է, ճշգրիտն ու պատմականը։ Մարկոս Յիսուսի ծննդեան պարագաներու մասին բացարձակ լուռ է։ Իր պատմութիւնը կը սկսի ուղղակի մկրտութեան դէպքով։

Անոր Աւետարանը զուտ նկարագրական կառոյց ունի, ինչպէս նաեւ ժամանակագրական ու աշխարհագրական, առանց մեկնութեանց սակայն։ Իսկ մասնագէտներէն շատեր կ՚ըսեն, թէ Մարկոս ինք առաջին անգամ ըլլալով գործածեց «ուրախ լուրեր աշխարհին» բացատրութիւնը, անով իսկ նշելու նոյն այն գիրքը, զոր հանդէս կը բերէ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը որպէս ուրախ լուրեր աշխարհին։ Մարկոսի աւետարանին մէջ յիշուած Յիսուսի քարոզախօսութեան նիւթը կը համեմատուի Յովհաննէս Մկրտիչի հետ, որով երկուքն ալ կը քարոզեն միեւնոյն բանը՝ ապաշխարութեան կոչ ուղղելով ժողովուրդին, եւ ըսելով թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է։

Մարկոս ցոյց կու տայ նաեւ, թէ հրեաները եւ անոնց առաջնորդները Յիսուսը չընդունեցին որպէս Աստուծոյ Որդի, մինչ հեթանոսները ընդունեցին զԻնք։

Մարկոս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ առաւել եւս Յիսուսի կեանքին մէջ դէպքերու եւ գործունէութիւններու վրայ, քան՝ խօսակցութիւններու եւ վարդապետութիւններու։ Իսկ դէպքերու նկարագրութեանց պարագային, Մարկոս կ՚աւելցնէ գեղեցիկ ու ցայտուն մանրամասնութիւններ, որոնք յաճախ չենք գտներ միւս աւետարաններուն մէջ։ Օրինակ՝ ան ի՜նչ հրաշալի կերպով կը նկարագրէ հինգ հազարի կերակրումը, ինչպէս նաեւ Այլակերպութեան դրուագը, որուն մէջ կու տայ աշխոյժ ու կենսալից պատկեր մը։

Մարկոս Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս մարդ, ճիշդ մեզի պէս, որ կ՚անօթենայ, կը ծարաւնայ, կը յոգնի եւ կը քնանայ (3.5, 6.6,31,34, 7.34, 8.12,33, 10.14, 11.12)։ Ըստ ուրիշ աղբիւրի մը, Մարկոսի մէջ Քրիստոս կը ներկայացուի որպէս Ծառայ, մինչ Մատթէոսի մէջ որպէս Թագաւոր, Ղուկասի մէջ որպէս մարդ, եւ Յովհաննէսի մէջ որպէս Աստուած։ Ան նաեւ զԱստուած կը ներկայացնէ Իր ամբողջ փառքով ու զօրութեամբ (1.1,11, 3.11, 5.7, 9.7, 12.1-11, 13.32, 15.39)։ Եւ յաճախ Մարկոսի աւետարանին մէջ, բառերը յատուկ իմաստ մը կ՚առնեն եւ իւրայատուկ նշանակութիւն մը կը ստանան իրենց կազմին մէջ։

Աւելին, այնտեղ շեշտուած կը տեսնենք «Մեսիական գաղտնիքը», քան՝ միւս աւետարաններուն մէջ։ Մարկոսի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է՝ Յիսուսի մէջ Աստուածայայտնութեան ծանուցումը։ Հետեւաբար, քարոզչական գործ մըն է անոր կատարածը։

Որպէս եզրակացութիւն կրնանք ըսել, որ Մարկոսի աւետարանը կը ներկայացնէ առաջին դարու Եկեղեցւոյ ազդու պատգամը։ Պատգամ մը, որ խօսած է բիւրաւոր մարդոց սրտին եւ տուած է գեղեցիկ պատկերը Յիսուս Քրիստոսի որպէս անպարտելի հերոս, յաղթական ախոյեան եւ յարուցեալ Փրկչին։

Որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի հաղորդ դառնան Մարկոս աւետարանիչի ոճին ու լեզուին, ստորեւ կը մէջբերենք «հինգ հազար»ի հրաշապատումը.

«Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին։ Յիսուս ըսաւ անոնց.

«-Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք։

«Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերէն երթալ-գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած։ Հետեւաբար իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ, թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատերը լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին։ Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց։

«Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին.

«-Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին։

«Յիսուս անոնց ըսաւ.

«-Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։

«Անոնք հարցուցին.

«Կ՚ուզե՞ս որ եթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար։

«Յիսուս ըսաւ.

«-Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք։

«Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին.

«-Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։

«Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ-խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան։ Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր» (Մր 6.30-44)։


Օգտագործուած աղբիւրներ.

- Հայր Թադրոս Մալդի (Ղպտի եկեղեցւոյ հայրերէն)։
- Ներածութիւն Աստուածաշունչի, Սիոն Արք. Մանուկեան, Էջմիածին, 1984։
- Աստուածաշունչ Մատեանը, Արտակ Արք. Մանուկեան, Թեհրան, 1995։
- Աստուածաշնչական Սուրբեր, Շնորհք Արք. Գալուստեան։
- The Interpreterþs Bible, Volume 7։
- The New Unger þs Bible Dictionary, Merrill F. Unger, Chicago։
- The Pickering Bible Commentary for Today, London։
- Աւետարան Ըստ Մարկոսի խորագիրը կրող էջերէն առնուած է։
- Նոր Կտակարան, Անթիլիաս, Լիբանան, 2001։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2018