ԱԶԱՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՃՆՇՈՒՄ. «ՀԱԿԱԻՒԹՈՓԻԱ»

«Հակաիւթոփիա» բառը յաճախ կ՚օգտագործուի իւթոփիայի հակառակ պատկերը արտայայտելու համար։ Բայց երբ այս բառը առաջին անգամ օգտագործուեցաւ Ճորճ Սթիուըրտ Միլի կողմէ՝ Միացեալ Թագաւորութեան երեսփոխանական պալատին մէջ, 1868 թուականին ունեցած ելոյթի ընթացքին, այսքան չէր համապատասխաներ ներկայ իմաստին։ Իր ելոյթին մէջ Միլ կը պնդէր, որ անհնար է ստեղծել իւթոփիա՝ յայտնելով, որ իւթոփիաներու տեսութիւնն ու ընկերային զարգացումը կախեալ են բնութեան օրէնքներէն, որոնք չեն կրնար փոխուիլ մարդու կամքով։ Սա կը նշանակէր, որ բոլոր իւթոփիաները անխուսափելիօրէն դատապարտուած էին ձախողման։ Ուստի Միլ, որ իւթոփիստ գրողներու գաղափարները գործնականութեան տեսակէտէ թերի կը համարէր, այս բոլոր գրողները կը դիտարկէր՝ որպէս հակաիւթոփիք։ Հետեւաբար, զաւեշտալի է, որ հակաիւթոփիա բառը այսօր կը վերաբերի այն հասարակութեան, որու մաս կազմող անհատներ չափէն աւելի ճնշուած են, իրենց անձնական ազատութիւնները ոչնչացած են, իսկ ստեղծագործականութիւնը՝ վերահսկուած։ Հակաիւթոփիան, ինչպէս գիտենք, կը նկարագրէ անխիղճ պետական համակարգի դաժանութիւնը մարդոց յոյսերու եւ ձգտումներու առջեւ։ 

Հակաիւթոփիք վէպ մը չափազանց ազդեցիկ է իւթոփիք վէպերու բաղդատմամբ։ Իւթոփիք վէպը, որ կ՚անդրադառնայ մարդկութեան տեսլականին եւ այն մասին, թէ ինչպէս իրականութիւն կը դառնայ կատարեալ հասարակութիւնը, միշտ չի կրնար համոզել մեծամասնութիւնը։ Միւս կողմէ, հակաիւթոփիք վէպը յստակ կը տեղեկացնէ որոշ ընկերային, քաղաքական կամ փորձագիտական ընթացքներու արդիւնքներուն մասին՝ սարսափելի նկարագրութիւններով։ 

Հակաիւթոփիայի հետքը կարելի է գտնել Էմիլ Սուվեսթրի «Le monde tel qu՚il sera» (1846) գիրքին մէջ, որով ան կը կանխատեսէ, թէ առեւտրական յարաբերութիւնները մարդկութիւնը կը ստրկացնէ առեւտրական ընկերութիւններու կամ պետական համակարգի։ Միւս կողմէ, Իկնատիուս Տոնըլի «Սեզարի սիւնը» վէպին մէջ կանխատեսած է, որ պետական իշխանութիւնները հեշտութեամբ կրնան իյնալ պատեհապաշտ մարդոց ձեռքին։ Ճէք Լանտըն իր «Երկաթեայ կրունկ» վէպով քայլ մը յառաջ գացած է հակաիւթոփիք վէպերու շարքին։ 

Բոլոր հակաիւթոփիաներու ամենայայտնին է Ճորճ Օրուէլի «1984» վէպը։ Գիրքին մէջ նշուած տարին այժմ մեզի համար նոյնքան հեռաւոր անցեալ է, որքան հեռաւոր ապագայ էր Օրուէլի համար, սակայն, այն կը ցոլացնէ ճնշող վարչակարգի դրուագներ։ Վէպը կը պատմէ ամբողջատիրական պետութեան մը մասին, ուր մարդիկ կ՚ենթարկուին խիստ կանոններու, մշտապէս կը վերահսկուին «մեծ եղբօր» կամ «մտքի ոստիկան»ներու կողմէ։ 

Օրուէլ «1984»ը գրի արած է՝ ազդուելով Եւկենի Զամեաթինի «Մենք» վէպէն, որ հրատարակուած է 1920 թուականին։ Վէպը 1927 թուականէն յետոյ արգիլուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ, երբ տարածուած է կրճատուած տարբերակը։ Գիրքը անգլերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է 1924 թուականին՝ առանց Զամեաթինի թոյլտուութեան։ Այդ ժամանակ Օրուէլ ընթերցած է գիրքը, որ կը պատմէ հեռաւոր ապագայի մասին՝ ծայրայեղ մենատիրական քաղաք-պետութեան մէջ՝ շրջապատուած կանաչ պատով ու անջատուած «յետափոքալիփթիք» աշխարհէն։ 200 տարի տեւած պատերազմէն յետոյ մարդկութեան մեծ մասը ոչնչացած է։ Ամէն ինչ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ է՝ ներառեալ ուտելը կամ յարաբերութիւններ հաստատելը։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի ինքնուրոյն մտածելու կամ ստեղծագործելու։

Մինչ այդ, ամբողջատիրական վարչակարգերը կանխագուշակող գիրքը կը համարուի ամերիկացի սննդաբան Միլօ Հասթինկսի «Անվերջ գիշերուայ քաղաքը» (1920), որ, զարմանալիօրէն, կը վերաբերի ճնշող, հակասեմական վարչակարգի մը՝ Պերլինի մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը նոր աւարտած է եւ Գերմանիա բռնած է արմատական ճանապարհը՝ մարդկային տեսակը վերածելու ամբողջովին կարգապահ ու հնազանդ «գերցեղ»ի մը՝ Պերլինի փակ տանիքին տակ։ 

Հիթլէրի իշխանութեան գլուխ գալը եւ անոր հետզհետէ ընդլայնող բռնատիրութիւնը ներգործեցին նախապատերազմեան գրեթէ բոլոր հակաիւթոփիաներուն։ Օրինակ՝ Ժոզէֆ Օնէիլի «Երկիրը Անգլիոյ տակ»ը (1935) կը նկարագրէ ամբողջատիրական հասարակութիւն մը, որ կ՚ապրի ստորգետնեայ քարայրներու մէջ ու կը կատարուի մտքի հսկողութիւն։ Քաթարինա Պուրտեքինի գրի առած «Սվասթիքայի գիշերները» (1937) կը նկարագրէ աշխարհ մը, ուր կը գերիշխեն Գեմանիան եւ Ճաբոնը եւ կիներ կը պահուին ճամբարներու մէջ, իսկ հրեաները կ՚ոչնչացուին։ 

Վերջին ժամանակներու ամենայայտնի հակաիւթոփիք հատորը Մարկրէթ Էթուուտի «Աղախնի պատմութիւն»ն (1985) է։ Գիրքը կը պատմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տապալումը եւ ամբողջատիրական վարչակարգի հաստատումը։ Կիներ մեկուսացուած են, անոնք հեղինակութիւն չունին եւ բաժնուած են դասակարգերու։

Էնթընի Պուրճէս իր «Լարովի նարինջ» գիրքին մէջ ձեւով մը իր մտահոգութիւններն ու անհանգստութիւնները յայտնած է երիտասարդութեան այդ ժամանակուայ ընթացքին եւ անչափահասներու աճող յանցագործութիւններուն մասին։ Ան կը նկարագրէ աշխարհ մը, ուր երիտասարդները ընկերութեան դէմ հոգեկան խանգարում ունին, իսկ կառավարութիւնը կը կիրառէ միտքի վերահսկողութեան ձեւեր՝ վերականգնելու համար անոնց մտային առողջութիւնը։ 

Հեղինակները ցոյց տուած են, թէ որքան դիւրին է հակաիւթոփիա ստեղծել ազդուելով որեւէ ճնշող կամ անհանգստացնող պայմաններէն՝ ապացուցանելով, որ աշխարհի համար աւելի հնարաւորութիւն կայ ընկղմելու հակաիւթոփիայի մղձաւանջի մէջ, քան իւթոփիան իրականութիւն դարձնելու։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021