ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթաժողովը, որուն մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էր վեց հարիւր հոգի՝ աշխարհի աւելի քան յիսուն երկիրներէ: Իր ներկայացուցչական ընդգրկուածութեամբ (սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն) այս գագաթաժողովը ձեւով մը յիշեցուց «Հայաստան-սփիւռք» համաժողովները, որոնք կազմակերպուեցան վեց անգամ՝ 1999 թուականէն ի վեր:

2017 թուականի սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք» անունով վերջին համաժողովը, իսկ յաջորդ տարին իշխանութեան գլուխ անցած էր Նիկոլ Փաշինեանին խումբը, որ ամէն կերպով ջանաց վերափոխել, ջնջել կամ նոր անունով կոչել նախկին իշխանութիւններուն ստեղծած կառոյցներն ու այդ կառոյցներուն նախաձեռնութիւնները: Այդպիսով լուծարուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն, 2019-ին, կազմաւորուեցաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը՝ իբրեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու գլխաւոր պատասխանատու կառոյց: Գրասենեակը փորձեց վերականգնել համաժողովներուն գաղափարը եւ յաջորդ տարին՝ 2020-ին, նախատեսեց համաժողով մը, որ սակայն յետաձգուցեաւ քորոնայի համաճարակին պատճառով:

Համաճարակէն եւ պատերազմէն ետք ստեղծուած նոր իրողութիւնները նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրին համայն հայութիւնը եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի նախաձեռնած Համաշխարհային առաջին հայկական գագաթաժողովը փորձեց ընդգրկել հայութեան եւ աշխարհի համար ստեղծուած նոր օրակարգեր:

Մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէր իր երկրին մէջ գործունէութեան զանազան ոլորտներ՝ գիտութիւն, ձեռնարկատիրութիւն, ռազմական գործեր, համայնքային կառոյցներ, առողջապահութիւն, կրթութիւն, արհեստագիտութիւն, արուեստ եւ այլն:

Համաժողովը ընթացաւ ասուլիսային ձեւաչափով. ընտրուած էին նիւթերը, քննարկում վարողները, մասնակիցները եւ նշանակուած էր մասնակցութեան տեւողութիւն, որ հնարաւութիւն տուաւ առանց ժամանակ վատնելու կեդրոնանալու նիւթին վրայ: Չորս օրերու ընթացքին տեղի ունեցան տասն ասուլիս, տասնեօթ համաժամանակեայ նիստ, երկու ազատ ձեւաչափով քննարկում, փակման եւ բացման արարողութիւններ:

Ասուլիսները նուիրուած էին համահայկական արդի նիւթերուն՝ ազգային անվտանգութիւն, շահերու պաշտպանութիւն, «փափուկ ուժ» եւ համաշխարհային ապրանքանիշ, Հայաստան-սփիւռք տնտեսական համագործակցութիւն, հայրենադարձութիւն եւ ժողովրդագրութիւն, կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ ընկերային ապահովութիւն, զբօսաշրջութիւն, ելեկտրականութեան արտադրութիւն, շրջակայ միջավայր եւ կլիմայ, գիւղատնտեսութիւն, սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութիւններ, սփիւռքի դպրոցներ եւ հայերէնի ու մշակոյթի ուսուցում, հայագիտութիւն, բարձրագոյն կրթութիւն, ինչպէս նաեւ մարդկային եւ այլ պաշարներու ցանկագրում եւ հաւաքագրում, սփիւռքի ներկայացուածութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման կառոյցներուն մէջ եւ այլն:

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի կազմակերպման համար Հայաստանի պետական պիւտճէէն յատկացուած է 309 միլիոն դրամ։

Գագաթաժողովին չեն մասնակցած Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: 18 հոկտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նոյն ժամանակ, բայց անջատաբար յայտարարած էին իրենց մասնակցութեան մերժումը գագաթաժողովին:

Հրաւիրուած չէին սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններ. օրինակ՝ Ռուսաստանի հայերու միութիւնն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, միայն անհատներ մասնակցած էին այդ կառոյցներէն: Սփիւռքի միւս կազմակերպութիւնները, միութիւնները առնուազն ներկայացուցչական մասնակցութիւն ունէին գագաթաժողովին:

ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ԲԱՆԱԽՕՍՆԵՐ

Հարթակային քննարկումներուն մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէր Հայաստանի անվտանգութեան հարցը, կարելի է ըսել՝ գլխաւոր նիւթն էր: Այդ մէկը բնական էր. Հայաստանը կեցած է նոր քաղաքական իրավիճակի առջեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը մօտ է, ճանապարհ բացուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ: Միւս կողմէ, 44-օրեայ պատերազմէն երկու տարի անց, տակաւին գծուած չեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանը անկանոն կերպով կը խախտէ հրադադարն ու կրակ կը բանայ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայաստանի մայրաքաղաքին՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող նման մեծածաւալ գագաթաժողովը չէր կրնար անտեսել անվտանգութեան հարցը: Սփիւռքէն Հայաստան եկած գործիչներ, զանազան ոլորտներու մասնագէտներ, չորս օրերու ընթացքին ջանացին թէ՛ իրենց երկիրներուն անվտանգային փորձը եւ թէ՛ իրենց անձնական նկատառումները դարձնել քննարկման նիւթեր:

Առաջին հարթակային քննարկումը խորագրուած էր «Մենք ի՞նչ կը կառուցենք. Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւն»: Իրենց փորձով եւ գաղափարներով ելոյթներ ունեցան «Ապրի Արմենիա»ի նախագահի պաշտօնակատար Լարա Սեդրակեան, «Այբ» կրթական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արամ Փախչանեան, ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Վարդանեան եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի ընդհանուր տնօրէն Արա Պարսամ:

«Հայաստանի անվտանգութեան համաթեքստը. Դէպի ո՞ւր կը շարժինք» խորագրով հարթակային քննարկումը կը վարէր «Սիվիլնէթ»ի քաղաքական վերլուծաբան Էրիք Յակոբեան, որ համառօտ ներկայացուց Հայաստանի մէջ անվտանգութեան առկայ իրավիճակը: Քննարկման մասնակցեցան Սթոնհիլ քոլէճի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս, «Քարնէկի» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Աննա Օհանեան, Քաղաքական գիտութիւններու տոքթոր, Համակարգչային գիտութիւններու թեկնածու Հրաչեայ Արզումանեան:

«Սփիւռքը եւ հայկական շահերու պաշտպանութիւնը» նիստը կը համադրէր «EVN Report»ի գլխաւոր խմբագիր Մարիա Թիթիզեան, մասնակցեցան ֆրանսական Վիէն քաղաքի փոխ-քաղաքապետ Լեւոն Սաքունց, «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն» կեդրոնի տարածաշրջանային կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան, Ամերիկայի Հայկական համագումարի հոգաբարձուներու խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեան:

«Սփիւռքի աջակցութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան հզօրացման գործին մէջ» խորագրով նիստը կը վարէր Լաս Վեկասի Նեւատայի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժանմունքէն փրոֆ. Ներսէս Կոպալեան: Մասնակցեցան «Հայաստանի խաղաղութիւն» նախաձեռնութեան տնօրէն Թալին Փափազեան, պատմաբան, Պրքլի համալսարանի «Ուիլիըմ Սարոյեան» հայագիտական ծրագրի տնօրէն Ստեփան Աստուրեան, Իլինոյի համալսարանի դասախօս Նաիրա Յովակիմեան եւ միջազգային իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան:

«Սփիւռքը. «Փափուկ ուժ» եւ մեր ապրանքանիշը» խորագրուած նիստը կը վարէր լրագրող, «EVN Report»ի գործադիր տնօրէնուհի Ռուպինա Մարկոսեան: Քննարկման ընթացքին ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքաեֆ, վերլուծաբան Էրիք Յակոբեան, ռազմավարական հաղորդակցութեան հարցերով խորհրդական Այտա Նազերեան-Յարութիւն, «One Armenia»ի հիմնադիր Փաթրիք Սարգսեան ներկայացուցին, թէ ինչպէս կարելի է միաւորել Հայաստանի ներուժը եւ ազդեցիկ ըլլալ ամբողջ աշխարհի մէջ իրականացուող յաջողած նախագիծերուն մէջ՝ կիսելով իրենց փորձը «Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով-2022»ի մասնակիցներուն հետ:

«Կառուցելով Հայաստան-սփիւռք տնտեսական համագործակցութիւնը» խորագրով քննարկումը կը վարէր հետազօտող, դասախօս Լարա Չոլաքեան: Այս հարթակին վրայ քննարկուեցան սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ արդիւնաւէտ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր:

Գագաթաժողովին երկրորդ օրը Հայաստանի արտաքին քաղաքական հարցերուն նուիրուած հանդիպում մը կազմակերպուած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հետ: Նախարար Միրզոյեան համակողմանի կերպով անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւններուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման աշխատանքներուն, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումներուն մասին միջազգային արձագանգներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն:

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

Անվտանգութեան հարցէն զատ գլխաւոր նիւթ էր նաեւ հայրենադարձութիւնը: «Հայրենադարձութիւնը եւ ժողովրդագրութիւնը. Հայաստանը որպէս փրկօղակ. Հայաստանը որպէս կենսակերպի ընտրութիւն» հարթակային քննարկման համադրող-վարողը «Թումանեան առցանց» կազմակերպութեան հիմնադիր Հայկ Յովակիմեանն էր: Որպէս բանախօսներ հանդէս եկան Հայաստանի բնակչութեան տեղաշարժերու ծառայութեան ղեկավար Արմէն Ղազարեան, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի բնակչութեան տեղաշարժերու միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար Իլոն Տէր-Մինասեան, «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի ղեկավար Վարդան Մարաշլեան եւ Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութեան մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեան: Բանախօսները ներկայացուցին հայրենադարձութեան գործընթացը եւ Հայաստանի մէջ մասնագիտական եւ անձնային աճին հնարաւութիւնները:

«Հայաստանը որպէս փրկօղակ. Աջակցելով սփիւռքի ճգնաժամային համայնքներուն» համաժամանակեայ նիստը կը վարէր «Ուորլտ Վիժըն Արմենիա» կազմակերպութեան ղեկավար Ռաֆֆի Տուտաքլեան: Ան համառօտ կերպով ներկայացուց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ճգնաժամային երկրի ներկայացուցիչ: Ճգնաժամային երկիրներու հայ համայնքներուն մէջ տիրող իրավիճակը ներկայացուցին Հայաստանի մօտ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեան եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հայաստանեան գրասենեակի ռազմավարական նախաձեռնութիւններու բաժնի ղեկավար Լուսինէ Օհանեան:

Հայրենադարձութեան նիւթով այլ քննարկում մը խորագրուած էր «Հայաստանը որպէս կենսակերպի ընտրութիւն. ինչո՞ւ ընտրել Հայաստանը որպէս տուն»: Նիստը կը վարէր «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Քապաքեան: Բանախօսներն էին աւստրալահայ հայրենադարձ Զեփիւռ Շահրոզեան, «Չինար թիչ»ի տնօրէն Միհրան Փափազեան, ձեռնարկատէրեր Արեւիկ Վարդանեան, Արամ Յունանեան: Անոնք խօսեցան Հայաստան գալու եւ հայրենադարձուելու իրենց դրդապատճառներուն, Հայաստանի մէջ ապրելու առաւելութիւններուն մասին: Բանախօսները ներկայացուցին նաեւ այն մարտահրաւէրները, որոնց բախած են հայրենադարձման ժամանակ, նաեւ խօսեցան այն կամքին մասին, որ օգնած է Հայաստանը վերջնականապէս դիտարկելու որպէս տուն:

Հայկական կամաւորական ընկերակցութեան տնօրէն Արին Զօհրապեան կը վարէր հայրենադարձութեան նիւթով այլ նիստ մը, որ խորագրուած էր «Ֆինանսաւորելով եւ համակարգայնացնելով հայրենադարձութիւնը. առկայ նախատիպերը»: Մասնակիցները խօսեցան հայրենադարձութեան խթանման նոր միջոցներու մասին:

ԱՅԼ ՀԱՐՑԵՐ

Գագաթաժողովին անդրադարձ եղաւ նաեւ կրթութեան եւ առողջապահութեան նիւթերուն: «Կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ ընկերային ապահովութիւն» խորագրով քննարկումը կը վարէր հաղորդավար Ժիրայր Ոսկանեան: Քննարկուեցան սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքները՝ Հայաստանի մէջ կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային ոլորտները բարելաւելու ուղղութեամբ եւ նախաձեռնուած ծրագիրները՝ Հայաստանի պետական համակարգը զարգացնելու եւ աւելի լաւ դարձնելու համար: ԱՄՆ-էն հրաւիրուած էին Քոլոմպիոյ համալսարանէն սննդաբան Քիմ Հէքիմեան, Մարդու իրաւունքներու «Խոստում» հիմնարկի փոխ-տնօրէն Շանթ Շըխըրտըմեան եւ այլ մասնագէտներ սփիւռքէն:

Բնականաբար գագաթաժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գիտական նիւթերուն: Այդ նիւթով առաջին նիստը կը վարէր «Ֆասթ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Օրուճեան: Կը մասնակցէին Երուանդ Զօրեան, «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Մխիթար Հայրապետեան եւ այլ մասնագէտներ ու պաշտօնեաներ: Անոնք խօսեցան բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ առկայ լաւագոյն փորձին եւ Հայաստանի մէջ անոնց կիրառման ու զարգացման հնարաւորութիւններուն մասին:

Առանձին հարթակային քննարկում մը նուիրուած էր զբօսաշրջութեան. Հայաստանի համապատասխան ոլորտի մասնագէտներ արտասահմանէն հրաւիրուած բանախօսներուն հետ քննարկեցին սփիւռքի դերը՝ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ: Նմանապէս սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի բնութեան պահպանութեան, կանաչ տարածքներու աւելացման, մշակոյթի տարածման, կայուն գիւղատնտեսութեան զարգացման հարցերուն մէջ զանազան քննարկումներ տեղի ունեցան եւ իբրեւ արդիւնք յայտարարուեցաւ, որ սփիւռքը վճռորոշ դեր կրնայ ունենալ բոլոր այս ոլորտներէն ներս թէ՛ ներդրումներու, թէ՛ բարեգործութեան, թէ՛ փորձի փոխանակման առումներով:

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի վերջին օրուան առաջին նիւթը «Սփիւռքի համայնքներուն աջակցութեան լաւագոյն փորձը» խորագրով էր: Նիստը կը վարէր մշակութաբան, Մոսկուայի «Ժամ» հայկական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Աննա Գիւարգիզեան: Քննարկման բանախօսներն էին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ծրագրերու համակարգող Նայաթ Գարաքէօսէօղլու, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սամուէլ Մկոյեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ ԱՄՆ-ի «Յովնանեան» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Նազար Ալթուն։ Անոնք միտքեր փոխանակեցին համայնքներուն աջակցութեան, փոխգործակցութեան եւ համայնքային կեանքին զարգացման վերաբերեալ:

Երիտասարդութեան հարցերը նոյնպէս գագաթաժողովին օրակարգին մէջ էին, այդ նիւթով նիստը կը վարէր 2021 թուականի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Սփիւռքի երիտասարդ դեսպանը Նոյեմի Ստեփան Սար-գսեան: «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին ծրագիրն է: Մասնակցեցան նաեւ այլ երկիրներու մէջ Հայաստանի կողմէ ընտրուած երիտասարդ դեսպաններ:

ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Յատկանշական է, որ առանձին նիստ մը յատկացուած էր հայագիտութեան: «Հայագիտութիւնը, բարձրագոյն կրթութիւնը եւ ուժերու հաւաքագրումը» նիւթով նիստը կը վարէր հետազօտող Ասպետ Քոչիկեան, կը մասնակցէին պատմաբան Ստեփան Աստուրեան, Սան Խօսէ համալսարանի նախկին տնօրէն Մերի Փափազեան, Ռազմիկ Փանոսեան եւ «Խոստումը» հիմնարկի տնօրէն Անն Գարակէօզեան: Փորձագէտ բանախօսները արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցան համալսարաններուն մէջ հայագիտութեան եւ այս ասպարէզին մէջ ունեցած մեր ուժերուն հաւաքագրման մասին:

Գագաթաժողովի նշանաւոր հիւրերն էին Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարար Վարուժան Ոսկանեան, Գալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտականներէն Էնթընի Փորթանթինօ, Մեծն Բրիտանիոյ Բաց համալսարանի գիտաշխատող Նիքոլաս Դաւիթեան եւ Շուէտի խորհրդարանի երեսփոխան Արին Կարապետ: Անոնք ներկայացուցին իրենց ապրած երկիրներու տեղական եւ պետական մակարդակի կառոյցներուն մէջ հայկական ներկայացուածութեան կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ներկայացուածութիւնը ընդլայնել եւ ամրապնդել:

Այլ քննարկման մը նիւթն էր սփիւռքի ներկայացուածութիւնը՝ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ: Այդ առումով յաջողած ծրագիր է «Ի գործ»ը, որուն շրջանակներէն ներս սփիւռքէն բազմաթիւ երիտասարդներ Հայաստան եկած եւ աշխատած են պետական համակարգէն ներս, ծրագիրը տակաւին կը շարունակուի:

Կարեւոր քննարկում էր նաեւ «Սփիւռքի քաղաքական ներկայացուածութիւնը Հայաստանի մէջ» խորագրով նիստը, որուն ընթացքին ուղիներ որոնուեցան Հայաստանի մէջ սփիւռքի քաղաքական ներգրաւուածութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ:

Գագաթաժողովը, աւարտելով աշխատանքները, որոշում ընդունեց բոլոր քննարկուած նիւթերուն հիման վրայ կազմել Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական նախագիծ մը, որ պիտի ղրկուի բոլոր մասնակիցներուն, պիտի դրուի բաց քննարկման՝ յաջորդ գագաթաժողովներուն աշխատանքները կազմակերպելու համար: Գագաթաժողովը փակուեցաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ելոյթով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2022