ՕՐԹԱԳԻՒՂ՝ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՄԷՋ

Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի «Կալլիքա» թուային գրադարանը թուայնացուած եւ ազատ ընթերցման դրած է 1914 թուականին Պոլսոյ մէջ տպագրուած գիրք մը, որ կը կրէ «Յուշարձան Մ. Պէշիկթաշլեանի. Մեծ բանաստեղծին կեանքն ու գործը» եւ կը ներկայացնէ արեւմտահայ բանաստեղծ, թատերագիր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը իբրեւ քերթող, հայրենասէր, ուսուցիչ, թատերագիր, եղբայրութեան քարոզիչ: Գիրքը հրատարակուած է Պոլսոյ Արշակ Կարօեանի տպարանին մէջ, եւ հեղինակն է Ա. Պիպէռճեան, որ յուշամատեանը տպագրած է Գրիգոր էֆէնտի Սինապեանի միջոցներով, որ եղած է օրէնսգէտ եւ նախկին նախարար երկրագործական եւ առեւտրական գործերու եւ հանրային շինութիւններու:

Նկարագրելով Պէշիկթաշլեանի մանկութիւնը՝ հեղինակը կը գրէ, որ Պոլսոյ Բերայի թաղին մէջ, հայ հռոմէական աղքատիկ ծնողքէ մը ծնած է ապագայ գրողը: Հայրը՝ Ռափայէլ, արհեստով դերձակ, հազիւ կրնար իր օրապահիկը ճարել եւ ապրեցնել երեք զաւակները, որոնց երկուքը մանչ՝ Կուռնելիոս եւ Մկրտիչ, մէկն ալ աղջիկ՝ Թագուհի: Բայց դժբախտաբար, երեքն ալ տկարակազմ էին, մայրերնին՝ Ֆուլիկ, որ անողոք հիւանդութեամբ կը տառապէր եւ շատ չանցած՝ մահացած է, իսկ հայրը՝ վերստին կ՚ամուսնանայ՝ երեք անչափահաս երեխաները մայրական խնամքէ չզրկելու համար: Ան իրեն կողակից կ՚ընտրէ օրիորդ մը՝ Իսկուհի անունով, բայց դժբախտութիւնը վերստին վրայ կը հասնի, եւ այս անգամ հայրը կը մահանայ՝ ձգելով կինը երեք երեխաներու հետ: Հեղինակը կը գրէ, որ բարեբախտաբար բարեսիրտ եւ առաքինի կին մըն էր Իսկուհին, չի յուսահատիր, կը սիրէ որբերը իսկական մօր մը պէս, կը խնամէ զանոնք, մանաւանդ՝ Մկրտիչը, որուն համար մասնաւոր գուրգուրանք ունեցաւ մինչեւ վերջը, ասոր փոխարէն երախտագէտ բանաստեղծը յետոյ յաւերժացուց իր գորովագութ խորթ մօրը յիշատակը՝ ձօնելով անոր իր ամենէն գողտրիկ քերթուածներէն մին: Պէշիկթաշլեանի վրայ խոր կերպով ազդած է նաեւ իր եղբօր մահը, որ կրկին երիտասարդ հասակի մէջ հեռացած է կեանքէն, անոր եւս ձօնած է նոյնպէս տխուր տողեր:

Գիրքին մէջ բազում յիշատակներ կան Պոլիսէն, մանաւանդ՝ Օրթագիղէն, ուր, Պէշիկթաշլեան, Փատովայէն (Իտալիա) վերադառնալէ ետք ուսուցչութիւն ըրած է:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Պէշիկթաշլեան մեծ վաստակ ունի արեւմտահայ թատրոնի զարգացման մէջ՝ թէ՛ իբր թատերախումբի հիմնադիր եւ թէ իբր թատերագիր։

Կը ներկայացնենք գիրքէն բաժին մը՝ «Օրթագիւղ՝ անցեալին մէջ» խորագրով:

*

Օրթագիւղ, որ պատիւ ունեցաւ Պէշիկթաշլեանի երկրորդ խանձարուրը ըլլալու ժամանակին, Պոլսոյ թաղերուն ամենէն յառաջադէմն էր, արժանաւորագոյն միջավայրը Պէշիկթաշլեանի պէս մեծահանճար ծնունդ մը գնահատելու ու քաջալերելու, վասզնի վարի Վոսփորի այդ գիւղը ատենօք հայ մտաւորականներուն մեծագոյն մասին կեդրոնը եղած է ու քիչ գիւղ կայ, որ իր անցեալովը այնքան հպարտանայ, որչափ Օրթագիւղ:

Հայ ու հայ-հռոմէական ամենէն նշանաւոր ընտանիքներ իրենց բնակութինը հոն հաստատած էին, սիրով ու մտերմութեամբ ապրելու համար քով քովի, երբեք սին վէճ մը կամ ազգավնաս անհամաձայնութիւն մը չէր եկած խանգարել այս խաղաղ գիւղին հայ բնակչութիւնը: Բարեկեցիկ, միջին, ազնուական կամ հարուստ, ամէն դասակարգէ զարգացած ընտանիքներու երկարաձիգ շարք մը կար հոն, որոնք ազգովին ընտրելագոյն մասը կը կազմէին, ինչպէս Պալեան, Մագսուտեան, Նորատունկեան, Ազարեան, Ճանըմեան, Կոստանդեան, Շահինեան, Սագըզ, Օգոստինոսեան, Փորթուգալեան, Սիմոնովիչ, Եուսուֆեան, Արփիարեան, Վահանեան, Սեւեան, Խորասանճեան, Եսայեան, Շիշմանեան, Հէքիմեան, Փիշմիշ, Հիւրմիւզեան, Սանտրօ, Փափազեան, Շնորհքեան, Մալխասեան, Էմինեան, Նորիկեան, Ֆընտըգլեան, Կէօչէեան, Մոզեան, Փէշտիմալճեան, Գըլճեան, Սօրկուճ, Ապտուլլահ, Պետան պէյ, Եըլտըզեան, Ալլահվէրտի, Ասկերեան, Սամանճեան, Չաքմաք, Վասիլեան, Թուրշուճեան, Մալէզեան, Մարկոսեան, Արզուման, Թօփհանէլեան, Միլոլովիչ, Աշնանեան, Եազըճեան, Նէվրուզեան, Հալաճեան, Մէրամէթճեան, Օղուլլուքեան, Միսքճեան, Բէքմէզ, Եիւզիւքճեան, Ճամճեան, Զեմպերէքճի, Ոսկան, Բարունակեան, Պարտիզպանեան, Հանըմեան, Մուպահեաճեան, Աղուորիկեան, Մինասեան, Տոմինեան, Պապաեան, Սիմոնեան, Քէհեաեան, Ճերմակեան եւ այլն եւ այլն:

Այս գերդաստաններուն մէջ բազմաթիւ էին երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց ուսումը առած էին Փարիզ, Լոնտոն, Վենետիկ կամ նոյնիսկ Օրթագիւղի վարժարանաց մէջ, որոնք միշտ կը պարծենային իրենց տուած առողջ դաստիարակութեան համար, ժամանակին ամենէն կարող ուսուցիչներուն ձեռքով, այսպէս պատրաստելով խումբ մը «գեղապար ու գեղածիծաղ երիտասարդներու» (ինչպէս պիտի կոչէր Պէշիկթաշլեան) որոնք բարեկրթութեան ու հայրենասիրութեան օրինակով կրնային ըլլալ Պոլսոյ միւս գիւղերու ազգայնոց: Այս ընտրեալ ակումբին մէջ բազմաթիւ էին արուեստագէտներ, լեզուագէտներ, երաժշտագէտներ, հայերէնագէտներ, գրագէտներ, ուսուցիչներ, մասնագէտներ, ելեւմտագէտներ, տէրութեան բարձր աստիճանաւորներ եւ ազգին ու պետութեան առջեւ դիրք ունեցող յարգելի անձնաւորութիւններ: Օրթագիւղ կը բնակէր մտաւորականներու խումբ մը, որոնց մէջ յաւէտ յիշատակելի պիտի մնան Մ. Պէշիկթաշլեան՝ մեծագոյն հայ քերթողը, Յակոբ Պարոնեան՝ սրամիտ երգիծաբանը, հայ Մոլիէռը, Արփիար Արփիարեան՝ հրապարակագիրը, Յ. Գուրգէն՝ ոսկեդարեան գրագէտը, Մ. Նորիկեան պետական խորհրդականն ու հրապարակագիրը, Վահան էֆ. Վահանեան մեծ օրէնսգէտը, Հայր Հ. Եազըճեան՝ բանասէրը, Կոստանդ Կոստանդեան, Յ. Խորասանճեան ու Մ. Ազարեան, պետ. Բարձրագոյն պաշտօնեայք, Ծերենց (տթք. Շիշմանեան) վիպասանը, Անտոն Ամպերեան՝ լեզուագէտը, Թ. Եսայեան՝ վարչագէտը, Յ. Եուսուֆեան հաշուագէտը, Յ. Սեթեան՝ բանաստեղծը եւ այլն. վերջապէս յոյլ մը մտաւորականներու՝ նման երկնակամարին մէջ փայլող համաստեղութեան մը, որ կը լուսաւորէ զինքը շրջապատող մթնշաղ հորիզոնին հեռաւոր սահմանները:

Ահա ասանկ միջավայրի մը մէջ էր, որ ապրեցաւ Պէշիկթաշլեան, երիտասարդութեան ամենէն առոյգ տարիքին մէջ, իր հանճարին բոլոր թափովը ու սրտին ու հոգւոյն բոլոր հմայքովը:

Բացի բարեկարգ վարժարաններէ, ունեցած է նաեւ իր մատենադարանը, հաստատուած 1847-ին, «Վերծանութեան թանգարան» անունով, նշանաւոր իր բազմաթիւ թանկ գիրքերով ու մագաղաթեայ ձեռագիրներով, որոնց մէջ ամենահազուագիւտ օրինակը կայ «Պատմութիւն տանն Արծրունւոյ, ի Թովմայ վարդապետէ Արծրունւոյ, գրեալ ի վանս Աղթամարայ, ի թուին Հայոց ՉԾԲ. (1303 թ. Ք.)» մագաղաթեայ ընտիր ձեռագիրը, միակ օրինակը, որ գտնուած է ցարդ, յետոյ տպեալ Օրթագիւղ, ի տպարանի Պօղոսի Արապեան Ապուչեխցւոյ, 1852-ին:

Օրթագիւղ ունի մինչեւ ցարդ Անտոնեան դարաւոր միաբանութեան վանքը, որ անուանի է իր ճոխ մատենադարանով:

Օրթագիւղ գլիւպ մըն ալ ունեցած է՝ հիմնուած 1872-ին, ուր կը ժողովուէր գիւղին բնակչութեան ընտրելագոյն մասը, հայ ազնուականութեան ամենէն յարգելի դէմքերը եւ դեռահաս երիտասարդութիւնը իր ամբողջութեամբ ներկայ կ՚ըլլային այդ ժամադրավայրին մէջ. ընթերցում, պար, երգ՝ ազգային ու եւրոպական, երաժշտութիւն՝ գործիական կամ ձայնական, փոխն ի փոխ իրարու կը յաջորդէին եւ կամ գրական ասուլիսներ կամ օրուան նիւթերու վրայ ոգեւորեալ խօսակցութիւններ կու գային զանազանութիւն դնել ընկերական այս հաճելի միջավայրին մէջ:

Գլիւպէն զատ, Օրթագիւղ, ընտանեկան շրջանակ մ՚ալ կար, որ սովորութիւն ունէր հաւաքումներ սարքել շաբաթուան որոշեալ օրերուն: Պէշիկթաշլեան շատ անգամ ներկայ կ՚ըլլար այս սիրուն երեկոյթներուն, որոնց փայլը կ՚աւելցնէր, ամէն անգամ, իր քերթուածներուն արտասանութեամբը ու գրական կամ ազգային նիւթերու վրայ լուրջ տեսութիւններովը: Այդ երեկոյթներուն ամենէն նշանակալին եղաւ գիւղին ազնուազգի գերդաստաններէն Անտոն Օգոստինոսեանի բնակարանին մէջ, 1875-ին, ուր հայր Կղեմէս Սիպիլեան՝ Վիեննայի Մխիթարեններու դրամագէտ միաբանը, եկաւ բանախօսել, նիւթ ունենալով Հայաստան ըրած երկարատեւ ուղեւորութիւնը, խուռն ու բանիմաց բազմութեան մը առջեւ. հմուտ եկեղեցականը շատ տխուր գոյներով ներկայացուց հայրենի բնագաւառին կրթական ու քաղաքական վիճակը. հետաքրքրութիւնը անսահման էր ներկաներուն մէջ, վասնզի առաջին անգամն էր, որ ուղեւոր մը կու գար պոլսեցիներու ցոյց տալ իր երկրին դժբախտ կացութիւնը, խորարմատ վէրքերը՝ իր բոլոր մանրամասնութեամբ:

Բայց օրթագիւղցին իր յիշողութեան մէջ ունի երկու հաստատութեանց յիշատակը, որ իր փառաւոր անցեալին յաւէտ պարծանքը պիտի մնայ. թատրոնը ու լսարանը:

Թատրոնը, ա՜հ այն սիրուն թատրոնը, հաստատուած 1867-ին, «Բարեսէր ընկերութեան» ձեռամբ, թաղեցի անձնուէր ու վառվռուն երիտասարդներ, այս անուամբ, ընկերութիւն մը կազմած էին, նպատակ ունենալով թատերական ներկայացումներ տալ եւ միեւնոյն ժամանակ անոր հասոյթովն օգնել աղքատաց ու վարժարանին անտէր տղոց ծախքերը հոգալ: Այս փոքրիկ թատրոնը ահագին ընդունելութիւն գտաւ թաղեցիներէն, որոնց արդէն թատերական ճաշակը արթնցուցեր էր Պէշիկթաշլեան տարիներ առաջ՝ ներկայացումներ տալով գիւղին Լուսաւորչեան վարժարանին սրահը, տարակոյս չկար որ Օրթագիւղի ամենէն ծաղկեալ ժամանակը, ասանկ օգտակար ձեռնարկ մը լիովին պիտի յաջողէր, մանաւանդ որ այս փոքրիկ թատերաբեմը տեսած է իր վրայ ամենէն մեծ արուեստագէտ-դերասանները, ինչպէս՝ Ֆասուլեաճեան, Մաղաքեան, Մառի Նուարդ, Ադամեան, Մնակեան, Սիրանոյշ, Գարագաշեան քոյրերն եւ այլն:

Ներկայացուած թատերախաղերը ընդհանրապէս ողբերգութիւններ էին, գլխաւորաբար Պէշիկթաշլեանի «Կոռնակ»ը, «Արշակ Բ.»ը, «Վահան»ը, «Վահէ»ն եւ «Կատակերգութիւն երից քաջաց» եւ «Կատակերգութիւն աւազակաց» կատակերգութիւնները, աւելի վերջերը Թ. Թէրզեանի՝ «Սանդուխտ»ը, «Յովսէփ գեղեցիկ»ը, «Մովսէս»ը, «Մահն Աբելի»ն, Խորէն Նար-Պէյի «Արշակ Բ.»ը եւ կամ Սր. Թղլեանի թարգմանած խաղերը: Դերակատարները ոչ թէ վարձկան էին, այլ անձնուէր երիտասարդ խումբ մը, որոնց մէջ կը գտնուէին Պէռեանց Թոմաս, Մովսէս Փափազեան, Յ. Գուրգէն, Միւռոն Զաքարեան, Մեսրոպ Փափազեան, Սեպուհ Էսկիճեան, Բագրատ Մութաֆեան եւ ուրիշ շատեր:

Այս անձնուէր երիտասարդները իրենց ներկայացումները շարունակեցին անընդհատ, մինչեւ 1870, յետոյ սկսաւ դերասանական զանազան խումբերու մասնակցոթիւնը, որոնց répertoire աւելի ճոխ ու այլազանութիւն ունէր: Թէեւ ո՛չ ազգային դրոշմ կը կրէր, այն ատեն եւրոպական խաղերը ողողեցին թատերասրահը, ուր միշտ հանդիսականներու ստուար բազմութիւն մը կը փութար քաջալերել թատրոնի բարենպատակ հաստատութինը, որուն արդէն կը սատարէին առատաձեռնութեամբ Յակոբ պէյ Պալեան եւ Մ. Սիմոնովիչ:

Բարեսիրաց թատրոնին հաստատութենէն վեց տարի վերջը, Օրթագիւղ ունեցաւ նաեւ իր լսարանը, որ այնքան մեծ դեր կատարեց ու օրինակ հանդիսացաւ ուրիշ գիւղերու մէջ նմանօրինակ ձեռնարկութեանց:

Օրթագիւղի լսարանը ամենափառաւոր շրջան մը բոլորեց (1873-1878), ուր հրաւիրուեցան բանախօսելու ժամանակին գրական ամենամեծ դէմքերը. ինչպէս՝ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց՝ Հայաստանի անխոնջ ուղեւորը, Հ. Կ. Սիպիլեան՝ հնախօսն ու դրամագէտը, Յ. Ճէճիզեան ճարտարաբանը, տքթ. Շիշմանեան՝ վիպասանը ու հրապարակագիրը, Մարկոս Աղաբէկեան՝ հայ տարեգիրը, Թ. Թէրզեան՝ ռոմանթիք մեծ բանաստեղծը, Օրմանեան վարդապետ՝ ճարտար բեմասացը, Խրիմեան Հայրիկ՝ ցաւատանջ հայրենասէրը, Եղիշէ վարդապետ Դուրեան՝ մեծ բեմախօսը ու բազմահմուտ եկեղեցականը, տքթ. Մորթման գերման հնագէտը, տքթ. Ուոշպըրն, Ռոպերթ գոլէժի նախկին տնօրէնը, Ռեթէոս Պէրպէրեան՝ ճարտար բեմախօսը, որ կարդաց իր «Գեղեցիկն ու գեղարուեստք» ատենաբանութիւնը, զոր այնքան հաճոյքով ուկնդրեց բազմութիւնը եւ ուրիշ բազմաթիւ ատենաբաններ յաջորդաբար եկան զմայլեցնել հանդիսականները:

Ա. ՊԻՊԷՌՃԵԱՆ

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ՝ ԴԵՐԱՍԱՆԱՊԵՏ ԵՒ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐ

«Բարեսէր ընկերութեան» կողմէն հաստատուած թատրոնի ձեռնարկութենէն շատ առաջ Օրթագիւղ ունեցաւ իր թատերաբեմը՝ շնորհիւ Պէշիկթաշլեանի ջանքերուն, 1856-ին վերջերը, ինք եղաւ առաջին անգամ գիւղին մէջ թատերական խումբ մը կազմողը, որուն մասնակցեցան Անտոն Էֆէեան վարժապետը, Մեսրոպ Զօհրապ, Մեսրոպ Տոմինեան, Յ. Սօրկուճ, Զորիկ ու Ստեփան Փափազեան, Յ. Ս. Հէքիմեան, Եսայի Եսայեան, Յ. Շահինեան, Պ. Լազեան, Յ. Հիւրմիւղ, Կոմիտաս Կէօչէեան, խումբ մը անձնուէր երիտասարդներու, ամէնքն ալ Մուրատեան կամ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սանոերը: Առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Մեթասթազիոյի «Թեմիսդոկղէս» ողբերգութեան՝ Հայր Գ. Հիւմիւղի գրաբար թարգմանութիւնը: Պէշիկթաշլեան հրահանգեց նորավարժ խումբը, խաղին դերերը բաժնեց անոնց իրենց կարողութեանը համեմատ եւ որովհետեւ գիւղին մէջ տակաւին թատրոն չկար, ներկայացումները տրուեցան Շահինեան Մուրատ աղայի տան ընդարձակ սրահը, զոր այս առթիւ վայելաչապէս զարդարուելով, կատարեալ թատերաբեմի մը վերածուեցաւ, գիւղացի ծանօթ տիկիններ ու օրիորդներ փութացին պատրաստել դերասաններու հագուստները, դերասանապետին խորհուրդներուն համեմատ եւ 1856-ին, նոյեմբեր ամսուան մէջ, առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ խուռն բազմութեան մը առջեւ, ամբողջ գիւղացիք գրեթէ ներկայ էին, բայց դժբախտաբար հանդիսականները գոհ չմնացին, վասնզի թատերախաղը խրթին գրաբար շարադրութիւն մ՚էր, ինչ որ շատերուն համար անհասկնալի մնաց: Պէշիկթաշլեան չյուսահատեցաւ եւ անմիջապէս շարադրեց «Կոռնակ»ը, զոր կ՚ըսեն, թէ չորս օրուան մէջ գլուխ հանեց: Այս ազգային ողբերգութիւնը ամենամեծ ընդունելութիւն գտաւ բանիմաց հրատարակութեան կողմէն, ուրկէ քաջալերուելով, Պէշիկթաշլեան հետզհետէ շարադրեց «Արշակ Բ»., «Վահէ», «Վահան» ողբերգութինները եւ թարգմանեց Ալֆիէռիի՝ իտալացի թատերագիրին «Սաւուղ»ը ու «Բրուտոս»ը, Վոլթէրի «Մահ Կեսարի»ն, որոնք մաքուր աշխարհիկ լեզու թարգմանած առաջին թատրերգրութիւնները եղան հայոց մէջ:

Պէշիկթաշլեան հանդիսականներուն ուշադրութիւնը վառ պահելու ու անոնց սրտին մէջ հայրենեաց սուրբ սէրը արծարծելու համար, իր ողբերգութեանց նիւթերը քաղած էր ազգային պատմութենէն, ամենէն յուզիչ տեսարաններով անոնց ցուցնելու համար սիրոյ, միութեան, եղբայրութեան բարի օրինակները եւ միեւնոյն ժամանակ մատնանիշ ընելու ատելութեան, երկպառակութեան, մատնութեան ու նախանձի տխուր հետեւանքները, որոնցմէ մեծապէս վնասուած են հայերը անցեալին մէջ:

Պէշիկթաշլեանի թատրերգութեանց ներկայացումները մեծ ընդունելութիւն գտան ժողովուրդին կողմէ, համբաւը տարածուեցաւ ուրիշ գիւղեր ալ, ամէն կողմէն գունդագունդ կը դիմէին ներկայ ըլլալու, որովհետեւ տեղւոյն անձկութիւնը արգելք կ՚ըլլար դիմող բազմութիւնը գոհացնելու, այն ատեն մտածեցին թատերասրահը փոխադրել նորակառոյց Ս. Գ. Լուսաւորչեան վարժարանին գետնայարկը, զոր այս առթիւ մասնաւորապէս թատերական ներկայացումներու յատկացուցին եւ ըստ այնմ կառուցեցին, հոս էր, որ շարունակուեցան ներկայացումները մինչեւ 1860-ի վերջը, յետոյ այս խումբը ցրուեցաւ եւ բաւական տարի վերջ պէտք է երթալ գտնելու համար թատերասէրներու անձնուէր նոր խումբ մը, նոյն գիւղին մէջ, որ շարունակէր Պէշիկթաշլեանի օգտակար ձեռնարկը, իսկ այս եղաւ «Բարեսէր ընկերութեան» անդամներու ձեռքով, ինչպէս որ տեսանք:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2025