ԱՐՑԱԽԸ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ. 60 ՕՐ
Օրերս աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժերու վրայ: Ազգերը, երկիրները, համայն մարդկութիւնը ակամայ կը թուին մարդասէր ու հոգատար, կարեկցող: Մարդիկ տխրադէմ, տամուկ աչքերով կը խօսին տեղի ունեցածի մասին: Եւ այս շատ բնական է: Աստուած բոլոր աղէտեալներուն օգնականը ըլլայ, մահացողներուն հոգիներուն հանգիստ տայ։ Այս պարագային մարդկութիւնը ձեռռք պիտի մեկնէ իրարու: Գալով Արցախին. ի՞նչ է կացութիւնը Արցախի մէջ։
60 օր՝ երկու ամիս:
Երկու ամիսէ ի վեր Արցախ աշխարհը կը գտնուի շրջափակումի մէջ: Ատրպէյճանցի, ինքզինքնին բնապահպան կոչածները գոցած են Արցախի կեանքի ճանապարհը: Զինուած ռուս խաղաղապահը քովէն կը դիտէ, թէ ինչպէս հարիւրքսան հազար հայ, որոնց կարգին երեսուն հազար մանուկներ, մատնուած են սովի, զրկուած են կեանքի տարրական իրաւունքներէ, խստաշունչ ձմրան զրկուած են տաքնալու իրաւունքէ: Ծանր հիւանդները չեն կրնար ստանալ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւն եւ տեղւոյն վրայ կը մահանան: Արցախի մէջ մարդիկ կը մահանան: Ցրտահար ու սովամահ կ՚ըլլան: Սոյն երկուշաբթի օրը Ատրպէյճանը կրկին խափանեց բնական կազի մատակարարումը դէպի Արցախ: Չորրորդ օրն է, որ փոքրիկներու թաթիկներն ու ոտիկները կը մսին: Խստաշունչ ձմրան օրերուն Արցախը չի տաքնար: Շատեր անօթի փորով կ՚անցընեն իրենց օրերը. անօթի փորով կը մտնեն իրենց պաղ անկողինները եւ առաւօտեան կ՚արթննան:
Միւս կողմէ, կան հազուագիւտ հայագաղութներ, ուրկէ օր մը անձ մը չբարձրաձայնեց այս մասին: Իրենց ընկերային հարթակներու մէջ չխօսեցան, չկիսուեցան այս մասին: Կը զգուշանան: Ինչո՞ւ, ինչէ՞ն կը զգուշանան... Վստահաբար կը խորհին միմիայն ստամոքսով, ու կը դողան իրենց կեանքի համար: Կարելի չէ: Անընդունելի է հայու անտարբերութիւնը հայու, երկրի, հայրենիքի նկատմամբ: Դուք բոլորդ շատ ողորմելի էք՝ հայու անտարբեր, անգիտակից հատուածներ:
Իսկ այդ դահիճ, մարդասէր ձեւացող Եւրոպաներն ու Ամերիկաները կը նմանին խեղկատակի: Ո՛չ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, բացի մտահոգութիւն յայտնելէ, քայլ մը չձեռնարկեցին ի օգուտ իրենց «բարեկամ» որակած երկրին, ո՛չ ալ այսօր կը ստիպեն բանալ կեանքի ճանապարհը:
Այստեղ ոմանք հնարաւոր է հակադարձեն ինծի՝ Հայաստանը ինչո՞ւ ձեռքերը ծալած կը նստի: Քանզի Հայաստանի իշխանութիւնը բռնազաւթուած է հայու տականքի, դաւաճան ու անողոք տեսակի կողմէ: Քանզի Հայաստանի հասարակութեան զգալի հատուածը թմբիրի մէջ պահել կը յաջողին հայոց իշխանութիւնը բռնազաւթածներու տէրերը: Այդ հատուածը անկարող է պատկերացնելու այն արհաւիրքը, զոր պատած է հայուն ու Հայաստանին:
Մարդի՛կ, 60 օր է՝ Արցախը կը գտնուի շրջափակումի մէջ:
60 օր է՝ Ատրպէյճանը երբ ուզէ կը գոցէ եւ կը բանայ արցախահայոց հասնող բնական կազը:
60 օր է՝ Արցախը, արցախցին կը սառին:
60 օր է՝ արցախահայերը մատնուած են սովի:
60 օր է՝ պտուղ ու բանջարեղէն չի մտեր Արցախ:
60 օր է՝ խանութները դատարկ են:
60 օր է՝ դեղատուները դատարկ են:
60 օր է՝ վառելիք չկայ:
60 օր է՝ հիւանդները չկրնալով ստանալ անհրաժեշտ բուժում՝ կը մահանան:
60 օր է՝ փոքրիկները մանկապարտէզ չեն յաճախեր, մանուկները չեն կրնար ապահովել սնունդով:
60 օր է՝ դպրոցները անընդմէջ կը բացուին ու կը գոցուին:
60 օր է՝ խափանուած է արցախցի մանուկներու կրթութեան իրաւունքը:
60 օր է՝ արցախցին մատնուած է անտարբերութեան, անորոշութեան:
Բոլոր աշխարհ երես թեքած է Արցախէն: Հայութիւնը մատնուած է անգործութեան: Արցախի, արցախցիի կողքին է Աստուած: Աստուած արցախցիներուն կու տայ ուժ՝ պայքարելու, դիմանալու համար: Արցախցին ոչ մէկ ձեւով կը յուսալքուի:
Արցախը կայ ու պիտի շարունակէ ապրի՛լ:
Ամօթ քեզի փուճ ու անտարբեր աշխարհ:
Կը խղճամ քեզի:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան