ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հայ լու­սան­կա­րիչ Գաբ­րիէլ Փա­նո­սեա­նի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Այս առ­թիւ նա­խա­րա­րը հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լուած է Սփիւռ­քի տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն մէ­կուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Նա­խա­րա­րը դրուա­տի­քով անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ լու­սան­կա­րիչ Գաբ­րիէլ Փա­նո­սեա­նի կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան Հա­յաս­տան մեկ­նած եւ այն­տեղ հաս­տա­տուած է «Ա­րի տուն» ծրագ­րի կան­չին ըն­դա­ռաջ։ Յա­կո­բեա­նի բա­նա­ձե­ւու­մով Գաբ­րիէլ Փա­նո­սեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը կը հա­մա­րուին շնոր­հա­շատ հա­յու մը զգա­ցում­նե­րու եւ մտքի ար­տա­յայտ­ման ինք­նա­տիպ դրսե­ւո­րու­մը, որ դար­ձած է ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուեստ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նէն յե­տոյ ար­տա­յայ­տուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մօտ Լի­բա­նա­նի դես­պան Ժան Մա­քա­րո­նի, ա­րուես­տա­բան Շա­հէն Խա­չատ­րեան, ա­րուես­տա­բան Մա­րի­նա Ստե­փա­նեան, Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միոյ դա­սա­խօս­նե­րէն նկա­րիչ Սա­րօ Կա­լենց։

Իր կար­գին, Գաբ­րիէլ Փա­նո­սեանն ալ ար­տա­սա­նեց սրտի խօսք մը։ Ան ը­սաւ, թէ ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած իր յի­սուն լու­սան­կար­նե­րը նկա­րա­հա­նուած են վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք հան­դի­սա­տե­սին կը ներ­կա­յա­ցուին ա­ռա­ջին ան­գամ։ Գոր­ծե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ստեղ­ծուած է «Ա­րի տուն» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան շրջան­ներ կա­տա­րուած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015