ԵՐԿՈՒ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳԻՐՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան բա­ժի­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց եր­կու նոր գիր­քե­ր։ Այս­պէս, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ լոյս տե­սած գիր­քե­րէն մին է 14-րդ դա­րու մե­ծա­նուն մա­տե­նա­գիր Մատ­թէոս Վրդ. Ջու­ղա­յե­ցիի քա­րոզ­նե­րու ժո­ղո­վա­ծոն՝ աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ Խադ Քհնյ. Ղա­զա­րեա­նի։ Միւս գործն է Հայր Վար­դան Հա­ցու­միի «Պատ­մու­թիւն հա­յոց ա­ղօ­թա­մա­տոյ­ցին» աշ­խա­տու­թեան վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը։

Մատ­թէոս Վրդ. Ջու­ղա­յե­ցիի քա­րոզ­նե­րու ամ­փո­փուած գիր­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուած է վեց ձե­ռագ­րե­րու հի­ման վրայ կազ­մուած 29 քա­րոզ­նե­րու բաղ­դա­տա­կան-գի­տա­կան բնա­գի­րը։ Ներ­կայ աշ­խա­տու­թիւ­նը կազ­մուած է նե­րա­ծու­թե­նէ մը, որ հա­մա­ռօտ ակ­նարկ մըն է Մատ­թէոս Վրդ. Ջու­ղա­յե­ցիի կեան­քի, գոր­ծու­նէու­թեան եւ մա­տե­նագ­րա­կան վաս­տա­կին մա­սին։ «Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն» բաժ­նին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են Մատ­թէոս Վար­դա­պե­տի քա­րոզ­նե­րը, քա­րոզ­նե­րու նախ­կին ու նոր ցան­կե­րը։ «Բնագ­րեր» բաժ­նին մէջ կայ օգ­տա­գոր­ծուած ձե­ռագ­րե­րու նկա­րագ­րու­թիւնը։

«Պատ­մու­թիւն հա­յոց ա­ղօ­թա­մա­տոյ­ցին» գոր­ծը 20-րդ դա­րու հայ ծի­սա­կան գրա­կա­նու­թեան ու հայ ծէ­սի մա­սին ա­մե­նաամ­բող­ջա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն մին է։ Ան կը շա­րու­նա­կէ պահ­պա­նել իր կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ծէ­սի ու­սում­նա­սի­րու­թեան ո­լոր­տէն ներս եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ ներ­կա­յիս վե­րահ­րա­տա­րա­կուած է։

Հայր Վար­դան Հա­ցու­միի գիր­քին անդ­րա­նիկ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը լոյս տե­սած է 1965 թուա­կա­նին՝ հե­ղի­նա­կի մա­հէն շուրջ քսան տա­րի վերջ։ Ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն է նաեւ իբ­րեւ յա­ւե­լուած տե­ղադ­րուած «Խրատ ժա­մա­տե­ղեաց»նե­րու բնագ­րե­րու գո­յու­թիւ­նը։ Ա­նոնք քա­ղուած են Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար կղզիի Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու մա­տե­նա­դա­րա­նի ձե­ռագ­րե­րէն։ Ներ­կայ վե­րահ­րա­տար­կու­թեան մէջ, գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ, կազ­մուած են անձ­նա­նուն­նե­րու եւ տե­ղա­նուն­նե­րու ցան­կե­րը՝ ա­ռա­ւել դիւ­րու­թիւն պար­գե­ւե­լու հա­մար ըն­թեր­ցող­նե­րուն գիր­քին մէջ այս կամ այն նիւ­թը փնռտե­լու ժա­մա­նակ։

Յա­ւե­լուա­ծին կցուած է նաեւ Տ. Զե­նոն Քհնյ. Բար­սե­ղեա­նի կող­մէ ժա­մա­նա­կին Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի ա­ւար­տա­կան ա­տե­նա­խօ­սու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Մա­տե­նա­դա­րա­նի շարք մը ձե­ռագ­րե­րու հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած «Խրատ ժա­մա­տե­ղեաց»նե­րու բնա­գի­րը։ Այս­պէ­սով ա­ռա­ւել ամ­բող­ջա­կան ու հա­մա­պար­փակ գա­ղա­փար մը տա­լու նպա­տա­կը կեան­քի կո­չուած է։ Գիր­քին բնա­գի­րը վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Մի­քա­յէլ Սրկ. Մար­գա­րեան։ Գոր­ծը ձօ­նուած է հո­գե­լոյս Տ. Կա­րա­պետ Քհնյ. Քը­լը­ճեա­նի պայ­ծառ յի­շա­տա­կին։

Այս եր­կու գիր­քերն ալ հրա­տա­րա­կուած են «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016