ՍՈՒԶԱԿԻ ԶԳԵՍՏՆ ՈՒ ԹԻԹԵՌՆԻԿԸ

Անկարելի է հակիրճ տողերով ու պարզ բառերով արտայայտուիլ գիրքերու կարեւորութեան մասին։ Գիրքեր արեւու շողի պէս կը թափանցեն մեր հոգւոյ խորքին ու կը լուսաւորեն մեր ներաշխարհը։ Մարդոց անծայրածիր երեւակայութիւնն ու կեանքի իրողութիւնները շունչ եւ կենդանութիւն կը ստանան գրողներու մոգական գրչին տակ։ Հրաշքներու, նեղութիւններու, ժպիտի, թախիծի եւ այլ զգացողութիւններու հսկայական փունջ մը կը համարուի գիրքը։ 

Բացայայտ է, թէ ժամանակի ընթացքին զանգուածներ մեծ ազդեցութիւն գործած են ստեղծագործութիւններուն վրայ, սակայն բոլորի հասարակաց նպատակը կը հանդիսանայ գոնէ մասամբ նուազեցնել մարդոց սորվելու անյագ ծարաւը։ 

Գիրքեր հրաշալի միջոցներ են ժամանակներու եւ պատմութիւններու մէջ սուզուելու, իսկ յետոյ աւելի ամփոփ մտքով նայելու մեր սեփական կեանքին։ «Աշխարհի արտացոլումն են գիրքերը, որոնք կը պարունակեն կեանքի անսահման խորութիւնը, բազմազանութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնըե, կ՚ըսէ Ժան Փոլ Սարթր։ 

Մարդու հոգիին ու մտքին վրայ ներգործող ամենաազդեցիկ միջոցներէն մին կը համարուին գիրքերը, որոնց ներթափանցելով ընթերցողը կ՚արժանանայ մուտք գործել «պահուած գանձերու աշխարհ»ը։

Լաւ գիրք մը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ զգալու ամենաուժեղ զգացումները՝ անսահման երանութենէ մինչեւ խոր ցաւ, յուզում ու կարեկցանք, որոնց իւրաքանչիւրը անհրաժեշտ է մեզի համար, քանի որ անոնք կ՚օգնեն աշխարհը դիտել տարբեր հայեացքով եւ տեսնելով աւելի խորքը՝ կը գտնենք կեանքը իր բոլոր դրսեւորումներով։ Այսպէսով կը հասկնանք, թէ ի՛նչն է իսկապէս կարեւորը։

Գրողը իր ընթերցողը ականատես կը դարձնէ փորձառութիւններուն, անսահման երեւակայական աշխարհին, թռիչքներուն ու ապրումներուն, որոնց շնորհիւ «կ՚աներեւութանան» առկայ բոլոր սահմաններն ու արգելքները՝ սուզուելու համար հեղինակի ներաշխարհին։ 

«Elle» ամսագրի խմբագիր Ժան Տոմինիք Պոպին ալ իր «Սուզակի զգեստն ու թիթեռնիկը» ստեղծագործութեամբ ընթերցողը ականատես կը դարձնէ իր կեանքի իրադարձային պահերէն յուշերու։ 

Քսանօրեայ մահաքունէն արթննալէ յետոյ կը պարզուի, որ Պոպին կաթուածահար եղած է ու աշխարհի հետ կրնայ շփուիլ միայն ձախ կոպը թարթելով։ Դարմանական գործընթացին միայն ձախ կոպը բանալ-գոցելու միջոցով ընտիր բառերով նկարագրած է երեւակայական պատմութիւններ ու սրտաբուխ յիշողութիւններ այն վայրերու ու անձերու մասին, որոնք իր կեանքի ողջ տեւողութեան պահած է սրտի խորքը։ Իր ներաշխարհի զանազան դրուագներէն, յուշերէն մինչեւ իր մարմնին մէջ «բանտարկուած» ըլլալու ֆիզիքական տանջանքը պատմած է Պոպին այս գիրքին մէջ։ Կը կարծուի, թէ գիրքի ստեղծման ընթացքին Պոպին մօտաւորապէս 200 հազար անգամ թարթած է իր ձախ կոպը։

Ան ինքզինք կը զգայ փակուած՝ սուզակի զգեստին մէջ ու ամէն ինչին կը նայի այդ զգեստի պատուհանէն։ Ան երբ լսէ իր սրտի բաբախումը, ինքզինք կը համոզէ, թէ անոնք թիթեռնիկի թեւերու ձայնն է։ 

Գիրքը հրատարակուած է 1997 թուականին եւ առաջին շաբթուան ընթացքին վաճառուած է աւելի քան 150 հազար։ Գիրքի հրատարակութենէն միայն տասն օր անց իր մահկանացուն կը կնքէ Պոպին եւ յաւիտեան կը փակուին իր աչքերը։ 2007 թուականին գիրքի նիւթին հիման վրայ ամերիկացի բեմադրիչ Ժուլիան Շնապելի կողմէ կը նկարահանուի նոյնանուն շարժանկարը եւ կ՚արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու։ 

Մեր երեւակայական աշխարհի կարեւոր դերակատարները կը դառնան գիրքերու կերպարները եւ կը փորձենք անոնց կեանքին մէջ պատահածներուն զգացականօրէն մասնակցիլ։ Արդարեւ, կու գան այնպիսի ժամանակներ, երբ այդ կերպարները ուղեցոյց կը դառնան որոշելու համար ամենաճշմարիտը։ Այս յուզիչ ու անկեղծ վէպը կ՚ուսուցանէ համարձակ ըլլալ սեփական ցանկութիւններու մէջ եւ վայելել այն բաները, զորս կեանքը մեզի կը պարգեւէ ամէն օր։ Գիրքը նաեւ կ՚ոգեշնչէ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին նորոգուիլ եւ եղափոխութիւն ընել իրենց կեանքին մէջ։

Պոպին կը սորվեցնէ վայելել կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը այնպէս՝ ինչպէս կարծէք այդ վարջինն է ձեր կեանքին։ Ան կ՚ապացուցանէ նաեւ, թէ ոչ մէկ բան անկարելի է եռանդուն ու խիզախ մարդոց համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020